HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Ժագլին Չէլիք. «Թուրքերը այսօր հանգիստ չեն»

Հայաստանն ու Սփիւռքը կ'ակնկալեն որ Թուրքիոյ մէջ հայագիր գրողներու նոր սերունդ մը հասնի:Կը մտածեն այդ մասին-շատ քիչ ատեն կը խօսին այդ թեմայով ու երբ այսօրուան իրականութեան զառնուին յանկարծ կը լռեն ու կը մարի ամէն հետաքրքրութիւն:

Զահրատեան փայլուն շրջանի (Զահրատեան կ'ըսեմ որովհետեւ 1950-ականներէն սկսեալ առաջատար գրականութեան մը վերջին մոհիկաններէն եղաւ նոյնիքն Զահրատ որուն անունով պիտի մկրտուի ամբողջ սերունդը) գրական նուաճումներէն ետք այսօր կը դժուարանանք ըսելու որ Պոլսոյ մէջ արդի  Հայ գրականութիւնը  նոր եռանդով կը գործէ ու կ'ապրի: 

Այսօրուան մոխրագոյնի հասնող պատկերին դիմաց նոր երեւոյթ մը ակներեւ է: Թրքագիր Հայ գրողներու խումբ մը արդէն երեւելի է Պոլսոյ մէջ: Ըսեմ որ այստեղ    անոնց ամբողջական ցուցակը նրկայացնելու  յաւակնութիւնը չունիմ: Այս առումով  տխուր է որ այդ գրողներուն հետ որեւէ անմիջական կապ ալ չկայ: Աւելին անոնց գործերուն, գրած  վէպերուն կամ գիրքերուն մասին կը պակսին  ստոյգ տեղեկութիւններ կամ թարգմանութիւններ: Պիտի սպասենք որ ճանաչումի հասնին ու յետոյ նոր թարգմանենք զանոնք: Ցաւօք  այդպէս է: 

«Կ'ուզէի դերասան  ըլլալ. Բայց չեղաւ» : Այսպէս կը սկսի զրոյցս Պոլիս բնակող թրքագիր հայ գրող Ժագլին Չէլիքին հետ որուն համար գրականութիւն ընելը Թատերական գործ մը պատրաստելու եւ ներակայցնելու նման բանի մը վերածուած է: Ժագլին կ'ըսէ ՝«Երբ դերասան ըլլալս անկարելի դարձաւ տարիներ յետոյ գրելը թատերական գործ մը ներկայացնելու պէս բան մը եղաւ: Հիմնական պատճառը սա էր բայց նաեւ կար այլ երեւոյթ մը. կ'ըզգայի որ  բաներ, ըսելիքներ ունէի որոնց մասին կ'ուզէի բարձրաձայնել որպէսզի ուրիշներն ալ լսեն: Գրելով կրցայ իմ ներսս եղող ձայնը լսել ու լսելի դարձնել:Այս ալ շատ կարեւոր բան մըն էր ինծի համար»: Կ'եզրակացնէ խօսակիցս որ Երեւան եկած էր անցնող Յուլիսին մասնակցելու՝ օտարագիր հայ գրողներու հերթական դարձած 9-րդ խորհրդաժողովին:Ժագլինի անունը  քիչեր գիտէին ու տխուր է որ մինչեւ օրս անոր գործերը  հայերէնի չեն թարգմանուած:

 Դուն արդեօ՞ք հայ գրող ես թէ թուրք հարցումիս Ժագլին Չալիք կը պատասխանէ «Այս մէկը բնաւ կարեւոր չէ որովհետեւ միշտ ալ կ'ըլլան պայմաններ ուր կը մտածես ինքնութեանդ մասին»: Այս իրավիճակը բացատրու բացատրելու համար Ժ. Չէլիք  պատմեց թէ երբ քանի մը տարի առաջ մեկնած էր Գերմանիա գրողներու հաւաքի մը մասնակցելու (Եւ Թուրքիան ներկայացնելու)նոյն խորհրդաժողովի օրերուն  թրքական  որոշ թերթեր հարց տուած են թէ արդեօք ճիշդ է՞ որ հայ կին գրող մը եւ այլ հրեայ (Րոնի Մարկուլէս) գրող մը ամբողջ Թուրքիան ներկայացնեն Եւրոպայի մէջ:

Ժագլին նաեւ կը պատմէ,  թէ զինք կը ներկայացնեն որպէս  հայ կնիկ- գրող մը (բառերը իրն են) եւ բարձրաձայն կը սկսի խնդալ: 

 Պոլիս ծնած Չալիք հեղինակ է չորս գիրքերու որոնցմէ վերջինը վէպ մըն է որ կը կոչուի «Ցասումի խրախճանք» եւ տպագրուած է 2011-ին: Ժագլին վէպին մասին խօսելով կ'ըսէ թէ «Ես բնաւ չէի մտադրած նման վէպ մը գրել որովհետեւ չէի ուզեր «Բոբիւլստական» -ամբոխավարական Ս. Ա.-նիւթի մը  մասին գրել:»

Նշենք որ վէպը 1915-ի թուականի ընթացքին տեղի ունեցած   «տխուր դէպքերուն» մասին  է  եւ Ժագլին պատմեց թէ,  իր մօտ վէպ գրելու գաղափարը ծնաւ այն պահուն երբ Ամերիկեան առողջապահական մարմիններուն կողմէ պատրաստուած վաւերագրական տեսանիւթ մը կը նայէր: Տեսանիւթը  գիտական փորձի մը մասին էր,   ուր մուկերուն  յատուկ պայմաններ կը ստեղծուէին ու անոնց  թոյն կը տրուէր փորձարկման նպատակով: Փորձի աւարտին  ի յայտ կու գար որ մուկերը  ամէն անգամ որ վանդակին մէջ իրենց համար դրուած թոյնին կը հանդիպին  միասնաբար կը սկսին  պոռալ: «Այս պատկերը գործածեցի վէպիս մէջ»Կ'ըսէ Ժագլին աւելցնելով, որ ««Ցասումի խնջոյք»ը   վէպիս  մէջ կայ նկարագիր մը որ մուկ է եւ այդ մուկը  կ'ապրի  երեք սերունդներու միջեւ ու վէպին ամբողջ երկայնքին ժամանակի որոշ «Ֆլէշպէք» մը կայ»:Ժագլին նաեւ կ'ըսէ թէ իր վէպով  ուզած է բացատրել,  թէ  մէկ հոգիի  ցաւը իմանալով կարելի կ'ըլլայ  նաեւ ամբողջ  զոհերուն հոգեվիճակներուն հիմնական ծալքերը բանալ:

Ժ. Չէլիք չի թաքցներ որ ինք  որպէս թուրքիոյ քաղաքացի երբեմն կը զգայ որ ծանր բեռ մը կայ իր ուսերուն վրայ եւ այս առումով կ'ըսէ «Մեր միջեւ պատեր կան»: Ժագլինի համար նաեւ լուրջ խնդիր է համաշխարայնացումը որ իր կարծիքով ունի դրական եւ ժխտական  կողմեր:

Չէլիք կը պատմէ որ  Թրքական  լրատուական աղբիւրներ շատ յաճախ զինք կը կը հրաւիրեն հայութեան խնդիրներուն մասին խօսելու ու ինք միշտ  կը մերժէ այդ հրաւէրները եւ ջղայնացած թոնով  կ'ըսէ ՝«Ինչու ես պիտի խօսիմ թող իրենք խօսին»: 

Բնական է որ Ժագլինի  հետ պիտի խօսէի նաեւ Հայաստանի մասին: Անոր երրորդ գալն է  այստեղ ու ան երկրի ապագային մասին խօսելով փափաք կը յայտնէ որ Հայստան ի վերջոյ բոլոր հայերուն «վերջին տուն»ը դառնայ: Գրողին համար գերագոյն խնդիր է որ  որ Հայաստանը ըլլայ այնքան մը հզօր որ «Մեր բոլորին վերջնական տունը ըլլայ. Եւ ինչպէս Իսրայէլը հզօր է, նաեւ Հայաստանը հզօր պէտք է ըլլայ»: Կ'եզրակացնէ ան: 

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ արդեօ՞ք  Թուրքիոյ մէջ որոշ փոփոխութիւն մը նշմարելի է այսօր Ժագլին կ'ըսէ, թէ «Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը,  որ ծանր հարուած էր  Թուրքիոյ մէջ, շատերուն ականջները բացաւ եւ անոնք նոյնիսկ իրարու սկսան հարց տալ (թուրքերը)թէ   ինչու  սպաննուեցաւ Հրանդը» աւելցնելով, թէ «այսօր մենք կ'ապրինք երկու ծայայեղութիւններու միջեւ»:

 «Մեծ խնդիր է այս մէկը» կ'ըսէ  Ժագլին  հարց տալով, թէ «Թուրքիան ինչպէս պիտի կրնայ այս տագնապէն   դուրս գալ»:

Գրողը նաեւ նկատել կուտայ թէ, այսօր Թուրքիոյ մէջ այս թեմաներուն մասին   ազատօրէն կը խօսուի ու վրդրովմունքով  կ'արձանագրէ՝ «Բոլորը  գրեցին,  բոլորը խօսեցան բայց մեռնողը  հայ էր,  մեռնողը Հրանդն էր»: Կ'եզրակացնէ  ան:

«Հիմա անհանգստութիւն մը կայ»: Կ'ըսէ  ան նկատել տալով, որ «Անցեալի ուրուականը  դարձած է  երեւելի: Անցեալի ուրուականները թուրքերու գանկին ետեւն ու հանգիստ չեն տար անոնց. Անոնք այսօր հանգիստ չեն» Կ'եզրակացնէ  խօսակիցս:

Արդեօ՞ք անհանգստութիւնը  կը փոխէ ինչ որ բան հարց կուտամ. ան պատասխանելով կըսէ«տխուր է որ թուրքերը շուտ կը մոռնան: Թուրք մտաւորականութիւնը լուրջ խնդիրներ ունի այսօր: Ու աւելի մտահոգիչն այն է, թէ  Թուրքերը  իրենց խնդիրները լուծելու համար շատ յաճախ հայերն ու քիւրտերը կը գործածեն: Անոնք  պետութեան հետ իրենց հարցերը այդ ձեւով  կը փորձեն  լուծել: Բայց այսօր Թուրքերը մնացած են իրարու դէմ հանդիման, անոնք  այսօր առերեսուած են իրենց պետութեան հետ: Ես օրինակ հզօր թուրք շրջանակ մը ունիմ» կ'ըսէ ու շարունակելով կը պատմէ, թէ այդ շրջանակին հետ իր վարած կեանքը   անփոխարինելի է: Աւարտելով մեր զրոյցը Ժագլին Չէլիք կ'եզրակացնէ ՝«Իմ շրջապատս ու թուրք ընկերներս իմ համար անփոխարինելի են: Ես միշտ մասնակից եղած եմ քիւրտերու կամ թուրքերու քաղաքացիական շարժումներուն եւ  հաւաքներուն եւ  այդպէս ալ պիտի շարունակեմ»: Աւարտին յայտնելով, թէ «Նոյնանման չենք բայց միասին ապրած ենք ու ատի իմ համար մեծ հարստութիւն է»: 

Մեկնաբանություններ (3)

zohrab
great work jacklin keep it up
suren
Her name is Jaklin Celik, Hetq spell it right por favor.
Hetq
Thank you Suren for the correction.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter