HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը. ամուսնական հարցեր

Փոքրիկ պատմական մը մեզ աւելի կը լուսաւորէ թէ ինչ հոլովոյթներէ անցած է ամուսնութիւնը մարդկային կեանքի հասարակական, ընկերային ու կրօնական կենցաղին մէջ։ Ժամանակին ամուսնութիւններ կնքուած են երեք տարբեր ձեւերով. ա.- Իբրեւ բնական դաշինք այր եւ կնոջ միջեւ, մշտական կամ ժամանակաւոր հանգամանքով։ բ.- Իբրեւ քաղաքական-ընկերային դաշինք, որուն վաւերացումը կու տար քաղաքային որեւէ պաշտօնատուն, եւ ծանօթ է քաղաքային ամուսնութիւն անունով։ գ.- Իբրեւ կրօնական դաշինք, երբ ամուսնութիւնը կը կատարուէր կրօնական ծէսով, մեհեանի կամ եկեղեցիի շրջանակին մէջ, իրաւասու պաշտօնեայի մը ձեռքով։

Հեթանոս աշխարհին անծանօթ չէր կրօնական ամուսնութեան տեսակը, եւ այդ հետեւանքով էր, որ ամուսնութիւն բառին որպէս համազօր՝ յոյները գործածեցին «Թելոս» բառը, «սրբազան արարողութիւն» նշանակութեամբ։

Հռոմայեցիներու շրջանին ալ երեք տեսակ ամուսնութիւններ կային. ա.- Քաղաքային եւ կրօնական ամուսնութիւն։ բ.- Քաղաքային դաշնադրութեամբ ամուսնութիւն (հեթանոսական Հռոմը կրօնական ամուսնութիւնը կը զլանար հասարակ ժողովուրդին եւ ստրուկներուն։ Բիւզանդիոնի քրիստոնեայ կայսրեր, հռոմէական հին հեթանոսական սովութիւններուն համաձայն, մինչեւ Թ. դար արգիլեցին ստրուկներուն կրօնական ամուսնութիւնը. անոնք միայն քաղաքային պսակով կ’ամուսնանային։ Միայն 1095 թուականին էր որ Ալեքսիս Կոմնենոս կայսրը վերցուց այդ արգելքը)։ գ.- Սովորութեամբ (usage) ամուսնութիւն, որ տեղի կ’ունենար առանց որեւէ պաշտօնական արարողութեան, վկաներու ներկայութեամբ եւ ամուսնացողներու յայտարարութեամբ։

Ամուսնութեան բնական եւ ընկերային դաշինքի հասկացողութիւնը, բնականաբար զանազան եւ այլազան փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ դարերու ընթացքին, տարբեր ժողովուրդներու մօտ։ Մերօրեայ ընդունուած սովորութիւնը՝ քրիստոնէական միակնութիւնն է։ Պատմութենէն մեզի ծանօթ է թէ նոյնիսկ քրիստոնէական կարգ մը աղանդաւորներու մօտ բազմակնութեան դրութիւնը գոյութիւն ունեցած է, եւ տակաւին մինչեւ այսօր ալ Միացեալ նահանգներու Եութա Նահանգին մէջ գոյութիւն ունին բազմակին ընկերութիւններ, մինչ անդին՝ մահմետականներ ալ սկսած են որդեգրել միակնութիւնը։

Հայ ժողովուրդի ընկերային կեանքին խորթ չեն նաեւ քաղաքային ամուսնութիւնները, որովհետեւ՝ կար ժամանակ մը երբ մեր մէջ ալ երկրորդ ամուսնութիւնը ներելի չէր, եւ բոլոր անոնք որոնք հարկադրուած էին իրենց կիներուն մահէն ետք ամուսնանալու, պարտաւորուած էին տեսակ մը քաղաքային ամուսնութիւն կատարելու, որովհետեւ՝ կրօնական պսակը կը զլացուէր անոնց եւ եկեղեցականներ չէին կրնար ներկայ գտնուիլ այդպիսի պսակներուն։

Ամուսնական կեանքին հետ սերտ առնչութիւն ունին երկու շատ կարեւոր հարցեր. Հաս (պորտ) եւ Ամուսնալուծում։ Հասի խնդիրը եկեղեցին լուծած է ճիւղահամարի դրութեամբ, ազգականութիւնը բաժնելով արենակցութեան, խնամիութեան եւ բարոյական ազգականութիւններու։ Մարդիկ երկար դարեր ամուսնացած են իրենց ամենամօտ ազգականներուն հետ, նոյն իսկ իրենց քոյրերուն հետ։ Այս էր սովորութիւնը Եգիպտոսի մէջ եւ գիտենք որ Կղէոպատրա (Cleopatra) թագուհին ամուսնացած էր իր եղբօր հետ։

Նմանօրինակ կեանքի սովորութիւններ պատճառ դարձան որ եկեղեցին յատուկ կանոններ որդեգրէ ճիւղահամարի առնչութեամբ։ Բարսեղի կանոնը (23), Աշտիշատի Ժողովը (363), Շահապիվանի Ժողովը (447), Պարտաւի Ժողովը (771) եւ Սիսի ժողովը (1243-1246) բոլորն ալ յատուկ թելադրանքներ ըրին հասի կապակցութեամբ. միայն Սիսի Ժողովին ճիւղահամարի որոշումը իր ոյժը պահեց մեր մէջ, իբրեւ եօթ պորտի դրութիւն եւ վերջին դարեր շարունակեցին անոր գործադրութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ, մերթ ընդ մերթ բացառութիւններ արտօնելով։

1922 Նոյեմբեր 11-ին, Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս իր համար 645 Հայրապետական Կոնդակով նոր փոփոխութեան ենթարկեց ճիւղահամարի դրութիւնը եւ հիմը դրաւ արենակցական հինգերորդ եւ խնամիական չորրորդ ճիւղերու ամուսնութեան օրինաւորութեան։ Եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած այս դրութեան պէտք է նայիլ աւելի առողջապահական տեսակէտէն, որովհետեւ հաստատուած իրողութիւն է որ հեռաւոր մերձաւորութեամբ կատարուած ամուսնութիւնները շատ աւելի առողջ սերունդներ արտադրած են։

Այս բոլորէն վեր եւ անդին՝ ամուսնութեան պարագային հարկ է նկատի առնել ամուսնացող զոյգերուն ֆիզիքական, մտաւոր եւ բարոյական առողջութեան անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ երբ կը մտաբերենք քսանմէկերորդ դարու փոխանցիկ հիւանդութիւններէ վարակուած զոյգերու ամուսնութիւններն ու կենակցութիւնները։

Ամուսնական կեանքի մէջ ստեղծուած ամենէն կնճռոտ հարցը ամուսնալուծումն (divorce) է, իր յարակից բոլոր պարագաներով եւ խայտառակութիւններով։ Հայց. Եկեղեցին հիմնուելով աւետարանական սկզբունքին վրայ, թէ «զոր Աստուած զուգեաց մարդ մի մեկնեսցէ», երկար ատեն կառչած մնաց ամուսնութեան անլուծելիութեան գաղափարին, գէթ սկզբունքային գետնի վրայ, որովհետեւ նման սկզբունք մը գործադրելի չեղաւ ժողովրդական-հասարակական-ընկերային կեանքի մէջ։ Այրեր իրենց կիները թողլով կը վերամուսնանային զանազան պատճառներով։

Քրիստոնէական նախնական եկեղեցին ամուսնալուծումը կ’ընդունէր մարմնական բաժանումի ձեւին տակ, հետեւելով Պօղոս Առաքեալի պատուէրին («Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը: … Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ոչ թէ ես, այլ Տէրը.- Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ: Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ…» (Ա. Կորնթ. Է. 2-3, 10-12)): Կաթողիկէ Եկեղեցին մինչեւ այսօր կը պաշտպանէ այս սկզբունքը, հակառակ այն իրողութեան որ զանազան ժամանակներու մէջ պապերը ամուսնալուծումներ արտօնած են թագաւորներու եւ իշխաններու պարագային՝ արտօնելով անոնց երկրորդ ամուսնութիւնը։

Քրիստոնէական միւս եկեղեցիները ընդունած են ամուսնալուծումի սկզբունքը, զայն նկատելով մարդկային կեանքի անխուսափելի իրողութիւն, եւ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան վերապահած են անոր դրդապատճառներուն եւ օրինական ձեւականութեան ճշդումի գործը։ Օրինակի համար՝ Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցին վաղուց ունեցած է իր ամուսնալուծումի օրինագիրքը, որուն մէջ կը կարդանք յատուկ վիճակներ որոնք պատճառ դարձած են ամուսնալուծումի. անհաւատարմութիւն, մեղապարտ յարաբերութիւն, անկարողութիւն, կրօնափոխութիւն, լքում, գանակոծում, լուսնոտութիւն, եւայլն:

Դժբախտաբար՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին, սկիզբէն ի վեր կառավարուած է սովորութիւններով եւ երբեք պէտք եղած ուշադրութիւնը չէ դարձուցած ո՛չ միայն ամուսնալուծումի հարցին, այլ նաեւ ամբողջ կանոնական եւ ժողովական կազմակերպութեան գործին։ Շահապիվանի Ժողովն էր որ առաջին անգամ ըլլալով լրջօրէն զբաղեցաւ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու կենցաղի մաքրութեան հարցով եւ ամուսնալուծումի օրինական պատճառներ ցոյց տուաւ հետեւեալները. շնութիւն, ամլութիւն, հոգեկան եւ մարմնական արատ, եւայլն:

Այսօր ալ տակաւին Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ սովորութեամբ եւ գործնականապէս ընդունուած ու կիրարկուած ամուսնալուծումի օրինական պատճառներ եղած են,-- մասնաւորաբար այ՛ն երկիրներու մէջ ուր Եկեղեցին կու տայ իր վճիռը որպէս օրինական հաստատութիւն,-- կնոջ կողմէ (զարմանալի է թէ ինչո՞ւ ոչ երկուստեք) ամուսնական անհաւատարմութիւնը, կրօնափոխութիւնը, խելագարութիւնը (հաստատուելէ ետք թէ անբուժելի է), լքում ընտանեկան յարկի (որոշ ժամանակ), անկարողութիւն, եւայլն։ Տխուր է այն իրողութիւնը, որ Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ տակաւին, պահպանուած են եկեղեցական առանձնաշնորհումներէ ոմանք, որոնց վրայ հիմնուած՝ կրօնական հաստատութիւններ ամուսնալուծումներ կը կատարեն եկեղեցական շրջանակի մէջ, եւ քաղաքային իշխանութիւններ կ’ընդունին այդ ամուսնալուծումները որպէս օրինաւոր կատարումներ։

Ահաւասիկ այս պայմաններու ներքեւ երեւան եկաւ անցեալին մեր միաբանական տարիներուն, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի, կաշառակերութիւնը, եւ բոլոր անոնք որոնք չունին պէտք եղած քաղաքական-ընկերային, խնամիական յենակը, զոհ կը դառնան քմահաճոյքներու եւ կամայակատարութեանց։ Այստեղ կ’ուզեմ յիշատակել յիշողութեանս մէջ արմատացած եւ յաճախ միտքս ու հոգիս չարչրկող այն ամուսնալուծումը որ տեղի ունեցաւ վաթսունական թուականներուն Լիբանանի մէջ, երբ Առաջնորդ Սրբազանը բացայայտ կաշառակերութեան որպէս արդիւնք, կը հաւանէր ամուսնալուծում շնորհել այ՛ն երիտասարդին որ, հազիւ տարի մը ամուսնացած չքաւոր ընտանիքի մը աղջկան հետ, կ’ուզէր ամուսնալուծուիլ առանց որեւէ պատճառի, պարզապէս անոր համար որ ինք այդպէս կը փափաքէր։

Հազիւ թէ պաշտօնական վճիռը արձակուած, յանկարծ աղջկան կողմէ հարազատ մը ոտքի կ’ելլէ եւ բարձրաձայն կը գոչէ. «Սրբազան Հայր, եթէ քոյր մը ունիք, ինծի տուէք, տարի մը գործածեմ եւ ձեզի երեսուն հազար ոսկի դրամ տամ»։ Ահաւասիկ ողբերգութիւն մը որ յիշողութենէս երբեք չի հեռանար եւ դժբախտաբար մեր աղքատ ընտանիքներու աղջիկները մինչեւ այսօր ենթակայ են օրէնքի կոպիտ խախտումներուն ու այս անմարդկային ապօրինութիւններուն Միջին Արեւելքի մէջ, եթէ իրենց կը պակսի այն յենակը որ կրնայ իրենց պատիւն ու իրաւունքը պաշտպանել։

Բարեբախտաբար Արեւմտեան երկիրներու մէջ վերջ տրուած է այս տխուր անկանոնութեանց եւ ամէն ինչ տեղական օրէնքներու տրամադրութեանց համաձայն առնուած է Եկեղեցւոյ հեղինակութենէն եւ յաձնուած քաղաքային իշխանութեանց, որոնց մօտ՝ ամուսնացեալներ մարդկային իրենց արժանապատուութեամբ կը կարողանան պաշտպանել իրենց արդար իրաւունքները։

Անհրաժեշտ է նաեւ վերցնել Եկեղեցւոյ կողմէ դրուած եւ պարտադրուած պսակի օրհնութեան արտօնեալ օրերու հասկացողութիւնը։ Նման բարեփոխութիւն մը պիտի նպաստէ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ կարգապահական ոգիի զօրացման եւ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան ամրապնդման։

Նկատի ունենալով որ քրիստոնէական Եկեղեցին ներդաշնակութիւն մը չունի ամուսնական խնդիրներու մէջ, այլեւս անհեթեթ իրողութիւն պիտի ըլլայ եթէ Հայց. Եկեղեցին պնդէ պսակադրութեան կանոններու վրայ, երբ պսակուիլ փափաքողը կրնայ ուրիշ եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ այդ եկեղեցւոյ թոյլտուութենէն օգտուելով։ Հետեւաբար ո՞ւր մնաց Հայց. Եկեղեցւոյ հեղինակութեան արժէքը։ Եթէ Հայց. Եկեղեցին չարտօնէ պսակել «արգիլեալ» օրերուն, եւ պսակուիլ ուզող զոյգը երթայ պսակուի ուրիշ եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ ին՞չ արժէք կ’ունենայ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնը։

Հայց. Եկեղեցին կարգ մը այլ իրողութիւններու կարգին՝ պէտք է նկատի առնէ նաեւ տարբեր եկեղեցիներու մէջ կատարուած ամուսնութիւնները։ Նկատի ունենալով ամուսնական խնդիրներու փափկութիւնն ու ընկերային բարդութիւնները, Հայց. Եկեղեցին հիմնովին պէտք է բարեկարգէ ամուսնութեան կանոնագրութիւնը, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ պաշտօնական եւ կանոնական հասկացողութիւն մը գոյացնէ նաեւ այլ եկեղեցիներու հետ, որպէսզի իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնը փոխադարձաբար յարգուի բոլորին կողմէ, եւ ժողովուրդը վարժուի օրինապահութեան եւ կարգապահութեան, եւ յարգէ իր ազգային եւ եկեղեցական կանոններն ու աւանդութիւնները։ Արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ օր մը հասնիլ այդ երազային իտէալ վիճակին. ժամանակը ցոյց կու տայ։

Շար. Թ.
Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter