HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սրտի խօսք` Արամայիս Սահակեանի յիշատակին

Գէորգ Պետիկեան

 

Օրեր առաջ, հայ մամուլը գուժեց մահը հայրենի մտաւորական, երգիծաբան, բանաստեղծ, բազմաթիւ հատորներու հեղինակ, «Խորենացի» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց»ի մետալակիր, ՀՀ Ա. Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ տասնամեակներու վրայ երկարող «Ոզնի» երգիծաթեր թի խմբագիր` Արամայիս Սահակեանի վաղաժամ մահը:

Անձնապէս բախտը չեմ ունեցած զինք մօտէն ճանչնալու: Միայն, շատ պղտոր կը յիշեմ տասնամեակներ առաջ, Լոս Անճելըս իր այցելութեան ընթացքին, հրապարակային ձեռ-նարկի մը ընթացքին, բարեկամ մը, մեզ իրար եւ արագ ծանօթացուց: Այսչափ:

Ինչո±ւ սակայն, երբեմն հարց կու տամ ես ինծի:

Ինչո±ւ այսպէս եւ այսչափ մարդիկ իրարմէ հեռու պէտք է որ մնան:

Հաստատապէս, կը պատճառաբանէ միտքս, մեր ժամանակի վազքը մեզ գրեթէ կը զրկէ  մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ հետեւանք, այսպէս կոչուած արժանաւոր մարդոց նաեւ մեր մտերիմներէն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը ծանօթանանք եւ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը ու նաեւ մեր վիշտը:

Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ մը իրադարձութիւնները կամ հանդիպած հետաքրքիր անձնաւորութիւնները մենք ակամայ վերարժեւորում կը կատարենք տարիներու հեռա-ւորութիւններէն:

Ինչ կրնանք ընել: Այս այսպէս է, ըսելով մենք մեզ կը համոզենք, որովհետեւ չկայ, ցարդ գոյութիւն չունի կամ չեմ տեսներ եւ հանդիպիր նման մարդոց հետ մօտէն կամ հեռուէն հաղորդակցելու, կապուելու կամ հանդիպելու հնարաւորութիւններ ստեղծողն ու մթնոլորտը:

Հաւանաբար այսպէս է: Չգրուած օրէնք: Իրարմէ հեռու եւ անջատ:

Կարծես իւրաքանչիւր մտածող միտք, իր շրջապատէն ներս փակուած, խարսխուած մնացած է կամ կը սիրէ մնալ եւ յաճախ ալ դժբախտաբար` իրարու նկատմամբ անտարբեր:

Կրկին միտքս գնաց այլ ուղղութեամբ:

Վերադառնամ:

Այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս` սուգը մեծ է, որովհետեւ ոչ եւս է տարիներէ ի վեր հայ գրականութեան ածուին մէջ վար ու ցան ընող մշակներէն մէկը` Արամայիս Սահակեանը:

Իսկապէս վաղահաս մեկնում եւ նոյնքան ալ անժամանակ:

Բայց, այս բոլորին կողքին, կրնամ խոստովանիլ, թէ տարիներէ ի վեր բաւական շատ մօտէն ծանօթացած եմ իր հիւմուրոտ գրչին, բանաստեղծական տողերուն, սրամիտ խօսքերուն, երգի բառերուն, մէկ խօսքով իր ստեղծագործական աշխատանքներուն եւ տաղանդին:

Անոր համար կրնամ շեշտել, թէ իր օրով «Ոզնի»ն դարձաւ իսկապէս եւ լիարժէք ոզնի մը:

Ինք իր մտային կարողութեամբ եւ գրիչի հմտութեամբ, իր ասպարէզի շրջագիծը ընելով հայ գիրն ու գրականութիւնը, տարբեր չէր կրնար ըլլալ միւս տաղանդաւորներէն:

Այսպէս, իր կեանքի կշռոյթով եւ ամբողջ տեւողութեամբ ան գործեց յանուն հայ գիրին, հոգի դրաւ իր տողերուն, իր լեզուով, իր յատուկ ծիծաղով եւ ինքնածին հիւմուրով:

Միշտ եւ ամէն առիթներով գնահատեց ճիշդն ու ճշմարիտը, վատն ու սխալը: Ուրախացաւ հայրենիքին արձանագրած նուաճումներով ու նաեւ տագնապեցաւ անոր ձախորդութիւն-ներով, առանց սակայն մոռնալու մեր գրականութեան տափաստանը:

Նաեւ իւրաքանչիւր հանդիպողի յոյսի իր մաղթանքներուն ան խառնեց իր ժպիտը` ու այդ բոլորը ճերմակի վրայ սեւով թուղթին յանձնեց:

Անոնք, որոնք ապրեցան իր մտերմութիւնը եւ հետեւեցան Սահակեանի կեանքի հանգ-րուաններուն, անպայման ինծի հետ պիտի հաստատեն, թէ ինք եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, իր գրիչով եւ գրականութեան նուիրումով:

Անոր համար սիրած էի զինք, յարգելով իր անձն ու գործերը, իր տաղանդն ու ստեղծագոր-ծութիւնները:

Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ: Այսպէս, մեզմէ անկախ, մեր շուրջէն առ յաւէտ կը բացակային այնպիսի դէմքեր ու կերպարներ, որոնք տիպար ու օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ողջ ընթացքին:

Երբեմն անոնց բացակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, ոչինչ ու ոչ ոք կրնայ լեցնել ու փոխարինել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի եղած էր:

Ու Արամաիս Սահակեանը այդ սերուդին պատկանող հաւատքով, նուիրումով ու սիրով զսպանակուած անձերէն մէկն էր, իր նուիրեալ ծառայութեամբ, որ իր դիմաց լայնօրէն բացաւ յաւերժութեան ճամբան:

Իրողութիւն է, թէ ժպիտը մարդուն կեանքի ամէնօրեայ ալիքներուն մէջ, անոր փրկարար օղակներէն մէկը հանդիսացած է: Այսպէս, անելի մատնուած վիճակներ, հարցեր կը թեթեւնան նոյնիսկ կ°անյատանան, երբ ծիծաղով մօտենանք կամ նոյնիսկ երբ ծիծաղիլ փորձենք անոնց վրայ:

Սահակեանի տողերուն մէջ նոյն այս հիւմուրին ներկայութիւնը միշտ եղած էր ցանկալի, որովհետեւ լսողն ու կարդացողը անպայմանօրէն կը կարծէր, թէ այդ ծիծաղելի խօսքերը իրեն չէին վերագրուած:

Աւելին` իր ստեղծագորութիւններէն դատելով կրնանք հետեւցնել նաեւ, թէ ինք կը հաւատար թէ ժպիտը կամ աւելի ճիշդ հիւմուրը, մարդուս հետ ծնած կÿըլլար: Իսկ մարդը այդ հիւմուր ըսուածը ընդուներ կամ ոչ, իր իւրաքանչիւր քայլափոխին իրեն պիտի հետեւէր:

Իրեն համար աշխարհը զաւեշտ մըն էր, անհեթեթ բաներով լեցուն: Իր գրչին դիմաց անհնար էր փակել երգիծանքի ճամբան, որովհետեւ միակ ուղին էր, որ մարդս դէպի ինքնաճանաչում կ°առաջնորդէր:

Այս մէկուն ջատագովներէն մէկն էր Սահակեան եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր մահը:

Հասկցողին համար իր երգիծանքը լաւ աղբիւր էր ծիծաղի եւ գիտակցութեան, որովհետեւ Սահակեանի հիւմուրը կը նպաստէր նաեւ  մարդակերտումի:

Անոր համար իր կորուստը մեծ է ու ցաւալի:

Իր յիշատակին նուիրուած այս տողերը, թող իմ կողմէս ըլլան նաեւ երախտագիտութեան ակամայ ուշացած տուրք մը:

Յարգանք իր յիշատակին:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter