HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Ցաւին մէջէն ապրելու նոր յոյս

Հանդիպում Սուրիահայ բանաստեղծ Յարութ Վարդանեանին հետ

«Հալէպ քաղաք ուր երթեւեկի կարմիրները
Չեն մարիր Օ՜ Հալէպ Օ ժամանակի
Կախարդական լամբար կը շփես կը շփես
Ճին արտաշնչելու փոխարէն
Քեզ – ֆո՛ւփ կը ներշնչէ Օ Բերիա Հալ՜էպ»

Յարութ Վարդանեան (Յարվարդ) 

«Ստիպուած չենք կուռք մը պաշտել ...»

Յարութ Վարդանեանն այս տողերով կը սկսի Հալէպի «Պապ Ըլ Ֆարաճի ժամացոյցը չ'աշխատիր» իր բանաստեղծութիւնը, որ Հալէպի անուանի հրապարակներուն մէկուն մէջ գտնուող մեծ ժամացոյցներուն մէկուն մասին է: Խորքին մէջ այս բանաստեղծութեամբ, ան իր քաղաքը կը վերհանէ եւ անոր հանդէպ ունեցած վերաբերումին նոր ձեւ կուտայ: Կը պատմէ անոր կիրքին, անհանգիստ շարժումին ու խճողուած առօրեային մասին:

Յարութի մօտ բողոքի ձայներ չկան, ան կը սիրէ Հալէպը: Ճամբորդած է տարբեր երկիրներ, բայց միշտ ինքզինք վերագտած է անոր հին ու նեղլիկ թաղերուն, անոր երգերուն, անոր մտերմութեան մէջ: Հալէպը ոչ միայն ծննդավայր է իր համար, այլ՝ մշտնջենական հարազատութիւն բուրող հանդիսավայր: Թերեւս անոր համար, որ իր նախահայրերուն աքսորը հիւրընկալած Հալէպը զինք ալ գրկած է առանց օտարումի, առանց մերժումի, առանց տրտունջի: Յարութ կ'ըսէ, թէ հալէպահայութեան համար, որ արդէն երեք սերունդներ տուած է այդ քաղաքին մէջ, անսպասելի էր պատերազմը. «Մենք արդէն գաղթականներ ենք ու այսօր հայութեան երրորդ սերունդն է, որ կ'ապրի Հալէպի մէջ: Այսօր բոլորս անակնկալի առջեւ կը գտնուինք: Սուրիան մեզի համար հիմնական գաղթօճախ է, մենք կարծես պատրանքի մէջ էինք թէ խաղաղ կեանք մը  կ'ապրինք ու յանկարծ այս պատերազմը յայտնուեցաւ: Պատերազմը կրնայ շեղել մեր կենսագրութիւնները, մեր կեանքը, մեր ապագայի ծրագիրները:»

Հալէպէն երեք ամիսներ առաջ Երեւան հասած Յարութ Վարդանեան (որուն առաջին այցը չէ Երեւան) համոզուած է, թէ պատերազմը դիւրութեամբ յաղթահարելի իրավիճակ մը չէ: Յարութ Վարդանեանի կարծիքով այսօր հալէպահայութիւնը կը գտնուի շուարած վիճակի մը մէջ, եւ պատմութիւնը ձեւով մը ինքզինք կը կրկնէ: «Մենք ահաւոր ցնցուած ենք, ու ցնցումի մէջ եղող մարդը ճիշդ որոշումներ չի կրնար առնել, մենք կարիքը ունինք թէրապիայի, բուժման ու այս ամէնինչը ժամանակի կը կարօտի»:

Յարութ Սուրիոյ մէջ հայերուն հետ կատարուած դէպքերուն մասին ըսաւ. «Շատեր վերադարձան իրենց տուները, բայց տուները քանդուած էին, շատ մը ընտանիքներու հայրերը սպաննուեցան եւ այդ ընտանիքները յայտնուեցան շուարած վիճակի մը մէջ: Շատ մը երեւելի եւ հարուստ հայեր բռնուեցան իբրեւ պատանդ որոշ նիւթական փոխհատուցումի մը դիմաց, այս բոլորը դժուար է խօսքերով պատմել: Խօսքով պատմելը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի այլեւս, երբ դուն քու աչքերովդ կը տեսնես այս վիճակները եւ մորթիդ վրայ կ'ըզգաս այս ամէնինչը»:

Յարութ նաեւ կը խօսի սուրիահայերուն ունեցած քաղաքական դիրքորշումներուն մասին եւ անաչառորեն կը նկարագրէ իրավիճակը: Կարեւոր էր այս հանգամանքը, որովհետեւ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր նման յանդուգն ու մանաւանդ իրապաշտ կարծիքներ չէին հնչած սուրիահայութեան կեցուածքներուն մասին: Կ'ըսէ. «Սուրիահայութիւնը միշտ ալ թեքած է իշխանութիւններուն կողմը, նկատելով թէ ան «չարեաց փոքրագոյնն» է:

Բայց, նկատի առնելով այսօր պարզուած իրավիճակը, եթէ մարդկային ակնոցով դիտենք հարցերը, պիտի նկատենք, թէ այս վարչակարգն ալ ունի իր սխալները, եւ այն փոքրամասնութիւնը որ բողոքի ցոյցերով սկսաւ այս պատերազմը որոշ իրաւունքներ ունէր: Սուրիոյ վարչակարգին սխալները տարիներէ ի վեր կուտուակած էին, եւ այդ մեծ կուտակումնները պատճառ հանդիսացան որ պատերազմ ծաւալի երկրին մէջ: Ամէն պարագայի, իմ կարծիքովս եթէ Սուրիոյ մէջ առկայ հարցերը մարդկային մօտեցումով չլուծուին, միեւնոյն է՝ անոնք կրնան նորէն կրկնուիլ»:

Յարութ նաեւ կը խօսի հայութեան մօտ գտնուող վախի մը մասին. «Մեր մէջ վախ մը կայ»,- կ'ըսէ ան եւ կ'աւելցնէ. «Մենք կը յարգենք վարչակարգը՝ մեր մէջ տարիներէ ի վեր արմատաւորուած վախին պատճառով: Մենք ամէն առիթի, կը ծափահարէինք այդ վարչակարգին բայց մեր մտքերուն մէջ գիտէինք, որ ստիպուած չենք կուռք մը պաշտել.... Պէտք է փորձենք այդ նուաստացեալ եւ անտեսուած կողմերուն վիճակը հասկնալ, որովհետեւ առկայ եղող զատողութիւնը եւ ազատութիւններու կաշկանդումը Սուրիան հոս առաջնորդեց: Մենք, որ չէզոք դիրք ունէինք, այսօր արդէն կը տեսնենք, թէ այս վարչակարգը ի զօրու չէ եւ չի կրնար մեզի կեանքի ապահովութիւն տալ :»

Կեանքը պիտի շարունակուի ամէն գնով

Տէր-Զօրեան տեսարաններ, Եփրատ, շարան- շարան գաղթականներ: Հալէպ՝ հայոց գաղթականներու օրրան: Նոր հայրենիք՝ Հայոց համար: Սփիւռքի մայր արգանդն է Հալէպը, եւ այս բոլորը մատնացոյց ընելէ ետք, Յարութ կանդրադառնայ այլ կարեւոր հարցի մը՝ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին. «Այդ վարչակարգը, որուն երկար տարիներ հաւատարիմ էր սուրիահայութիւնը մինչեւ այսօր չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպաութեան փաստը, այս մէկը ինծի համար շատ կարեւոր հանգամանք է, տրուած ըլլալով, որ թուրքին կողմէ հայու արիւնը նաեւ հոսած է սուրիական հողերուն վրայ»:

«Պատերազմը ահաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ, եւ Հալէպի մէջ կեանքն այսօր գրեթէ անդամալուծուած է, միութիւնները չեն գործեր եւ պատերազմը իր անկանխատեսելի աւերները կը գործէ: Սակայն կեանքը պիտի շարունակուի ամէն գնով: Այս բոլորը անցողական են, բայց խնդիրն այն է, թէ ինչքանով պիտի կարողանաք այս դէպքերուն դիմակայել: Արդեօ՞ք իրավիճակը աւելի վատ պիտի ըլլայ ու այդ պատճառով մենք պիտի ստիպուինք մեր պայուսակները առնել եւ վերջնականապէս հեռանալ Սուրիայէն: Արդեօ՞ք շուտով հաստատուած խաղաղութեան պիտի յաջորդէ բազմազան կուսակցութիւններու ստեղծումը եւ ժողովրդավարական սկզբունքերով կառավարուող Սուրիա մը պիտի գտնենք մեր առջեւ»:

Ի դէպ հալէպահայերու՝ Սուրիոյ հարցերուն մասին չխօսիլը Յարութ Վարդանեան վերագրեց այն դժուարին պայմաններուն, որուն մատնուած են անոնք. «Անոնք իրենց առօրեայ խնդիրները ունին եւ ատոր համար ալ, կը կարծեմ, որ չեն ուզեր խօսիլ, ես չեմ այպաներ բայց կը զարմանամ, որովհետեւ քառասուն տարուան ձմեռնային թմբիրէն ետք, առիթը եկած է որ բարձրաձայն խօսինք»:

Յարութ յայտնեց, թէ ինք յուսահատ չէ ու այս վիճակները անպայման վերջ մը պիտի ունենան: «Մենք յուսահատելու տեղ չունինք»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ինչպէս ամէն առաւօտ մարդը կը զարթնի ու իր մէջ գտնուող ներուժին կառչելով կը շարունակէ իր կեանքը, նոյնը պէտք է ընենք մենք, աւելի հեռուն նայելով, որոէհետեւ եթէ այսօրուան Հալէպին նայինք պիտի ընկրկինք ու տկարանանք.... Հոն սեւ է ամէն ինչ, հոն տխուր է ամէն ինչ ...»,-ըսաւ ան:

Այսօր երեւելի է, թէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու, որոնց ճշգրիտ թիւերուն մասին, տարբեր աղբիւրներ տարբեր թիւեր կը ներկայացնեն: Շատեր կը խօսին Երեւան գտնուող տասը հազար սուրիահայերու մասին, ուրիշներ ակնարկութիւն կ'ընեն թէ տասը հազարէն մնացած է միայն վեց հազարը բայց երեւելի է մէկ բան՝ սուրիահայերը կ'ապրին տնտեսական բաւական բարդ վիճակներու մէջ:

Այս մասին Յարութ կ'ըսէ. «Սուրիահայերուն վիճակը բաւական ծանր է այսօր, շատերը կ'ապրին իրենց ունեցած փոքր խնայողութիւններով, ուրիշներ, որոնք փոքրամասնութիւն են, թերեւս կրնան վերակենդանացնել իրենց ունեցած գործը, սակայն մէկ բան պարզ է, որ մեծամասնութիւն կը կազմեն անոնք, որոնք գործ մը ձեռնարկելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունին»:

Յարութ, խօսելով նաեւ Հայաստան ապաստանած հայերուն մասին, ըսաւ, թէ ուրախալի է, որ մեծաթիւ հայեր Հայաստան ապաստանեցան: Բայց արդեօ՞ք հայերը պիտի կարողանան մնալ Հայաստանի մէջ, Յարութ ըսաւ, թէ իր համար պարզ չէ ատիկա, նկատել տալով որ, Հայաստան հասած հայերը, կրնան նաեւ այլ երկիրներ ճամբորդել... Ան նաեւ խօսեցաւ այն դրական պայմաններուն մասին, որ ՀՀ պատկան մարմինները ստեղծեցին հալէպահայերուն համար. անոնց տալով հայկական անձագիր տալով եւ այլ դիւրութիւններ ընծայելով: Ըստ իրեն, Հայաստանի համար ալ դրական է սուրիահայերու վերադարձը երկիր, նկատել տալով թէ Հայաստանը խորթ վայր մը չէ սուրիահայերուն համար, կեանքի, լեզուի եւ ապրեալոճի իմաստով:

«Կարօտին հետ խաղ չկայ ...»

Հարցումին, թէ սուրիահայերը կը հեռանա՞ն Հայաստանէն, Յարութ Վարդանեան պատասխանեց. «Կարօտը շատ զօրաւոր մագնիս մըն է, կարօտին հետ խաղ չկայ, որով մարդիկ կ'ըսեն՝ երթամ անկողնիս մէջ պառկիմ, իմ բարձը տարբեր կըլլայ...»,- այստեղ Յարութին ձայնը խեղդուեցաւ յանկարծ ու քանի մը րոպէ լռութիւն տիրեց մեր խօսակցութեան մէջ...  «Վիճակը այսօր յստակ չէ ու փակուղիին ծայրը լոյսի նշոյլ մը չկայ, անորոշ է ամէն ինչ: Այսօր, եթէ գիտնանք թէ ինչ կրնայ պատահիլ վաղը, ըստ այն որոշումի մը կը յանգինք:

Մարդուս համար ամէնէն թանկ բանը իր կեանքն է, մենք շատ անգամ մենք մեզի ըսինք՝ թող ամէն բան փճանայ, միայն մենք կարողանանք մեր կեանքը փրկել: Մեր կեանքը վտանգուած է հոն ու հիմա վերադարձի մասին մտածել անգամ չկայ, որովհետեւ Հալէպի եւ Սուրիոյ մէջ վիճակը սարսափելի է: Կըսեն All Is fair in love and war («Ամէն բան թոյլատրելի է պատերազմի եւ սիրոյ մէջ») եւ դուն այդ քաոսին ու անանուն փափմուշտին զոհ չես ուզեր երթալ: Ի վերջոյ այս ամէնինչը, որուն ականատես կ'ըլլանք մենք, հալէպահայերուն համար անանցեալ վիճակ մըն է: Կը կարծեմ թէ, հիմա շատ ուշ է, որ նոր սահմանադրութիւն գրուի եւ բարեխփոխութիւններ կատարուին...»:

«Մենք վախնալու տեղ չունինք, ըստ իս մենք ետեւ նայելու իրաւունք չունինք, մենք պարտաւոր են նայիլ ապագային, որովհետեւ այս վարչակարգը իր վերջին օրերը կ'ապրի ու այդ վախը, որ կայ մեր մէջ, թէ Սուրիոյ մէջ Իսլամ ծայրայեղակաները կրնան իշխանութեան հասնիլ, անհիմն է: Այս եւ նման այլ պատճառաբանութիւններով ներկայ իշխանութիւններուն սատարելը բարոյական մեծ սխալէ: Յարութ, յատկապէս Հալէպէն դուրս գտնուող հայ մտաւորականներուն ակնարկելով, ըսաւ. «Առկայ եղող լռութիւնը անհասկնալի է ինծի համար, հիմա քառասուն տարուան թմբիրէն ետք առիթը ներկայացած է, որ մենք ազատօրէն խօսինք եւ ճիշդ գնահատականներ տանք այս ուղղութեամբ»:

Աւարտին խօսելով իր բանաստեղծութիւններուն մասին Յարութ յայտնեց թէ, բաւական երկար տուած լռութիւնէ ետք, սկսած է արտադրել հաւատալով որ իր գրածները, գուցէ կրնան յոյսի փոքր նշոյլ մը դնել վիրաւոր հալէպահայերու հոգիներուն մէջ:

Մեր զրոյցը աւարտեցաւ: Յարութ Վարդանեան Երեւանէն մեկնեցաւ Պէյրութ, նոր տարին հոն դիմաւորելու նպատակով: Քանի–քանի խոնարհ հերոսներ կը մեկնին Երեւանէն: Առանց որոշ նպատակ կամ մեկնակէտ ունենալու: Հալէպահայերուն մեծագոյն խորագիրը, անոնց մտքերուն մէջ դրոշուած մեծագոյն բառը սպասումն է...

Սպասում, որ այս մութը չ'երկարի, սպասում, որ այս գիշերը համատարած չդառնայ: Սպասում, որ Հալէպի փողոցները, շէնքերը եւ մայթերը վերադառնան իրենց հին փայլին: Արեւելեան բոյրը եւ ոգին վերստին տարածուին այն բոլոր սիրելի բնակավայրերուն մէջ, ուր անոնք գաղթականի վէրքը ծալլելով, աճած էին ու ստեղծած այն ամէն ինչը, որ կը կոչուէր ՝      արժանավայել կեանք:

Այս բոլորը բառերով չեն բացատրուիր, ապրումի, կենսագրութեան ու անցնող հարիւր տարիներու շաղախը կայ այս ամէնինչին մէջ:

Միով բանիւ յստակ է սակայն, ինչպէս բանաստեղծ Յարութ Վարդանեանը կ'եզրակացնէր իր խօսքի աւարտին՝ այս ցաւին արժանի չէր Հալէպահայութիւնը: .

Մարդկութիւնը արժանի չէր այս ցաւին ... 

Առաջին լուսանկարում՝ Յարութ Վարդանեանը

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter