HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Յետ Մահու Ակնարկ Վահէ Հանիսեանի Գծագրական Աշխարհին

Յաճախ պատահած է որ գրաքննադատական կամ վերլուծական յօդուածներ ստորագրեմ Սփւռքեան այս կամ այն թերթին մէջ, քննելով գործերը ժամանակակից սփիւռքահայ գրողներու, ինչպէս՝ Նիկողոս Սարաֆեանի, Յարութիւն Կոստանդեանի, Զուլալ Գազանճեանի, եւայլն։ Ընդհանրապէս այդ մէկը ըրած եմ արուեստի եւ գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրէն կամ առհասարակ իրենց արուեստին հանդէպ ունեցած մեծ համարումէս, որ այդ գրողները ինծի համար կը դարձնէ ինքնուրոյն եւ իւրայատուկ։

Այս գրութիւնը սակայն յետ մահու ակնարկ մըն է, քիչ մը անծանօթ մնացած արուեստագէտ՝ գեղանկարիչ Վահէ Հանիսեանի արուեստին։ Այս մասին գրելը զիս կը դնէ տարբեր տեսակի դժուարութեանց դիմաց։ Նախ կայ այն, որ Վահէն իմ սիրելի քրոջս, նոյնքան սիրելի ամուսինն էր, որ դժբախտաբար Նոյեմբեր 16ին Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ քանի մը տարի խլիրթին դէմ պայքարելէ ետք, եւ երկրորդ, իբրեւ արուեստ՝ նկարչութիւնը միշտ հմայած է զիս, սակայն երբեք քաջութիւնը չեմ ունեցած մտնելու նկարչական աշխարհի այդ խորհրդաւոր իրականութեան մէջ, քննելու, կշռադատելու կամ արժեւորելու այդ երեւոյթը։

Պզտիկութենէս ճանչցած եմ Վահէն, որ Լիբանանի երիտասարդ գծագրիչներուն մէջ կրցած էր իր դրոշմը դնել, իր ունեցած անհատական թէ խմբային ցուցահանդէսներով։ Ան նաեւ պարծանքն էր գիւղիս՝ Այնճարի, քանի որ յատկապէս իր վրձինով կրցած էր այդ գիւղի ամենապարզ դրուագն ու առարկան վերածել արուեստի այնպիսի գործերու, որոնք տակաւին ցուցադրութեան կը դրուին զանազան առիթներով, Այնճարի իւրայատուկ դիմագիծը բնորոշող որեւէ ցուցահանդէսի։

Իր ապրած տան դրացի ծերուկներուն խաղացած նարտիի խաղի կտաւէն, մինչեւ Սըրըխեան պապուկին ձեռագործ աթոռակը եւ անշուշտ նման այլեայլ դէպքեր ու առարկաներ։ Ան իր արուեստով տակաւին իրմէ շատ աւելի երիտասարդ այլ արուստագէտներու համար մեծ ներշնչման աղբիւր էր։ Իբրեւ արուեստ, Վահէի երեւակայութիւնը զինք չէր տանէր դարձդարձիկ եւ յաճախ այդ մէկը ընկալելու դժուար առաքելութեան մը, այլ իր պարզութեան մէջ բարդ վիճակներ կը պարզէր այդ կտաւը ըմբոշխնել ուզող հասարակ անհատին համար։

Մեկնումը (Տուպայ՝ 1995) Կուժը (Տուպայ՝ 2009)

Այսօրուան արուեստի աշխարհը իր բռնած զանազան տարբեր ուղղութիւններով, կը դժուարացնէ զայն իւրացնելու մղումը, որ այս պարագային զայն դիտելու կանգնած մարդը ստիպուած համերաշխութիւն մը պիտի փնտռէ իր ներքին աշխարհին եւ այդ կտաւին միջեւ, զայն ամբողջութեամբ կարենալ ընկալելու համար։ Վահէին պարագային այդ խրթին երանգը զոր մարդ կ՚ուզէր գտնել, առհասարակ իր պարզութեան մէջ կը գտնուէր Այնճարի տան պարտէզին մէջ երկար ատեն չորցած մենաւոր ծառէն մինչեւ Տուպայի շուկային մէջ պպզած ձկնավաճառին խորհրդաւոր նայուածքին մէջ։

Տարօրինակօրէն Վահէին պաստառները գոյն փոխած են իւրաքանչիւր տեղափոխութեան հետ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, թէեւ իր պաստառներուն մէջ մահն ու սարսափը չենք տեսնէր, սակայն անոնց գոյներուն մէջ կարմիրի առկայութիւնը իր ներքին աշխարհի խռովքը կ՚արտացոլայ։ Կարմիրը այնքան վառ կերպով ներկայ է թէկուզ եւ այդ պաստառը կը ներկայացնէ հայկական պար մը, կամ գինետան մէջ մինակը նստած աղջիկը գինի շիշին յառած իր նայուածքը։

Այդ ներքին խռովքն ու վախը, որ ամէն լիբանահայու մղձավանջն էր, իր պարագային գոյն առած է եւ ինչպէս որեւէ արուեստագէտ, երբ ան ալ իր կարգին կրցած է նուաճել պաստառը, զինք ձեւով մը ձերբազատած է ներքին խռովքի լլկուածութենէն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, տակաւին նոր ամուսնացած, Վահէն եւ քոյրս Շողիկը, ստիպուած լքեցին արեւմտեան Պէյրութի իրենց բնակարանը եւ հաստատուեցան Տուպայ, Միացեալ Էմիրէութիւններ, ուր երկար ատեն ան շարունակեց ստեղծագործել։

Աւելի քան տասնամեակ մը հոն մնալով եւ աշխատելով, Վահէին նկարները սկսան դառնալ դեղին եւ դարձան անապատի աւազի հայելին։ Արաբական աշխարհի արուեստին մէջ, այդ քիչ մը անծանօթ մնացած տիպարներուն կը հանիպինք այս տարիներու պաստառներուն մէջ, որոնք շատ համերաշխ ներդաշնակութեամբ կուտան անապատի արեւէն թէժացած մարդոց արտայայտութիւնները։ Այդ երանգներուն մէջ, հաւանաբար միակ ատենն է ուր կը տեսնենք հոգեկան հանդարտութիւն մը, ներքին եւ արտաքին համերաշխութիւն մը իր շրջապատին հետ։

Դէպի Առաջ (Մոնթրէալ 2011) Կեանքի շրջանակը (Տուպայ 1997)

Հակառակ անոր, որ Լիբանանահայ արուեստագէտ շրջանակին մէջ որոշ տեղ մը ապահոված էր եւ ունէր իր երկրպագուներու փաղանքը, սակայն արաբական այդ աշխարհի կեցութեան օրերուն, դժբախտաբար քիչ մը շատ մեկուսացած էր իր արուեստով եւ չէր կրցած ցուցահանդէս կազմակերպել։ Այո, եղած էր բեղմնաւոր եւ ան կրցած էր տասնեակներով կտաւներ արտադրել, սակայն իր լռութեամբ սկսած էր ինքզինք մատնել մոռացութեան։ Այս մէկը սփիւռքահայ բոլոր արուեստագէտներու ցաւն է, մանաւանդ երբ սփիւռքեան պայմաններու մէջ գրականութենէ մինչեւ որեւէ ձեւի արուեստ, պէտք է որ հասարակութեան հրամցուի արուեստագէտին ինքնակամ աշխատանքով եւ իր նիւթական ներդումով։

Այսօր գրական աշխարհի մէջ կան այնպիսի գործեր, որոնք չըլլալու պարագային ընթերցողը բան մը կորսնցուցած պիտի չըլլար, սակայն կան նոյնքան ալ արժանաւորներ, որոնք նիւթական կամ այլ պայմաններով կը մնան շուքի մէջ։

Վահէին կեանքի երրորդ հանգրուանը եղաւ ընտանեօք Գանատայի Մոնթրէալ քաղաք վերջնական տեղափոխումը, որ իր հետ պիտի բերէր նաեւ նոր աշխարհի ընձեռած բարիքները։ Դժբախտաբար այդ բարիքները թէեւ իր զաւակները սկսան տեսնել, սակայն անողոք հիւանդութիւնը Վահէին յոյսերն ու կորովը զգետնեց։ Ըրաւ այն, ինչ որ պիտի ընէր որեւէ արուեստագէտ իր ներքին խռովքը արտայայտելու.. գծեց. ներկեց. արտադրեց։ Նոր գոյներ նշմարուեցան իր գործերուն մէջ, որ այդ անապատի կիզիչ արեւէն ետք, կուգար տալու Մոնթրէալի տխուր եւ մոխրագոյն ձմեռը։

Իսկական արուեստի գործը ծնունդ կ՚առնէ այնտեղէն, ուր բնութիւնը կը վերջանայ։ Արուեստը պէտք է զարմացնէ, այլափոխէ, իր մէջ ընդմխէ զայն հասկնալ ուզողին։ Արուեստը պէտք է իրականութեան եւ խելացնորութեան յայտարարը գտնէ։ Վերացական արուեստը կը միտի փոխարինել իմացականութեան գիւտը նախնական երեւակայական հասկացողութեամբ։

Խրտուիլակին Գիշերը (Տուպայ՝ 1998) Կեանքի Շրջանակը (Տուպայ՝ 1997)

Իրական արուեստագէտը կը ստեղծագործէ հոգիին աչքերով երբ նոյնիսկ կը գտնուի բանականութեան տիղմին մէջ թաղուած։ Այսինքն իրական արուեստագէտը չի փորձէր ներկայացնելու ինչ որ իր տեսողութեան առջեւ դրուած է, այլ կը ստեղծէ պաստառ մը, որ իր ներքին աշխարհի իրականութենէն բխելով, ինքն իր մէջ շունջ կ՚առնէ ու կը դառնայ այլ իրականութիւն մը։

Ահա այս մէկն է որ ըրաւ Վահէն իր վրձինին հետ առանձնացած։ Այս վերջին շրջանի Վահէին գործերուն մէջ տիրական է կազմաւորուած արուեստագէտը։ Մէկը, որ հակառակ ֆիզիքական իր չարչարանքներուն, հակառակ օրէ օր մաշող մարմնին, իր գործերուն մէջ արցունքի չենք հանդիպիր։ Այո, քանի մը առիթներով գծած է վերառկուներ, չըսելու համար նոյնը քանի մը տարբեր երանգներով, որ իրեն համար կը ներկայացնէր այն զգացումը, որ տուն կը վերադառնաս ու վերառկուդ կը կախես առանց երբեք գիտնալու, որ նորէն պիտի կարենա՞ս հագնիլ կամ այդպէս կախուած պիտի մնայ։

Անշուշտ ոեւէ կորուստ անդառնալի է եւ այդ կորուստին ձգած բացը անկարելի է որեւէ ձեւով փակել։ Բայց այս պարագային երբ մեզմէ հրաժեշտ առնողը արուեստագէտ մըն է, այդ կորուստը նաեւ կը դառնայ մշակութային կորուստ մը, կարեւոր չէ թէ այդ արուեստագէտը որքանով մտած է մեր տուներէն ներս։

Ինչպէս որ ամերիկացի արուեստագէտ Պոնոն ըսած է, «արուեստագէտի մը համար չկայ հանգստեան կոչուիլ, արուեստը իր ձեւով ապրելու միջոցն է, որ վերջ չի կրնար ունենալ»:

Այո, թէեւ ֆիզիքապէս Վահէն մեր մէջ չէ այլեւս, բայց իր պաստառներուն մէջ կը տեսնենք իր յաւիտենականութիւնը։

Արա Գազանճեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter