HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Այո… Ճակատաբաց յաղթական

Չորրորդ՝ կրթական աշխատանքներ.-  Տակաւին Հ. Դաւիթ Լոս Անճէլըս կը գտնուէր երբ պետական քննիչը դպրոց այցելեց եւ անգամ մը եւս տուգանքի ենթարկեց դպրոցը խախտումներու համար։ Ինծի համար շատ անհանգստացուցիչ էր պետական պաշտօնեային ընթացքը, բայց որովհետեւ նոր էի Վարժարանէն ներս, լեզուս կարճ կապած մտիկ ըրի միայն։ Քննիչին համաձայն, Վարժարանը 2002 թուականէն ի վեր օրինական խախտումներու մէջ էր, եւ միշտ ալ տուգանքի ենթարկուած։ Պետական պաշտօնեան իր ընվզումը արտայայտեց Հ. Դաւիթի հասցէին, ըսելով որ ամէն անգամ որ ինք դպրոց կ’այցելէր ստուգումի համար, Հ. Դաւիթ ետեւի դռնէն կը փախչէր դուրս, իրողութիւն մը որու մասին նախկին քարտուղարուհիներն ալ կը վկայէին։ Պարզապէս անպատասխանատու մարդոց յանձնուած էր Վարժարանը։  Կը կարծէ՞ք որ այս ախտաճանաչումները ընող նոր տնօրէնը հաճելի եւ բաղձալի անձ մը պիտի ըլլար: Անշուշտ ոչ։

Վարժարանը վարկաւորումի (accreditation) ոչ մէկ աշխատանք տարած էր։ Հազիւ թէ ոտքս վարժարանէն ներս մտաւ, արդէն իսկ ամէն կողմէ կը լսէի թէ ծնողներ կը փափաքին տեսնել վարժարանը վարկաւորուած՝ այլ վարժարաններու նման։ Նոյն ցանկութիւնը կը յայտնէր նաեւ Հայր Օգոստինոս, խնդրելով որ յատուկ ուշադրութեանս առարկան դարձնեմ այդ հարցը, եւ կ’ըսէր. «Տարիներէ ի վեր կը խնդրեմ Հայր Դաւիթէն, բայց բան մը ըրած չունի, ծնողներ ալ միշտ կը հարցնեն թէ ին՞չ է պատճառը որ վարժարանը վարկաւորեալ չէ»։ Անշուշտ կարելի չէր մոգական գաւազանի մը հարուածով հրաշք գործել, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ էր ուսումնասիրել պայմանները եւ ըստ այնմ աշխատիլ եւ տնօրինել։  Ի վերջոյ մասնակցելէ ետք կարգ մը դասախօսական ձեռնարկներու, կրցանք յստակօրէն իմանալ թէ ին՞չ էին պայմանները վարկաւորման, եւ ինչպէ՞ս կարող էինք յաջողցնել այս ծրագիրը Վարժարանի խեղճ պայմաններով։ Հէրրի Մարշալեանի բարի կամեցողութեամբ եւ օգնութեամբ գտանք պետական բանալի անձը որ մեզի օգտակար պիտի հանդիսանար այս ուղղութեամբ: Դժբախտաբար վրայ հասաւ  ճգնաժամային, անբաղձալի օրը արտաքսման, եւ այդպէս ալ առկախ մնաց վարկաւորութեան հարցը։

Վարժարանի անունն ու հմայքը բարձրացնելու համար, աշխատեցանք ընդունիլ առաւել որակեալ ուսուցիչ-ոսուցչուհիներ, մասնաւորաբար մագիստրոսի տիտղոսով, եւ քաջալերեցինք նոյնիսկ նիւթական խոստումներով օգնելու բոլոր անոնց որոնք կը ցանկային հետեւիլ բարձրագոյն ուսումներու եւ ապա պաշտօնավարել Վարժարանին մէջ, միաժամանակ խոստանալով որ եկամուտներու յաւելում պիտի ստանան բոլոր անոնք որոնք կ’աւարտէին ուսման իրենց ծրագիրները։

Վարժարանէն ներս աշխուժացուցինք գործածութիւնը գրադարանին, ուր նետուած էին հարիւրաւոր գիրքեր աղբի նման հոս-հոն։ Աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ կարգ մը ծնողներու աշխոյժ մասնակցութեամբ, այդ բոլոր հատորները դասաւորուեցան եւ ցանկագրուեցան։  Դժբախտաբար հայկական գիրքերու ամենաճոխ բաժինը, ներառեալ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի ընդհանուր շարքը, ի շարս շատ մը հազուագիւտ գիրքերու, կը գտնուի տակաւին փոշեթաթախ, պատռտած տուփերու մէջ, Հ. Դաւիթի բնակարանին ներքնայարկին մէջ, եթէ մինչեւ այսօր արդէն իսկ միջատներու զոհ չեն դարձած։ Ահաւասի՛կ  ոմանց բծախնդրութեան չափը՝ հայ գիրի եւ գրքի նկատմամբ… հակառակ այն իրողութեան որ Հայր Օգոստինոս յաճախ յիշեցուցած էր Հ. Դաւիթին՝ փոխադրել այդ հազուագիւտ գիրքերը Վարժարանի գրադարանը…: Բայց ո՞վ էր լսողը…։

Վարժարանէն ներս քաջալերեցինք արտադասարանային ելոյթներն ու հանդէսները։ Սարգիս Մահսէրէճեանի թատրերգութիւնները հպարտօրէն բազմիցս ներկայացուեցան վարժարանիս աշակերտներուն կողմէ։ Թէեւ թիւով փոքր, բայց քաջալերեցինք վարժարանիս աշակերտութեան մասնակցութիւնը միջ-դպրոցական մարմնամարզական մրցումներուն։ Սկսանք նաեւ վարժարանէն ներս ունենալ շահեկան դասախօսութիւններ՝ հրաւիրեալ մասնագէտներու կողմէ տրուած: Իսկ այս բոլորը արդիւնքն էին մեր ունեցած բծախնդրութեան հանդէպ հայ լեզուին ու գրականութեան եւ հայեցի դատիարակութեան, ի խնդիր նոր սերունդի պատրաստութեան։ Եւ այս բոլորէն ետք, նաեւ կարողացանք հպարտօրէն տօնել Վարժարանիս 30-ամեակը, որուն հադիսութիւնը փառաւորապէս տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Հիլթըն Պանդոկին մէջ։

Հինգերորդ՝ Եկամուտներու աղբիւրներ.- Առաջին օրէն իսկ ուշադրութեանս առարկան դարձաւ դպրոցի նիւթական ապահովութիւնը։ Այս բաժինին անհրաժեշտութիւնը  լայնօրէն մեկնաբանած եմ աբբահօր ուղղուած իմ բոլոր տեղեկագիրներուս մէջ, որոնք անգամ մը եւս վերլուծուեցան դատարանէն ներս։ Նկատի ունենալով որ 2002-2007 թուականներուն վարժարանը հաշուակալական տուեալներով կորսնցուցած էր $1,000,000 տոլար Հ. Դաւիթի տնօրէնութեան օրով, հետեւաբար ինծի կը մնար զգուշանալ յաւելեալ մսխումներէ, եւ այնուհետեւ ապահովել եկամուտներու նոր աղբիւրներ։ Առաջին առիթով, Հայր Օգոստինոսի հետ խորհրդակցաբար գործէ արձակեցինք կէս օրով (part time) աշխատող ուսուցչուհիները եւ անոնց դասպահերը աւելցուցինք մնացողներուն վրայ, որոնք ակնկալուածէն նուազ դասապահեր ունէին, եւ այսպէսով խնայեցինք հազարաւոր տոլարներ։ Նոյն ատեն գործէ արձակեցինք Վարժարանի նորոգութեանց պատասխանատուն, որ ամբողջ օրը կ’անհետանար հրապարակէն, ու յանկարծ կ’երեւնար դպրոցի արձակման վերջին ժամուն: Այս ձեւով վարժարանին խնայեցի $24,000 տոլար, նորոգութեանց պատասխանատուութիւնն ալ իմ վրայ վերցնելով, անվճար։  Այսպիսով, իմ այս նոր պատասխանատուութեան պատճառով պարտաւոր էի դպրոց մնալ իմ սովորական ժամերէս անդին, ի հարկին վարժարան գալով նաեւ շաբաթ եւ կիրակի օրերը՝ անձամբ նորոգութիւններ կատարելու համար։ Այս բոլորը կատարեցի առանց նիւթական  փոխադարձութեան, որովհետեւ մեծ սէր եւ յարգանք ունէի Մխիթարեան Միաբանութեան հանդէպ։

ԻՆչպէս հայկական առածը կ’ըսէ «Եթէ ճշմարտութիւնը ըսես, գէշ մարդ կ’ըլլաս»: Ես ալ անբաղձալի սկսայ դառնալ երբ ճշմարտութիւններ յայտնեցի յօգուտ Վարժարանին։ Վարժարանին կողքին կային չորս տուներ: Անոնցմէ վերջինին մէջ կը բնակի Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան, իր մօտ հիւրասիրելով բոլոր անոնք որոնք ժամանակաւորապէս վարժարան կ’այցելէին։ Հոն մնաց նաեւ Հայր Եղիա Քիլաղպեան մինչեւ որ առաւօտ մը փախաւ այդ տունէն, երբ Վարժարանի հարցերը բարդացան եւ Հայր Օգոստինոս իր պաշտած վարժարանէն ապօրէն կերպով դուրս դրուեցաւ։  Ահաւասիկ այս տան մօտ կայ նաեւ ուրիշ հանգստաւէտ բնակարան մը ուր կ’ապրէր Հ. Դաւիթ Ղազարեանի եղբօր ընտանիքը, որոնք անցեալ տարի մեկնեցան անկէ որովհետեւ նոր բնակարան մը գնեցին։ Ահաւասիկ այս բնակարանին մէջ առաւել քան հինգ տարիներ ապրեցան Հ. Դաւիթ Ղազարեանի եղբօր ընտանիքը ամսական միայն $700 տոլար վարձքով։  Այդ բնակարանի շուկայական վարձքի արժէքն էր նուազագոյնը $1,500 եւ երբ աբբահօր առարկեցի թէ հոն բնակողները նիւթական լայն կարողութիւն ունէին լրիւ վարձք վճարելու, արդէն անբաղձալի անձ դարձայ։ Նոյն այս ընտանիքին երախային համար՝ փոխանակ $450 տոլար թոշակի Վարժարանին կը վճարուէր միայն $100 տոլար: Այդ դրամով վարժարանը կրնար շատ աւելի կարօտեալ աշակերտներու օգտակար ըլլալ: Ինչո՞ւ այս զատողութիւնը ։

Նաեւ, այս երկրորդ տան կողքին կայ նաեւ ուրիշ բնակարան մը որ վարձու տրուած էր Հ. Դաւիթ Ղազարեանի շատ մօտիկ՝ երբեմնի Վարժարանի քարտուղարուհիին, շուկայական արժէքէն 50% տոկոս պակաս գինով: Թէ ինչո՞ւ,--  մի՛ հարցնէք, սակայն այս՝ ի վնաս մատղաշ մեր նոր սերունդի դաստիարակութեան։ Երբ Վարժարանը կարիքը ունէր իւրաքանչիւր տոլարին, իր գոյութիւնը պահպանելու համար, որո՞ւ հաշւոյն այսքան արատաձեռնութիւն։

Իսկ գլուխ-գործոցը այս բոլորին՝ այն երկյարկանի, լողաւազանով օժտուած հսկայ բնակարանն է որ տարիներով թափուր մնաց, իսկ այսօր հոն կը բնակի Հ. Դաւիթ Ղազարեան։ Այս երկյարկանի տան շուկայական արժէքն է ամսական $3,500 տոլար:  Եթէ աբբահայրը լսէր Հայր Օգոստինոսի թախանձագին խնդրանքները՝ այդ բնակարանը իր լրիւ արժէքով այլոց վարձու տալու կապակցութեամբ, Վարժարանը այսօր երկու տարուան մէջ ապահոված կ’ըլլար $84,000 տոլար։ Հիմա մեր ընթերցողները թող որոշեն թէ կրնա՞յ անձ մը բաղձալի ըլլալ երբ այս ախտորոշումները կը կատարէ եւ կ’ուզէ ամէն ինչ թափանցիկ տեսնել։

Մուրատ Ռաֆայէլեանի նախկին աշակերտներէն՝ Նորայր Տէմիրճեանի կտակը։ Հանգուցեալի աղջիկը, Ֆլորանս Մոհլէր, որ կը բնակի Արիզոնայի Ֆէնիքս քաղաքին մէջ, մեզի տեղեկացուց որ իր հանգուցեալ հայրը, որպէս երախագիտութիւն Մուրատ Ռաֆայէլեանի մէջ իր ստացած ուսման եւ դաստիարակութեան, մօտաւորապէս երկու միլիոն $2,000,000 տոլար կը թողուր Մխիթարեան Վարաժարանի աղքատ աշակերտներու կրթադաստիարակութեան համար։ Թէեւ ստացանք դատարանին պաշտօնական թուղթերը, --մեզի ղրկուած հանգուցեալի փաստաբանին կողմէ,- բայց այնուհետեւ առիթը չունեցանք ստուգելու թէ ին՞չ եղաւ այդ կտակը, որուն գոյութեան մասին տեղեակ ըլլալէ ետք, Հայր Եղիա ուզեց այդ գումարը Վենետիկ փոխանցել, բայց կտակարարին հարազատները անդրդուելի մնացին կտակին տրամադրութիւնը անփոփոխ պահելու իրենց մտադրութեան վրայ։ Ցաւ ի սիրտ, առ այսօր ինծի համար անորոշ կը մնայ այս կտակի ծրագրին ապագան։         

Այս բոլորէն ետք, չեմ գիտեր ի՞նչ երեսով եւ ի՞նչ համարձակութեամբ Հայր Գոճանեան կու գայ յայտարարելու որ «նոր տնօրէնը չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը»։ Եւ աւելի՛ն, յաւակնութիւնը կ’ունենայ յայտարարելու որ «արձակուած տնօրէնը իր համակիրներուն հետ, թերթերուն եւ համացանցի միջոցով տգեղ պայքարի մը սկսաւ աբբահօր եւ միաբանութեան դէմ անհեթեթ վերագրումներով» ։ Որոն՞ք են արդեօք այդ «համակիրները» որոնց կ’ակնարկէ Հայր Պօղոս Գոճանեան եթէ ոչ նոյն ինքն իր ուսուցիչ՝ Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանը, որ իր կարգին բողոքի նամակներ յղեց իր եղբայրակից միաբաններուն եւ ի հարկին նաեւ Արեւելեան Ժողովին։ Այո՛, պայքար՝ անարդարութեա՛ն  դէմ, եւ մասնաւորաբար այն անձերուն հանդէպ որոնք 10 սենթի իջեցուցին Միաբանութեան վարկը իրենց վարչական անկարողութիւններով։  

Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել «Միաբանութեան դէմ պայքար բացաւ,» երբ ամէնօրեայ  կապի մէջ եմ տակաւին միաբաններուն հետ։ Արդեօ՞ք Դուք ալ, Հա՛յր Գոճանեան, այս առիթով կը փորձէք ձեր յանցանքներն ու թերացումները ծածկել, նախ որպէս Վարչութեան անդամ ու ապա որպէս Վիեննայի վանահայր, երբ ձե՛ր օրով ու ձե՛ր քիթին տակ՝ տակաւին վերջին քանի մը տարիներուն գողութիւններ կատարուեցան Վիեննայի վանքէն, որոնց մասին ընդարձակօրէն կարդացինք գերմանատառ տեղական մամուլին մէջ, եւ որոնք մինչեւ այսօր տակաւի՛ն օրինական լուծում չեն ստացած…։  

Ինքնաքննութեան ժամանակն է, եւ երկու աբբահայրերդ պարտիք այսուհետեւ հրաժարիլ ձեր պաշտօններէն, որովհետեւ ձեր ձախողութիւններով վարկաբեկեցիք ամբողջ Մխիթարեան Միաբանութիւնը եւ վտանգեցիք ազգապատկան մեր դարաւոր գանձերը։  ժամանակը հասած է հրաժարելու։

 

Ոսկան Մխիթարեան 

 Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի

ի Լոս Անճէլըս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter