HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Բագրատ Էսթուքեան. «Ֆրանսուա Հոլլանտի կեցուածքը պատգամ մըն էր Թուրքիոյ»

Պոլիս հրապակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանի  կարծիքով  Ֆրանսուա Հոլլանտի երէկ  Հրանդ Տինքի պարագաներուն հետ կայացուցած հանդիպումը պէտք է հասկնալ որպէս պատգամ: «Յատկապէս Ֆրանսայի մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու նկատմամբ  տածած  ուշադրութիւնը ընդգծելու համար է որ Ֆրանսուա Հոլլանտ հանդիպեցաւ Հրանդ Տինքի  պարագաներուն հետ: Ըսեմ նաեւ, որ հանդիպումէն ետք Խոսրով (Հրանդ Տինքի եղբայրը-Ս. Ա.) Թրքական լրատուական միջոցներուն ըսաւ որ հանդիպումը ընտանեկան բնոյթ կը կրէր ու իրենք կարիք չեն զգար այդ մասին հասարակութիւնը իրազելելու»:

-Բայց Պարոն Էսթուքեան, Հրանդ Տինքը ընտանեկան խնդիրներով չմեռաւ չէ ՞:

-Հարկաւ չմեռաւ ի՜նչ խօսք: Բայց պէտք է խոստովանիլ որ այդ սենեակին մէջ մէկ կողմէ Հոլլանտին եւ եւ միւս կողմէ Րաքէլի, Պայծառի եւ Խոսրովին մէջ  տեղի ունեցած զրոյցներուն մասին ես ալ անտեղեակ եմ:

-Ուրեմն ի՞նչ պատգամի մասին է խօսքը:

-Իմ կարծիքով  Հոլլանտի  Հրանդ Տինքի այրիին հետ հանդիպիլ ուզելը  եւ իր  պաշտօնական ծրագրին մէջ   այդ հանդիպումը դնելը պէտք է պատգամ նկատել: Այդ կեցուածքը ինքնին պատգամ է: Ոչ թէ խօսուածը: Հոն խօսուածը սա պահուս ինծի անծանօթ է:

-Պատգա՞մ բայց  ի՞նչու:

-Որովհետեւ Հոլլանտ կու գայ այնպիսի երկիրէ մը որ երկար ատենէ ի վեր լուրջ տարակարծութիւններ Թուրքիոյ հետ յատկապէս  մարդու իրաւունքներու,   ժողովրդավարացման եւ խօսքի ազատութեան թեմաներով: Այս տարակարծութինները բաւական լարուած  մթնոլորտ մը ստեղծեցին մանաւանդ  Ֆրանսայի նախկին նախագահ (Նիքոլա Սարքոզի.- Ս. Ա.)  իշխանութեան օրերուն:

-Իսկ հիմա ի՞նչ հարթակի վրայ են այդ յարաբերութիւնները:

-Պէտք է ըսեմ որ այդ լարուածութիւնը նաեւ տնտեսական լուրջ վնասներ տուած էր երկու երկիրներուն: Հոլլանտի այցը ուրեմն նպատակ ունէր  կարգաւորել   յարաբերութիւնները ինչու չէ նաեւ մեղմել լարուածութիւնը: Հոլլանտի գլխաւոր նպատակը ըստ իս  նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները կարգաւորելն է:

-Ի՞նչպէս:

Բացատրեմ: Երէկ օրինակ Թուրքիոյ մամուլին մէջ կը խօսուէր որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ  տնտեսական փոխանակման ծաւալները կը հասնին 12 Միլիառ  Ամերիկեան Տոլարի եւ այս այցով Նախագահ Հոլլանտ նպատակ ունի այդ փոխանակման  ծաւալները  20 Միլիառ Ամերիկեան Տոլարի հասցընելու: Ու բնականաբար այդ  յարաբերութիւններուն մէջ առիւծի բաժինը Ֆրանսայինն է որովհետեւ Թուրքիա աւելի շատ գնելիք ունի Ֆրանսայէն քան հակառակը: Կայ նաեւ ջերմուժ արտադրելուխնդիրը: Սա պահուն  Թուրքիա հետամուտ է ջերմուժ  արտադրելու յատուկ կայաններ կառուցելու   եւ  այս առումով Ֆրանսա հետաքրքրուած է   այդ կայաններու շինութեան մէջ գործառքներ ստանձնելու:

Էսթուքեան նաեւ հաւաստեց որ  այս հանդիպումը Պոլսահայութեան համար   կարեւոր եւ անկիւնադարձային հանդիպում մը պէտք է նկատել:

Իսթուքեան  նաեւ յոյս յայտնեց որ այս գործընթացները կը ծառայեցուին հայկական խնդիրներու առնչութեամբ որոշ դրական տեղաշարժ մը  արձանագրելու մանաւանդ որ իր կարծիքով  այս հանգրուանին Թուրքիոյ մէջ  արձանագրուող ցանկացած  դէպք անմիջական կապ ունի Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչման  100 -ամեակի ընդհանուր մթնոլորտին հետ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter