HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Մոհամատ Մուրսի. Եգիպտոսի նոր Փարաւոն

Քարեր, ապակեայ շիշեր եւ բախումներ. ահա Գահիրեի՝  երէկ երեկոյան պարզած պատկերը:

Գահիրէի բոլոր հրապարակները երէկ ողողուած էին բազմահազար ցուցարարներով: Նախագահ Մուրսի մէկ օր առաջ ստիպուած եղած էր հեռանալ «Ալ-Իթիհատիէ» կոչուող նախագահական պալատէն: Բողոքի ցոյցերը, մեծ թափ ստանալով, Եգիպտոսի  քաղաքական վիճակը կը տանէին դէպի դրամատիզմ:  

Մէկ կողմէ քաղաքացիական  հասարակութեան պաշտպանները, միւս կողմէ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգէն մնացած բոլոր ուժերը համընդհանուր զօրաշարժի կ'ենթարկէին երկիրը:  Երկրի  համընդհանուր ցոյցի ալիքիներուն անմասն չէր նախագահ Մուրսիի աջակից «Իսլամ եղբայրներ» շարժումը, որոնց քաղաքական՝ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն» կազմակերպութեան հետեւորդները արագ հակահարուած հասցնելու նպատակով կը շտապէին Գահիրէի բոլոր հրապարակներէն  ամէն գնով Մուրսիի դէմ դուրս եկած ցուցարարները  հեռացնել:

350-ի մօտ վիրաւորներ: Եգիպտոսի մէջ թափուած արեան առաջին կաթիլները իրավիճակը աւելի ծանր դարձուցին: Եգիպտական երկրորդ յեղափոխութիւնը տուաւ առաջին զոհը՝ Միրնա Իմատ անուն-ազգանունով կին մը:

Մինչ Հիլարի Քլինթըն երկխօսութեան կոչեր կը հնչեցնէր՝  Մուրսիի եօթ խորհրդականները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացնելով՝ հերթով  հրաժարական տուին:

Այս բարդ իրադրութեանը զուգահեռ կը սպասուի, որ նախագահ Մուրսի այսօր շատ կարեւոր յայտարարութիւն  կատարէ՝   Եգիպտոսի ծանր քաղաքական իրավիճակի  ելքը նախանշելու նպատակով:

Լիբանանեան «Ալ ախպար» թերթը կը գրէ, թէ նախագահ Մուրսի կը գտնուի խիստ  շուարած վիճակի մը մէջ: Յառաջիկայ ժամերը բաւական ճակատագրական պիտի ըլլան Եգիպտոսի  գարնան առաջին բողբոջներով   թաւշեայ աթոռներուն հասած իշխանութեան համար: Անդին, անուանի քաղաքական լրագրող Ուաէլ Ապտըլ Ֆաթթահ յայտնած է,  թէ Եգիպտոսի մէջ  արձանագրուող զարգացումները պատահական չեն. անոնք հետեւանք են իշխանութեան կողմէ  երկրին մէջ   նոր բռնատիրութիւն հաստատելու փորձերուն: Եգիպտոսի ժողովուրդը  ոտքի ելած է՝ ընդդէմ նոր ծիլ տուող բռնատիրութեան: Ապտըլ Ֆաթթահ նաեւ յայտնած է, թէ վիճակը վտանգաւոր է այն առումով, որ Մուրսիի համակիրները տարուած են իշխանատենչութեան նոր ձեւերով եւ իսլամական ծայրայեղ գաղափարներով. անոնք    նաեւ նպատակ ունին Իսլամացնել ամբողջ իշխանութիւնը: 

Եգիպտոսի քաղաքական ազդեցիկ դէմքերէն Մոհամատ ալ Պարատհի (որ ՄԱԿի Կորիզային յանձանաժողովի նախկին նախագահն էր) նախօրոք յայտնած  էր,  թէ նախագահ Մուրսի կ'ուզէ ամէն գնով երկրին մէջ հաստատել   բռնապետական կարգեր, ան ըսած է նաեւ,  թէ Մուրսի   կրօնական շապիկով նոր փառաւոն մըն է: Պարատհի յայտարարած է, թէ այս ձեւով երկիրը կրնայ հասնիլ քաղաքացիական նոր պատերազմի:

Յայտնենք, որ  քաղաքական այս տագնապը սկիզբ առած է  Նոյեմբեր 21-ին, երբ Եգիպտոսի նախագահ Մուրսի  պաշտօնանկ ըրած է երկրի դատական ատեանի ընդանուր դատախազը եւ, նոր Սահմանադրութեան  առաջարկ ընելով, յաւելեալ լիազորութիւներ տուած   ինքն իրեն:

Յայտնենք նաեւ,  որ Մուրսիի փոխանորդ Մահմուտ Մաքի իր հրաժարականը ներկայացնելով յայտնած է, թէ Մուրսի պէտք է անսայ ընդդիմադիրներուն ձայնը ու կատարէ անոնց պայմանները:   

Եգիպտոսի քաղաքացիական հասարակութիւնը այսօր ուրիշ ելք չունի. կամ պիտի փորձէ ամէն գնով  Մուրսիին ստիպել չեղեալ համարել նոր կազմուած Սահմանադրութեան նախագիծն ու հետաձգել անոր քուէարկութիւնը, կալ ալ պիտի հանդուրժէ, որ նախագահ Մուրսի Իսլամական կարգեր հաստատէ երկրին մէջ:

Կը մնայ մեծ հարցումը՝ արդեօ՞ք նախագահը տեղի պիտի տայ երէկ թափուած արեան առջեւ:

Յառաջիկայ ժամերը կը կարծեմ շատ կարեւոր են ամէն օր ինքզինք նորոգող «Արաբական գարուն»ով պարուրուած Եգիպտոսի մեծ յեղափոխութեան համար:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter