HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Իններորդ ամառը` Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ճամբարում

Անցեալ ութ ամառները յաջորդաբար Արցախի առասպելական Շուշի քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ երեխաների «Արամ Մանուկեան Ճամբարը»։

Գանատաբնակ Այտա Շամլեանի յղացմամբ, ծրագրումով եւ պատրաստութեամբ, անոր ամուսնոյն Հայդուկի օժանդակութեամբ եւ իրենց երկու զաւակների Տեսիլի եւ Պատրոյգի մասնակցութեամբ, այս նախաձեռնութիւնը անցեալ վեց տարիներուն տեղի կ'ունենայ Նարեկացի Արուեստի Միութեան յարկի տակ` անոր Շուշիի համալիրին մէջ:

Երեք շաբաթներու վրայ բոլորուող ամենօրեայ (նեռարեալ Շաբաթ ու Կիրակի) ծրագիրը` մշակոյթի, արուեստի, ազգի ու հաւատքի հիմունքներու վրայ պատրաստուած, կ'ընդգրկէ զուարճալի եւ դաստիարակչական բազմաթիւ խաղեր, մարզական բազմատեսակ զբաղումներ, մշակութային արտայայտութեան պահ, ճաշ, խաղի ձեւով գիտական փաստարկումներ, շարժանկարի ներկայացում եւ ձեռային աշխատանքներու եւ գեղարուեստի յատուկ ու ճոխ բաժին մը։  Ճամբարի աւարտին, Գանատայէն տարուած ու յայտագրին ծառայող ամբողջ մթերքը լիովին կը բաժնուի երեխաներուն։ Իսկ անոնք ամէն օր, իրենց ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներուն հետ, իրենց տուները կը տանին նաեւ ճամբարի ընթացքին իրենց սարքած ձեռարուեստի իւրայատուկ գործերը։

Յուլիս 15-էն ի վեր Շուշիի Նարեկացի Արուեստի Միութեան համալիրին մէջ յաջորդական իններորդ տարուայ համար դարձեալ  ընթացքի մէջ է «Արամ Մանուկեան» ամառային մանկական Ճամբարը, Այտա-Հայդուկ Շամլեանների նախաձեռնութեամբ, կազմակերպութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի բազմաթիւ անդամների նշանակելի զօրակցութեան, առանց որու անհնար կ'ըլլար շարունակել եւ այս աստիճան ընդլայնել այս առաքելութիւնը, զայն վերածելով հիմնարկութեան : Այս տարի սոյն Ճամբարին կը մասնակցին 370 երեխաներ եւ պատանիներ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար`  http://www.shoushisummercamp.org  

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter