HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Եգիպտոս...առանց Մուրսիի

  • Եգիպտոս Քաղաքացիական  պատերազմի  սեմին

3 Յունիսէն ի վեր ինչ որ ցոյց  կը տրուի արբանեակային կայաններու ալիքներէն չի խօսիր այն մասին որ Եգիպտոսի ժողովուրդը յաղթանակ տարածի դերին մէջ է:Աւելին Մոհամատ Մուրսիի  իրաւական նախագահի դերէն «բռնի» կերպով հեռացումէն ետք  անցած են    96  ժամեր ու տակաւին  կիրքերը չեն խաղաղած Եգիպտոսի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ:Գահիրէ, Աղէքսանդրիա, Ասյութ եւ Սինա    բեմադրավայր են բախումներու:Կան  առնուազն  Յիսուն զոհեր  ու մինչեւ այս յօդուածին աւարտիլը կամ լոյսին տրուիլը  մտահոգութիւն բառը քիչ է նկարագրելու համար Եգիպտոսի այլայլուած  պատկերը:Մինչ ԱՄՆ եւ Եւրոպական  ազդեցիկ երկիրներ  հանդարտութեան կոչեր կը հնչեցնեն, Եգիպտոս կը մտնէ նոր հանգրուան մը որ որ պիտի յատկանշուի  անսպասելի, թերեւս վտանգաւոր, յղի ու ծանր  դիպաշարով:Նոյն առումով լրատուական աղբիւրներ չեն վարանիր ըսելու որ քաղաքացիական պատերազմի վտանգը առկայ է:Իրավիճակը սուր է որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ պայքար տանող քաղաքացիական հասարակութիւնը որ «Երեսուն Յունիս» անունով հանդէս եկաւ  արագ գործողութիւններով  գրաւեց հրապարակը եւ բանակին միջնորդութեան ապաւինելով փակեց հեռանկարային  լուծումի մը բոլոր  կարելիութիւնները:Վերադառնալով Քաղաքացիական պատերազմի վտանգներուն կարելի է ուրուագծել որ հանրութեան մէջ ուղղահայաց ջրբաժամանը  կրնայ ծառայել որ  բախումները զարգանան եւ տարբեր ձեւ ստանալով դառնան աւելի համափարփակ:

Կողմերէն  մէկը պարտուած է:Ու արդար պիտի չըլլայ ըսել որ ժողովուրդի կամքով    սկիզբ առած հաւաքներու, մեծաւալ  ցոյցերու, բողոքի ելոյթներու աւարտը   եղաւ  շատ բնական ընթացքով:Իշխանութիւնը ոչ թէ սխալներ գործեց այլ սպասումով, հանդարտութեամբ, նոյնիսկ ձեռնածալ կերպով դիմաւորեց փողոցէն մինչեւ «Ալ Մուհաժիրին» պալատ ուղուող ուժգին փոթորիկը ու տակաւին մեզմէ շատեր    «Եու Թյուպ»ի ալիքով տեսան անզօր նախագահ  Մուրսին որուն գրասենեակը փութացած ամբոխը կրնար  նոյնիսկ սպաննել զինք:

 Այս գործողութիւններուն դիմաց է որ կարելի է խօսիլ  քաղաքացիական պատերազմի որոշ  տրամադիք զարգացումներու մասին պարզ անոր համար որ կողմերէն մին պարտուած դուրս եկաւ եւ  յառաջիկայ օրերուն  կրնայ լուրջ հակահարուածի մը մասին մտածել: 

  • Մուրսի զոհ... թէ Դահիճ 

   Պարզ է որ Մուրսի   25 Յունուար 2011-ին սկսած յեղափոխութեան  «օրկանիք» պտուղն էր:Բանտի մէջ   իր  անցուցած օրերուն համբաւով, ուսեալ, լուսաւորեալի եւ  «Եգիպտոսի  փրկիչ»ի կերպարով իշխանութեան գլուխ հասած Մոհամատ Մուրսի   մեծ սխալներ գործեց ու այդ սխալներէն կարեւորագոյնը  երկրի մամուլին,  եւ անոր կարգ մը ներկայցուցիչներուն, թերթերուն ու նոյնիսկ կայաններուն դէմ բացուած անողոք պայքարն էր որ զինք նետեց Եգիպտացի ժողովուրդին ատելութեան որոգայթին մէջ:Եգիպատցի ժողովուրդը օտարուեցաւ իրմէ:Դարձաւ ծաղրի առարկայ:Եգիպտացիները երբեք պիտի չուզէին որ մէկ օրէն միւսը ծայրայեղ Իսլամի  զգեստը հագնիլ:Անոնք կ'ուզէին աշխարհին ու արաբներուն ներկայանալ որպէս Իսլամներ  բայց ոչ Իսլամիստներ:Այս հանգամանքն էր որ դժուարացուց «Իսլամ եղբայրներ» շարժումի դերը տարբեր ոլորտներու մէջ:Մուրսի  այս  իրավիճակին մէջ էր երբ ցաւցնող կսմիթներ ըրաւ տասը միլիոն հաշուող  Ղըպտիներուն երբ երկրի խորհրդարանէն ներս Քրիստոնեաներու հանդէպ որոշ ծաղրի տեսարններ բեմադրուեցան:Այս բոլորը կ'ուգային մէկ տեղէ:Պարզ էր «Իսլամ եղբայրներ»ը  երկար տարիներու անցեալ ունէին երկրէն ներս:Անոնք բանտի, զրկուածութեան, պատժուածի հոգեվիճակին մէջ աճած, այդ երեւոյթներով սնուած քաղաքական  շարժումի անդամներ էին, ու պատարստ չէին իշխանութեան գլուխ անցնելու:Բացի ատկէ Մուրսի իր  իշխանութեան գլուխ հասնելէն ետք թերեւս քիչ մը գինովցած փորձեց իր ուսերուն դնել Արաբական աշխարհի  գերագոյն  առաջնորդի բեռը:Հերթաբար ան միջամուխ եղաւ Համասի եւ Ֆաթհի միջեւ առկայ տարակարծութիւնը հանգուցալուծելու, Յետոյ ԱՄՆ-ի աղերսները հաշուի առնելով միջամտեց որ Կազայի տագնապը  լուծուի:Անխախտ պահեց Իսրայէլի հետ կնքուած  «Քէմբ տէյվիտ»ի համաձայնագիրը եւ այսպիսով ան տիրացաւ «Միահեծան արքայ»ի աթոռին:Սակայն գինովութեան   պատճառած գլխացաւանքը աւելի ծանր էր:Շուտով անոր կեցուածքները ժխտական աուրա մը ստեղծեցին իր շուրջ յատկապէս Մալիի ծայրայեղ  Իսլամիստները պաշտապելու իր կեցուածքին պատճառով:Մուրսիի վերջին ուժեղ յայտարարութիւնը  Ասատեան րէժիմին դէմ իր ունեցած   ամէնէն ծայրայեղ կեցուածքին բնորոշ ելոյթն էր,  որուն համար ան նոյնպէս քննադատութեան արժանացաւ:Բացի ասոնցմէ ան  երկրին մէջ  անհրաժեշտ եւ  սպասուած բարեփոխումներու  պահանջը անտեսելով անտեսեց:Աւելին Մուրսի շարունակեց իր նախորդի Հիւսնի Մուպարաքի  ընտրած ուղիով քալել այն իմաստով որ փորձեց իր կուսակցական ընկերները տեղաւորել երկրի կարեւորագոյն «բոսթ»երուն վրայ: Ու աւարտին նոյնիսկ իր մակարդակը իջեցուց մինչեւ ամէնէն խոր տեղերը երբ որոշղեց ամէն գնով պատժել իր դէմ արտայատուող թերթերն («Րոզ Էլ Եուսէֆ») ու լրագրողները (Պասէմ Եուսոֆ): 

  • Ամերիկեան  հաշուարկներ 

  «Լոս անճըլս թայմզ»ը իր վերջին հրապարակումներէն մէկուն մէջ    մանրամասնօրէն վերլուծած է Եգիպտոսի մէջ կատարուող դէպքերը:Այս մասին թերթը կարեւոր հարցազրոյց մը կատարած է    ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձագէտ ՝ Միշէլ Տիոնի հետ  որ   մինչեւ վերջերս  Եգիպտոսի հարցերով Ամերիկեան  դիւանագիտութեան  ամէնէն անուանի փորձագէտներէն կը համարուի:Այս առումով   Տիոն ըսած է, թէ Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան  պատասխանատուները շատ դանդաղ շարժեցան Եգիպտոսի   վերջին մէկ տարուան քաղաքական բեմահարթակին վրայ  ու  անոնք չուզեցին Մուրսին զգուշացել որ  սխալ հունի վրայ է:Թերթի այս հրապարակումէն բացի  տարբեր աղբիւրներ խօսած են Ամերիկեան դերին անկումին մասին յատկապէս որ Պարաք Օպամայի    վարչախումբը ոչ միայն Եգիպտոսի այլ ամբողջ միջին արեւելքի մէջ «աղքատ մերձաւոր»ի   դեր կը կատարէ:Բացատրեմ. Ամերիկեան միջամտութիւնները  այսօր միջին արեւելքի մէջ  այնքան մը նօսրացած են որ նոյնիսկ Սուրիական  գետնի վրայ  Սուրիոյ ընդդիմութեան  ընդհանուր քաղաքակութիւնը      ինկած է ճահճային վիհի մը մէջ.   հանգրուանի մը որ  մեծապէս կարիքն ունի Ամերիկեան նեցուկին:Միջին արեւելքէն դուրս, Արաբական աշխարհէն հեռու, Ռուսիոյ կամ Եւրոպայի մօտ կայ  այն կարծիքը որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը  այդ շրջաններուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի  բայց ճշմարտութիւնը այլ է:Ամերիկեան շուարածութիւնը  ինչպէս Սուրիոյ այսօր եւս Եգիպտոսի մէջ մեծ աւերներ կրնայ գործել:Հիմա Պարաք Օպամա  րէալ կերպով մշակուած քաղաքականութեան  մը տէրը չէ: Տակաւին Լիբանանեան «Ալ ժումհուրիյա» թերթը վերլուծական մը տալով այս մասին գրած է, թէ Օպամա կը կիրառէ   win-win  քաղաքականութիւն:Այսինքն մէկ կողմէ կը խօսի Ամերիկեան  Եգիպտոսին ուղղուած օժանդակութիւնները  կրճատելու  մասին ու միւս կողմէ անընդունելի կը համարէ բանակին   կողմէ «բռնի» կերպով Մուրսիին իշխանութիւնէն հեռացնելու երեւոյթը:Մէկ կողմէ կ'ուզէ հաւատալ որ Մուրսի հաւատարիմ գործընկեր է ու Իսլամներուն մէջ ամէնէն վստահելին,    միւս կողմէ ի տես Եգիպտական հրապարակները լեցուցած ամբոխներուն ափ ի բերան մնալով կը շարունակէ պահել իր  քառ լռութիւնը: Այսինքն այս բոլորէն անդին պարզ է որ Ամերիկեան ձախող  դերի  բեմադրութիւնը կրնայ շրջանը   տանիլ նոր  դասաւորումներու կամ զարգացումներու որմէ անմասն չեն Թուրքիան, Յորդանանը եւ Լիբանանը:Սուրիոյ մէջ արձանագրած իր տեղատուութիւնէն ետք Ամերիկա կը զիջի իր դիրքերը Եգիպտոսի մէջ:Եթէ այս  վերլուծաման փորձը ամբողջական չէ առնուազն այս հանգրուանին ճշգրիտ է որոէվհետեւ  մանաւանդ Պարաք Օպամայի մօտ առաջուան վճռակամութիւնը բնաւ երեւելի չէ ու այդ մէկը կը բացարտուի մէկ իրականութեամբ  որն է ՝ Պարաք Օպամա իր  երկրորդ ու վերջին նստաշրջանը կ'ուզէ աւարտել առանց յաւելեալ արեան մեծ յեղումներու կամ պատերազմական մեծածախս մուրհակներ վճարելու: 

  • Քաղաքացիական շարժումի յեղափոխութեան ամրոցը. «Ալ Թահրիր» Հրապարակ   

  Եգիպտոսի  վերջին  զարգացումները ցոյց տուին որ «Արաբական գարնան»  Եգիպտական  հնոցը պատրաստ է արագ դէպքերով,   անկիւնադարձային հոլովոյթներով եւ մեծ ցնցումներով հանդէս գալու:« Յունիս երեսուն»,  «Թամմարոտ» եւ այլ շարժումներ ընդամէնը մէկ ամսուան մէջ աճեցան եւ  հրապարակ քալով կացութիւն ստեղծեցին:Երեւելի է որ այս շարժումներուն հեղինակները բոլորն ալ երիտասարդ անփորձ     երիտասարդներ էին  որոնց   մէկտեղումը կրնայ երկար չտեւել:Տիրող այս իրավիճակին մէջ Եգիպտոսի     սահմանդրութեան նախագահ Ատլի Մանսուր որ երկրին ժամանակաւոր   ղեկը ստանձնեց  ճարպկօրէն  յայտարարեց  որ կ'ուզէ համագործակցիլ այս շարժումներուն հետ ու աւելի հեռու երթալով նոյն սեղանին հրաւիրեց  Եգիպտոսի ամէնէն րատիքալ շարժումներէն համարուող «Նուր» սալաֆիստ շարժումի անդամները:Այս վերաբերմունքը մտածել կ'ուտայ երկու կարեւոր հանգամանքներու  մասին:Առաջին որ Եգիպտոսի դատական մարմինները  բանակին ականջին բաներ փսփսալով արդէն պատրաստ են երկրի ղեկը ստանձնելու ու յաջորդ նախագահին անուան շուրջ մտածելու:  Երկրորդ որ քաղաքացիական շարժումի կերպարանքով հանդէս եկած երիտասարդները  վաղը  կրնան  արդէն հեռացուիլ հրապարակէն:Այս բոլորը   տարուան մը կտրուածքով եղած խմորումներու արդիւնքն  են ու այնպէս թող չթուայ որ Գահիրէի «Ալ թահրիր» հրապարակը Միլիոններով լեցուցած այդ շարժումները    կարճ հանգրուանի մը ծնունդն են այլ  երկար, լուռ եւ  տքնաջան աշխատանքի արդիւնք: Ուրեմն  կը մնայ հարցումը եթէ Ատլի Մանսուր  բանակի քատրային ու «պատրաստ» կառոյցներուն հետ փորձէ նոր իշխանութիւններ ձեւաւորել այն ատեն նոյն այս երիտասրդները   պիտի կրնա՞ն բողոքել  ու իրավիճակը  առաջնորդել դէպի այլ սրութիւն:Աւարտին  պէտք է հասկնալ Եգիպտոսի  հնոցին մէջ  ընթացող արագ եւ   կայծակնային   շարժումները  որովհետեւ առանց այդ հրապարակին տիրելու   Գահիրէի իշխանական   պալատներուն մէջ ձեւաւորուած ցանկացած իշխանութիւն հանգիստ կերպով պիտի չկարողանայ  վերցնել  Եգիպտոսը ղեկավարելու ղեկը: 

  • Հայկական   անտեղի երգ 

 Արաբերէն երգուած երգերը   բաւական էին լսելի դարձնելու   Եգիպտոսի  «երրորդ յեղափոխութեան» ձայնը աշխարհով մէկ:Այս  ընդանուր իրավիճակին մէջ նոյնիսկ անտեղի է որ Հայերէն երգեր երգուին կամ ցցուն կեցուածքներ  ջուրի երես գան:Այսօր Եգիպտոսի մէջ կ'ապրին աւելի քան Ութ հազար Հայեր:Եգիպտահայ   պատմական գաղութը նոյնը չէ ու անոր  դերակատարութիւնը  դարձած է բաւական նօսր  :Զանազան հանգամանքներու բերումով այս գաղութը արդէն կը պատկանի  «մեռնող» գաղութներու շքախումբին ու այս իրավիճակին մէջ զարմանալի էր լսել    Կաթողիկէ Հայոց  Առաջնորդ Գրիգոր Եպսկ. Քուսայի մէկ զգայացունց յայտարարութիւնը որուն միջոցաւ ան ամբողջական ուրախութեամբ եւ յաղթանակողի դերով հանդէս գալով   կը յայտատարէր, թէ կ'ողջունէ «Եգիպտոսի «Յեղափոխութեան»   տարած այս «յաղթանակը»:Կիրթ ըլլալու թելադրանքէն մղուած  Սրբազանին  խանդավառութիւնը պիտի համարեմ անտեղի ու աւելին Եգիպտահայերու ընդհանուր շահերը նկատի չառնող  յայտարարութիւն:Ես այն դերին մէջ չեմ Սրբազանին բացատրելու որ նմանօրինակ  հանգրուաններու, երբ տակաւին «Յեղափոխութեան»  բրբուրները չեն պայթած կամ եթէ աւելի ռոմանտիկ ըլլալով ըսեմ որ  յեղափոխութեան «վառ ծիրանի գօտին» ամբողջովին չէ պարզուած ընդունելի չէ,  որ Հայ կրօնաւոր մը ծայրայեղութեան երթալով նմանօրինակ  անհիմն խօսքերով  հանդէս գայ:

Այս առումով  արձանգրեմ սակայն որ ուրախալի էր երբ կարդացի Եգիպտահայոց Էջմիածնայ թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի մէկ յայտարարութիւնը (որ լոյսին տրուած էր Հայրենի «Առաջին Լրատուական» կայքին կողմէ ու հարցազրոյցն ալ կատարուած էր լրագրող  Սիրանոյշ  Պապեանի կողմէ) ուր Սրբազանը բաւական  զգուշաւոր ոճով մը  կ'ըսէր ՝«Հարցը բաւական քաղաքական բնոյթ ունի ու մենք բացարձակապէս   չենք խառնվում  քաղաքական խնդիրներին ու վերլուծութիւններին:»Փաստ  է, որ այսպիսի   կիրթ, տեղի եւ հաւասարակշռուած    մօտեցումով կարելի է ապահովել մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը ուր ալ գտնուի ան: 

  • Արաբական աշխարհի սիրտ. Գահիրէ 

Գաղտնիք չէ որ Գահիրէ Արաբական աշխարհի սիրտն է:Արաբի բնորոշումը, անոր կրօնական պատկանելիութիւնէն աւելի   հեռու կ'երթան:Եգիպտացի Արաբը այդ ամբողջական մշակոյթով ապրող, այդ մշակոյթին մէջ  հասակ առած դարաւոր ժողովուրդի մը բնօրանին  զաւակն է:Արաբական աշխարհին  համար  որպէս   ուղղութիւն տուող տէրութիւն Եգիպտոսի դերը անշրջանցելի է ու այդ մասին վկայակոչելու  համար կարեւոր չեն փաստերու ամրագրումը:Արեւելքի  մեծ տատանումներուն, Արաբ- Իսրայէլեան հակամարտութեան,  խաղաղ եւ բարգաւաճ միջին արեւելք կերտելու  նպատակով մեծ եղած է Եգիպտոսի դերը:Անոր քաղաքական ուղին  որ ծնունդ առած է  յատկապէս Ժամալ Ապտըլ Նասէրի շնորհիւ, որ   հիմնեց   աշխատաւորի, գիւղացիի եւ բանուորի  համար բարւոք կեանք պարգեւելու առաջին հանգրուան:Գիւղէն դուրս բերաւ  ապրելու մշակոյթը, կերտեց նոր աշխարհ:Կարողացաւ կրօնը հաշտեցնել  լայիքին ու յաջողեցաւ այդ դերին մէջ:Ապտըլ Նասէրէն ետք Անուար Սատաթ յանուն Արաբականութեան դատին խմեց ամէնէն լեղին բաժակներուն երբ նոյն «Իսլամ Եղբայրներ»ու գնդակով Իսրայէլի հետ խաղաղութեան ծրագիր- համաձայնութիւն  (Գէմբ Տէյվիտ)  մը կնքելու համար   ահաբեկուեցաւ օր  ցերեկով:Ու տակաւին Հիւսնի Մուպարաքի  երկարամեայ իշխանութեան ներքեւ  Եգիպտոս   ապրեցաւ  տնտեսական մեծ նուաճումներու հանգրուան մը:25 Յունուար   2011-ը  շրջադարձային կը համարուի Եգիպտոսի    արդի պատմութեան մէջ   երբ Մուպարաքի արդէն փտած իշխանութիւններուն դէմ պայքարի ելան միլիոնաւոր ցուցարարներ:Մուպարաք   նախազգալով վտանգը զիջեցաւ ու յայտնուեցաւ բանտի ճաղերու ետին:

Մինչ այդ բանտերու ետին բռնադատուած «Իսլամ Եղբայրներ» շարժումի անդամները  անցան իշխանութեան գլուխ:Ու   հազիւ տարի մը տեւած իշխանութիւնէ ետք  Մուրսի  այսօր    կը յայտնուի    դատարանին  ներակայանալու   փաստին առջեւ:

Պարզ է  երկիրը կանցնի լուրջ խմորման  բաւական  տագնապալի հանգրուանէ մը բայց ապահով է որ յաջողութեամբ դուրս պիտի գայ այս փորձաքարէն որովհետեւ  փաստ է որ ունի  կայուն  հասարակութիւն  ու մանաւանդ  իր ժողովուրդին վրայ զէնք ու կապար չտեղացնող բանակային հզօր  ներուժ:

Բանակը  երկրին տէրն է  եւ ստրուկը չէ  իշխանութիւններուն: Այս առումով  Եւրոպայի կամ արեւմուտքի բոլոր    ձեւական ամբաստանութիւնները,  որ իբրեւ թէ բանակը կը ճնշէ ու քաղաքական լծակներուն վրայ ճմշումներ բանեցնելով իշխանութին կը վերարտադրէ պիտի ցնդին  յօդս ու այս շատ արագ:

Եգիպտոսի համար   այս հանգրուանը պիտի յատկանշուի թէ ինչպիսի իշխանութիւններ պիտի գան ղեկավարելու երկրին ղեկը  որ ունի զգօն երիտասարդութիւն եւ ազգային բարձր ոգիով  պատրաստուած բանակ: Հետաքրքրական  հոլովոյթ մը կը սպասէ Եգիպտոսին ու յուսալի է որ այդ մէկը ըլլայ առանց արեան յեղումի: 

Երկրի մը մէջ ուր բանակին պատկանելիութիւնը հողն  ու ժողովուրդն են  այսպիսի արագ զարգացումներով  կարելի կ'ըլլայ ձերբազատուիլ այնպիսի գործիչներէ որոնք  նախագահութեան գահը պիտի շփոթեն իրենց սեփական  ագարակին,   իսկ անտէր ու լքուած ժողովուրդը պարզապէս  չարաշահուելու եւ օգտագործուելու պատրաստ ամբոխին հետ: 

Եգիպտոսի Ժողովուրդը ո՛չ ըսաւ Մուրսիին որովհետեւ  հաւատաց որ առանց Մոհամատ Մուրսիի եւ իր նմաններուն  պիտի յաջողի կերտել նոր օրերու  միջին արեւելեան մեծ նժարին մէջ  վճռորողշ դեր ունեցող երկիր: 

«Ալ թահրիր» հրապարակի խանդավառութիւնը ու բոցավառ գիշերներուն  ճառագայթները հասան  մինչեւ «Սպիտակ տուն» .....

Այսքանը  ապահովաբար իսկ  յառաջիկայի զարգացումները շատ բնական, շատ կենսատու ճանապարհներով  պիտի դարմանեն Եգիպտոսի «Երրորդ յեղափոխութեան» բոլոր վէրքերը եւ ապահովաբար ... առանց Մուրսիներու:                                                                                  

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter