HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Հրանդ՝ վեց տարի եղաւ

Մենք դժոխքը դրախտի վերածելու յաւակնութեան տէր ենք: Հրանդ Տինք

Ոչ հերոսական իմ ժամանակներուս վերջին քայլը, աստղազարդ երկինքի տակ եղող վերջին արեանդ կաթիլէն է որ կը սկսի: Երբ «Թաքսիմ»ի բոլոր ճանապարհները դրախտային դռներու պէս կը բացուին աչքերուս: Քիւրտ, Ալէվի, Լազ, Քիւրտ եւ դեռ Թուրք մարդկային իմ տեսակի, իմ բնազդի եւ իմ ճակատագրի մնացորդացի կում մը արցունքէն ու փողոցէն անցնելու պէս:

Հրանդ վեց տարի եղաւ:

.........

Անոնք որ քալեցին ետեւէդ, մեղայի, դատապարտեալի եւ յանցաւորի իրենց աչքըերը փակցուցին իմ եւ որիշներու ձեռքերուն վրայ: Լուցկիի պէս վառեցաւ սիրտդ ու մենք օտարոտ ու մրսկան ձեռքերով յիշեցինք քու երազներդ եւ հաշտուեցանք անցնող օրերու ողբին հետ: Ճանապարհը մարդն է որ կը գծէ: Դուն այդ տեսակէն էիր: Ինչպէս շատ ուրիշներ որոնք հրդեհին մէջէն կը քալեն կամ փոթորիկներուն առջեւ ձեռնածալ չեն մնար: Քու տեսակդ քալել գիտէ, ձեռքերը պարզած աստղային ճանապարհի մը, քալել վէրքէն եւ մեռելէն աւելի անդին....

Մենք բոլորս վիզկապ մեռելքներ ունինք: Մեր մէջ ցեղասպանութիւն կոչուած մուրը, կարմիր վէրք է, մեռել կապած վէրք:

Կ'ուզենք վաճառել այդ մեռելը: Կ'ուզենք մտնել Արեւմտահայոց ամէնէն աննշան շէները, գիւղերը եւ օճախները վաճառելու այդ ողբը:

Մեր մարմինը կը ցաւի: Մեր վէրքը կը կոտտայ սակայն ոչինչ կ'ընենք մաքրելու այդ ամէնինչը:

Ելած ենք կարմիր կղմիտներէ տանիքի ամէնէն փխրուն բազրիքին, աշխարհին կլոր հեռադիտակէ նայելու եւ ըսելու որ մենք մորթոտուած ժողովուրդի մը վիրաւոր թափառականներն ենք:

Նոր ճաշեր կը փորձենք եփել մեղքի, ուշացումի, խեղճութեան եւ կարեկցանքի թունաւոր կաթսային մէջ:

Մեր բռնուած լեզուն կտրուած կաթի պէս, սալայատակին սառած սպիտակ հեղուկի պէս, ջրաբոսին սառած արիւնին պէս ապակի է դարձած:

Ի՞նչ է մեր փնտռածը:

Ծառ մը աւելի պիտի տնկենք Ծիծեռնակարբերդին բարձունքին,հաւաք մը աւելի պիտի կազմակերպենք: Ու թոյլ տանք որ երկու կողմերու ոհմակներուն դիմաց քու տեսակիդ իրական պատկերը բզիկ-բզիկ ըլլայ: Թոյլ տանք որ իյնայ երազդ որ մեր ալ երազն է:

Ի՞նչու այս ամէնը Հրանդ:

Ու արդեօք դուն անոր համար էր որ քալեցիր այդ վէրքի ծայրերէն ու չուզեցիր ներս մտնել... Դուն ուզեցիր մինակդ ըլլալ մեծ ճակատումին համար: Չմտար մեծ կեղտոտ առեւտուրներուն ու նեխած պազարին մէջ: Ճիշդ է ձայնդ լռեց: Գիրդ վերջին անգամ սառեցաւ թուղթին վրայ. դուն դարձար պատարագէն մաս մը: Քու ընբռնումներուդ, քու խաչիդ եւ քու Քրիստոսիդ համար:

Ի՞նչ էր պահանջուածը այս ամէնինչէն ու հիմա երբ, յետադարձ հայացքով մը ուզեմ մահուանդ յաջորդող օրերուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի պորտին վրայ ԳԱԼԱՐՈՒՈՂ ԿՐԱԿԻԴ մասին մտածել պիտի ըսեմ որ ՝

Քեզ չհասկցանք:

Քեզ չուզեցինք գրկել ու մեր մէջ նեխած մեռելներուն կողքին ըսել որ Հրանդը եկաւ այդ մեռելները մէկ-մէկ այրելու, եկաւ վէրքերը մէկ-մէկ մաքրելու:

Դուն պատերազմին համար չմեռար:

Դուն չմեռար որ քեզ պատերազմի, ատելութեան եւ ոխի կերպարանք տայինք քեզի կամ փայլուն ճակատիդ սեւ ածուխ քսէինք.....

Ու պարզ է որ ինչպէս եւ կեանքդ նաեւ մահդ եղաւ վսեմ:

Մենք պիտի չուզէինք հասկնալ այդ ամէնինչը:

Պիտի չուզէինք ապրիլ քեզմով:

Քեզմէ վերցուցինք միայն մահուան մասնիկը: Սիրեցինք քու մահդ եւ բնակեցանք քու մահուանդ մէջ:

Դեռ մենք քու դագաղիդ մէջ ենք:

Սուտ մահով մը մեռնելու- սուտ լացով մը տարուած:

Մեր ինչքերը, մեր եսը, մեր անցեալը մեր բողոքը, ճիչն ու վիշտը յանձնած աշխարհի աղբ հոտող լուսաւոր դահլիճներու ստապատիր ամրոցներուն: Փնտռելով կարեկացանք մը, փնտռելով արցունքի մը ողորմին, շարական մը փնտռելով որպէսզի սնուի մեր մեռելապաշտ ծուծը: Չէ որ մենք մեռեալպաշտ էինք հինէն:

Բայց ի՜նչ փոյթ այս բոլորը: Քու վարուցանդ, քու մաշկէդ ելած հոգիդ քու ճամբորդող պատկերդ հակամահ եւ խորքէդ բռնկող լոյսը գնաց ճամբորդեց քեզմէ առաջ ու քեզմէ հեռու ճիշդ ինչպէս որ դուն էիր ուզած:

Հոգիդ գնաց թակելու Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր -բոլոր դռները: Բոլոր կարմիր մոմով, սեւ ծանր կղպանքով փակուած դռները, վանելու հին մութը եւ.... վառելու համար քեզմով արթնցած սրտերը:

Հիմա Արեւմտահայասանի մէջ քու թափած արիւնիդ հետքերուն համար, Թուրք, Քիւրտ, Ալէւի Լազ, Զազա եւ Օսմանեան տէրութեան մեծ լաւային մէջ ինքաուրաց եւ ինքնամոռաց քանի-քանի անուններ, քանի-քանի «անտունի» դարձած մշակներ կուզեն վեարդառնալ իրենց եսին, ողնաշարիդ եւ անունին:

Քեզի համար հայութիւնը կրօնքով չէր, խաչով չէր, անունով չէր, գոյնով, գաղափարով կամ ազգանունով չէր:

Քեզի համար Հայութիւնը կու գար հողէն, անցեալէդ, պապերուդ արիւնէն, հողէն կարմիր, մշակներուդ ու հողդ մշակողներու հեթանոս արեւէն, մաքրութիւնէն, խանձարուրէն ու օրհնուած հացէն:

......

Հիմա շատ պիտի ուզէի սառնսրտօրէն, օտարի պէս կարդալ այն վերջին յօդուածդ ուր կը խօսէիր խռոված հոգիիդ ու վախուուորուած սրտիդ մասին:Կը բացատրէիր որ հոգիդ կ'ապրի այն վախը որ աղաւնի մը կրնայ ապրիլ: Վախ եւ շուարում: Ու մտքովդ կ'անցնէր թէ մեծ քաղաքներուն մէջ, Պոլսոյ մէջ, քու եւ մեր սիրած այդ քաղաքին մէջ աղաւնիներուն ձեռք չեն տար: Չեն մօտենար անոնց ու վստահ էիր որ պիտի շարունակէիր թռիչքդ, ամէնէն խճողուած թաղամասերուն ու անցումներուն մէջ ուր կար մասնիկ մը քեզմէ ու այն ամէն ինչէն որուն համար կեանքդ պատարագ դարձուցիր:

Բայց այդպէս չեղաւ:

Դուն խախուտ, յոգնած թեւի մկաններով, խցանուած երակներով չէիր գրեր, քու բառդ սրրտէդ բխած բառ էր, ուժանակուած սրտիդ, կարմիր սրտիդ մասնիկն էր ան:

Մինակդ հողմին դէմ: Մինակդ պատարագին սեղանին համար ու առջեւ: Մինակդ մահուան ու մահը ատելու արարքին մէջ:

Ո՜հ Հրանդ.

Վեց տարի կ'ընէ: Այս վեց տարուան մէջ, վառուած մոմերը պիտի աւելի շատնային, բերքը աւելնի պիտի ըլլար հզօր, ու հասկերը ատոք:

Բայց չեղան:

Տեղքայլի ժամանակներ են:

Սփիւռքը Հայաստանը կը կապկէ ու քու Սիրելի Հայաստանդ խրուած է իր նոյն տեղքայլին, շուարումին եւ որոնումներուն մէջ:

....

Միակ ճանապարհը որ բացիր Արեւմտեան Հայաստանի արդէն վերադարձող Հայերու ձայնն է: Համշէն, Տիգրանակերտ, Ուրֆա եւ այլուր այդ անաղմուկ երդիքներուն տակ ուր կաս դուն:Կայ բաժին մը քու արիւնէդ, բողոքէդ, արդարութիւնը սիրելու մեծ նուիրումէդ:

Կեանքդ անցաւ նուիրումի երգերով:

Դուն ատեցիր մահը, ատելութիւնը, քէնը: Հաւատացիր ու պայքարեցար կեանքին համար: Ու քու պայքարդ նախ եւ առաջ կեանքի, կեանքը սիրելու պայքար էր:

Բացարձակապէս կեանքը սիրելու, որովհետեւ հաւատացիր որ մենք, քու - մեր տեսակը պիտի կարողանայինք դժոխքին մէջ անգամ կեանք ստեղծել, խինդ ստեղծել երազ ստեղծել:

Երազ է անունդ այսօր.... ու ճանապարհը որ մերն է նաեւ, վստահ եմ որ շարունակողներ պիտի ըլլան:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter