Վերելք, վայրէջք՝ Վարդան Պետրոսյան եւ ճակատագրի վերիվայրումները
Հայդուկ Շամլեան, Գանատա
Շա՜տ բաներ գրուեցան ու խօսուեցան Վարդան Պետրոսյանի խնդրի մասին: Ասենք՝ չափից աւելի...
Սակայն թոյլ տուէք որ ստորագրեալը նաեւ մի քանի բան արտայայտէ այս մասին, որպէս անոր գեղարուեստական եւ մտաւորական արտակարգ տաղանդին նկատմամբ խորին յարգանք, համարում եւ իսկական հիացմունք ունեցող մի դիտորդ:
Տեղի ունեցաւ արկած երկու ինքնաշարժների միջեւ, որոնցմէ մէկի վարորդը Վարդանն էր: Միւս մեքենային մէջ գտնուող երկու պատանիներ մեռան:
Օրէնքի պետական դերակատարները ծայրահեղ խստութեամբ կը տնօրինեն այս դէպքը, եւ ափսոսալի է այդ: Օրէնքը ինքին կը թուի ըլլալ թերի, այսպիսի դէպքերու պարագային, եւ բաղձալի է որ այդ եւս սրբագրուի:
Սակայն Օրէնքի գործադրութեան վերաբերեալ խնդիրը, կողմնակալութեան, թէականութեան, կամայականութեան կամ երկու չափ-երկու կշռի առընչուող հարցերը - կամ գոնէ երեւոյթները -, արդէն ուրիշ տեղեր կը տանին մեզի... Իսկ այդ բնոյթի առարկութիւնները կը հակադրուին Վարդան Պետրոսյանի ամբողջ էութեան:
Եւ այսպէս, Վարդանին զօրակցելու նպատակով, շատ մը անձիք, ընդհակառակն, վնաս բերին իրեն այս խնդրին մէջ: Արդարեւ, Դժոխքի ճանապարհը սալահատակուած է բարի միտումներով...
Այս ուղղութեամբ կատարուած ծանր սխալները կարելի է ամփոփել հետեւեալ հիմնական կէտերուն մէջ՝
ա) ձեւական, հաշուարկուած ու կեղծ հնչող խօսքերէ անդին, հարազատ կարեկցութեան պակաս, կարծես թէ անտարբերութիւն, նոյնիսկ անխղճութիւն՝ մեռնողների նկատմամբ:
բ) նիւթի անտեղի կամ չափազանցեալ քաղաքականացում: Այդ ալ՝ յաճախ որպէս դատական մարտավարութիւն...
գ) ահեթեթ ու անճոռնի, հիմնովին անկապ բաղդատականներ, այլ անձերի կամ դէպքերի հետ:
Վարդանի զօրակիցների ամէնէն աղմկոտ հատուածի այս կեցուածքը կարծես այն էր թէ՝ ան պէտք է որ իւրայատուկ, առանձնաշնորհեալ վերաբերմունքի արժանանայ, պարզապէս քանի որ ան... ինքն է:
Շեշտակի հակում, սայթաքում կար՝ ոչ միայն հերքելու իր կողմէ պատասխանատւութեան նուազագոյն նշոյլի կարելիութիւնը անգամ, այլ մինչեւ իսկ, արագօրէն, յանցաւոր նկատելու միւս մեքենայի մէջ գտնուողները:
Ինչ որ ալ ըլլայ իրականութիւնը, ինչ որ ալ ըլլան իրողութիւններն ու հանգամանքները, երբ տեղի ունեցած է մարդու մահ - այս պարագային՝ երիտասարդների զոյք մահ -, կարելի չէ՛ այսպիսի մօտեցում ցուցաբերել:
Տեղ մը հասաւ ուր այլեւս կարծես Վարդան Պետրոսեանի ամենասոսկալի սքեջներից մին դարձել էր կացութիւնը: Որու մէջ սակայն իրեն, իր կամքից անկախ, վատ դերն էր վիճակուել...
Վարդան Պետրոսյանի նիւթի առարկայ պաշտպանները պէտք է որ նկատի առնէին թէ համայն հայութիւնը անպայման անոր «երկրպագուն» չէ, եւ մանաւանդ ոչ՝ կոյր ու բութ տեսակի պաշտողը:
Անոնք իրենց վարուելակերպով ու արտայայտութիւններով դրժեցին ու հակասեցին ամէն ինչ որ ինք, Վարդան, տարիներէ ի վեր կը ջանայ բացատրել իր արուեստով, իր գործով, իր խելացութեամբ, իր կեանքի յանձնառութեամբ:
Ես համոզուած եմ որ երբ այս մղձաւանջը վերջ գտնէ, եւ երբ Վարդան Պետրոսյան ինքզինք գտնէ ու իմանայ այս ամէնուն մասին, ինք նաեւ պիտի վրդովի՝ վերեւ պարզուած սխալների համար:
Ինչպէս նաեւ վստահ եմ թէ, ժամանակէ մը ետք - որքան որ պէտք լինի -, ան անպայման վերադառնալու է բեմի վրայ, նկարչական կտաւի առջեւ, գրասեղանի ետին, ու վերսկսի արտադրել, ստեղծագործել, լուսաւորել...
Որովհետեւ արդէն, Վարդանի ծիծաղաշարժ խօսքերի ու շարժումների ետին միշտ եղեր են նաեւ ողբ, հառաչանք եւ հեծկլտուք, եւ իր ծիծաղին իսկ ետին՝ խոր ցաւ ու տառապանք:
Իսկ այս հանճարեղ արուեստագէտի եւ բարձրորակ մտաւորականի հաւանաբար ամենայաջող գլուխ-գործոցի հիմնական նիւթը արդէն՝ ծայրագոյն Աղետն է...
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանություններ (4)
Մեկնաբանել