HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Նահանջէն դուրս ցատկելու պահը. Շահան Շահնուր

Շահան Շահնուր արեւմտեան Հայաստանի վէրքէն դուրս աճած յոյսի մեծ կաթիլ էր: Ան, ով ճանչցաւ վէրքին սկիզբը: Ան, ով հասկցաւ, որ իր փոքր ածուին ներքին ուժին հանդէպ ունեցած անհասկնալի անհնազանդութիւնէն կը բխէր վաւերական վէրքը:

Աքսորի տեղերու եւ թափառական աշուղներու անունով հերոսներ եւ ոչ հերոսներ Փարիզի շէնշող մայթերուն վրայ ամէն օր, կորուստի ու ողբի մէջէն քալելով, ուզեցին փրկել իրենց լեզուն:

Հիմա նստած` Շահնուրի աչքերուն կը նայիմ. անոր հեռուին, անոր պայքարելու կամքին, անոր ողբին եւ լեզուն պահնպանելու ուժին կը նայիմ:

Ան էր չէ, որ հայերէն իր տետրերը նետեց մէկդի ու յայտարարեց, որ յետ այսու Արմէն Լիւպէն եմ ես: Սկսաւ Ֆրանսերէն գրել: Գրեց արձակ, գրեց պատմուածք ու նօթ: Տպագրուեցաւ ֆրանսական տարբեր թերթերու կողմէ: Անոր արարքը ուրացումի փորձ էր: Փորձ էր հեռացման բայց ընթացքին թելը պիտի կտրուէր, ու Շահնուր պիտի վերադառնար նոյն «Յառաջ» թերթին գիրկը աշխարհին ըսելու, թէ «լեզուն, որ իմ մէջ կը բնակի, թոյնի սերմին պէս է, կարմիր սուտակ է, որ չի քայքայուիր զօրեղ հողմերուն ու հասնող փոթորիկներուն առջեւ»: Չի պարտուիր լեզուն եւ չունի տեղ ու կայք: Չունի խարիսխ ու հող, չունի նաւանագիստ: Այդ լեզուն էր որուն համար Շահնուր գրեց իր մեղակայանը, ու ինչքան ցաւը կը մեծնար իր ողնայարի ոսկորներուն մէջ, ինչքան իր ողնայարի օղակներուն վրայ բուսած ախտը կը հալածէր զինք, այդքան վաւերական կը դառնար անոր բառին իմաստը:

Ամէն յարմար առիթի փնտռեց Հայաստանը: Գտաւ իր Հայաստանը ու բնակեցաւ անոր վէրքերուն, անոր «սովետական սիրոյն» մէջ: Մտածեց, որ հայրենիքը պիտի չկերտես քու չափերուդ համաձայն, այլ զայն պիտի գրկես ինչպէս որ կայ:

1995-ին Փարիզ հրապարակուած եւ Շահնուրի կարգ մը գրական  գործերն ու յօդուածները ամփոփող «Սիրտ Սրտի» հատորին «Բանտարկուած թռչուն»ը հզօր նախաբանին մէջ այսպէս կը գրէ Փարիզեան  նոյն արեւուն տակ փայլող այսօրուան գրականութեան քուրմը՝ Գրիգոր Պըլտեանը՝ «Փաստօրէն Շահնուր շատ լաւ գիտէ որ գրելը, մանաւանդ այն մէկը, որ Անահիտին եւ աստուածներուն օգնութիւնը կը հայցէ, այն մէկը որ յուսախաբ կը շրջէ իր սլաքը եւ  կը տեղափոխուի ըմբոստութեան կալուածին, տարուած է «սատանայութիւնէ» մը: Արդեօք կը վարանի՞ ըսելու,   որ գրելը մահուա մէկ ցանկութեան իրագործումն է, այն որ կ'առնէ բրտութեան ճամբան: Սատայնայութիւն եւ սատականութիւն այնքան ալ հեռու չեն իրարմէ»:

Այսպէս սատանայութիւնէ մղուած գրելու իր արարքը Շահնուր տարաւ ուրիշ հարթութեան, ուրիշ ըլլալու կերպի: Ան չուզեց մեռնիլ, ու նոյնիսկ երբ Պըլտեան  գրելու Շահնուրեան արարքին մէջ մեռնելու նոր ձեւի մը մասին կը խօսի Շահնուր իր ամբողջ էութեամբ կը հերքէ մահուան այդ  գաղափարը:

Իր ամէնէն ծայրայեղ քննարկումներուն մէջ Շահնուր կը հերքէ իր տեսակին մեռնելու մասին բոլոր վերագրումները: Կը ջղայնանայ, կը հերքէ, բառերուն ներուժով կ'ուրանայ, նոյնիսկ մեր երեսին կը շպրտէ իր ջղայնութիւնը: Բայց այս ամբողջէն ետք առիթ կ'ուտայ որ նորէն յառնենք իրմով: Կը հերքէ Նարեկացին, բայց միեւնոյն ժամանակ աղօթքի կը կանչէ անոր ողբը: Կը հերքէ իր լեզուն՝ հայերէնը, բայց միեւնոյն ժամանակ գիտէ, որ ամէնէն ապահով  բնակարանն է իր լեզուն:

Արեւմտահայոց գունագեղ եւ թոքախտէ տարուած, աղէտին ու մահուան կրակներուն միջեւ կանգնած լուսաւոր գրականութեան  լեզուէն ետք կը խօսի նոր լեզուով մը: Բառը եւ աղօթքը կը լռեն իր համար: Բառը եւ աղօթքը կ'աւարտին իր համար: Ան բարձրաձայն կ'ուզէ Պոռալ: Ու քանի-քանի տարիներէ ի վեր իր «Նահանջը առանց  երգի» վէպէն ի վեր կը պոռայ:

Արեւմտահայոց շփացած սրահներուն եւ անոնց շէնշող պալատական կեանքին վրայ կը պոռայ: Անոնց փարթամ հագուստներուն, սիգաճեմ քալուածքին ու ճոխ սեղաններուն վրայ կը պոռայ: Կը պոռայ անոնց ճմռթկուած սիլիքոնէ միսերուն ու կլորներու վրայ, անոնց կիսադէմքերուն, անոնց սուտ հայրենսիրութեան ու գինով, ան Քրիստոս  աղօթքներուն վրայ: Ու դեռ պիտի պոռայ:

Հայոց աքսորեալ գրականութեան Չարենցի տեսակն է Շահնուր, որ գոյակցական ըմբռնումի, կեանքի վերիվայրումներուն եւ իր խենթութեան պահերուն առաւել եւս չանցաւ գիրի ու թուղթի սահմանէն անդին: Եթէ Չարենց իր վայել տեսակով քանիցս փրկուեցաւ վտանգներէն ու զինք հալածող ահագին մեղքերէն դիմելով կամ պատահաբար հանդիպելով օրուան` «Կարմիր Հայաստան»-ի կարմիր ձեռնոց դրած ազգակերտ գործիչներու հոգատար վերաբերմունքին, անդին Շահնուր չդիմեց  Ֆրանսայի պալատական գործիչներուն, որովհետեւ ան գիտեր, որ փրկիչ չունի Փարիզի մայթերուն վրայ: Ու հակառակ  իր մաքառումներուն եւ  իր շքեղ բառին` Զարդարեանի որդիներն էին, որ օրը ցերեկով յարձակեցան վրան ու հարուածներ հասցնելով` գետին նետեցին զինք: Շահնուր չմեռաւ, բայց այդ ցաւը գրկած ապրեցաւ մինչեւ վերջ:

Շահնուր իր պատերազմը յաղթանակած է ու վստահ եմ, որ «Արարատ  ունենալ-չունենալու» տեսակէտէն շատ աւելի հիմնական է անոր բողոքի ձայնը: Ի վերջոյ, ո՞վ էր, որ պիտի կրնար կիզուիլ իր տեսակի ցաւով, ո՞վ էր, որ պիտի կրնար արարուիլ այդ ցաւով, եթէ ոչ մէկը, որ իրօք իսկական Արարատ ունէր իր հոգիի ամէնէն խորունկներուն մէջ: Շահնուր իր դիրքը նուաճած է ու պարզ է, որ իր վէպը, իր պոռալուն կը նմանի, որ սրածայր գամի պէս կը մտնէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս մարմնին մէջ (չէ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կ'ապրի Քրիստոս մը)` պատրաստելու համար մեզ  փրկախօսութեան եւ փրկութեան մեծ պահին:

Խօսելով գրելու արարքին մասին` Շահնուր իր «Յարալէզներու դաւաճանութիւն»ը գործին մէջ այսպէս կը գրէ (վերագրումը վստահ ուղղուած է իր անձին)՝ «Գրելը իրեն համար կը նշանակէր եթէ ոչ միշտ չարութիւն, պիղծ կիրք, սատիզմ, գոնէ հաղորդակցութիւն մը ուժերու հետ, որոնք ոչ հակաշռելի եւ ոչ ալ վստահելի: Գրելը իրեն համար ոչ միայն կը նշանակէր անսահման մեծամտութիւն, այլ նաեւ սատանայութիւն: Իրեն համար կը նշանակէր անվերջ ստախօսութիւն մը, որ կրնար գեղեցիկ ըլլալ, բայց ինք պիտի չկրնար ընել գեղեցիկ, քանի որ ինքզինքը անկարող կը զգար տալու իր ըմբռնած լաւագոյնը, բարձրագոյն գեղեցիկը ...» («Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» Էջ 267):

Շահնուր կը հաւատայ, որ բնաւ չէ կրցած հասնիլ անդրագոյն  բառի ստեղծման հզօր պահին, բայց իր ապրած ու ժառանգած ցաւէն ու վէրքէն դուրս նետուելու փորձին մէջ յաջողած է :

Այսօր 110 տարիներ ետք խոհեմ, շիտակ, անկաշառ հայացքով  կը վերադառնայ մեզի: Իր համար աւելորդ են բառի փշրանքները կամ ժամանակի, տեղի ու պարագայական տարբերութիւնները: Շահնուր հանգիստ կը նստի իր գիրքերուն մօտ, կը նայի իր պատմական աչքերով, կը նայի իր վէպին հոսող հերոսներուն աչքերով ու կը բացականչէ: Առանց բառ մ'իսկ արտաբերելու իր ճերմակ բերանէն:

Արդէն հարիւր եւ տաս տարի կը պոռայ Շահնուր ու պիտի շարունակէ պոռալ այնքան ատեն, որ մեր երգերուն մէջ նահանջի նոյնիսկ փոքր խազ մը տեսանելի է: Պիտի պոռայ Փարիզէն, Պէյրութէն ու Երեւանէն: Պիտի պոռայ իր  սիրելի Պոլսէն ու  շարունակէ լսելի դարձնել իր  բառը: Այն բառը որ Փարիզեան աքսորին ամէնէն  քամահրոտ մայթերուն քսուեցաւ, բայց  հայհոյանք չդարձաւ: Պիտի շարունակէ պոռալ  Շահնուր  այնքան ատեն, որ մեր թախիծին փաթթուած հոգիներուն մէջ նահանջէն  անդին քայլ մը ցատկելու կարիքը կայ: Ու այսօր ալ ցատկելու եւ առանց նահանջի երգելու կարիքը կայ:

Յ.Գ. Ամէն անգամ, որ Շահնուրի մասին գրելու ելլեմ, մտքիս մէջ Վ. Շուշանեանի «Մարդ Մը Որ Արարատ չունի իր հոգիին խորը» նսեմ գրութիւնը  կ'ուգայ, ու զարմացումս կը մեծնայ, թէ ինչպէս  գրչակներ եւ պարոն մտաւորականներ այդ գործին ետին պահուընտելով կը փորձեն ցեխ շպրտել Շահնուրի վրայ: Եպերելի են բոլոր փորձերը, պարոնայք, թողենք երկու մեծերը իրենց վէճերուն մէջ ... Անոնք անմահութեան լուսաւոր ուղեծիրին վրայ են: Հանգիստ թողենք երկու տառապեալ մեծերը.... 

Մեկնաբանություններ (6)

Մլեհ
Ապրի՛ս Սագօ: Մեր արևմտահայ գրականութեան ամենաիրապաշտ և իրաւ երախտաւորին մասին նման ոչ պակաս իրապաշտ ու որդիական մոտեցումովդ աւելի ու աւելի բարձրացար աչքիս: Շուշանեանի յիշածդ գրութիւնը ո՛չ միայն նսեմ է, ճղճիմ, փոքրոգի, այլև` մեծ մեղանչում Շահնուրի անանէծք և անհայհոյանք զգուշացման ղողանջներուն նկատմամբ: Մեր ժողովուրդի Եղիշէ, այլ ոչ թէ` Խորենացի, Վարդան, այլ ոչ թէ` Վասակ, Սիամական երկուորեակներ, այլ ոչ թէ` ԼՏՊ, Զօրի, այլ ոչ թէ` Վանօ գնահատող գենետիկ տկարամտութիւնն է (ռոմանտիզն կ՛ըսեն) որ Շահնուրի նկատմամբ նոյնպէս չգնահատող և անարդար վերաբերմունքով ինքն իր փոսը տակաւ կը փորէ:
Մլեհ
Հատ մըն ալ երևի ես ինձ ուղղեմ: Մեր ժողովուրդը ոչ թէ Սիամական Երկուորեակներ կը գնահատէ, այլ կը վախնայ անոնցմէ, կը հանդուրժէ անոնց ու մէկ-մէկ ալ սեփական ձայնն ու երեխաներուն ապագան մի քանի մանէթով կը ծախէ անոնց (իմա` սիամականներուն): Մեր ժողովուրդը, մանաւանդ արտերկրի մէջ, կը սիրէ ու կը գնահատէ Իսթամպուլը գիշեր ու զօր արեան ծով դարձնողներուն, Սևրէ ու Ծովից-ծովէ ճամարտակողներուն, այլ ոչ թէ` Իրական Հայրենիքի իրական սահմանները իրողապէս ընդլայնողներուն: Վստահ եմ որ միտքս լաւ հասկցար Սագօ ջան:
Խաչատուր Տէրտէրեան
Շնորհակալութիւն հրաշալի հօդվածի համար: Միայն թէ ինձ թոյլ եմ տալիս ուղղագրական (երեւի վրիպակ է, բայց երկու անգամ կրկնւում է) մի սխալ մատնանշել. «առիթ կ'ուտայ» - «նսեմ գրութիւնը կ'ուգայ». Պէտք է լինի «կու տայ», «կու գայ»:
Bakour
Շահնուրը ինձ հայտնի էր, սակայն Սագօն վերստին բացահայտեց: Ինձ համար հոդվածում Սագօյի բացահայտումն էր նորությունը, նրա սերը, հարգանքը, պարտքի զգացումը... Հիմա այնքան եզակի են նման ակնարկները... Ապրես, Սագօ ջան, կուզենայի քո պատմվածքներին ծանոթանալ:
սագօ արեան
Շնորհակալութիւն խաչատուր ջան Ուշադրության համար:Մենակ թէ Հոդված բառն էլ դու Ուղղիր:
Խաչատուր Տէրտէրեան
Մի սխալ էլ ես եմ արել՝ յօդուած

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter