
Հայոց ցեղասպանութիւնը չսկսաւ, ոչ ալ վերջ գտաւ, 1915-ին
Հայդուկ Շամլյան
Ըստ Օրէնքի, ըստ օրինական ամէնահիմնական ըմբռնողութեան, քաղաքակրթութեան մէջ, ոճիր առանց հետեւաքի գոյութիւն չունի, չի կրնար ունենալ:
Քրէական Օրէնքը կը կիրարկուի հետեւեալ բաղադրիչներով ու հանգրուանային գործընթացով՝ ոճիրի հաստատում, ամբաստանեալի դատապարտութիւն, դատավճիռ:
Քրէական դատավճիռը կը բովանդակէ երկու հիմանական բաղադրիչներ՝ պատիժ եւ հատուցում:
Պատիժը իր կարգին կը ներառէ երկու երեսներ ՝ արդարութիւն (զորս հանրութիւնը յաճախ կը շփոթէ վրէժի հետ, մինչ այդ յղացքը խորթ է քաղաքակիրթ աշխարհի արդի Օրէնքի մէջ) եւ տարհամոզանք:
Արդարութիւնը կը միտի Ընկերութեան դատապարտումը արտայատելու դատապարտուած ոճրագործին դէմ, եւ սոյն Ընկերութեան եւ անոր օրինական համակարգի կարեկցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնաբերելու զոհ կողմի նկատմամբ: Իսկ տարհամոզանքի չափանիշի կը վերաբերի պատիժի չափին ու տարողութեան, նպատակ ունենալով կանխել նմանօրինակ ոճիրներու կրկնութիւնը:
Պատիժի չափին կամ աստիճանին կապակցութեամբ, նկատելի տուեալներ են ոճիրի ծանրութիւնը, ոճիրի գործադրութեան պարագաները, եւ ոճիրի գործադրումէն անմիջապէս ետք ու մինչեւ դատավարութիւնը - նեդառեալ- ՝ ոճրագործի հոգեվիճակն, վերաբերմունքն ու կեցուածքը:
Իսկ պատիժին առընթեր, որպէս ոչ թէ այլընտրանք այլ յաւելեալ եւ կուտակելի հետեւանք« քրէական ոճիրը օրինապէս կը յանգի դատապարտուած ոճրագործի կողմէ իր գործած ոճրային արարքի նկատմամբ հատուցման պարտաւորութեան:
Քրէական Օրէնքի հիման վրայ հատուցումը կը միտի սրբագրելու եւ յեղաշրջելու ոճիրի հետեւանքները, որքան որ առարկայականօրէն կարելի ըլլայ այդ: Սրբագրելի հետեւանքներու նկատմամբ դրամական հատուցումը կը վերաբերի Քաղաքացիական Օրէնքի: Իսկ քրէական մակարդակի վրայ դրամական դատավճիռը, ըստ սահմանումի, կը հանդիսանայ պատիժ, տուգանք, վճարելի - Պետութեան ճամբով - Ընկերութեան, եւ ոչ թէ զոհին:
Քաղաքացիական Օրէնքը կը կիրարկուի հետեւեալ հիմնական բաղադրիչներով ու հանգրուանային գործընթացով՝ ոչ-քրէական յանցանքի կամ սխալի մը հաստատում, անոր հեղինակի կամ պատասխանատուի ինքնութեան ճշտում, անոր ու անոր հետեւանքներուն միջեւ պատճառային կապի հաստատում, այդ հետեւանքներուն արժեւորում եւ հատուցման դատապարտութիւն:
Քաղաքացիական Օրէնքի համեմատ դատուող վնասաբեր արարքի մը օրինական յանգումը կը միտի հիմնականօրէն դարմանելու, յեղաշրջելու խնդրոյ առարկայ վնասները:
* * *
Վերեւ պարզուած օրինական սկզբունքները, գործնականօրէն ու այժմէականօրէն, կը վերաբերին, իրօք, Պետութիւններու ներքին համակարգին: Սակայն այդ պարագային իսկ. անոնք միայն անհատներու նկատմամբ չէ որ կը կիրակուին: Հաստատուած Օրէնսդրութեամբ, անոնք ի զօրու են նաեւ դատելու համար բազմատեսակ ընկերակցութիւններ, խմբաւորումներ, օրինապէս հաւաքական ինքնութեան տէր զանազան ու այլազան էութիւններ: Աւելին, երկիրներու ներքին դրութեամբ, օրինական նոյն կարգերուն եւ սկզբունքներուն ենթարկուած են նաեւ պաշտօնական կառոյցները, պետական իշխանութիւնները:
Արդարեւ, Հայ Դատի օրինական հիմունքները կը վերաբերին Միջազգային Օրէնքի: Ներկայ իրականութեան մէջ, նկատի ունենալով որ, գոնէ առաջին հերթին ու մակերեսաբար - որովհետեւ աւելի վար պիտի տեսնենք թէ խորքին մէջ, օրինական գետնի վրայ, ճիշտ չէ այս հաստատումը - Ցեղասպանութեան ուղղակի հեղինակները ոչ եւս են, խնդիրը կը վերաբերի Պետութեան մը դէմ օրինական հետապնդումի:
Սակայն Միջազգային Օրէնքը, խնդրոյ առարկայ նիւթին մէջ, ընդհանուր տեսութեան եւ էական հիմունքներու մակարդակի վրայ, տարբեր չէ վերեւ ներկայացուած եւ տարրալուծուած օրինական էական դրոյթէն: Իսկ Միջազգային Օրէնքի տառացի Օրէնսդրութիւնը լրացուցիչ կերպով չէ գոյացած երբեք: Ան կը հաստատուի պարագայ առ պարագայ, տնօրինելու համար Միջազգային Կարգն ու Կանոնը, եւ մինչեւ օրս աշխարհի վիճակը լաւագոյն ապացոյցն է թէ Միջացգային Օրէնքը տակաւին շատ հեռու է լիովին ու բաւարար կերպով բանաձեւուած, խմբագրուած ըլլալէ:
Կարելի էր անշուշտ այս գրութեան նիւթը զետեղել նաեւ Միջազգային Օրէնքի արդէն իսկ բանաձեւուած օրէնսդրութեան հիման վրայ, կամ օրինական բնոյթ կրող միջազգային զանազան վաւերաթուղթերու համեմատ: Այդ գործը կը կատարեն ուրիշներ, որոնցմէ ոմանք լաւապէս, մինչ այս գրութիւնը կը միտի նիւթը քննարկել շատ աւելի նախնական, ակունքային մակարդակի մը վրայ:
Շարունակությունը՝ այստեղ:
Մեկնաբանել