HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Դրախտէն դուրս՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հետ

Դրախտ եւ դժոխք

Րաֆֆի Յովհաննիսեանի քաղաքական ճակատագիրը կրօնական ճանապարհներու եւ խաչմերուկներու մէջէն ընդգծուած ճանապարհ կը թուի ըլլալ: Վերջին օրերու իր քաղաքական աւարտաճառերը, սպասումները, ժամկէտները եւ ըսելիքները կուգան բացայայտելու մէկ հանգաքանք. այն, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը Քրիստոնէական ըմբռնումները, հաւատը, Յիսուս Քրիստոսի կերպարը Քրիստոնէութեան էական սկզբունքները կ'ուզէ անպայմանօրէն ծառայեցնել իր յետնախագահական ընտրութիւններուն տարած պայքարին: Ասիկա՝ որպէս փաստ:

Այս առումով դիպուկ նկատած է գրող Առաքել Սեմերճեանը, երբ, անդրադառնալով Րաֆֆի Յովհաննիսեանի  քաղաքական «արդուզարդին» զինք ներկայացուցած է որպէս՝ Միֆական, տարաբնոյթ ու զարմանահրաշ տիպական կերպար: Սեմերճեան, որ խօսած է «7 Օր» լրատուական կայքէջին, հաստատած է որ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ընդհանուր քաղաքական թեքումները գրեթէ անհասկնալի են, յենուած են առասպելաբանական տարբեր հիմքերու վրայ (ես պիտի ըսէի՝ Քրիստոնէական հիմքերու վրայ) հացադուլով սկսած, բարեւի փոխադարձումով անցած, (յիշենք Րաֆֆի ըսելաձեւը՝ «Սա մեր Բարեւն է, մեր արեւը, մեր երկիրը) «բարի ժպիտ»ով  շարունակելով հասած մինչեւ դրախտի ու դժոխքի պատումին:

Վերջին անգամ  Րաֆֆին իր ծայրայեղ խօսքը ըսաւ,  երբ նախագահ Սերժ Սարգսեանին յայտնեց թէ իրենք միասին պիտի յայտնուին դժոխքի մէջ այն պարագային եթէ Սարգսեան երդում կատարէր «Վեհամօր Աւետարան»ին վրայ:

Ինչ խօսք, որ վերջին երկու ամիսներու ընթացքին (հայրենի եւ Սփիւռքի մամուլը միասին վերցուցած) Րաֆֆի Յովհաննիսեանը յայտնուեցաւ մամուլի ուշադրութեան ճիշդ կեդրոնը: Հայաստանի մէջ զարմացումով, ուրիշներ կաթիլ մը հաւատքով (հաւատք, որ յետագային նօսրացաւ ու մահացաւ) հետեւացան Րաֆֆիի կատարած յայտարարութիւններուն եւ խօսքերուն: Ու այս ամբողջ ընթացքին չեղաւ մէկը որ Դիմագրքին մէջ (Ֆէյսպուք) ստատուս գրելէ զատ կանգնէր հրապարակին նոյն բեմահարթակին մօտ ու ըսէր. «Եղբայր, ի՞նչ է ուզածդ»: Հայաստանն ու Սփիւռքը իրար խառնել ուզող Յովհաննիսեան ցարդ նոյն անկոտորում կամքով կը շարունակէ պայքարը յանուն իր ձեւակերպումներուն եւ ի խնդիր  «իրաւատիրութեան»:

Դիակը եւ քաղաքական համակարգը

Պատմաբան եւ քաղաքական մեկնաբան Հրանտ Տէր-Աբրահամեանը  «168 Ժամ» թերթին տուած իր հարցազրոյցի վերջին մասով շատ բնորոշ կերպով կը բացայատէր, որ Րաֆֆի Յովհանիսեանը նոյնիսկ իշխանութեան հետ բանակցութիւն կատարելու կամ սակարկութեան մէջ մտնելու յենարան չունի: Րաֆֆի Յովհանննիսեանը այրեց բոլոր կամուրջները, երբ կանգնեցաւ «Ազատութեան» հրապարակի հարթակին  եւ յայտարարեց, թէ պիտի դիմէ հացադուլի՝ նոյնիսկ զարմացնելով իր ամենամօտիկ ու վստահելի  նեղ շրջանակի գործակիցները: Յովհաննիսեանի այս քայլն արդէն կը խօսէր քաղաքական «կարապի երգի»ն մասին: Յովհաննիսեան սկսաւ երգել իր «կարապի երգը»: Գուցէ շատեր չհամաձայնին  այս ձեւակերպումին հետ, բայց շատեր լռելեայն պիտի ընդունին վարկածը:

Աւելին, անդին երթալով Յովհաննիսեան իր ջղային մէկ պահուն նոյն հրապարակէն յայտնեց, որ  Սերժ Սարգսեանի նախագահական երդմնակալութիւնը պիտի կատարուի միայն իր դիակի վրայով: Այպիսով Յովհաննիսեան անսպասելի,  անտեղի ու աւելորդ բառակապացութիւն բերաւ քաղաքական բեմահարթակ: Այս առումով Հրանդ Տէր- Աբրահամեան դարձեալ շատ դիպուկ կերպով կ'ըսէ՝ «Դիակը մի կողմից՝ բացառում է որևէ կոմպրոմիս: Ի՞նչ կոմպրոմիս անդրաշխարհի հետ, որին է պատկանում դիակը՝ մահն այն միակ փաստն է, որի դեմ ոչ մի խաղ չկա: Բայց մյուս կողմից՝ դա բացառում է նաև ամեն ինչ, բացի կոմպրոմիսից, որովհետև, եթե նման բան ես հայտարարում, ուրեմն դիակից ցածր ցանկացած բան՝ կոմպրոմիս է, հասկանում եք չէ՞՝ ո՛ւր ենք հասնում: Էն, որ ասում են՝ «ուստա, ստեղ պահի իշնենք», ա՛յ էդ կողմերն ենք հասնում: Հիմա ես միայն մի բան եմ ասում, Աստված տա, այդ մարդը կոմպրոմիսի ռեսուրս ունենա, որ մի տարբերակով դուրս գա այս իրավիճակից»:

Բարեւով սկսած ու անբարեւ աւարտած, տխրութեան եւ բողոքի  «աշխարհէն նեղացած» «աշխարհէն բարկացած» մարդու տրամադրութիւններով Յովհաննիսեան վերջ  տուաւ իր քաղաքական վերջին շրջանի հաւանական բոլոր հնարաւորութիւններուն:

Ի՞նչպէս, փորձեմ բացատրել:

Երբ Րաֆֆի Յովհաննիսեան Փետրուարի 20-ին հրապարակին վրայ առաջին անգամ բացօթեայ մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկաւ,  երեւանցի ժողովուրդի մէկ մասը յաջողեցաւ հաւաքել իր շուրջ: Բազմութիւնները ստուարացան. Հաւաքներ, երգահանդէսներ (գուցէեւ շատ պահերու՝ անհեթեթ ու անտեղի ելոյթներ ալ հնչեցին, որոնցմէ ամէնէն խնդրահարոյցը երգիչ Ռուբիկ Հախվէրտեանի ելոյթն էր) սակայն այնուամենայնիւ ձեւաւորուեցաւ որոշ իմաստով ընդդիմական դաշտ:

ՀԱԿ եւ ԲՀԿ մօտէն եւ բաց աչքերով հետեւեցան եղելոյթին, սակայն անսպասելի քայլով Յովհաննիսեան նախընտրեց հանդիպիլ նախագահ Սարգսեանի հետ եւ այրել բոլոր հանգրուանները շատ արագօրէն: Հանդիպում մը, որուն մանրամասնութիւններուն մասին ցարդ կը խօսուի եւ որուն հաւաստի մասին աւելի տրամաբանական ձեւակերպումը տուաւ ինքը նախագահ Սերժ Սարգսեանը (ըստ իս) Հայրենի ԶԼՄ-ներուն տդրուած ցարդ առաջինը մնացած հարցազրոյցի ընթացքին: Պարզորոշ է, որ իշխանութիւնները պատրաստ չեն երխօսութեան նստելու Յովհաննիսեանի հետ (արդէն) որովհետեւ վերջինիս հրապարակը օրըստօրէ դատարկուեցաւ ու չպահեց նախկին իր եռանդն ու խանդավառութիւնը:

Աւելին, այդ հանգրուանէն ետք երբ «Ազատութիւն» հրապարակը սկսաւ օրստօրէ դատարկուիլ, նոյն Յովհաննիսեանը այս անգամ արդէն ճարահատեալ ու սպառած  ցատկեց կրօնական հարթակ եւ յայտնեց, թէ կ'ուզէ ինքամաքրուիլ՝ այդպիսով փորձելով նոր ընթացք մը, նոր ուղղեգիծ մը տալ իր ընդանուր քաղաքական յետագայ գործողութիւններուն: Անոնք, որոնք այդ եւ հետագայ օրերուն դիմեցին «Ազատութեան» հրապարակ, ձեւով մը խղճահարուած ու ողորմութեան տեսակ մը թթու զգացումով ուզեցին Րաֆֆին յայտնել, որ եղբայր հէրիք եղաւ ու հացադուլը մեզի ոչինչ կուտայ, «թարգիր»:

Բայց ոչ մէկ ծպտուն, ոչ մէկ ձայն: Մինչեւ Սուրբ Յարութեան տօնը՝ Րաֆֆի շարունակեց իր «ինքնամաքրման» ճանապարհը: Ու զարմանալի է, որ Յովհաննիսեան մոռցաւ, որ Քրիստոնէական իրական ըմբռնումները, իրական հաւատը լռութեան, առանձնութեան մէջ է, որ տեղի կ'ունենան եւ ոչ թէ հրապարակներուն վրայ, ուր նոյնիսկ մէկ վայրկեան լռութեան հրաւիրեց հայրենի ժողովուրդը՝ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի:

Այսպէս, այս խառն ձեւաչափերով  Յովհաննիսեան վերադարձաւ հայրենի տարբեր շրջաններ այցելելու իր «աշխատանքին»: Բարեւի նոյն ուժականութիւնը չքացաւ, հալեցաւ Յովհաննիսեանի բարեւը: Ինչպէս շատերն էին յայտնած (յատկապէս ընդդիմադիր դաշտին մէջ), բնական էր, որ ժողովուրդը պիտի յոգնէր այս «ղալմաղալէն»: Ու այս ամէն ինչին մէջ հեգնականը այն էր, որ Յովհաննիսեան, որ իբրեւ կը պայքարէր մենատիրութեան դէմ՝ ինք նաեւ հանդիսացաւ մենատէր՝ բառին ամբողջական ու լայն իմաստով:

Մենատէրութիւն չէ՞ր ըրածը, երբ նոյնիսկ իր քաղաքական խորհուրդի եւ ամէնէն մօտիկ գործակիցները տեղեակ չէին, որ ան հացադուլի պիտի դիմէ: Հացարդուլով եւ քրիստոնէական ըմբռնումներով Յովհաննիսեան փորձեց  «Ազատութեան» հրապարակին ոգին իբրեւ թէ առկայծ պահել: Բայց ոգին սպառած էր: Հացադուլը ոչինչ տուաւ Րաֆֆիին, ընդհակառակը անկէ խլեց ամէնէն կարեւորը՝ ընդդիմութեան դաշտը միաւորելու վերջին յոյսը:

Հրապարակին վրայ հնչեցին  դաժան ու անտեղի վիրաւորական արտայատութիւններ, որ ուղղուած էին այսօրուան իշխանութիւններուն: Այդ արդէն հակասական ձեւաչափ էր, որովհետեւ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը առաջին օրէն որդեգրած էր բարիի, արդարի, ճշմարիտի անունով խօսելու ձեւաչափը: Ուրեմն իրեն եւ իր շարժումին բացառուած էր այդպէս հանդէս գալ: Այդ վերագրումները,  աւելորդ խօսքերը ոչինչ տուին իր շարժումին: Վերադառնալով դիակի թեմային,  ահա այսպէս կ'եզրակացնէ հրապարակագիր Հրանտ Տէր- Աբրահամեան. «Երբ խօսք բացուեց դիակի մասին, ապա այդ պահից, ըստ իս, քաղաքական գործընթացն ավարտուեց: Չեմ ասում`սա վատ է կամ լաւ: Բայց սա փաստ է:

Քաղաքականութիւնն ա՛յս աշխարհի հետ գործ ունի և դնում է ա՛յս աշխարհում և ա՛յս աշխարհի գործիքներով՝ կոնկրետ, շօշափելի նպատակներ: Իսկ դիակն անդրաշխարհից է, այն անդրանցական է: Հետևաբար՝ իրավիճակը բանական վերլուծման վերահսկողությունից դուրս է գալիս և դառնում է բացարձակ ապաքաղաքական, ինչ-որ տեղ՝ կրօնական: Ես ինձ բարոյական իրավունք չեմ վերապահում քննարկել, թե ի՞նչ կլինի, եթե, Աստված մի արասցե, Րաֆֆի Յովհաննիսեանը վախճանուի:Կարծում եմ` ոչ ոք այդպիսի բան իրավունք չունի քննարկելու: Բայց հենց դրա համար էլ վիճակը քաղաքական վերլուծությունից դուրս է, քննարկման ենթակայ չէ:

Սա նույնիսկ բարոյականից դուրս իրավիճակ է, քանի որ, կրկնեմ, նույնիսկ դա քննարկելն է անբարոյական: Միայն ասեմ, որ ես նույնիսկ վատագույն տարբերակում չեմ տեսնում այս ամենի դրական (կոնկրետ, շոշափելի) քաղաքական արդիւնքը: Ի վերջոյ, ի՞նչ է ստացվում` գնամ կախվեմ, որ զոքանչին վատ լինի»:

Այսպէս: Ուրեմն ու բնականաբար քաղաքական կեանքը դիականերու, հացադուլի ու տխրութեան  եւ այլ կերպի անպատասխանատու հայացքներով առաջ չերթար: Առնուազն Հայաստանի հողին վրայ, երբ միակրօն, միալեզու,  միատեսակ նոյն պատմութիւնը ունեցող ժողովուրդ մը մը դեռ կը շնչէ: Չխառնել քաղաքականութիւնը կրօնին, չօգտագործել կրօնի սրբութիւնները եւ անոր  ձեւաչափերը:

Քաղաքականութիւնը հնարաւորի արուեստն է: Անոր մէջ կարիք չկայ կրօնական կարծրատիպեր ներդնել: Նաեւ երկիր կառուցելը կամ ընդդիմութեան առաջնորդ ըլլայ Քրիստոսի մահը սգալով եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով հեգնախառն ճիգով  չեն բացատրուիր ոչ ալ կ'արդարացուին: Առնուազն: Քաղաքականութիւնը կարելիի, հնարաւորի դիւանագիտութիւնն է:

Րաֆֆին Մոնթէի եւ Գարեգին Նժդեհի միջեւ

Նախագահական ընտրարշաւի օրերուն Ֆէյսպուքեան  ցանցին վրայ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ՖՊ-եան խումբը նկար մը տարածեց, ուր Յովհաննիսեան  մէկ ձեռքը սրտին ու միւս ձեռքը դրած էր անմահ Մոնթէի շիրիմին վրայ: Արդէն պարզ կը դառնար, որ գովազդի այս եղանակը (կոպիտ կ'ըսեմ ) սիրելի ձեւ էր Րաֆֆիի ու իր ընկերակիցներուն համար: Գուցէ նորէն չէր յայտնուած մէկը, որ ըսէր պարոն Յովհաննիսեան, սխալ է մեր արարքը:

Չեմ գիտեր ինչ  միտումներով յանկարծ նկարի շրջանառութիւնը դադրեցաւ: Շատեր իրենց ստատուսներով խօսեցաւ այս մասին: Անցան օրեր եւ Յովհաննիսեան այս անգամ Կապանի մէջ յայտարարեց, թէ ինքն է Նժդեհը (հաւանաբար ըսել ուզեց որ ինք նոր Նժդեհն է), որ եկած է փրկելու  անտէր ու որբ մնացած հայ ժողովուրդը:

Ահա երկու մեղանչում: Ահա երկու փաստացի օրինակ, որ կը խօսին Յովհաննիսեանի մասին: Ու շատ բարացուցական այնքան մը, որ բացատրելու կամ մեկնաբանելու կարիք չեմ զգար:

Բնականաբար Յովհաննիսեանը Նժդեհը չէր ու հայրենի ժողովուրդին համար նորէն ընդունելի չէր պատմական սոլիտ ճշմարտութիւնները արեւուն հանել ու ցուցադրել՝ ինչ-որ  «ուժականութիւն» ցոյց տալու համար: Կամ՝ խօսքին «տուխ» տալու համար: Կամ՝ բանալ ինչ որ պատմական պատուհան: Այդ պատուհանէն բոլորս կ'ուզէինք նայիլ, բոլորս կուզէինք նորէն սորվիլ, ընկալել, սիրել, ըսել ու բարձրաձայնել, բայց մեզմէ ոչ ոք պիտի համարձակէր ըսելու, որ ես եմ, Գարեգին Նժդեհն եմ, որ եկած եմ փրկելու ձեզ:

Ազգի փրկիչները առնուազն լռութեամբ կը գործեն, լռութեամբ կը տանին իրենց խաչը մինչեւ վերջ:

Ջրբաժան

Բոլորին աչքերը միով բանիւ ուղղուած են Ապրիլի իննին, ուր նախագահ Սարգսեան իր երդման արաողութիւնը պիտի կատարէ: Նոյն օրուան մասին է նաեւ, որ Յովհաննիսեան  քանիցս օգտագործեց ջրբաժան բառը:

Ջրբաժան հացադուլէն առաջ, ջրբաժան սահմանադրական դատարանի վճիռէն վերջ,  ջրբաժան՝ ազատութեան հրապարակին վրայ, ջրբաժան նաեւ, ու գլխաւոր ջրբաժան Ապրիլի իննին, երբ նոյն անպատասխանատուութեամբ (ընդգծեք բառը) Յովհաննիսեան պիտի փորձէ իբրեւ թէ որպէս ազգընտիր նախագահ ներկայանալ հանրութեան ու նոյն «Ազատութեան» բազմաչարչար հրապարակին վրայ երդում կայացնել  որպէս հանրապետութեան չորրորդ նախագահ:

Այսքանը բոլորս գիտենք, բայց ջրբաժանի հանգամանքները լաւ իմանալու համար, լաւ հասնկալու համար արժէ վերստին նկատի առնել մէկ այլ ճշմարտութիւն, ըստ որուն, եթէ ջրբաժան է,  Յովհաննիսեան եւ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը ինչպէս  պիտի մասնակցին Երեւանի մէջ յառաջիկայ Մայիսի Հինգին տեղի ունենալիք աւագանիի ընտրութիւններուն: Այս մէկը ի՞նչ կը նշանակէ:

Կը հերքէ ուրեմն,  Յովհաննիսեան այն բոլոր ընկալումները, ըստ որոնց կայ ջրբաժան ու Ապրիլի իննին պիտի աւարտի հին ժամանակ մը եւ  իբրեւ թէ սկիզբ պիտի առնէ նոր շրջան մը իր՝ ՝Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ժամանակաշրջանը: Ինչպէ՞ս վերջ պիտի տրուի, երբ նոյն Յովհաննիսեան այս իշխանութիւններուն հետ միասին պիտի երթան նոր աւագանի ընտրելու: Ու ասկէ բացի կարեւոր կէտ մը նաեւ,  երբ նկատելի դարձաւ, որ ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններու հիման վրայ «Ժառանգութիւն»ը իբրեւ առաջատար կուսակցութիւն անկարող եղաւ իր շուրջ համախմբել ընդդիմադիր դաշտը: Ուրեմն ձեւական էր բոլոր այն մասնակցութիւնը, երբ ընդդիմադիր  տարբեր կուսակցութիւններ բարձրացան «Րաֆֆիի հարթակ»ը:

Իսկ եթէ քաղաքական մարզանքի կամ ուշադրութիւն գրաւելու համար էին այս փորձերը, նորէն ապահովաբար ոչ մէկ տեղ չեն կրնար առաջնորդել իրենց տէրէրը:

Իսկ ի՞նչ ըսելիք պիտի ունենայ նոյն Յովհաննիսեանը այն հարիւրաւոր երիտասարդներուն, ովքեր մեծ հաւատքով մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակեն հաւատալ իր պայքարին ու, տարբեր ամպիոններ օգտագործելով կը հնչեցնեն իր խօսքն ու ըսելիքը եւ իր պայքարի նարնջագոյն դրօշակը կը պարզեն:

Հաւանաբար ըսէ բոլորին՝ գացէք եւ հացադուլ ըրէք որպէսզի կարողանանք մեր քաղաքական նպատականերուն հասնիլ:

Արդեօ՞ք :

Բայց վստահ եմ, որ հայրենի երիտասրդութիւնը արդէն  իր հաւատը կորսնցուցած է «Բարեւի յեղափոխութեան» հանդէպ, բայց  փաստը կը մնայ փաստ, որ չկայ միահամուռ ուժ,  որ միացնէ այս երիտասարդութիւնը կամ պահէ այդ հաւատը: Ընդգծելի է ու շատ պարզ, որ երիտասարդութիւնը, ցանկացած երիտասարդութիւն կը հաւատայ փոփոխութեան, բայց նոյն իտէալիստ երիտասարդութիւնը պէտք է կարկինը լայն բանայ ու բաց աչքերով լաւ դիտէ, թէ այսօր ինչ տեղի կ'ունենայ Հայաստանի շուրջ: Նայի Վրաստան, նայի Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Սուրիա:

Րաֆֆի Յովհաննիսեան դրախտէն անդին 

«Նեղուելը քաղաքական ստորոգում չէ: Եթե քաղաքական թիրախդ յստակ չէ, և, եթե փորձում ես պայքարել երկու ճակատով՝ ինքնահաստատուելով եւ ՛ որպես իշխանութեան,եւ ՛ որպես նախկին կամ ներկայ ընդդիմադիրների այլընտրանք (Յիշեք «Ժառանգութեան» միակ յետընտրական պաշտօնական յայտարարության տեքստի միակ ուղիղ ձևակերպումը), ապա բացի քեզանից՝ ոչ մեկին չես վնասում, այլ նմանվում ես երկու աշխարհամարտերում երկու ճակատով պատերազմած և անխուսափելիօրէն պարտուած Գերմանիային: Պետք էր վաղուց կողմնորոշուել և անցեալում թողնել բոլոր բարդույթները և նեղուածութիւնները, զրոյացնել ամեն ինչ, այլ ոչ թե մի ոտքով «յաճախորդիզմ»ի մեջ մնալ, իսկ միւսով՝ յեղափոխութիւն հռչակել» (Մէջբերումը Դարձեալ Հրանտ Տէր Աբրահամեանի «168 ժամ» թերթին տրուած հարցազրոյցէն):

Ինչքան թանաք պիտի հոսի, ինչքան ստատաուսներ պիտի գրուին ու ինչքան ժամավաճառ պիտ ըլլան մեզմէ շատեր:Պիտի սպառի այս թեման բայց տխուր է, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի սկսած շարժումին (իբրեւ թէ շարժումին) հետեւող մարդոց շատ- շատերը մեծ յուսախաբութիւն պիտի ապրին:Սա է ամէնէն տխուրը այս պատմութեան մէջ:

Երկրի քաղաքական կեանքը դրախտի ու դժոխքի հարթութեան տարած քաղաքական ցանկացած գործիչ պիտի որ անդրադառնայ (եթէ տակաւին չէ անդրադարձած) որ երկրի ղեկավար, առաջնորդողի, ակօսղի եւ ուղի բացողի, ճանապարհը հացէն կտրուելու երանութեամբ կամ «ինքնամաքրումով» չի գար:Ժողովուրդը շուտ կը խանդավառուի բայց արագօրէն ալ կը սթափի ու աւելի ուժեղ հարուած կուտայ բոլոր անոնց որ կը փորձեն խաբել զինք:

Համոզում է որ քաղաքական հանգանակները հացադուլով չեն կայանար ոչ ալ քաղաքական դիակներով ( դիակը արդէն քաղաքական ցանկած տեղաշարժի մը աւարտին մասին կը մատնէ) ոչ ալ հերոսներու անունները վկայակոչելով:

Հիմա  թոյլ տանք որ Հայաստանը իր բնականոն հունին վերադառնայ ու կարեւոր է որ հայրենի ժողովուրդին մօտ բաժանումի, ոխի, քէնի ու նեղուածութեան հունտեր չցանուին:

Սա է կարեւորը հիմա:

Ի՞նչ ցանեց Րաֆֆի Յովհաննիսեանը անցնող մօտաւորապէս յիսուն օրերու ընթացքին:

Ո՞ւնի ինք պատասխանը այս հարցին:

Երկրային դժոխքէն (չէ որ մեր ժողովուրդը իբրեւ թէ կ'ապրի երկրային դժոխքի մը վրայ) դէպի վերացական դժոխք հասնելու իր որոշումը միով բանիւ յստակ է որ ան յոգնած է Հայաստանի այսօրը դրախտի վրածելու իրեն կամ ցանկացած քաղաքական գործիչի վստահուած բնական աշխատանքէն: Իսկ այն սէրը որուն մասին ինք եւ ուրիշներ խօսած են այն ալ կասկածանքի տեղիք կուտայ: Ի՞նչու, որովհետեւ այն գործիչը որ չի գիտեր իր ունեցածը գնահատել (այս պարագային հողը, անցեալը, պատմութիւնն ու հնարաւորութիւնները) ան չի կրնար եւ իրաւունք չունի առաջնորդի պատմուճան դնելու իր ուսերուն: Որովհետեւ երբ այսօրուան Հայաստանը գնահատել չես գիտեր . վաղուան մասին խօսիլդ արդէն աւելորդ է:

Երկրայինը գնահատելը, հողը մագիլներով, արիւնով, քրտինքով խնամելը մեծ իմաստութիւն կ'ենթադրէ:

Այլապէս պիտի խուսափիս գործէն, յայտարարելով որ երկրային կը լքեմ ու կը սաւառնիմ դէպի ... Դրախտ կամ Դրախտէն անդին:       

Յ.Գ. Հրանտ Տէր Աբրահամեանի հետ կատարուած եւ «168 Ժամ» թերթին մէջ տպուած հարցազրոյցը վերջին յիսուն օրերու ընթացքին իմ կարդացած եւ Հայաստանի քաղաքական առօրեային մասին եղած ամէնէնէն վաւերականը նկատելուս համար, յաճախ յղումներ կատարած եղայ: Հրանտի հետ կատարուած հարցազրոյցը իր շահեկանութեան համար կարելի է կարդալ այստեղ:

Մեկնաբանություններ (1)

Սամվել Խալաթյան
Կեցցես:Ամեն ինչ ասված է անկողմնակալ ու ճշմարիտ:Գալով այն դիտողությանը, որ «... այս ամբողջ ընթացքին չեղաւ մէկը որ Դիմագրքին մէջ (Ֆէյսպուք) ստատուս գրելէ զատ կանգնէր հրապարակին նոյն բեմահարթակին մօտ ու ըսէր. «Եղբայր, ի՞նչ է ուզածդ», ապա ինքն իրեն հարգող մտավորականը միշտ չէ, որ անձնազոհ է, քանզի այդ հարթակից (և ոչ միայն) Րաֆֆու «պայքարի» մասին ամենաթույլ դիտողությունն անգամ ասողին,նրան շրջապատող ամբոխն այնպիսի որակումներ կտա, որ հայ ծնվելդ կփոշմանես...Խնդրում եմ ճիշտ հասկանալ, Րաֆֆուն սատարողներից բոլորին չէ , որ վերաբերում է «ամբոխ» բառը, սակայն րաֆֆիական այս պայքարի ամբոխավարությունն ակնհայտ է ու տիրապետող:Մի քանի ժամից ՀՀ Նախագահի երդմնալաության արարողությունն է: Ես չգիտեմ, թե ինչով կավարտվի Ազատության հրապարակի ներկայացումը (տա Աստված ժողովրդի գլխին փորձանք չբերվի),այնուամենայնիվ պարոն Րաֆֆուն ուզում եմ մի հին, հայկական հեքիաթ հիշեցնել. թագավորը կանչում է աշուղին ու կարգադրում իր թանկագին հյուրերի համար մի նոր հեքիաթ պատմել: Աշուղը ոգևորված պատմում, երգում, պատմում, պատմում է ու հանկարծ սկսում է լաց լինել:Աշկերտը զարմանում է. -Վարպետ, ի՞նչ պատահեց, ինչու՞ ես լաց լինում... -Տղաս,-ասում է վարպետը,-հեքիթն սկսել եմ՝ չգիտեմ ինչպե՞ս ավարտեմ... Հարգելի Րաֆֆի, ավարտեք հեքիթը և մի տարեք մարդկանց արկածախնդիր փորձության, նրանք արժանի՛ են ավելի լրջմիտ, գիտակից ընդդիմադիր առաջնորդի:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter