HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Ո՞վ սպաննեց Ռաֆիք Հարիրին

2005 թուականի  14 Փետրուարին  ժամը 12.55-ին Պէյրութի կեդրոնական  փողոցներէն մէկուն վրայ կը սպաննուի Լիբանանի  նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին: Լիբանանեան յարաշարժ քաղաքական կեանքը լեցուն է նմանօրինակ դէպքերով: Նախագահներ Պէշիր Ժըմայէլն ու Ռընէ Մուաուատը նոյնպէս զոհ գացած են նմանօրինակ պայթումներու: Վարչապետներ   Ռաշիտ Սոլհ, Օմար Քարամի եւ քաղաքական  ազդեցիկ դէմք ՝ Քամալ Ժոմպլաթ: Կան նաեւ  կրօնական ականաւոր ներկայացուցիչներ ՝ Շէյխ Սուպհի Սալէհ- Միւֆթի՝  Շէյխ Հասան Խալէտ եւ  Իմամ Մուսա Սատըր (որուն ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անյայտ): Այս անունները արիւնով փորագրուած են արդի Լիբանանի պատմութեան էջերուն վրայ: Տակաւին չեմ յիշատակեր անունները այն հարիւրի հասնող լրագրողներուն, որոնք  ազատ խօսքի գրիչը պահելու համար ինկած են  պարտականութեան ճանապարհին:

Պարզ է որ Լիբանան Արեւելք-Արեւմուտք այնքան բարդ յարաբերութիւններու խաչմերուկին վրայ եղող փոքր  պետութիւն մըն է, նոյնիսկ քարտէսի վրայ  աննշան ու փոքր կէտ:Բայց այս ամէն ինչէն վեր ու աւելի յստակ է նաեւ,  որ այդ  պատերազմներուն եւ  «երկխօսութեան» գինը կը վճարէ այս երկիրը: Մինչ այսօր: Լիբանանի արդի պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին: Արեւմտեան ճամբար եւ արեւելեան ճամբար: Փոխ շաղկապումներ, փոխ ազդեցութիւններ,  հարուած ու հակա հարուած: Ու  այս խառն իրավիճակին   դուրսէն հետեւողը  տարբեր ենթադրութիւններով,  յաճախ սխալ   մեկնաբանութիւններով,    այլ պատկեր պիտի տայ երկրին մէջ  տիրող իրավիճակին:

Ահաբեկչական արարքներուն զոհ քաղաքական դէմքերը յաճախ եղած են  կողմերու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Անոնց սպաննութիւնը,  ահաւոր պայմաններու մէջ ահաբեկումը արիւնոտ նոր էջեր բերած են Լիբանանին Ու քիչ եղած է այն դէմքերուն  թիւը, որակը, որոնք հաւատալով ամբողջական Լիբանանի գաղափարին, նոր  հանգրուան մը  կերտած են  երկրի ընդանուր հոլովոյթին մէջ:

Ռաֆիք Հարիրին անոնցմէ է:

Հարիրի,  հասկնալով երկրին ռազմաքաղաքական դիրքը եւ Արեւելք ու Արեւմուտք թէժ խօսակցութիւններուն,  զրոյցներուն ու յաճախ բիրտ ուժով կատարուած միջամտութիւններուն, հաւատացած է, որ երկիրը պէտք է պահել «Ոսկի միջինի» քաղաքական հունին մէջ:

Այսինքն՝   հասկնալ Արեւելքին ուզածը եւ լսել Արեւմուտքին պահանջները:

Ինք  էր, որ վերջին շրջանի պատերազմական փուլին աւարտին համար մեծ ճիգեր գործադրեց, որպէսզի  կայանայ «Թաէֆի համաձայնագիրը» (1990թ.) ու ինք էր նաեւ, որ Լիբանանը շրջապատող յատկապէս Ծոցի երկիրներուն համոզեց, որ Պէյրութը պատրաստ է զիրենք ընդունող առեւտուրի-զբօսաշրջիկութեան  կարեւորագոյն կեդրոն դառնալ իրենց համար:

 Ու պատահեցաւ  անսպասելին՝   երկխօսութեան  թիւ մէկ քաղաքական գործիչը սպաննուեցաւ:

Ու պահու մը, երբ Մերձաւոր Արեւելքը կը մտնէր քաաքական նոր հուն:

Սպաննեցին զինք,  որովհետեւ Հարիրիի վերացումով հաւատացին,  թէ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի քարտէսը փոխել: Սպաննեցին զինք, որովհետեւ յուսացին , թէ  Լիբանանը դարձեալ արեան թատերաբեմ դարձնելը աւելի հեշտ պիտի ըլլար:

Ճիշդ է, որ վերջին շրջանին Հարիրի արդէն  կ'ապրէր քաղաքական տագնապի մը կիզակէտէն ներս:Այսինքն  երկրի իշխանութիւնները որ կը վայելէին Սուրիոյ ամբողջական նեցուկը,  կը փորձէին քաղաքական քարտէսէն ու ներկայութենէն ջնջել զինք: Ու  Հարիրի ձեւով մը հրաժացած էր հրապարակէն ու բոլորս լաւ գիտէինք,  որ ան աւէլի ազդեցիկ կերպով պիտի վերադառնայ թատերաբեմ:

Հիմա որուն   ձեռնտու  էր այս սպաննութիւնը:

Ցայսօր  շատ մելան հոսեցաւ այս թեմային շուրջ. ուղղակի եւ անուղղակի մեղադրանքներ լսուեցան  ամէն տեղէ:Բայց միով բանիւ յստակ կը մնայ մէկ հանգամանք,  թէ անոնք,  որ սպաննեցին զինք,  ուզեցին հարուածել Լիբանանը:

Անոնք, որ սպաննեցին զինք, ուզեցին     վերջ տալ Լիբանանի մէջ երկխօսութեան ոգիին:

Անոնք,  որ սպաննեցին զինք,  հաւատացին,  թէ այդպէս հեռու կը պահեն իրենք զիրենք Մերձաւոր Արեւելքի գալիք փոփոխութիւններու մեծ ընթացքէն:

Բայց այդպէս չեղաւ:

Հարիրիի նահատակութենէն անմիջապէս ետք ու   յառաջիկայ ութ տարիներուն Լիբանը փոխակերպուեցաւ:

Գտաւ իր լիարժէք անկախութիւնը,  Սուրիական ուժերը հեռացան անկէ ու բացի այդ երկրի կրօնական համայնքները հասկցան,  որ Լիբանանի մէջ առկայ պայքարը Լիբանանցիներուն՝ իրար դէմ ունեցած պայքարը չէ,  այլ դուրսէն պարտադրուած պայքար է, որ շատ յաճախ լեցուն է արիւնոտ ու մահաբեր «նամակերով»:

Իրօք որ տարբեր մթնոլորտ մը տիրեց Հարիրիի մահուան յաջորդ երկու-երեք տարիներուն:

Լիբանան Արաբական տէրութիւններուն բացատրեց նաեւ,  որ ժողովուրդի կամքը ամէն բանէ վեր է,  ու կամքն է, ի վերջոյ,  որ պիտի յաղթանակէ:

Այսօր շատ գրիչներ տարբեր դիտարկումներ ընելով կ'ուզեն հեգնել «Արաբական գարուն»ը:

Կուզեն անոր մէջ Իսլամական  ծայրայեղութեան պատկերներ տեսնել:Կ'ուզեն աշխարհին ըսել,  թէ «Արաբական գարուն»ը աւելի վատ է,  քան՝  Իրաքի ու Սուրիոյ այն վարչաձեւերը,  որոնք երկար տարիներ հոգեկան մաշումի, մտաւորական խօսքի  կաշկանդումի ու զինուորական  ճնշումներով կառավարած են իրենց երկիրները:

Ու նոյնիսկ Հայեր կուզեն  աշխարհին բացատրել, թէ ճնշուած հասարակութիւն մը ունենալը աւելի ձեռնտու է  հայերուն համար:

Այսպէս է պատկերը այսօր:

Առանց մեկնաբանելու այս ընթացքը,  պիտի ուզէի   հաւատալ,  որ հայութեան սիրտին մէջ կարեւոր ու մնայուն տեղ գրաւող Միջինարեւելեան գաղութներու ղեկավարները լաւ հասկնան այս մեծ փոփոխութիւնները:

Լաւ հասկնան,  որ իրենց արաբ, քիւրտ, ալէւի, տիւրզի, մարոնի եւ յոյն  հարեւանները նաեւ ունին ապրելու եւ ինքնորշուելու իրաւունք:

Այդ մօտեցումը մեզի կրնայ միայն դուրս հանել կղզիացումէն ու մեր սաղմին մէջ ամփոփուած կերպով ապրելու վտանգէն:

Աւարտին  նոյն հարցումը պիտի կրկնուի՝  

Ո՞վ սպաննեց Ռաֆիք Հարիրին: Եւ ո՞ր կողմն էր,  որ օգուտներ տեսաւ անոր վերացումին մէջ:

Պատասխանները շատ են:

Բայց միով բանիւ յստակ է մէկ բան՝  անոնք,  որ Ռաֆիք Հարիրին սպաննեցին,  գրեթէ  կը հաւատային որ երկխօսութեան լեզուն պէտք է կտրուի: Անոնք գրեթէ կը հաւատային բիրտ ուժին: Անոնք գրեթէ կը հաւատային,  որ ազատութեան, արդարութեան ձայնը պէտք է լռէ: Ռաֆիք Հարիրիի սպաննողները   ապահովաբար  մէկ կեցուածք ու մէկ կարծիք ունէին՝  լռեցնել այն ձայնը որ դէմ է  իրենց կեցուածքներուն: Մարել այն ձայնը,  որ համակարծիք չէ  իրենց քաղաքական կեցուածքներուն հետ:

Հիմա շատ պարզ կը դառնայ,    որ  լիբանանեան տագնապը   ներքին խլրտումներու արդիւնք չէ: Արեւելք -Արեւմուտք մեծ բախումներու, շահերու, յարաշարժ ու դարաւոր փոփոխութիւններու արդիւնք է:

Հարիրի լաւ գիտէր այս ամէնը:

Ու քիչ կը պատահի,  որ ժողովուրդի մը արգանդէն ծնած ղեկավարները հասկնան այդ լեզուն:

Ան ունէր  երկու  մեծ բախումներուն դիմաց կանգնելու հզօր ունակութիւն ու այդ պատճառով սպաննեցին զինք:

Այսօր նոյնն է իրավիճակը: Սուրիոյ մէջ պատահածները նոյնը կը մատնեն: Արեւելք ու արեւմուտք մեծ բախումներու առանցքը Սուրիան է այսօր: Այդ շահերուն համար կամ այդ շահերուն դիմաց ու ընդդէմ Սուրիան կը մասնատուի ու կը քանդուի:

Ինծի կը թուի,  թէ Սուրիացիները դեռ երկար ճանապարհ ունին կտրելիք այս առումով:

Իսկ վերադառնալով Լիբանանին՝ լաւ պիտի ըլլայ,  որ անոր քաղաքական կեանքը  շատ յաճախ աղմուկով ու շաղակրատութեամբ լեցնող քաղաքական դէմքերը հասկնան Հարիրիի արեան իսկական արժէքը:

Հասկնան անոր խօսքը,   որ կ'ըսէ ՝ «Ոչ ոք իր Հայրենիքէն մեծ է»: Այսինքն բոլորը պարտաւոր  են յարգել երկրի այն սկզբունքները,  որոնց մասին  Եւրոպան  եւ նոյն Արեւմուտքը  կ'ըսեն,  թէ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՆ:

Համակեցութիւն, միասնութիւն եւ լայիք ընկերութեան մը բարձր արժէքներով կառավարուող երկիր:

Այդ է Ռաֆիք Հարիրի ձգած կտակը ու անկէ անդին  ամէն  փորձ Լիբանանը պիտի տանի նոր  տագնապներու:

Թերեւս նոր արիւահոսումներու եւ ընկրկումներու:

Սպաննեցին Ռաֆիք Հարիրին: Չկայ ինք,  բայց կը մնան իր գաղափարներն ու ոգին,  որոնք մարդկութեան համար, բոլորիս համար մնայուն արժէք են, կեանքի,  ապրումի, արժէքներու եւ գնայունը մնայունէն  զանազանելու որպէս իրական, որպէս իսկական ու մնայուն արժէք:

Այսօր իր յիշատակի օրն է, մտածենք այդ արժէքներուն մասին:

Աւարտին՝  չմոռնանք նաեւ,  որ Հարիրին հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամն էր: Հայու տեսակին, անոր աշխատասիրութեան ու պայքարելու կամքին հանդէպ մեծ հիացմունք ունեցող  ազատութեան ռահվիրայ Ռաֆիք Հարիրի շատ մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստան- Լիբանան  յարաբերութիւններու զարգացման ուղղին վրայ:

Ու ժամն է,  որ Հայ ժողովուրդը գնատահէ նաեւ այդ մէկը:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter