HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Յակոբ Նալպանտ. Պատերազմ եւ Մեթամորֆոզ

Հալէպ ապրող եւ ստեղծագործող Բանաստեղծ  Յակոբ Նալպանտի համար Սուրիան ոչ միայն ծննդավայր է այլ Հայրենիք: «Մենք երկու հայրենիք ունինք» կ'ըսէ Յակոբ յայտնելով,  որ իրեն համար Սուրիոյ գոյութիւնը, յարատեւումը եւ  անոր պատերազմին աւարտը կարեւոր  ու էական խնդիրներ են: «Գիտեմ որ Երեւանի մէջ գտնուողներէն շատ շատերը  այսօր կը գտնուին շատ ողորմելի պայմաններու մէջ: Ամէն օր կը լսեմ այդ մասին ու վստահ եմ որ Երեւան  ապրող հայրենակիցներս   զուտ ապահովական նկատառումներով հեռացած են Սուրիայէն:»Յակոբի կարծքիով «Բոլորին Տունը,  երազները, ապագան  եւ տեսլականը Սուրիոյ մէջ են:Ու վստահ եմ, որ   բոլորը  օր մը  պիտի վերադառնան Սուրիոյ որովհետեւ փայլուն ապագայ կը սպասէ մեր երկրին»:

Այսպէս կը սկսէր զրոյցս Յակոբ Նալպանտի (Տլտըլեան) հետ որ կատարուեցաւ Սքայփի միջոցաւ անխաբան  եւ հեզասահ  ու  զարմանալիօրէն կապը ոչ մէկ անգամ ընդհատուեցաւ հակառակ անոր,  որ շատ   անգամներ  փորձած եմ նոյնիսկ հեռախօսով կապուիլ Հալէպ. Բայց չեմ յաջողած:

Սուրիոյ թեման տակաւին  կը մնայ բոլորին ուշադրութեան կեդրոն: «Հոմս»ի մօտ  եղող «Ալ Քոսայր» աւանին Ասատեան բանակին կողմէ գրաւումէն ետք գաղտնիք չէ, որ բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռուած է  Հալէպի վրայ:Տակաւին լրատուական աղբիւրներ յայտնած են  որ իշխող վարչակարգի  բանակը արագ գործողութիւններով պիտի կարողանայ  մահացու հարուած տալ Սուրիոյ ընդդիմութեան դրօշին  տակ կռուող բոլոր ուժերուն որոնք տեղեկայուած են Հալէպի շուրջ:Բայց ցարդ Սուրիական բանակը չէ յայտարարած որ պիտի սկսի «ազատագրել» Հալէպը: Տակաւին Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ը կը փորձէ   հակահարուած  կատարել ու անոր աղբիւրները կը խօսին որ շղթայազերծած է նոր գործողութիւն մը որ կը միտի «ազատագրել»  յատկապէս Հալէպի հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձանները:Այս առումով նաեւ  աչքառու էր «Ալ Ճազիրա»  կայանէն սփռուած կարճ  րէբորթաժ մը ուր «Ազատ բանակ»ի  պատասխանատու զինուորական մը կը բացատրէր թէ յառաջիկայ օրերուն  պիտի  «ազատագրուի» Հալէպի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող  պատմական բերդը որ նոյն պատասխանատուին ըսելով Ասատեան բանակին համար դարձած է կարեւոր ապաստանարան ու հոնկէ կարելի կ'ըլլայ դիպուհակարներու միջոցաւ քաղաքացիներու կեանքը խլել...: 

Սեւ ու Սպիտակի ճատրակային խաղը  կը շարունակուի ոչ միայն Հալէպի այլ ամբողջ Սուրիոյ մէջ:Շատերուն համար իշխանութիւնն է  սեւ իսկ այլոց համար հակառակը:Տակաւին Հալէպահայերուն մեծ մասը,   նաեւ անոնց Երեւանի մէջ ապրող ստուար մէկ  մասը կը հաւատան որ Սուրիոյ   ներկայ իշխանութիւնները վերջնական յաղթանակ պիտի տանին:Բնականաբար  կան  ուրիշներ որոնք ընդդիմութեան հանդէպ որոշ դրական կեցուածք ունին սակայն կը վարանին բարձրաձայն խօսիլ այդ մասին:Սուրիոյ պատերազմի այս ամբողջ խճանկարին մէջ երեւելի են յոգնութեան նշաններ: Սակայն ինչ կարեւոր այս յոգնութիւնը երբ նոյնինքն պատերազմ սկսելու որոշումին մէջ  այս յոգնող զանգուածներէն ոչ իսկ մէկը,  պատերազմ սկսելու որոշումին մէջ դերկատարութիւն ունեցաւ:Նոյնն է նաեւ Հայերուն պարագան որոնք  զարմանքի, ցաւի, կորուստի ու  աղէտը նկարագրելէն անդին ի զօրու չեն  այս  տագնապին մէջ վճռորոշ դեր մը կատարել:Անոնց համար Սուրիահայութեան թիւ մէկ խնդիրը  հայկական  գաղութը պահելն է:Այս ուղղութեամբ  Սուրիահայ մի քանի կղերական պատասխանատուներ իրենց «գահ»ին յենելով կոչեր  արձակած են յատկապէս   Հայաստան գտնուող Հալէպահայերէն պահանջելով որ վերադառնան Սուրիա:Քիչ մը հռետորական հնչած այս կոչերը   կամ հնչած են զուտ «բոբուլիստական» մղումներով, կամ ալ  Տոն Քիշոտեան ոգիով որոհետեւ  Երեւան գտնուող ոչ մէկ Սուրիահայ  յատկապէս ներկայ հանգրուանին պիտի փափաքէր Հալէպ, Դամասկոս կամ նոյնիսկ Գամիշիլի վերադառնալ:

Հայկական հերթական տրամի մէկ դրուագն է որ կ'ուրուագծուի  ամէն անգամ,  երբ դէպի Հալէպ վերադառնալու կոչերը  լսելի կը դառնան:Գուցէ այս Րոմանը չարակամութեամբ չէ որ  կ'արտայայտուի,  բայց ի՞նչ  կարեւոր երբ ամէն օր մահուան հետ խաղի նստած Հալէպ քաղաքի մէկ  պատասխանատուն քաղաք վերադառնալու «հերոսական» կոչեր կ'արձակէ:

Չեմ  դատապարտեր.  չեմ դատեր բայց փաստը կ'արձանագրեմ:

 Ուշագրաւ է,  որ  Յակոբ յօդուած գրելու պէս չխօսեցաւ  այլ  ներկայացուց իր ապրումները, ամէնօրեայ մաքառումը ու վաղուան հեռանակարները:Հալէպեան առօրեային մէջ ըլլալը,ապրիլը,շնչելը յօդուած գրելու «հերոսութեան» չի նմանիր:Յակոբ անկեղծ էր ու  կարեւորագոյն կէտը այս    ողջ պատումին մէջ իր  անկեղծութիւնն  է:

Խօսակիցս որ կառչած է   Հալէպին  չի թաքցներ որ Հալէպը իր համար  դէպի  արեւմտահայաստան բացուած միակ  պատուհանն է: 

Յակոբ Կ'ըսէ «Ամէն վայրկեան վտանգի տակ ենք: Ճնշումը մեծ է  հրասանդ, բեկոր,  դիպուկահար եւ փամփուշտ:Կը  կարծեմ որ  երբ  դուրս գանք այս վիճակէն պիտի կարողանամ հասկնալ թէ ինչ ծանր ու ճնշող  վիճակի մը մէջ կ'ապրէինք: Պատերազմները կը սառեցնեն մեզ  յատկապէս առաջին հանգրուանին,  երբ  անդամալոյծ  վիճակ   մըն էր:Հիմա միայն  կը փորձեմ գրել ու արտայատուիլ:Ի վերջոյ կեանքը պիտի շարունակուի:Կարծես տարբեր սենեակներէ, հանգրուաններէ   պիտի անցնին զգացումներդ: Հիմա կը մտածեմ որ ես այսօր նոյնը չեմ ինչ որ էի  պատերազմէն առաջ:Պատերազմը մեթամորֆոզ մըն էր:Այդ ամբողջ  պատումը, պատերազմը,  մահը  հոգեփոխութեան պէս բան մը եղաւ:Եղաւ  մէթամորֆոզ մը»:

Յակոբ   կտրականապէս դէմ է որ Հայաստան քաջալերէ Սուրիահայերուն  գաղթը դէպի Հայաստան:Իր կարծիքով ՀՀ իշխանութիւնները «Արի տուն» ծրագիրը իրականացնելու փոխարէն իր կարծիքով  հայերը պէտք է մնան ու պահպանեն միջին արեւելքի իրենց գաղութները:«Հայութեան միջին արեւելքի մէջ գոյութեան պահպանումը հեռաւոր ռազմավարական  նպատակներ ունի» կ'ըսէ եւ կ'աւելցնէ, թէ «մեր  միջին արեւելք մնալը Էական  է որովհետեւ Թուրքիոյ  համար  առաջնահերթութիւն է  միջին արեւելքէն Հայերը հեռացնել:Գաղտնիք  ալ չէ որ Սփիւռքի  ամբողջ մտաւորական ներուժը կ'ուգայ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ու այդ պատճառով պէտք է հայութիւնը պահպանուի հոս»:

Յակոբ Նալպանտի համար  «Սփիւռքի իմաստն ու  ուժականութիւնը  միջին արեւելքի մէջ է եւ  այս պայքարը, միջին արեւելքի հայերը հեռացնելու պայքարը կայ ու կայ:Մենք որպէս հայեր պէտք է պայքարինք այդ  ծրագիրներուն դէմ:»Իր կարծիքով այսօրուան  հայութեան մեծագոյն լոզունքը պէտք է դառնայ «Մի՛ գաղթէք»:

Յակոբ  նաեւ կ'անդրադառնայ   Երեւանէն  Սուրիահայերուն  հանդէպ ցուցաբերուած օժանադակութիւններուն մասին  նշելով, թէ Արցախէն Հալէպ հասած  օժանդակութիւնները անգնահատելի են  որովհետեւ ԼՂՀ-ի բնակիչները իրենց       կարելի ըրին  որպէսզի օժանդակեն Սուրիահայերուն: Նալպանտ սակայն  կը քննդատէ «Հայաստան  համահայկական հիմնադրամ»ը որուն Սուրիահայոց համար  նկատի առնուած  Թէլէթոնով յատկացուելիք գումարներէն ջնջին  մաս մը ուղղարկուած է միայն»:   

Այլ թեմայի մը մասին խօսելով Յակոբ մատնացոյց կ'ընէ կարեւոր կէտ մը  ըստ որուն,  Սուրիահայերէն շատեր  Հայկական անձագիր ստանալով կը փորձեն Եւրոպա հասնիլ ու հոն իրենց  հայկական անձագրերը պատռելով կը յայտարարեն  որ իրենք գաղթական են: 

 Յակոբի համար Սուրիան վերջնական հարենիք  դաւանելու ըմբռնումը (ան քանի մը անգամ կը շեշտէր որ Սուրիան իր հայրենիքն է) ունէր գոյութենապաշտ շեշտ մը ու  առանց այդ շեշտին անկարելի պիտի դառնար շարունակել ապրիլ  Սուրիոյ մէջ:Այս ուղղութեամբ ան կ'ըսէ  «Մենք շատ հանգիստ ռիթմով մը կ'ապրէինք.պատերազմը եկաւ շրջեց ամէն ինչ.յուսալի է որ մենք հայերս  աւելի արթուն գտնուինք  յետ այսու եւ Սուրիոյ մէջ քարի, շէնքի եւ   կալուածներու վրայ շատ չկեդրոնանանք ու չմտածենք:Տարիներէ ի վեր մեր ականջներուն լսելի կը դառնայ «Նոր միջին արեւելք» նախադասութիւնը եւ  այսօր մենք այդ մեծ փոփոխութիւններուն ականատեսն ենք:Այդ  պատճառով   ստիպուած ենք սորվիլ պատերազմի  դասերէն, որովհետեւ ցանկացած պատերազմ ի վերջոյ   սորվեցնող դեր ունի»:   

 Խորքին մէջ Սփիւռքի տագնապներուն, կորուստներուն, մահուան ու  ամայութեան տարածքներուն առջեւ Յակոբը եւ իր նմանները պիտի փնտռեն ապրելու յոյս մը, պիտի յօրինեն ապրելու եղանակ մը,  պիտի գծեն ապրելու  ճանապարհ մը անցնելու համար այս վէրքերէն որուն անունը Սփիւռք դրած ենք:Ինք ալ պիտի ընդունի որ Սփիւռքը անցողիկ  է:Հալէպի նեղլիկ մէկ թաղին մէջ տակաւին դեղագործութեամբ   զբաղող Յակոբը ստիպուած է  հաւատալու կեանքի ուժին քաղաքի մը մէջ    որուն փողոցներէն միայն վառօդի,մահուան, ծանր թախիծի եւ անապահով  վիճակներու մեղեդիներ կը լսուին  բայց որուն ծանր առօրեային  մէջ  կը շարունակէ  պայքարիլ ստեղծագործել:

Իսկ վերջերս գրուած բանաստեղծութեան մը  մէջ     ահա այս բառերով կը նկարագրէ իր առօրեան միշտ հաւատալով որ վաղուան օրը խաղաղ պիտի ըլլայ, աւելի կեանքային եւ աւելի լուսառատ: 

«Որոտը ռումբերու, ահազանգն անապահովութեան

Կրծեց ու յօշոտեց

Երեւակայութեանս հորիզոնը:

 Ես վերածուեցայ

Ամուլ եւ steril

Ճեփ- ճերմակ թղթի առաջ

Մարտնչող

Բայց պարտուող բանաստեղծի,

Ինչպէս արեան սպիտակ հոսքերուն  դիմաց

Անզօր անյոյս մաքառող

leukemia-ով տառապող մարդու»:                                                                                      

Մեկնաբանություններ (1)

Grish Davtian
Սիրելի Սագո Արյան, Հոդվածովդ բարձրացրած հարցերը գնահատում եմ։ Գնահատում եմ նաեվ Հակոբ Նալբանդյանի դիրքավորումը։ Ի սրտե ողջունում եմ քո Հայրենասիրությունը, որ Բեյրութից ընտանիքով փոխադրվել ես Հայաստան և հաստատվել ես հայրենիքում։ Արդարեվ այս հոդվածում «հայրենիք» բառը, դրա իմաստային բացատրությունը և եզրակացված համոզումը համարում եմ սխալ։ Իսկապես Հակոբ Նալբանդյանի ծննդավայրը Հալեբ, Սիրիան է. Քո ծննդավայրը Բեյրութ, Լիբանանն է. իմ ծննդավայրը Նոր Ջուղա, Իրանն է։ Մեր բոլորի միակ հայրենիքը՝ Հայաստանն է։ Հիմա իմ որդեգրած ու ապրած երկիրը ԱՄՆը է, որի հպատակությունը կրում եմ հպարտությամբ։ Բայց իմ հայրենիքը Հայաստանն է։ Ընկերաբար՝ Գրիշ Դավթյան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter