HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պէյրութ. պայթումներու նոր հանգրուան մը

Հինգշաբթի 15 օգոստոսի 2013–ի  երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձանի «Ալ Րուայս»  թաղմասին մէջ որոտացած պայթումին  արձագանքները տարուծուեցան ոչ միայն Լիբանանի տարածքին, այլ միջին արեւելքի հետ կարեւոր առնչութիւններ ունեցող  կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ: Երեսունի հասնող զոհեր եւ աւելի քան երեք հարիւր վիրաւորներ: Ամբողջ թաղամաս մը կը յայտնուէր աւերակուած վիճակի մէջ ու «Հըզպալլա»ի համար խիստ ռազմավարական կերոնատեղին համարուող հարաւային արուարձանի այդ շրջանը ուժգնօրէն կը ցնցուէր:

Վերջին ամիսներուն Լիբանանեան քաղաքական «մելոտրամայի» հետեւող ցանկացած  մարդ, եթէ քիչ մը վերլուծողի դերին մէջ դնէ ինքզինք անսպասելի պիտի պիտի չհամարէ նմանօրինակ  յարձակում մը Պէյրութի մէջ: Բայց զոհերու այսքան մեծաթիւ ըլլալն է, որ խաղի օրէնքները փոխելու նոր ճիգով մը կը լեցնէ շաբաթներ առաջ «Պիր Ալ Ապտ»ի մէջ տեղի ունեցած եւ հինգշաբթի օր արձանագրուած պայթումին միջեւ առկայ պարապը: Քաղաքական կեանքը տնօրինող բոլոր կողմերուն համար նման պայթում մը լաւագոյն առիթ է անգամ մը եւս դիրքաւորուելու եւ իւրաքանչիւրը իր խրամատին մէջէն նոր որակի կրակներ տեղացնելու իրեն հակառակորդ կողմին վրայ:

Պայթումին «Թայմինկ»-ը սակայն շատ բան կը մատնէ, որ զայն ծրագրող կողմը լաւ գիտէ խաղին կանոնները: Պայթումը եթէ աւեր ու մահ կը տարածէ, ապա նաեւ քաղաքական եւ ապահովական «մէսաժ» մըն է: Ուշագրաւ է նաեւ, որ «Հըզպալլա» այդ օրը կը նշէր եօթ տարիներ առաջ իր համար կարեւոր «յաղթանակ» նկատուած 2006 թուականի «Յուլիսեան պատերազմ»- ին աւարտը, որ խաղաղութեան նոր փուլ մը պիտի բանար Լիբանանին համար եւ պիտի ամրագրուէր ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումով:

Իրօք «յաղթանակ»- ի արդիւնք է՞ր 2006 թուականի 14 Օգոստոսին ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարը  թէ աւերակուած Հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ  Իսրայէլեան բանակին կողմէ կատարուած մեծ ոճրագործութեան մը պատկերն էր ատիկա:Վառօդի, արեան ու մահուան այդ ընդհանուր պատկերը  շատ մը Լիբանանցիներու համար բնականաբար պիտի չընդունուէր որպէս  յաղթանակ:

Լիբանանի վերջին շրջանի  պատմութեան մէջ եթէ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի անարգ սպաննութիւնը կը փոխէր Լիբանանեան ժամանակի սլաքներուն ուղղութիւնը  ու երկիրը արագօրէն կը տանէր դէպի անկում ապա պատերազմի ահաւոր ցնցումները տակաւին Լիբանանցիներուն ականջներուն մէջ էին: Որեմն վերադառնալով պատերազմի շղթային ու «Հըզպալլա»- ի Լիբանանեան դիմադրողական շարժում ըլլալու երեւոյթին` կարելի է հաստատել երկու կարեւոր կէտ:

Ա. Որ «Հըզպալլա» այսօրուան դրութեամբ դադրած է ներքին դիմադրական ուժ ըլլալէ յատկապէս 2008 թուականի Մայիս 7-ի տխրհառչակ դէպքերէն ետք: Այդ թուականին էր, երբ «Հըզպալլա», իր զինուորական ուժը ցուցադրելով, փորձեց քաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել: «Հըզպալլա» զինուորական լայն գործողութիւններ կատարելով յատկապէս Պէյրութի Սիւննի թաղամասերուն եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի հովանիին ներքեւ գտնուող Տիւրզի  Լեռնալիբանանի վրայ փորձեց նոր կացութիւն ստեղծել: Դէպքերէն քիչ անց տագնապին քաղաքական հանգուցալուծում տալու նպատակով «Տոհա»-ի մէջ Սէուտական Արաբիա-Քաթար-Իրան քառեակին «օրհնութեամբ» տագնապին տրուեցաւ նոր երեւոյթ:

Քաղաքական տագնապը չլուծուեցաւ, բայց մասնակից կողմերը հասկցան իրենց համար «սահմանուած»  սահամաններն ու գործողութիւններուն տարողութիւնը: Բայց տխուր էր, որ ամիսներ անց նոյնիսկ նախագահ  Զօր. Միշէլ Սլէյմանի ընտրութիւնէն ետք  «Հըզպալլա»  համաձայնութեամբ ամրագրուած «քաղաքական հրադադար»- ին վերջ տուաւ ու պարտադրեց իր հաշիւներուն ու շահերուն  հետ համահունչ կառավարութեան մը ստեղծումը, որուն վարչապետը՝ Նէժիպ Միքաթի չորս ամիսներ առաջ  իրավիճակի «անկառավարելիութեան» պատճառով տուաւ իր հրաժարականը:

Բ. Համալիբանանեան ըմբռնում է, որ Լիբանանեան Շիիթ (առաւելապէս) համայնքի զաւակներէն բաղկացած «Հըզպալլա»-ն իր առաջնորդին կողմէ կատարուած բացայայտ  յայտարարութեամբ զինեալ ջոկատներով կը մասնակցի Սուրիոյ պատերազմին ու մահ ու կենաց կռիւ կը մղէ յանուն Ասատեան վարչակարգին: Այս իրողութեան դիմաց «Հըզպալլա» դարձաւ քաղաքական մեծամասնութեան մը քննդատութեան թիրախը ու վերջերս նոյնիսկ անոր հաւատարիմ դաշնակից երեսփոխան Միշէլ Աունըն յայտնեց, որ այդքան ալ ուրախ չէ Սուրիոյ տագնապին մէջ մխրճուելու «Հըզպալլա»-ի դրուածքով:

Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ «Հըզպալլա» չի մոռնար ամէն առիթի Իսրայէլի դէմ իր ունեցած «հրովարտակները» լսելի դարձնել, որոնցմէ վերջինը «Լապունէ» սահմանային շրջանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպն է, ուր չորս Իսրայէլացի զինուորներ սպաննուեցան:

Ուրեմն «Հըզպալլա»-ն երեք ճակատներու դէմ պիտի պատերազմի, ու բացառուած չէ, որ ներքին քաղաքական ճակատը դիմափոխուի ու դառնայ զինուորական ճակատ: Ու ծայրայեղութիւն պիտի չըլլայ ըսել, թէ վերջին պայթումը այդ «զինուորական» ներքին ճակատի առաջին ահազանգն է:

Աչքաթող պէտք չէ ընել նաեւ Սուրիոյ ընդդիմութեան «Հըզպալլա»-ի դէմ  արձակուած քննադատութիւնները, որոնք շատ յաճախ սպառնալիքի «թոն»-ով լսելի կը դառնան:

Դէպքէն անմիջապէս ետք Լիբանանցի վերլուծաբան եւ լրագրող Ալի Ամին (որ պատկանելիութեամբ Շիթթ է) բաւական ուշագրաւ վերլուծում մը կատարելով («Էմ. Թի. Վի.» կայանէն) ըսաւ, թէ եթէ ընդունինք, որ պայթումը Իսրայէլեան ձեռագիր կը կրէ, ապա իր կարծիքով «Հըզպալլա» յառաջիկայ օրերու կրնայ պատասխան մը տալ Իսրայէլին: Ալի Ամին նաեւ չբացառեց, որ դէպքը պատրաստուած ու գործադրուած է «Ալ Քահիտա»-ի կողմէ ու այդ պարագային իրավիճակը կրնայ աւելի սուղ նստիլ «Հըզպալլա»ի համար:

Ալի Ամին, աւելի անդին երթալով, նկատել տուած է, թէ «Հըզպալլա»-ի ընդհանուր քաղաքական որոշումը կապուած է Իրանի հետ, ու Իրան յատկապէս այս հանգրուանին պատրաստ չէ Սուրիոյ խնդրով զիջումներու երթալու: Այսինքն «Հըզպալլա»  վճռած է մինչեւ վերջին շունչ կռուիլ յանուն Պաշշար Ասատի ու բոլոր Լիբանանցիներուն ըսել, թէ Իրանի շահերը աւելի առաջնահերթ են քան ամբողջ Լիբանանն ու անոր անվտանգութիւնը: Այս սուր իրավիճակին մէջ դժուար թէ նշակեալ նոր վարչապետ Թամմամ Սալամ յաջողի նոր համաձայնական կառավարութիւն ստեղծել, որովհետեւ 14 մարտի քաղաքական ուժերուն համար նախապայմանը ոչ միայն «Հըզպալլայ»-ի ջոկատներուն Սուրիայէն քաշուիլն է, այլ ընդանարապէս չէզոք ու ոչ քաղաքական կառավարութոիւն մը ստեղծելը, որ պիտի փորձէ երկիրը հեռու պահել սուրիական կրակներէն: 

Սիւննի աշխարհը վճռած է, որ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ իշխանութիւնէն ու այդ առումով հարկ եղած զինամթերքն ու նեցուկը կը տրամդրէ Սուրիոյ ընդդիմութեան: Եթէ նոյնիսկ Ռուսիոյ եւ Իրանի ամբողջական նեցուկին վրայ յենելուվ՝ Պաշշար Ասատ   յաջողի իշխանութեան վրայ մնալ, երեւելի է, որ նոյն ձեւաչափով պիտի չյաջողի կառավարել երկիրը: Մօտիկ անցեալի  կեդրոնական զօրեղ իշխանութեամբ Սուրիան կը պատկանի պատմութեան: Բայց այս իրողութիւնը արդեօ՞ք երեւելի չէ «Հըզպալլա»-ին, որուն առաջնորդ Հասան Նասրալլա դեռ քանի մը օր առաջ (պայթումի դէպքէն միայն մէկ  օր ետք) յայտարարեց, որ նոյնիսկ ինք պատրաստ է Սուրիա երթալ պատերազմելու համար Պաշշար Ասատի կողքին:

Ինչպէս կարելի է պայքարի կողնացոյցը այս արագութեամբ փոխել ու նոյնիսկ շփոթ  առաջացնել: Պաղեստինի ու Երուսաղէմի պայքարին նուիրաբերուելու գաղափարական պատկանելիութեամբ «կայացած» «Հըզպալլա»-ին համար այսօր Սուրիան դարձած է  վախճանական նպատակ: Բնական է, որ Շիիթ համայնքին մէջ եւս շուարումի, շփոթի եւ բողոքի որոշ նախանշաններ կարելի է նկատել, բայց այդ մէկը հանրութեան համար երեւելի չի դառնար, որովհետեւ ուժեղ եւ կեդրոնական ու կրօնական հովանիով գործող «Հըզպալլա» յաջողած է իր ցանցային աշխատելաոճով իր վերահսկողութիւնը տարածել ամբողջ Շիիթ համայնքի խօսքին ու ձայնին ու կեցուածքին վրայ:

Գաղտնիք չէ, որ յետ այսու Իրաքի ու Լիբանանի Շիիթները յայտնուած են լուրջ տագնապի մը մէջ: Ու զարմանալի չէ, երբ Սիւննի-Շիիթ հակամարտութեան առաջին հանգրուանը արդէն բաց յայտարարուած է:

Այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ կարելի չէ պատկերացնել, որ Լիբանանի մէջ կնքուի նոր հաշտութիւն կամ «քաղաքական հրադադար»: Լիբանանի համար քաղաքական եւ ապահովական կայութիւն ստեղծելու բոլոր նախադրեալները կապուած են Սուրիոյ տագնապի զարգացումներէն: Եթէ Ասատ հեռանայ իշխանութիւնէն, բացառուած  չէ, որ «Հըզպալլա» փորձէ նոր իրավիճակ ստեղծել Լիբանանի մէջ, իսկ եթէ մնայ իշխանութեան վրայ (բան մը որ անկարելի է) Լիբանանի առջեւ կարեւորագոյն  հանգրուանի մը սկիզբը պիտի դրուի, ուր ապահովական կղզիներու մէջ աճած իսալմիստական խմբակցութիւններ (յատկապէս «Արսէլ»-ի եւ Թրիփոլի մէջ աճած) պիտի փորձեն, հակազդեցութիւններ կատարելով, նոր իրավիճակ մը ստեղծել:   

Վերջին օրերուն պարզորոշ է, որ երկու ղեկավարներուն (Հարիրիի եւ Նասրալլայի) արտայայտած մտքերուն եւ խօսքերուն մէջ կը բացակային առաջադրուելիք լուծումներու հիմնական առաջարկները, բայց յառաջիկայ օրերը շատ բան կրնան ըսել այս տագնապին ունենալիք յառաջիկայ ընթացքին մասին:

Չէ բացառուած, որ երկու կողմերուն կողմէ արտայայտուած իրերամերժ կեցուածքները արագօրէն կրնան ձեւափոխուիլ, որովհետեւ «Հըզպալլա» լաւ գիտէ, որ առանց Սիւնի չափաւորական գործընկերոջ մը անկարելի է ապահով կերպով դիավարել Լիբանանի մէջ:

Աւարտին կը մնայ հարցումը. արդեօ՞ք «Հըզպալլա», Պէյրութի մէջ կատարուած պայթումին նամակը ստանալով, պիտի մտածէ  իր ունեցած եւ անգործածելի դարձուցած քաղաքական կամուրջները (յատկապէս չափաւորական «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի Սիւննի առաջնորդ Սաատ Հարիրիի հետ) վերականգնել, որպէսզի Լիբանանը զերծ  պահէ յաւելեալ վտանգաւոր զարգացումներէ:

                                                                                          

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter