HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Մովսէս Գորգիսեանի «Վաղուան Հայաստան»-ը

Հայաստանի Հանրապետութեան 22-րդ Տարեդարձին առթիւ

Վերջին տարիներուն ես Հայաստանի անկախութեան մասին ոչինչ գրած եմ: Հայաստանէն դուրս Հայաստանի անկախութեան մասին գրելը այլ տեսակ զգացումներու առիթ կուտար: Ճիշդ է մեր կեանքի ամբողջ ընթացքը Հայստան մը փնտռելու, Հայաստան մը գտնելու եւ Հայաստան մը կերտելու ճանապարհ է եղած բայց երբեք չեմ ուզած գովերգել ու ձրի գովասանական տողեր շռայլել Հայաստանի մը մասին որուն հեռու կ'ապրիմ: Սփիւռքի գրողներու մեծ մասը կը սիրէ գովասանական բառեր շռայլել Հայաստանի մասին: Կը հասկնամ:

Բայց դժուար է գովել բան մը որուն այդքան ալ ծանօթ չես: Այդ տարիներուն, Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, Սփիւռքի տարբեր ծայրերուն վրայ գտնուող սակաւ Հայեր յաջողած են իրենց քրտինքէն կաթիլ մը, գուցէ արեան կամ աշխատանքի նօսր կաթիլ մը ցանել Հայաստանի հողին մէջ: Մինչ ուրիշներ շատ բնական ճիգով մը փութացած են Հայաստանը փնտռել իրենց հոգիներուն մէջ կամ ստեղծել Հայաստանի մը մանրակերտը իրենց տան, իրենց գործի անկիւնին կամ շրջապատին մէջ:

Այդ մասին է որ կ'ըսենք փոքրիկ-փոքրիկ Հայաստաններ: Այդ մասին է որ կը խօսինք շատ յաճախ ու կ'ակնարկենք ըսելով որ սա ինչ տեղը փոքրիկ Հայաստան մըն է:

 Այսօր վստահ եմ Սփիւռքի իմ ծննդավայրիս մէջ, միջին արեւելքի գորշ օրագրութեան մէջ շուար ու անհանգիստ Պէյրութիս մէջ եւս աւելի երիտասարդ եւ աւելի թարմ սերունդին մօտ նոյնպէս Հայաստան մը փնտռելու, Հայաստան մը ճարելու եւ Հայստան մը պահելու նոր ճանապարհներ կը բացուին:

Որովհետեւ ՝ 

Մենք կը մեռնինք առանց այդ Հայաստանը ստեղծելու:

Մենք կը զառնուինք ժամանակի թաւալքին ու կը դառնանք աւազուտք եթէ չստեղծենք մեր Հայաստանը:

Մենք ջրամոյն կ'ըլլանք եթէ արեւելքի կապոյտին տակ ամէն մէկս իր ձեւով, իր հաւատացած ուղիով չբնտռէ ու չգտնէ այդ Հայաստանը: 

Շատ յաճախ այդ Հայաստանը կ'ուշանայ:

Շատ յաճախ այդ Հայաստանը կայլափոխուի: Մենք կը յոգնինք յուսալէն. մենք անձնատուր կ'ըլլանք կեանքի հովերուն եւ ընկրկումներուն դիմաց:

Բայց վստահ եմ դարձեալ պիտի երեւի այդ Հայաստանը:

Հայաստանը մեր խորքերուն մէջն է ու կորուստի պահերուն պէտք է դէպի ներս նայինք:

....

Այսօր Սեպտեմբերի 20-ն է.Երեւանի խաղաղ երեկոյին տուած լռութեան մէջ չեմ գիտեր ինչ զուգադիպութեամբ դ Մովսէս Գորգիսեանի մասին եղած տեսանիւթերը կը նայիմ: Ան այդքան վճիտ ու սրբացած դողով մը կը մտնէ մարդուս հոգիէն ներս: Մովսէս Գորգիսեանը ան էր որ Երեւանի փողոցներուն առաջին անգամ ըլլալով 1988  թուականին բարձրացուց մեր տառապեալ ժողովուրդի դրօշը: Հարիւրաւորներ հաւաքուեցան Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մօտ լսելու համար իր պատգամը:

Թատերական ունակութիւններով հարուստ Սովետական Հայաստանի քաղաքացին շատ շատերուն նման մոռնալով ամէն ինչ պիտի նետուէր ազգային-ազատագրական պայքարի նուիրական քուրային մէջ: Պիտի դառնար պայքարի ճանապարհ բացող պարզ զինուոր զոհուելով Երասխաւանի առաջին մարտերուն 19 Յունուար 1990-ին: Գորգիսեանն ու իր ընկերները շատ վաղուց զգացած էին ազգային խմբակցութիւն մը սըեղծելու կարեւորութիւնը եւ մի քանի ընկերներով կերտած էին ԱԻՄ-ը (Ազգային ինքնորոշման միաւորում) դեռ 1987 թուականին:

 Մովսէս Գորգիսեանը գտաւ իր Հայաստանը: Այսօր իր անունը ուրիշ հազար հազարներու կողքին դարձած է տեսակ: Դարձած է կռիւի նշխար, դարձած է ճանապարհ ցոյց տուող հերոսի անուն:

Ան Խորհրդային կարգերուն մէջ ապրած, այդ կարգերու սեւ ու սպիտակը ճաշակած, անոր ճնշումներուն դիմաց դէմ պայքար տարած զինուոր էր:

Իր նման շատերուն համար ուշացած այդ Հայաստանը կերտուեցաւ քրտինքով ու արիւնով:

Արիւնոտ տարիներ էին զրկանքի, մութի, պայքարի, մահ ու կենաց տարիներ: Ան ոխով չներկեց  Հայաստանի մօտիկ անցեալի խարխափումները ոչ ալ դժգոհութեան լուտանքներ տեղացուց պատմութեան էջերուն վրայ: Ան յայտնեց որ եկած է մաքրելու վէրքը: 

Ուշացած այդ Հայաստանը պիտի գար: Տարիներու թաւալքին հետ, արեան կորուստներու, անկումներու եւ մահերու ստորոտներէն պիտի քալէին անոր մարմինը գրկողները:

Հերոսաբար պիտի քալէին. Ու յաճախ նոյն այդ Հայաստանի վիրաւոր մարմինը գրկողները իրենք եւս հորիզոնական դիրքերով, պիտի հեռանային իրենց հոգիներուն մէջ վառ պահելով երկիրը աւելի հզօր ու կայուն տեսնելու երազը:

....

Այսօր այդ կորուստներու ճանապարհէն քալած Հայաստանը 22 տարեկան է: Բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, ունի անկատար տենչեր եւ ունի անելիքներ:

Յոռետսեսներուն եթէ հարցնէք: Հայաստանը կը դատարկուի, անոր քաղաքացիները հացի քաղցով ու քէն պահելով կը հեռանան իրենց երկրէն: Կը հեռանան առանց իրենց ետին նայելու: Սփիւռքի ագռաւներուն որ հարցնէք Հայաստանը հեռու է մարդկային իրաւունքներու ճանապարհէն, անոր ապագան վտանգուած է ու ճանապարհները փակ:

Լաւատեսներուն եթէ հարցնէք: Հայաստանը ամէն օր կ'աճի: Ունի հրաշալի սերունդ, բռնած է Եւրոպայի ճանապարհը եւ կը սուրայ դէպի ապագայ: Իր աչքերով կը նայի Եւրոպային ու իր հին մեծ բարեկամին Ռուսաստանին հետ նոր հնարաւորութիւններու մասին կը խօսի: 

Այս բոլորը բնական են: Ու բնական է որ Սփիւռքի տարբեր ափերուն ապրող երիտասարդներն իրենց բռնկումներուն ու ամէնօրեայ հոգեխառն յուզականութեան մէջ կ'ուզեն միայն Հայստանեան բաժակին դատարկ մասը տեսնել: Կ'ուզեն միայն դժգոհութեամբ խօսիլ կամ հերոսներ տեսնել Հայաստանի հողին վրայ ապրող մերթ կասկածելի շարժումներու մէջ եղող աքթիւիսթները: Բնական են այս բոլորը:

Բայց մէկ է մնալու է Հայաստանը: Անոր առաւօտներուն, մութին, բուքին ու արեւուն տակ  իր սահմանները պահպանող Հայ զինուորին հետ մնալու է Հայաստանը: Մնալու է ու պահելու մեզ: Անոր հեռուին մէջ եղողները պիտի ապրին իր հպարտութեամբ: Անոր արգանդին մէջ ամէն օր պայքարողները պիտի հրճուին իր նուաճումներով ու գալիք յաղթանակներով: Ապրող Հայաստանն է որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կաթիլ մը հպարտութիւն պիտի դնէ: Ու պարզ է որ միայն այսօրուան Հայաստանէն սկիզբ կրնայ առնել Արեւմտահայաստանի մեծ երազը:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter