HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պոլսոյ մէջ անծանօթ կին մը կը պնդէ որ հանգուցեալ Սրբազանին դուստրն է

Վերջերս վախճանած Շահան Սրբազանի Սկիւտարի մէջ գտնուող շիրիմը փորուած է

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն, Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աթոռի նախկին շրջաններու Պատրիարքական փոխանորդ Շահան Արք. Սվաճեանի (որ վախճանած էր  23 Սեպտեմբեր 2013-ին) հողաթումբը փորուած է:

Այս խնդրին ծալքերը  հասկնալու համար պէտք է  հաշուի առնել, թէ մի ոմն Թագուհի Պալկըն Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններուն մօտ դատական հայց ներկակայուցած է  ուր պնդած է, թէ ինք հարազատ զաւակն է  Շահան Սրբազան Սվաճեանին:

Յայտնեմ որ այս մասին  այսօր գրած էր Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը, որուն ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն 6 Յունուարին Թուրքիոյ դատական մարմիններուն հրամանով եւ դատախազի ներկայութեամբ փորուած է Սրբազանին հողաթումբը եւ անկէ մասունք մը առնուած է DNA-ի քննութեան ենթարկելու համար:

Լուրին դիմաց պէտք էր  ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Սեւան Տէյիրմէնճեանէն, որ յայտնեց, թէ սրբազանին հողաթումբին փորուիլը կատարուած է դատական հրամանով:

Շահան Սրբազանի մարմինը ամփոփուած է Սկիւտարի Պաղլարպաշիի գերեզմանատան Ս. Խաչի հատուածին մէջ, ուր կը հանգչին նաեւ Պետրոս Դուրեան, Մատթէոս Զարիֆեան, եւ ուրիշ երեւելիներ:

Դէպքին մասին խօսելով, Սեւան Տէյիրմէնճեան ըսաւ. «Այս առաւօտ յաջողեցայ կապ հաստատել  Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանին հետ որ վստահեցուց, թէ դատական մարմիններու հրամանով   Սրբազան հօր գերեզմանաթումբը փորուած է»:

Տէյիրմէնճեան նաեւ յայտնեց, որ «կնոջ անունը Թագուհի Պալկըն է, հանգուցեալ սրբազան հօրմէն մօտ քսան տարիով փոքր, դատական հայց ներկայացուցած է՝ պնդելով, որ սրբազանին դուստրն է: Այս պնդումները ստուգելու համար է որ օրինական մարմիններո դիմած են գերեզմանը բանալու քայլին եւ Շահան սրբազանի հօր ատամներէն բաժին մը առնելէ ետք փակած են շիրիմը»:

Հարկ է նշել նաեւ, թէ Շահան Արք. Սվաճեան  ունի եղբօրորդի մը, Վահան Սվաճեան,  որ «Ժամանակ» թերթին հետ կարճ խօսակցութիւն մը ունենալով յայտնած է որ տեղեակ չէ եղած դատական ամբողջ գործընթացին եւ դատական մարմիններուն  շիրիմը բանալու օրը իր փաստաբանին ընկերակցութեամբ փութացած է դէպքի վայր  ու յետայսու մօտէն պիտի հետեւի դէպքերու հետագայ ընթացքին:

Զարմանալին այն է, որ Շահան Սրբազանի կենդանութեան օրօք ոչ ոք բարձրաձայնած է այս մասին, յատկապէս որ մինչեւ իր վախճանը առողջական ծանր վիճակի մէջ յայտնուած ըլլալով, ան կը պատսպարուէր Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ:

Տէյիրմէնճեան որոշ վերապահութիւններով յայտնեց նաեւ,  որ հասարակութեան մէջ կային շշուկներ, ըստ որոնց Շահան Սրբազան նախքան իր կուսակրօն քահանայ դառնալը, ունեցած է արտամուսնական յարաբերութիւն եւ անոր արդիւնքին ծնած է  Թագուհի դուստրը, որուն մայրը ծննդաբերութեան ընթացքին մահացած է ու նորածինը յանձնուած է իր մեծմօր խնամքին:

Տէյիրմէնճեանի կարծիքով դէպքէն ծնունդ առած  բոլոր խօսակցութիւնները ոչ մէկ ձեւով կրնան ժխտական շուք մը ձգել վախճանեալ Սրբազանի եկեղեցանուէր  կենսագրութեան վրայ:

Հարկ է նշել թէ Սրբազան հայրը, նախքան վախճանը, իր սեփականութիւնը հանդիսացող նիւթական հարստութիւնները կտակած էր համայնքային հաստատութիւններուն: Սրբազան հայրը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տնօրինութեան յանձնած էր նաեւ հանրակացարան մը, Վաղարշապատի մէջ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս բոլորին ճակատագիրը եթէ հաստատուի որ Թագուհի Պալկըն է օրինաւոր ժառանգորդը վախճանեալ սրբազանին: Սա ալ ուրիշ հարցական մը, որ կը ստեղծուի այս հանելուկային պայմաններուն տակ:

Դատական գործողութիւնները կը շարունակուին ու միով բանիւ զարմանալի կը մնայ Պոլսոյ պատրիարքութեան լռութիւնը: Այս ուղղութեամբ Տէյիրմէնճեան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ իրաւական մարմիններուն համար Շահան Սրբազան սովորական  քաղաքացի մըն է ու Թագուհի Պալկընի կողմէ ներկայացուած դատական հայցին ի պատասխան իրաւական մարմինները անցած են զննումի աշխատանքներուն:

Սակայն հետաքրքրական է որ ո՞ւր էր Թագուհի Պալկըն մինչեւ օրս:

Նմանօրինակ արարք մը եթէ Թուրք իշխանութիւններուն համար դատական բնական արարք մըն է, ապա նաեւ բառացիօրէն կրօնական կարգերու, եկեղեցական  սքեմ եւ ուխտ կրող գործիչներու հանդէպ ընդունելի չէ: Անկախ անկէ որ դէպքը ուր եւ ինչ պայմաններու տակ կը կատարուի:

Շահան Սրբազան նուիրեալ եկեղեցական մըն էր ու ճիշդ պիտի ըլլար որ  նախքան նման քայլի մը դիմելը՝ դատական մարմինները նաեւ եկեղեցական շրջանակներու կարծիքը առնէին:

Մեկնաբանություններ (1)

Հայրապետ
Ի՞նչ տարբերութիւն կընէ այս հետախուզութեան արդիւնքը։ Նոյնիսկ եթէ յօդուածին մէջ կնկան ամբաստանութիւնները ճիշտ են, լուսահոգի սրբազանը իր ստացուածքը կտակած է ըստ իր կամքին իր ցանկացածին։ Եթէ այս կնկան ամբաստանութիւնները փաստուին, Թրքական Կառավարութիւնը ժառանգորդներէն ամէն բան պիտի գրաւէ եւ այս կնկա՞ն փոխանցէ։ Հանգուցեալին պիտի Այս ի՞նչ իրաւաբանական դրոյթ է։ Տակաւին այս մարդիկը Օթօման կայսրութեան օրէնքներով կապրին։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter