HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պիտի ուզէի Հալէպէն մէկը ըլլալ

Միշտ ալ Հալէպի հայութեան հանդէպ տարբեր զգացում մը եղած է մէջս: Հալէպը Երկիր կը հոտի: Կարծես Անատոլուէն, Արեւմտահայաստանէն կտրուած չըլլայ անոր պորտալարը: Ամէն այցերուս, ամէն  պտոյտներուս,  միշտ ալ տարբոեր հարազատութիւն մը տածած եմ անոր հանդէպ: Ասիկա բռնազբռսիկ խօսք չէ: Վախի  խնդիր չկայ հոս ու հակառակ անոր որ Պէյրութեան իմ միջավայրիս մէջ Հալէպահայերուն հանդէպ սանկ տարբեր մօտեցում  մը եղած է ատենօք, մէկ է Հալէպը տարբեր մտերմութիւն մը ունի իմ համար:

Երեխայ էինք լաւ կը յիշեմ Տիկին Մարին: Հացին մէջ Հալէպի պանիր ու վարդի մուրաբա- անուշ կը քսէր ու կուտար մեզի: Միակ տունն էր ամբողջ Պէյրութի մէջ գէթ իմ տեսած տուներուս մէջ ուր Գարեգին Նժդեհի պատկերը կար կախուած: Ան ալ ջահել վախտ, Նժդեհի  ամուսնութիւնէն  դրուագ- պատկեր մը: Հազուագիւտ ֆոտո մը: Այդ օրերուն  ազգային տոքթրինով կ'աճէին մեր օրերը: Դիպուած չէր այդ ամէնինչը:Հողէն կտրուած մարդուն համար բնական պահանջք էր  լուծել  ազգային պատկանելիութեան խնդիրը: Ժամանակը սուղ էր: Դիմանալու համար Ազգային Տոքլրին էր պէտք:Տոքթրին, Կուռքեր, հերոսներ, յաղթանակի ստուերներ, անցեալ ..... այս բոլորը պէտք էին ապրելու համար:

Բոլորը թնշամիմներ էին Հայուն համար:

Բոլորը Թուրք էին հայուն համար:

Սխալ կարծրատիպեր էին ասոնք: Կ'աճէինք սխալ միջավայրի մը մէջ:

Ամէն ինչ մերժող միջավայր, ամէն ինչ սեւով  ներկայացնող միջավայր:

Տարիները սահեցան եւ կարծատրատիպերը սկսան մէկ մէկ իյնալ ու փշրուիլ:

Սակայն այդ փշրուիլը   կը մնար մեր հոգիներուն մէջ, չէինք  ուզեր ըսել որ բան մը  կը փշրուի ու կը շարուակէինք ձեւանալ որ մենք նոյնն ենք:

Կը փոխուէինք մենք, բայց կ'ուզէինք հաւտացնել որ նոյնն ենք դեռ:

Այսօր ալ նոյնը չենք: Ամէն օր կը փոխուինք, գէթ հաւատալու բան է, գէթ պէտք է հաւատանք որ մեր մէջ փոփոխութեան հանդէպ ունեցած կեցուածքները նոյնիսկ նոյնը չեն:

Գիտէինք այդ փոփոութեան մասին:Բայց չէինք ուզեր յատնել աշխարհին եւ մեր շրջապատին որ մեր մէջ կարծրատիպերը  ապակիի նման փշրուած էին, ապակեայ կարասի մը պէս: Գուցէ փոքր արձանիկի մը պէս հեռուն դրուած շատ -շատ կարծրատիպեր ինկան ու փշուր- փշուր եղան: Եթէ մեր ընկերներէն շատերը հասան  արեւմուտք ու հիմա անոր  մեծ լոյսերուն   տակ իրենց երազներով կը շարուակեն ապրիլ, փոխած են լեզու եւ խօսելու կերպ, փոխած են անուն եւ երակ, փոխած են երես ու դրած են դիմակ: Անոնց համար հէջ: Անոնց մասին մեր շրջապատը,  մեր  իրականութիւնը բարեացակամ կրնար ըլլալ ըսելով թէ՝ « ոչինչ ասոնք արեւմուտք կ'ապրին թող փոխուին...:»Յաճախ նոյնիսկ կը պատահէր որ դուրսէն եկած այդ տղոց այլանդակ ու ազատատենչ կերպարները մեր գաղութներուն մէջ կը ներկայացուէին իբրեւ  կատարեալ հերոսական արարքներ  եւ աշխարհ ընկալած «իմաստուններ»ու կը վերածուէին:

Այս բոլորը միջանկեալ:

Վերադառնալով Հալէպ պէտք է ըսել որ   պատերազմին տեսաշարը  կարծես մեր ապրած ամէնաթող պատերազմին կրկնութեան   երիզն է:

Հալէպի մէջ տառապող մարդոց,  այնտեղ մնացած Հայերուն ձայնը կարծես մեր ալ ձայնն է:

Պատերզամը եւ մենք ընկերներ ենք, գիտենք անոր քրիստոմատեան, գիտենք անոր հացին գոյնը, գիտենք անոր հերթերը, մահերը, թաղումները եւ փախուստները:

Հալէպէն մէկը ըլլալ:

Ու հաւատալ գալիքի   ու հաւատալ ՝ապագայի վարդագոյն երիզիին,դժուար իրականացուող բան է:

Հալէպէն մէկը ըլլալ որ այս կամ այն կողմին հանդէպ որոշ   համակրանք ունենալ,   երբ նոյն այս կամ այն կողմը նոյն օրը իր  ձեւակերպած խօսքը կամ խոստումը  կը հերքէ:

Ինչպէ՞ս մտնել Հալէպ: Ո՞ր պատուհանէն մտնել :Հիմա երբ յիսուն եւ աւելի տարիներու ամբողջ կուտակումը կայ, ինչպէս հասկնալ Հալէպցիին մօտ առկայ  կարծրատիպերը: Սկիզբը պիտի զարմանալ որ Հալէպահայը որ այսօր կանգնած է մահ ու կենաց խնդրին առջեւ, պիտի զարմանալ որ Երեւան կամ Պէյրութ եկած Հալէպահայը չուզեր խօսիլ այս բոլորին մասին:

Կամ առաւելագոյնը հարցումի մը տակ ընկճուած չմնալու համար պիտի ըսէ  ...

 Հալէպի մէջ կատարուածը մեծ խաղ է:

Սկիզբը մեզմէ շատ մեծ ու փոքր դրօշներու ետին կանգնելով  անոնք պիտի հաւատային կամ առնուազն ուզէին հաւատալ որ, բան մը ՊԷՏՔ Է  փոխուի Հալէպի մէջ: Քսան ամիսներէ ի վեր, հեռատեսիլներէն արիւն կը ժայթքէր...

Քսան ամիսներ, կարմիրով ներկուած՝ Սուրիա եւ 41  հազար զոհեր...

 Բայց  ինչ կարեւոր էր այս ամէնը ....

Իրաւացի էին անոնք որով այս պատերազմը իրենցը չէր:

Հալէպը կը դատարկուէր…

 Հալէպը կը դառնար ամայի ու կը մսէր:

Հոն երիտասարդ արուեստագէտներ կը ձերբակալուէին ու յետոյ  ազատ կ'արձակուէին:

Դիպուկահարները վհուկներու պէս մարմիններուն մէջ փամփուշտներ կը ցանէին «Արաբական Գարնան» ուշացած սերմերու պէս... 

Անորոշ էր   եղանակը, անորոշ է Հալէպի մէջ երգուելիք երգին իմաստը:Անորոշ է թէ այդ փողոցներուն մէջ եղող ջղային եւ վրիժառու դէմքերը ինչերանգներով պիտի ւծէին Հալէպի նոր սահմանները:

Անորոշ էր   ամբողջ գաղութի մը  ապագան:

Գաղութ մը  որ ՝  Տիկին Մարիներ ծնաւ,  աշխարհով մէկ ոգի տարածեց:  Ոգին որ կար միանշանակ մեծ էր եւ ազդեցիկ:

Մենք այդ ոգիին պատճառով, ամէն ուր  Հալէպ մը փոխադրեցինք մեր հետ  այդ Հալէպը ոչ թէ գաղութ էր այլ էութեան արմատներէն սնունդ առնող երեւոյթ, այդ Հալէպը  մեր գոյութեան առաջին սանդխտամատն էր: Միանշանակ:

Կ'ուզէինք իմանալ Հալէպի Հայուն  խորքերուն մէջ արմատացած կարծրատիպերուն մասին:

Վստահաբար հոն ալ  շատ բան է փոխուած ու  կարծրատիպերուն կարեւոր մէկ մասը ինկած է  գետին ...  ու փշրուած:

Ինչ իմանաս իր մէջ ինչ մնացած է հինէն:

Այս մեծ աշխարհային կռիւին, ձախ ու ու աջի մեծ հարուածներուն տակ:

Կարծես  նոյն ամէնինչը կը կրկնուի: Նոյն    բախուկային վիճակն է հիմա:

Կարծրատիպերը մէկ կողմ: Պատռուած պատկերները, գետին ինկած արձանիկները, անցնող  սիստեմին բոլոր խորհրդանիշները մէկ կողմ:

Փշրուած կարծրատիպերու փշուրները մէկը պիտի հաւաքէ օր մը: ՄեՐ  խնդիրը, նոր Հալէպին սպասելն է:

Նոր Հալէպ մը ուր ալ կարծրատիպեր պիտի չաճին ու գլնգեն մեզ:

Նոր Հալէպ մը ուր պիտի ապրին բոլորը խաղաղ ու համերաշխ:

Նոր Հալէպ մը որ   արժանի պիտի դառնայ այս մեծ դիպաշարին, այս մեծ ցաւին ու մեծ կորուստներուն:

Ահա այդ Հալէպին կը սպասէ  Հալէպահայը....

Վերադարձի մը համար, նոր ճանապարհի մը համար:  Յանուն իր ու մեր էութեան որ քաղաքէ քաղաք պիտի թափառի մինչեւ նոր սկիզբ մը: Մինչեւ նոր վերադարձ:

Մինչեւ որ լոյսի պատուհանը բացուի ու  բոլոր Հալէպի հայերը որոնցմէ մէկը ըլլաու փափաքն ունիմ  այսօր   դառնան իրենց  սպիտակ բոյնին, մահէն ու  մոխիրէն յառնելու եւ  .... ապրելու:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter