HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Րաֆֆի Յովհաննիսեան կամ PAREVOULUTION

Ինչպէս զարմանալի, նոյնքան անսպասելի էր Րաֆֆի Յովհաննիսեանի բերած ոգեւորութիւնը փետրուար 19-ին, երբ Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ  նախատեսուած բացօթեայ մամլոյ ասուլիսը կը վերածուէր  հանրահաւաքի:

Այսօր նոյն զարմանքը եւ անսպասելիութիւնը կը տիրէ Երեւանի մէջ: Սպասելի հանրահաւաքը տեղի կ'ունենայ շատ հապճէպ ու Յովհաննիսեան իր  հետեւորդները կը հրաւիրէ այցելելու Եռաբլուր: Առնուազն ոչ թէ իշխանութիւնն է կաթուածահար, այլ՝ փողոցը: Րաֆֆի Յովհաննիսեանի կատարած գործողութիւնները  զարմանք,  քիչ մըն ալ  անսպասելի թմրածութիւն կը բերեն Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակ փութացած   հազարաւոր մարդկանց:

Երէկուան բողոքի հաւաքը սպասելի էր ոչ միայն Րաֆֆիին իրենց քուէները տուած  հանրութեան մասսաներուն, այլ թերեւս Սփիւռքի  Հայաստանով ապրող հատուածներուն: Խօսք չկայ Սփիւռքի պաշտօնական, կրօնական մարմիններուն մասին,  որոնք իրենց  օրհնութիւնն արագօրէն բաշխեցին Սերժ Սարգսեանին:Սփիւռքի կրօնական հաստատութիւնները միշտ ալ կը նախընտրեն ապահով   գրաւներ դնել: ճիշդ է՝  Կիլիկիոյ Արամ Առաջինը  վերջերս  քանի մը առիթներով անդրադարձած էր Հայաստանի խոցելի իրականութեան  ու, նոյնիսկ քիչ մը անդին երթալով, քննադատած էր այս իշխանութիւնները, բայց  պատմութիւնը աւարտած էր «սիրավէպով»,  երբ նոյն Վեհափառը կը պատուէր  Նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝  իր  Պէյրութ կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին՝  Անթիլասի մայրավանքէն ներս:

Նոյն օրհնութիւնը եւ ողջոյնի խօսքերը հնչեցուցած են  Հայ կաթողիկէ եկեղեցին՝  իր Պատրիարքին  բերանով, ՌԱԿ-ը եւ Ս.Դ.Հ.Կ.ը  ինչպէս նաեւ՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Սփիւռքի Դաշնակցական մարմինները  մինչեւ  այս ժամը   առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու կը հետեւին իրադարձութիւններուն:Պարզորոշ է որ անոնք կը հետեւին կուսակցութեան Հայաստանի ԳՄ-ի գծած  ընդհանուր ուղիին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի մտաւորականներուն, պատկերը բոլորովին այլ կը դառնայ: Անոնք  հանդէս կու գան  հաճախ շատ ծայրայեղ խօսքով, կը յայտնեն իրենց զօրակցութիւնը Րաֆֆի Յովհաննիսեանին եւ կոչ կ'ուղղեն,  որ շարժումը ծաւալի եւ Յովհաննիսեան   տէր դառնայ  ստեղծուած նոր կացութեան: 

Սփիւռքի ձայները եւ «Բարեւի Յեղափոխութիւնը»

«Ժողովուրդը կը կանչէ...»,-այսպէս  ըսին Սփիւռքի ձայները:Լսենք Սփիւռքի կարգ մը մտաւորականներ եւ աքթիվիսթներ.

Առաջին խօսակիցս  «Մոնթէ Մելգոնեան հիմնարկ»-ի տնօրէն Սեդա Մելգոնեանն է, որ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ Սեդան պատասխանելով մըր հարցերուն ըսաւ ՝   «Ես Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջտեղը եղող խաւին կը պատկանիմ: Տեսակ մը աշխարհաքաղաքացի եմ, բայց կայ մէկ երկիր, որուն թէև քաղաքացին անգամ չեմ տակաւին՝ ցաւօք, սակայն իմս է: Ազգային պատկանելիութեան առաջին ապրումը ունեցած եմ 12 տաեկանիս՝ երբ Եղեռնի 60-ամեակին նուիրուած քայլարշաւի մը մասնակցեցայ Պէյրութի մէջ:

Յետոյ նմանատիպ բազմաթիւ ապրումներ՝  Հայաստանի մէջ, որոնցմէ մէկը Արցախեան շարժման առաջին երեքշաբթի գիշերուան քայլարշաւն է ուրկէ ականջիս կու գայ Կոմիտասի այգիին դիմաց մեր բազմահազարանոց զանգուածին միասնական ձայնը՝ «Երդւո՜ւմ ենք»: Միշտ նոյն զգացումն է՝ «Ես այս ժողովուրդի մէկ մասն եմ: Ասիկա իմս է»: Երբ 2008-ին մօտէն կը հետևէի ԱՄՆ ընտրութիւններուն, նկատելի էր, որ ընտրողներու մեծ զանգուած մը լիարժէք վստահութիւն չունէր Պարաք Օպամային հանդէպ, բայց վճռականօրէն դէմ էր ստեղծուած իրավիճակին: Հետևաբար անոնք չընտրեցին Պուշի հետեւորդին , ո՛չ թէ՝ ընտրեցին իրենց երազած ղեկավարը: Մէկ բան շատ յստակ է ինծի համար: Ժողովուրդին կամքն է, որ պէտք է յարգուի:

Ցանկացած իշխանութիւն առանց ժողովուրդի թիկունքի, ուշ կամ կանուխ ենթակայ է փլուզման: Ժողովուրդին կամքին հակառակ երթալով՝ չընտրուածները քիչ մըն ալ իրենք զիրենք կը խաբեն սակայն ի վերջոյ իրականութենէն չեն կրնար խուսափիլ:  Պետական ներկայացուցիչներ, բոլոր մակարդակներու վրայ կ'ըտրուին ժողովուրդին ծառայելու համար, ոչ թէ ժողովուրդն ու ազգային ունեցուածքը իրենց ծառայեցնելու ու յափշտակելու:

Վիճակը մտահոգիչ է, անշուշտ, ինչպէս որևէ ազգային փոթորիկի ժամանակ: Տակաւին յստակ ուղղութիւն չ'երևիր, թէ ժողովուրդի այս յաղթանակին հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ, ի՞նչ պէտք է ընել անով: Սակայն երիտասարդութեան կամքն ու իրավիճակը փոխելու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը, իրենց իրաւունքներու վերականգնման համար նուիրումն ու արժանապատուութեան զգացումը յոյս կ'առթէ:»  

Պատմաբան Կարապետ Մոմճեան (ԱՄՆ).- «Երանի թռչնակի թեւեր ունենայի ու կարողանայի ըլլալ հոն՝ «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, իմ ժողովուրդիս հետ, երբ ան իր վրայէն կը թօթափէ ստրկութեան լուծը...Աւաղ, հոն չեմ ֆիզիքապէս, բայց երբեք ինքզինքս այսքան մօտիկ չեմ զգացած այս ժողովուրդին՝ որքան որ զգացած եմ այս վերջին շաբաթը.... Պատահածը շատ հարազատ կը թուի ինծի՝ ի տարբերութիւն անցեալի նման փորձերէն: Սակայն երբ կը լսեմ ձայներ, թէ «աւանտյուրա»  է կատարուածը,  հարց կու տամ՝  ե՞րբ  եղած է, որ ժողովրդի ցասումին «աւանտյուրա» չեն ըսած: Վստահ եմ՝  երբ շարժումը յաջողի՝ «աւանտյուրա»  կոչողները անոր առաջին հերոսները կ'ուզեն դառնալ: Փոխանակ քաջալերելու,  ժողովուրդին թափը մի կտրէք:  

Աւարտին՝ անդրադառնալով Սփիւռքին, ես, առանց վարանելու կ'ըսեմ հետեւեալը՝ ով որ սփիւռքի տարածքին շնորհաւորական խօսք կ'ուղղէ  ոչ լէկիդիմ նախագահի մը, ան անձնամոլ է միայն, ինչ  ալ ըլլայ անոր համայնքային աստիճանը կամ տիտղոսը: Նմանները ի վերջոյ պատմութեան զամբիւղին արժանի պիտի դառնան»:

Բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեան (Շուէտ)-«Մեզմէ շատեր  չէին հաւատար, թէ  հնարաւոր էր Հայաստանի մեջ հետզհետէ տարածուող  ճահճային կացութենէն դուրս գալ: Սակայն տեղի ունեցաւ անսպասելին: Այն,  ինչ որ այսօր կը տեսնենք Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան չփորձուած ձեւ է, քաղաքակիրթ պայքարի  ձեւ եւ այն միայն ու միայն հպարտութեան առիթ է բոլորիս համար:Յաճախ հեգնանքով, քմծիծաղով կը նային  Րաֆֆիի Հովհաննիսեանին ու անոր  վարքագիծը նմանեցնելով Կանտիի ռազմավարութեան, կ'ուզեն նսեմացնել անոր յաջողութիւնը: 

Ես պիտի ըսէի ուրիշ բան՝ ան  իրագործեց անկարելին. դիմելով ոչ աւանդական միջոցերու, լուծումներ փնտռելով քառակուսիէն դուրս: Այս բոլորը ինձ կը յիշեցնեն շուէտացի ընկերվարական հեղինակաւոր մտաւորական  Օկըստ Փալմին  (August Palm),  որ 1899-ին, երբ շուէտական իշխանութիւնները ժողովուրդի բոլոր հայցերն արհամարհելէ եւ  իրաւունքները ոտնահարելէ   ետք կը դիմեն ամէն միջոցի  եւ   Օկըստ Փալմին առաջ  կը փակեն հաւաքավայրի բոլոր դռները, այդ պահուն ան կը դիմէ արտառոց միջոցի. թերթով  կը հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը,   ուր կ'ըսէ՝   «Կիրակի առաւօտ ժամը  8-ին ես Սթոքհոլմի իմ տունէն պիտի ելլեմ պտոյտի, պիտի քալեմ ամբողջ քաղաքի միջով,   մինչեւ Լիլիհոլմենի կամուրջ,  ուր ինձ կը սպասէ նուագախումբ,  ան,  որ կ'ուզէ  միանալ իմ պտոյտին թող իր հետ բերէ նաեւ իր նախաճաշը»: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ այն փողոցները, որոնցոէ պիտի քալէ:  Եւ   կիրակի առաւօտ  մը անոր հետ փողոց կ'իջնեն ու  զինք կը հետեւին  տասնեակ հազարաւոր մարդիկ՝ այսպիսով լսելի դարձնելով իրենց ձայնը: Ան նաեւ խօսելու իր եղանակով, լեզուով, ոչ աւանդական հագուկապով ամբողջոթեամբ կը փոխէ իրադրութիւնը իրաւազուրկ զանգուածներուն համար: Իսկապէս, ուրախ եմ որ վերջ ի վերջոյ քաղաքական անձնաւորութիւն մը  կարողացաւ հայ մարդուն մէջ կրկին անգամ արթնցել լաւին ձգտելու, ապագային նոր յոյսով նայելու ցանկութիւնը: Մի քանի շաբաթ առաջ բոլորը կը խօսէին հայութեան խոր  թմբիրին մասին,  հիմա արդէն մարդոց դեմքերուն վրայ նույնիսկ  ժպիտ կարելի  է տեսնել: Ի հարկէ բոլորիս մօտ կայ  վախ մը ՝  բռնութենէն: Յուսամ՝ բոլորին մօտ կայ այն ողջմտութիւնը,  որ ելքի լուծում չի կրնար ըլլալ զէնքն  ու բռնի միջոցներու օգտագործումը:Զէնք բարձրացնել կարելի չէ, եւ ատիկա մեր ոստիկանները կարծես թէ սկսեր են հասկնալ: Կիւմրիի մէջ  ոստիկանները հանգիստ ու հանդարտ  ձեւով հեռացան հաւաքի վայրէն, յուսամ  որ այդ վարքը  օրինաչափ կը դառնայ:»

Սփիւռքահայ բանաստեղծուհի  Նուշիկ Միքայէլեան   (Հայաստան)-«Նախ ասեմ, որ ես ինձ վաղուց սփյուռքահայ չեմ համարում: Արդեն 15 տարի է՝ ապրում եմ Երեւանում եւ հայաստանեան գրեթէ բոլոր ներքաղաքական կեանքի զարգացումներին հետեւել եմ ու շարունակում եմ հետեւել մինչ օրս:

2013 թուի նախագահական ընտրութիւններն ու հետընտրական այս ժողովրդական շարժումը  սպասուած էր, թեպետ շատերը դեպքերի նման զարգացում չէին ակնկալում:

Ես այս պահին ընտրութեան որակի, ընտրակեղծիքների ու դրանց արդիւնքների մասին չեմ խօսելու: Դա յայտնի է բոլորին: Ես կարող եմ պարզապէս ասել իմ կարծիքը որպես հայ մարդ, քաղաքացի ու գրող, ով չի կարող հեռու կանգնել ժողովրդից: Երբ տարիներ շարունակ ժողովուրդն իր իսկ երկրում չի կարողանում արդար ընտրութիւնների եւ իր կողմից ընտրուած առաջնորդի արժանանալ, սա խօսում է այն մասին, որ ժողովուրդը իր սեփական կեանքն ու ապրելակերպը, իր սեփական երկիրն ու պետութիւնը կերտելու գործում լուրջ դերակատարում չունի, լուսանցքում է հայտնւել եւ անտեսուած են իր բոլոր պահանջներն ու իրաւունքները:

Անտեսուած եւ հարգանքի չարժանացած անհատն ու ժողովուրդը կամ պայքարում է՝ ամեն գնով հասնելու իր երազանքների իրականացմանը, կամ էլ՝ պայքարից հոգնած հեռանում է իր իսկ տնից ու երկրից, խաբուած ու անարգուած լինելու ծանր բեռը ուսերին...Սա այն դեպքն է, երբ «պատը կմնա պատ, կպակասի մի լավ ճակատ»...Եվ իզուր չէ, որ հազարաւոր լավ ճակատներ հեռացան մեր երկրից, իրենց ճակատը ոչ թե պատին խփելու, այլ՝ սեփական կեանքը կերտելու նպատակով:

Այս օրերին, Հայաստանի քաղաքացին վերստին կանգել է պայքարի և հուսալքութեան խաչմերուկում եւ  բոլորս էլ գիտէնք, թէ պայքարի ուղիով մինչև վերջ չքայլելը, ո՛ր անդառնալի ճանապարհով է տանելու մեզ: Այնպես որ, այս դեպքում կարեւորում եմ ժողովրդի՝ պայքարի ճանապարհը լրջագոյն գիտակցութեամբ ընտրելու հանգամանքը, անկախ նրանից, թէ ով կամ ովքեր են այդ պայքարի առաջնորդները: Միշտ էլ ամենածանր պահերին, ամենախոհեմը հենց ժողովուրդն է եղել ու վստահ եմ, որ նա այդ ճանապարհով մինչեւ վերջ քայլելու ձեւն ու միջոցը հաստատ կգտնի»:

Ամերիկեան «Տիրպորն» համալսարանի դասախօս  պատմաբան  դոկտ. Արա Սանճեան ըսաւ՝  
«Ինչքանով, որ կարելի է ինթերնեթի ընձեռած բարիքներուն միջոցով  հետեւիլ հայաստանեան զարգացումներուն, կը կարծեմ թէ սեփական զգացումներս շատ տարբեր չեն իրենք-զիրենք «Բարեւի յեղափոխութեան» մասնակից ու աջակից համարող Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ ճնշող զգացումներէն։ Փետրուար 18-ի երեկոյեան ես քնացայ շատ ուրախ, որովհետեւ հասկցայ թէ նախկին մտահոգութիւններս անտեղի էին. Հայաստանի ընտրողներուն մօտ չէր գերակշռած ենթարկուելու ու համակերպելու ոգին, եւ անոնք կը շարունակէին նախկին հաստատակամութեամբ փոփոխութիւն պահանջել։ Հիմա ալ կ'ուզեմ հաւատալ թէ գոնէ այս անգամ ի վերջոյ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանին այնքա՜ն անհրաժեշտ իշխանափոխութիւնը, եւ պիտի ըլլայ նոր մեկնարկ մը` փորձելու շտկել թերութիւնները, որոնք արմատաւորուեցան 1991-էն ետք։

Շա՜տ քաջալերուած եմ երիտասարդ սերունդի մասնակցութեամբ բոլոր դիտորդական նախաձեռնութիւններուն, ընտրութիւններու ընթացքին մասին անոնց տուած շատ պրոֆեսիոնալ (արհեստավարժ) մեկնաբանութիւններով, որոնք իսկապէս միջազգային բարձր մակարդակի են։ Կ'ողջունեմ եւրոպական դիտորդներուն նկատմամբ դրսեւորած իրենց քաջ ու սկզբունքային մօտեցումը:Միաժամանակ, ես ալ շատ մտահոգ եմ հասարակութեան այս հերթական զարթօնքը դարձեալ բռնութեամբ ու արիւնով ճնշելու հնարաւորութենէն։ Կ'ուզեմ որ հայրենի բանակն ու ոստիկանութիւնը իրենք-զիրենք հեռու պահէն այդպիսի արկածախնդրութեններէ։

Եւ, վերջապէս, դժգոհ եմ վերջին տարիներուն իրենք-զիրենք ընդդիմադիր քաղաքական ճամբարին մաս համարած կուսակցութիւններու եւ ականաւոր անհատներու միջեւ շարունակուող բացայայտ մրցակցութենէն, անոնցմէ շատերուն նոր յառաջացած իրականութեան հետ հաշտուիլ չկարենալէն, ներառեալ` Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանրահաւաքային ճառերուն մէջ 1991-ի եւ 2008-ի նախագահական ընտրութիւնները մոռացութեան գիրկը նետելու արդէն իսկ հետեւողական դարձած գիծէն»:

«Ազատութեան» հրապարակի գրաւումը

Լրագրող Մհեր Արշակեանը յատկանշական  դիտարկում մը կատարած էր՝  ըսելով,  թէ «Ազատութեան հրապարակը» ազդեցիկ գօտի է: Արշակեանը,   որ  շաբաթ օր կարճ ելոյթ մը ունեցած էր «Սիվիլինէթով» յայտնած էր նաեւ,  թէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանէն  «Ազատութեան» հրապարակը «գրաւողները»  այդ հրապարակին վրայ  էին բանտարկած իրենց շարժումները: Մինչդեռ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը կը փորձէր դուրս բերել իր շարժումները  հրապարակէն եւ երթալ իր համակիրներուն մօտ: Պարզ է նաեւ,  որ Րաֆֆիի  կատարած քայլերուն հանդէպ շատ մեծ անվստահութիւն կայ ընդդիմութեան (որ ինքնին տասը  հատուածներու բաժնուած է) մօտ:

Այս ամէն ինչին  մէջ երեւելի է նաեւ, որ ընդդիմութեան լայն շրջանակներէն  իւրաքանչիւրը իր կողմը  կ'ուզէ տանիլ յաղթանակի սլաքը: Տակաւին շատերուն համար նոյնիսկ Րաֆֆիին տարած  յաղթանակը, անհասկնալի կը մնայ, անընդունելի:Բոլորը մտահոգ են իրենց ունենալիք դերով:Գուցէ ատոր համար  այդ հատուածներէն շատերը շտապեցին «Ազատութեան» հրապարակի բեմահարթակին  մօտենալ՝  բան մը ըսելու:Նոյնինքն Լեւոն Տէր Պետրոսեանը,  որ քմծիծաղով խօսեցաւ ընտրութիւններու օրը, յայտնեց իր  համաձայնութիւնը,   որ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը   ընտրեալ նախագահ է: Իսկ  այն հատուածները, որ կը սպասէին, թէ ան  իր բերանով ըսէ  որ պիտի միանայ շարժումին, յուսախաբ եղան:

Միամիտ մօտեցում էր, որովհետեւ ԼՏՊ-ն  պիտի չուզէր  ոչ մէկ ձեւով իր «հայրանալու»  հրովարտակը պատռել ու անգամ մըն  ալ փողոց իջնել: Շատեր գրեցին, որ ան հիանալի խօսեցաւ: Ըսաւ, որ  յաղթանակը ժողովուրդինն է եւ սա պահուն  ինք քաղաքական լուրջ գործողութիւններ «չի տեսնում»  որ միանայ այս շարժմանը: Յայտնեց  նոր կուսակցութիւն  մը  հիմնելու մասին: Կրկնելու գնով ուրեմն պարզ է որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան այս շարժումին միանալու  պատճառներ չունի: Ու շարժումին իր տալիք  շահը   առնելիքէն աւելի գերադաս նկատելով՝  ան պիտի գոհանայ այսքանով: Անոր համար քաղաքական  զբօսանքները կը թուին   աւարտած ըլլալ ու պարզ է, որ  փափաք չունի նոր խրամատներու մէջ մտնելու: Իսկ ինչ կը վերաբերի նոր կուսակցութիւն հիմնելու իր որոշումին,  երեւի  այդ ալ տեսակ  մը «կարապի երգ»  է  ու  ան ստիպուած է երգել որպէսզի իր ունկնդիրները պարապութեան չմատնուին: Այսօր Հայաստանը ճանապարհ բացող լուրջ ընդդիմութեան խնդիր ունի:Նոյնիսկ կարիք: Կայ գետինը, կան դէմքեր ու անուններ,  բայց կը պակսի ոգին:

Հերթական հայկական տարբերակով այս չկայացած ընդդիմութիւնը ոչ միայն վնասակար է  երկրին,  այլ կրնայ թոյլ տալ,  որ իշխանութիւնները աւելի հանգիստ ու իրենց փափաքով «առաջ տանին» երկիրը: Ինչը որ եղած է վերջին տարիներուն: Այս տագնապը տակաւին   երեւելի էր նախընտրական արշաւէն շատ առաջ,  երբ ընդդիմութիւնը  հազար խաղի գնաց՝ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութիւն մը բերելու: Բայց  ընդդիմութեան համար աւելի հեշտ է հրեշտակներու սեռը որոշելը,  քան՝   այրուող ու իր ճակատագրին վրայ լքուող հայաստանեան քաղաքական կեանքին  մէջ միացեալ դիրքորոշում մը ունենալը:

Նոր խմորումներու Ժամանակը

Ռուսատանը, Եւրոպան, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգները վստահելի գործընկերոջ կարիքն   ունին: Հայաստանի ընդդիմութիւնը (տակաւին շատ սաղմնային վիճակի մէջ գտնուող) նաեւ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը պէտք է  լաւ մտածեն այս   մասին: Եւրոպան իր նախասիրած  «ապուրները»  Հայաստանին հրամցուցած է,   բարձրաձայնելով միասեռականներուն մասին ֆիլմ արգիլել- չարգիլելու  հարցը, Ղարաբաղի մէջ դիտումներ կատարելու փաստը  եւ յարմար պահին Հայաստանի գլխուն  մուրճի հարուած մը տալու  իրողութիւնը: Արեւմուտքին համար բնաւ կարեւոր չեն, թէ հայաստանցին ինչ խնդիրներ կը դիմաւգրաւէ այսօր,   ինչ խնդիրներով կ'ապրի Հայաստանը, կամ  ինչ տէմբերով կը դատարկուի երկիրն այսօր: Մէկ է՝ Արեւմուտքին համար գերխնդիրը «Ապահով Կովկասի»  դրութիւնը պահպանելն է:

Աւարտին  ըսէնք, որ  յստակ է (ու այս յստակեցումը կարիք չունի Երեւանի մէջ մօտայիք դարձած փորձագէտներու  կարծիքներուն,  որոնցմէ   կարեւոր անուն մը վերջին օրերուն  խոստովանած էր,  թէ  իր կատարած մեկնաբանութիւնները ջրուեցան,  երբ ժողովուրդը ինք  իր կատարած գործողութիւններով շրջեց իրավիճակը) այսօրուան «շարժում»ը տագնապի խնդիր ունի իր մէջ: Տագնապ   կայ, որովհետեւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան տակաւին  չէ կարողացած հասկնալ հայաստանեան  իշխանութիւններուն իրական տեսակը:

Ան իր PAREVOULUTION-ով, փայլուն ելոյթներով (թերեւս շատերուն համար Րաֆֆի լաւ ճարտասան ալ չէ) չի կրնար  պատռել իշխանութեան թաղանթը ու առնուազն Բաղրամեան 26–ի բնակիչին համոզել, որ ինք «իրաւատէր» է կամ գրպանած է ժողովուրդի մեծամասնութեան իրական քուէն: Այս բոլորը խմորումի կը կարօտին: Վստահ ալ չեմ,  որ այդ խմորումը հիմա  արդէն ընթացքի մէջ է: Միակ  բանը, որ կրնամ ըսել այն է, որ  հայրենի ժողովուրդին  վերջին օրերուն արտայայտած եռանդը   կրնայ  երկար շունչ  չունենալ:

Մեկնաբանություններ (2)

Թլկատինցի
«Միակ բանը, որ կրնամ ըսել այն է, որ հայրենի ժողովուրդին վերջին օրերուն արտայայտած եռանդը կրնայ երկար շունչ չունենալ:» Հասկացանք այլեւս: Բոլորս նոյն մտավախութինը ունինք; Ասիկա շատ լաւ տեսած ենք 2008-ին; Այն ժամանակն ալ ԼՏՊը չգիտէր ինչպէս օգտագործել եւ ուղղորդել ժողովրդի ըմբոստացած զանգոջածը: Վերջ ի վերջոյ, շարժում տապալուեցաւ թէ արտաքին թէ ներքին գործօններէ: Եթէ յօդուածի հեղինակը այս ուղղութեամբ կառուցողական բան ունի ըսելու, անհամբեր կը սպասենք կարդալու: Մէկ խօսքով - ինչ որ արդէն ակնյայտ է պէտքը չկայ անգամ մը եւս «բացայայտելու»:
Հայկ
Սիրելի հայրենակիցներ,որպես հայ,ինձ համար որևէ անսպասելի բան չկա: Հայ ազգը վաղուց է սպասում իր Ազատ ու Միացյալ Հայրենիքին: Այսօր ունենք այդ երազած հայրենիքի ընդամենը մի կտորը,այն էլ վիրավոր վիճակում: Րաֆֆու ի հայտ գալը մի նոր շանս է մեր Հայրենիքի վերքերը բուժելու և դեպի Ազատ ու Միացյալ Հայաստան առաջ գնալու համար: Ցավոք մեր հայրենակիցների մի մասն էլ այլ կարծիքի է: Հարգում եմ բոլորի կարծիքը:Բայց ե՞րբ է Ազգս Հայոց վերջապես միակարծիք լինելու: Մեր բոլոր նախագահներին իրենց լավ կողմերով ու թերություններով հանդերձ ընդունում եմ որպես մեկ ընտանիքի զավակներ:Այո, Ժողովուրդը ծնող է,իսկ նրանք զավակներ, և եթե ընտանիքում մի զավակը փոքր ինչ չար է,իսկ մյուսը խելոք, ապա դու որպես ծնող քո զավակին փոքր ինչ պատժում ես և ոչ ավելին: Այսպես է հիմա: Կարծում եմ մեզ լուրջ փոփոխություններ են պետք և շատ արագ: Հոգնել ենք ժողովրդավարության իմիտացիաներից: Եթե դա մեզ պետք չէ, ավելի լավ է միանգամից ասել:Իսկ եթե դա մեր ապագան է,ուրեմն դառնանք ազգավար-ժողովրդավար ու շենացնենք մեր հայրենիքը:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter