HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Աքրամ Այլիսլի. կարմիր սահմանէն այն կողմ

«Գրողն ի՞նչ է անում. աշխարհն իր ուզածի պես չէ, ուզում է աշխարհը բերել իր ուզածի տեսքին։ Դա վեր էր ֆաշիզմի ուժից, բոլոր հանճարներն ու շիզոֆրենիկները իրենց գլուխը կոտրել են դրա վրա, իսկ ահա մի խեղճուկրակ կերպարանք, անունը՝ գրող, ունեցածը՝ թանաք, նստել է եւ ուզում է իր տեսքին բերել այս քաոսային աշխարհը»:

Հրանտ Մաթեվոսյան

 ...Կարմիր սահմանէն այն կողմ

Հրանտ Մաթեվոսյանի այս խօսքերուն շատ հաւանաբար հանդիպած  է՝ Աքրամ Այլիսլին ով այսօր ամբողջ սիստեմի մը դէմ դնելով,  հանդէս կուգայ հայոց տառապանքին ու թափուած արեան դիմաց   մեղայագիր մը ընծայագրելու:Խորքին մէջ Այլիսլի իր այս փորձով մեղքէն  մաքրուելու, մեղքէն  բուժուելու փորձ կ'ընէ: Վստահ չեմ թէ ան իր վէպը գրած պահուն մտածած կ'ըլլար թէ իր երկրին մէջ  պիտի այսքան հալածուէր ու բռնադատուէր: Տակաւին դէպքերու ընթացքը չէ հասած իր լրումին:Վաղը  կրնան օր ցերեկով  նոյն իր հայրենակիցները յարձակիլ իր տան վրայ  ու ինչ-  ինչ պայմաններու  տակ բռնադատել գրողին . ու ոչ միայն: Այս դէպքերուն մէջ  գուցէ ամէնէն ցնցիչ պատկերը  Պոլսոյ «Ակօս» թերթի  առաջին ճակատին վրայ դրուած պատկեր մըն էր: Թերթը  «Կեղտոտ խաղեր Պաքուի մէջ» խորագրին տակ տեղադրած էր    պատկեր  մը, ուր  դագաղի մը մէջ դրուած էին Այլիսլիի գիրքերէն օրինակներ: Դագաղին կափարիչը  բաց էր ձգուած ու  երեւի  տակաւին ժամանակը չէր հասած վերջին յուղարկաւորութիւնը կատարելու:

Այլիսլի   կ'ապրէր համեմատաբար խաղաղ կեանք մը երբ առաջին անգամ  Ազրպէյճանի բոլոր անկիւններէն  յարձակումներ  ու բուռն քննադատութիւններ սկսան տեղալ անոր գլխուն:   Այսօր  ան դարձած է գրական  տարբեր շրջանակներու ուշադրութեան կեդրոնը: Այս  աղմուկը սպասելի էր,    որովհետեւ վիպողը անհոգ օրերու  թաւալքին մասին չէ գրած այլ կ'ուզէ զինք տառապեցնող վէրքը մաքրել: Կը յաջողի՞,  կրնայ մաքրուիլ  այդ վէրքէն այդ արդէն այլ խնդիր է:

Երեւանի  եւ մասամբ  Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ Այլիսլի դարձած է արդէն ուշադրութեան արժանի գրող: Ու զարմանալի չէ: Որովհետեւ Հայաստան- Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի ծիրէն ներս եղող  հանդիպումներէն բացի, կամ Գուրգէն Մարգարեանին դէմ եղած Սաֆարովի կատարած տմարդի քայլէն բացի,  Այլիսլի կ'ուզէ խօսիլ մեր հետ: Բայց արդեօք ինք կը ներկայացնէ՞ Ազրպէյճանը: Պատասխանը ոչ է: Կտրականապէս ոչ: Բացի անկէ կայ այլ հարց նաեւ արդեօք ուրիշ Այլիսիլներ կա՞ն կարմիր սահմանէն այն կողմ:

Արդէն պատմական  դարձած  դէպքերու վրայ հիմնուած «Քարէ Երազներ» վէպը որ կը պատմէ   Ազրպէյճանցի երկու հերոսներու մասին, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու փորձած են  մահուան բերանը գտնուող Հայերու օգնութեան հասնիլ: Արարաքը ինքնին մեղայի գալու պէս բան մըն է, սակայն  մեղայականէն անդին սակայն, հոս կայ  նաեւ նախաձեռնութեան մը նշանը: Ի՞նչ ըսել կ'ուզէ Այլիսլի  ու իրօք այդ մեծ թամաշային ու աղմուկին դիմաց ինչ քաջութեամբ  ու բարձր   ճակատով կը դիմագրաւէ Ազերի իր «եղբայրներ»ուն թունոտ արարքները:

Պոռչտուք, գիրքի հրկիզում, հանդիմանութիւն եւ լուտանք: Գիտէ՞ ան արդեօք, որ վէպ մը գրելու գինը այս պիտի ըլլար:

......................

Այսօր վէրքը բաց է: Ամէն անգամ որ Հայաստանի ժողովուրդը փորձէ քայլ  մը հեռանալ ԱզրպէյՃանի հետ արձանագրուած  սեւ անցեալը վերյիշելու փաստէն,   այդ կողմէն կացինները  յանկարծ կը շպրտուին ու կը փայլին մինչեւ իյնան ու  հողին մէջ մխրճուին:Կացինները կը նետուին նոյն թիրախի ուղղութեամբ եւ այս առումով զարմանալի ալ չէ,  որ Հայաստանի ժողովուրդը բաց աչքերով կ'ընկալէ այս  յոխորտ- չարութեան,  եւ ոխի վրայ  հիմնուած գրոհները:  Կը մնայ  իմանալ, արդեօք ուրիշ Այլիսլիներ կա՞ն սահմանէն անդին:Թէ ան Սովետի «կրթութեամբ»  եւ Սովետական մարդուն յատուկ   հայացքով է որ  կը մօտենայ  զինք տառապեցնող խնդրին:Այլիսլիի համար հարեւանը եւ դրկիցը թանկ բաներ են: Ան  կ'ուզէ կառչիլ այդ կապին: Կ'ուզէ բողոքել եւ ըսել որ ինք անզօր էր երբ յորդաները արիւն կը խմէին:

 «Նա արժանի է պաշտպանութեան...»

Թարգմանիչ Դավիթ Մաթեվոսյան որուն հետ կատարեցի կարճ զրոյց մը  այս առթիւ կը յայտնէ, թէ մեծ մտավախութեամբ կարդացած է Այլիսլիի «Քարէ Երազներ» (ի դէպ Մաթեվոսյան կ'ըսէ, թէ Այլիսլի իր անունը վերցուցած է Հայկական Ագուլիս գիւղին անունէն:) Մաթեւոսյանի առաջին տպաւորութիւնը  եղած է այն,  թէ Այլիսլի կ'ուզէ մեղայի գալ եւ ներողութիւն խնդրել Հայ ժողովուրդէն: Ինչ կը վերաբերի վէպը կարդալու դժուարանալուն, Մաթեվոսյան կ'ըսէ թէ այդ մտահոգութիւնը կապ ունէր վէպի  գեղարուեստական որակին հետ: Սակայն կը խոստովանի, որ Այլիսլիի վէպը նաեւ գեղարուեստական իմաստով յաջողուած վէպ է: Մաթեվոսյան  կ'ըսէ թէ Այլիսլիի ըրածը հրաշալի բան է եւ քաջութիւն ենթադրող արարք յիշեցնելով, թէ Այլիսլի լուրջ խնդիր ունի երկրի իշխանութիւններուն հետ: Իր կարծիքով  Այլիսլի կ'ուզէ բողոքել այն իշխանութիւններուն դէմ որոնք երկիրը կը տանին դէպի  անկում, եւ փակուղի: Դավիթ Մաթեվոսյանի կարծիքով Ազրպէյճանը այս ընթացքով չի կրնար գոյատեւել: Մաթեվոսյան կ'ըսէ թէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները շատ ճարպկօրէն մօտեցան Այլիսլիի խնդրին,  այն իմաստով որ  անոնք յայտարարեցին, թէ Այլիսլի կ'ուզէ իր երկրին մէջ մերժուած երեւիլ,  կ'ուզէ երկրորդ  Օրհան Փամուք կամ Սալման Ռուշտի դառնալ որպէսզի ապահովէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը: Մաթեվոսյան կ'ըսէ նաեւ թէ Ազրպէյճանի մէջ ատելութիւնը այնքան մեծ է, որ այսօր Այլիսլի կը գտնուի լուրջ սպառնալիքներու դիմաց: Անոր կարծիքով Ազրպէյճան իր մատի շարժումներով ղեկավարող Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնները կրնան նոյնիսկ ֆիզիքականօրէն ոչնչացնել   Այլիսլին: Մաթեւոսեան պատասխանելով այն մտավախութիւններուն, թէ պէտք է արդեօք Հայաստանէն Այլիլսիի  պաշտպանութեան կոչեր հնչեն եւ արդեօք նման փորձեր չե՞ն վնասեր անոր կ'ըսէ, թէ այդ վտանգը կայ, բայց «Երկար մտորումներէ ետք որոշեցի  խօսիլ այս մասին զուտ մարդկային  ըմբռնումներով  որովհետեւ ցանկացած գրող, պօէտ կամ քաղաքացի պէտք է արձագանքէ էս առումով:»

Դավիթ Մաթեվոսյան վստահ է որ Այլիսլիի գրչեղբայր Հրանտ Մաթեվոսյանը նոյնպէս պիտի արձագանքէր եւ «կռիվ տար Այլիսլու համար:» Խօսքը եզրակացնելով Դավիթ Մաթեվոսյան կ'ըսէ, թէ՝ «Կորցնելու բան չկայ. Ադրբէջանում կարող են դէպքերը շատ արագ դէմբերով զարգանալ եւ ունենալ  տխուր աւարտ: Նրանք նոյնիսկ կարող են Այլիսլուն ֆիզիքապէս վերացնել: Ինչ է նշանակում երբ «Մուսավաթ» կուսակցութեան մի հոսհոս ներկայացուցիչ գրող Այլիսլու ականջի փոխարէն առաջարկում է մօտ 13.000 ԱՄՆ դոլար: Էս դեպքում հատկապես ես մտահոգվում եմ որպես քաղաքացի ոչ Հայ  կամ Ատրպէճանցի կամ Պարսիկ, կամ Վրացի կամ  Թուրք ու էդ առումով պարտավորված եմ զգում  պաշտպանել  էն գրողին ու խօսքի մարդուն, ում վրա քաղաքական հրէշն է հարձակվել:»

Մաթեվոսյան կը յիշեցնէ նաեւ,  թէ  Այլիսլի մինչեւ վերջերս կ'ապրէր  Ս. Բէթէրսպուրկ   եւ Ալիեւի հրաւէրով   վերադարձած էր Ազրպէյճան թարգմանութիւններ կատարելու ու գրական գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով:Աւարտին Մաթեվոսյան իր խօսքը  եզրակացնելով ՝ նշեց թէ  Աքրամ Այլիսլի որ այսօր պաշարուած կը մնայ Պաքուի  իր բնակարանին մէջ արժանի է պաշտպանութեան եւ յարգանքի:

Գիրը կրնայ ատելութեան արմատները այրե՞լ

Ի՞նչու գրեց Աքրամ Այլիսլին այս վէպը: Հերոսութեան պահանջո՞վ. Բայց ի՞նչ հերոսութիւն:  Գրեց  գլխուն արիւնով սնուող տուշմաններ հաւաքելո՞ւ համար, կամ իր  ունեցած մեղքի զգացողութեան համար:Ան վէպը գրելէն  վեց տարի ետք միայն վերադարձաւ Ազրպէյճան ու «ողջունեց» Ռուսական  պարբերականի մը իր վէպը հրատարակելու  նախաձեռնութիւնը: Բայց ինչ հերոսանալ  երբ գրքերդ հրոյճարակ պիտի դարձուին ու դուն նախատուիս: Կոչուիս դաւաճան:Չեմ կարծեր որ որեւէ գրողի համար հաճելի բաներ  Այլիսլիի գլխուն բարդուած  ամբաստանութիւնները:Միով բանիւ Այլիսլի ուզեց ցմրուր խմել   լեղի բաժակը:  Այսօր կրնան նոյնիսկ սպաննել զինք, ոչնչացնել զինք:Բայց կը մնայ վէպը: «Քարէ երազներ»  վէպը, որ կը պատմէ   նաեւ Հայկական Աքուլիսին  ու հոն  Հայերուն հանդէպ գործուած  նախճիրներուն հետեւանքով   մեծաւ մասամբ հոգեկան հիւանդութիւններէ տառապող բնակչութեան մասին: Հայոց տասնըերկու եկեղեցիներուն մասին: Այն հերոսներուն մասին որոնք ուզած են   Ազրպէյճանեան հորդաներուն ձեռքէն  հազիւ փրկել Հայ  զոհերը: Եւ այն հերոսներուն համար որոնք   նախատուած էին մարդկային  ինչ որ արարքով  հասնիլ վիրաւոր ու արեան լիճերու մէջ յայտնուած իրենց հարեւաններուն:Այս բոլորը կան Այլիսլիի  վէպին մէջ: Կը մնայ հասկնալ որ ինք հռչակի կամ Նոպէլեան մրցանակի  համար  գրող մէկը  չէ::Այլիսլիի  որ    Եւրոպայի ոստաններէն մէկուն մէջ չէ այսօր, կամ  ծովափի մը մօտ նստած  եւ ոտքերը աթոռակի մը վրայ երկարած ու արբանեակային ալիքներէն  իր դէմ կատարուող  բողոքի ցոյցերը «վայելող» մը չէ: Տակաւին իրեն համար ուրախութիւն չեն պատճառեր ամէն օր հնչել եւ ականջ կտրել- չկտրելու վերաբերող յիմար կոչերը, որոնց սակագինը  կրնայ տրամադրութեան համաձայն բարձրանալ կամ ցածնալ .....

Ան ներսէն կը խօսի:  Ան Պաքուէն կը խօսի:Կամ Պաքուի մէջ լռութիւն կը պահէ:Այլիսլիի կեանքը ամէն րոպէ  վտանգուած է:Որեւէ պահու կարող են սպաննել ու  ոչնչացնել զինք:

Բայց ինչ խօսք: Մնայունը վէպն է ու վէպի միջոցով անոր խիղճին ձայնը: Աքրամ Այլոիսլի այդ խղճի ձայնով կը գրէ ու մենք պէտք է   լսենք  այդ ներողագիրը:

Այսպէս Ազրպէյճանը հերթական Հայատեաց քաղաքականութեան վարուցան կ'ընէ նորութիւն չէ այս մէկը:

Կը մնայ իմանալ թէ Այլիսլլի խիղՃին մէջ ինչքան ապակիներ կան փշրուած որովհետեւ  այն ժողովուրդը որուն անունով գրեց կամ փորձեց բարձրաձայնել տակաւին կը մնայ ատելութեան,  մաղձի ու մշատբորբոք թոյնի ճիրաններուն մէջ:

Այդ ճիրանները գրականութիւնը կրնայ մաքրե՞լ:Գիրը թերեւս արեան հետքը կը  մաքրէ  բայց   ատելութիւնը վստահ եմ ուրիշ  դարման կ'ուզէ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter