HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումի «Կոչ-բաց նամակ»-ին առիթով

Վարդգէս Գուրուեան

Վերջերս խումբ մը Մելգոնեանցիներ «Կոչ-բաց նամակ»-ով մը դիմում կատարեցին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որպէսզի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբացուի գլխաւորաբար Սուրիահայ պատանիներու համար: Որպէս արձագանգ այդ նամակին, հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ եւ ոչ Մելգոնեանցիներ աշխարհի զանազան անկիւններէն զորավիգ կանգնեցան այդ «Կոչ»-ին:

Այդ «Կոչ-բաց նամակ»-ին հեղինակներուն միտքին մէջ մէկէ աւելի պատճառներ կային Մելգոնեանը վերաբացուած տեսնելու:

Բնականաբար առաջին պատճառը Սուրիահայ, բայց մանաւանդ Հալէպահայ մեր զաւակներուն ապահով միջավայր փոխադրել եւ որակաւոր ուսում հայթայթելն էր:

Մօտ երեք տարիներէ ի վեր շարունակուող Սուրիոյ ահաւոր «քաղաքացիական» պատերազմը տակաւին շատ հեռու է իր աւարտին հասնելու: Ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումները, ինչպիսին են «Ալ-Նուսրա», «ԻՍԻՍ» (Islamic State of Iraq and the Levant), «Ահրար էլ Շամ» (Ahrar al Sham),  «էլ Թաուհիտ» (Al-Tawheed) եւ այլք, գլխաւորութեանբ «Էլ Քայիտա»-յի, ծրագրած են իբր թէ ծայրայեղ Իսլամական պետութիւն մը հիմնել Քուրանի-Շարիայի շատ խիստ եւ պահպանողական օրէնքներով:

Այս ծայրայեղականները ոչ մէկ յարգանք ունին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ: Եկեղեցիները կը պղծուին, կը կողոպտուին, կը քանդուին, անմեղներ կը գլխատուին, մանուկներ կ'առեւանգուին, կը պղծուին, հազարաւորներ կըսպաննուին, մինչ Քրիստոնեայ Եւրոպան եւ Ամերիկան կոյր եւ խուլ կը ձեւանան...(Կը յիշէ՞ք Հայկական ջարդերը...)

Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տեղեկագրութիւններուն, Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նայեւ գաղթակայաններուն, վարակիչ հիւանդութիւնները ահաւոր չափերու հասած են: Այսպէս, measles, typhoid, hepatitis, dysentery, tuberculosis, diphtheria, whooping cough եւ այլ հիւանդութիւններ աւերներ կը գործեն մանաւանդ երեխաներուն եւ պատանիներուն մէջ:

Հալէպի շատ մը շրջաններուն մէջ ջուրի ահաւոր պակասը կայ: Յաճախ երեխաներ անօթի կը պառկին, երբեմն քանի մը օր: Շատ դէպքեր պատահած են, որ այդ երեխաները անօթի մեռնին: Ըմբոստներու եւ Սուրիական Ուժերու միջեւ ռմբակոծումները ամէնօրեայ երեւոյթներ են: Սուրիական Օդուժը ինքնաթիռներով «Տակառառումբ»-եր կը տեղացնէ Հալէպի վրայ եւ հարիւրներով զոհեր կը խլէ:

Բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ քանդուած են: Բազմաթիւ դպրոցներ ծանր վնասներու ենթարկուած են: Բազմաթիւ հայապատկան տուներ, ակումբներ, խանութներ, հաստատութիւններ աւերուած են: Հալէպ մնացած հայերը կ'ապրին որեւէ ատեն սպաննուելու, առեւանգուելու վտանգին տակ:Այս ահաւոր պայմաններուն տակ տակաւին կարգ մը դպրոցներ բաց են եւ քէշ-աղէկ կ'աշխատին:

Հայ պատանիները, մեր երեխաները, այսպիսի ահաւոր պայմաններու մէջ կ'ապրին եւ կ'ուսանին:

Տակաւին, քանի մը օր առաջ Միացեալ Ազգերու կողմէ հրատարակուած մէկ տեղեկագրութեան մէջ կը կարդայինք, թէ ինչպէս Սուրիացի մանուկներ եւ պատանիներ կ'առեւանգուին, չարչարանքներու եւ սեռային բռնաբարումերու կ'ենթարկուին: Երկու կողմերն ալ պարտադիր կը զինուորագրեն պատանիները եւ զանոնք կը գործածեն ինքնասպանական գործողութիւններ կատարելու կամ որպէս մարդկային պատնէշ: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պէն Քի-մունը կ'ըսէ թէ «Սուրիացի մանուկները կ'ենթարկուին անպատմելի տառապանքներու, տանջանքներու,» եւ կողմերէն կը պահանջէ «անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել Սուրիացի մանուկներուն մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու եւ յարգելու: »

Երկու կողմերն ալ առեւանգուած պզտիկները ենթարկած են ծեծի, մետաղեայ եւ փայտեայ գաւազաններով եւ խարազաններով, ելեքտրական հոսանքի ցնցումներու, սեռային բռնաբարումներու, սիկարէթով այրելու, օրերով անօթի,ծարաւ եւանքուն պահելուչարչարանքներուն, եւայլն: Զինեալ ծայրայեղական խումբեր նոյնիսկ ըստ կամս գնդակահարումներու եւ գլխատումներու ենթարկած են այս անմեղ մանուկները:

Նկատի ունենալով, որ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը կրնայ շուրջ հազար (1ՕՕՕ) աշակերտի ապահով պատսպարան հայթայթել, Կոչ-Բաց Նամակով մը դիմում կատարուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան, որ վերաբանայ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

Մելգոնեանի մէջ հայ պատանիները ոչ միայն ապահով պիտի ըլլան, այլ նաեւ ստանան սնունդ, բժշկական խնամք, եւ բարձրորակ ուսում: Անոնք հեռու պիտի ըլլան մահուան ճիրաններէն, հոգեկան ահաւոր ցնցումներէ: Անոնք մօտ պիտի մնան իրենց ծննդավայրին, եւ երբ օրը գայ, պիտի կարենան վերադառնալ  եւ վերաշինել իրնց հայրերուն տուները, վերաշինել դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու արհեստանոցները:

Չեմ գիտեր քանի՞ հազար Սուրիահայ գաղթականներ կան Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Թուրքիոյ թէ այլ գաղթակայաններու մէջ: Մելգոնեանի վերաբացումով կարելի պիտի ըլլայ նաեւ այս գաղթակայաններէն հարիւրաւոր պատանիներ փրկել եւ անոնց ծնողները ահաւոր մղձաւանջներէ ազատել: Կարդացած էք անշուշտ որ այս գաղթակայաններէն հարիւրաւոր, հազարաւոր պատանիներ պարտադրաբար կը զինուորագրուին «ընդիմադիր» կողմերէն եւ շատ կարճ զինավարժութիւններէ ետք կը ղրկուին ճակատ: Արդեօք քանի՞ հայ պատանիներ զոհ գացած են այս ճիւաղային ծրագրին, չեմ գիտեր:

Տակաւին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը պիտի վերածուի Արեւմտահայերինէ ամրոց - դարբնոցի: Այսօր ամեւմտահայերէնը գահավիժումի մէջ է եւ գրեթէ մահամերձ է: Արտասահմանի մէջ չկայ դպրոց մը որ կարենայ վերականգնել արեւմտանայ լեզուն: Հայաստանի համալսարաններու մէջ հաւանաբար քանի մը հոգիսերտեն արեւմտահայերէնը, բայց անոնք արեւմտահայ չե՛ն: Արեւմտահայերու պատմութիւնը տարբեր է արեւելահայերու պատմութենէն: Արեւմտահայերու գրականութիւնը, մշակոյթը, մտածելակերպը, հոգեբանութիւնը, լեզուամտածողութինը, լեզուին զարգացման փուլերը, քերականութիւնը, ուղղագրութիւնը եւ բազմաթիւ այլ ազդակներ այնքան տարբեր են որ արեւելահայը չի կրնար քանի մը հոգիով տէր կանգնիլ արեւմտահայ լեզուին: Այս հարցին մասին տակաւին կարելի է շատ աւելի խորանալ եւ զայն աւելի պարզաբանել, բայց այս յօդուածի սահմաններէն դուրս կ'ինայ այդ:

Երեւակայեցէք պահ մը: Շուրջ հազար արեւմտահայ աշակերտ, գիշերօթիկ վարժարանի մէջ, պատրաստուած, կարող, նուիրեալ եւ արեւմտահայերէնով մտահոգ ուսուցիչներու խնամքին տակ, ճոխ գրադարանով, արեւմտահայերէն լեզուն լաւ սորվելու, վերականգնելու  նպատակասլաց կրթութիւն ստանան: Կրթական միւս ոլորտները երբէք տուժելու պէտք չունին: Պարզապէս օգտուելով Մելգոնեանի գիշերօթիկ ըլլալու հանգամանքէն, հրաշքներ կարելի է գործել: Չմոռնանք որ այս աշակերտները «պատանդ» են, այսինքն երթալիք տեղ չունին, հետեւաբար տրամադիր պիտի ըլլան բարձր կարգապահութեամբ լաւ ուսանելու, մանաւանդ սիրովհրամցուած արեւմտահայերէնը:

Այս առիթով, ապահով միջավայր պիտի ստեղծուի նայեւ  Հալէպահայբազմաթիւ հայերէնի ուսուցիչներու...

Մելգոնեանէն շրջանաւարտ աշակերտները պատրաստ պիտի ըլլան նաեւ բեմական եւ ազգայն կեանքին: Գիշերօթիկի հանգամանքով, Մելգոնեանցիները գրեթէ ամէն շաբաթ մշակութային, գրական, թատերական, երաժշտական եւ այլ գեղարուեստական երեկոյթներով վարժ պիտի ըլլան նման ձեռնարկներ կազմակերպելու մշակութային կեանքը զարգացնելու իրենց համայնքներէն ներս: Եթէ նայինք քառասունական թուականներէն մինչեւ իննիսունական թուականներու մեր գաղութներուն ազգային - մշակութային կեանքին, հոն պիտի տեսնենք Մելգոնեանցիներու գերակշռութիւնը: Եւ ասիկա կ'ըսեմ ոչ թէ յոխորտալով, այլ որպէս պարզ փաստ: Համեստօրէն հպարտ ենք որ Մելգոնեանցիներս մեր համայնքներուն մէջ առաջնորդի դիրքերու վրայ էինք եւ ենք տակաւին: Բարեգործականի, կուսակցութիններու, միութիւններու, եկեղեցիին եւ քիչ մը ամէն տեղ պիտի հանդիպիք Մելգոնեանցիներու ազգային ծառայութեան մէջ,արհեստավարժ (ուսուցիչ, տնօրէն, խմբագիր եւայլն) թէ կամաւոր ծառայող (հոգաբարձու, ծխական խորհուրդի անդամ, միութենական վարչական եւայլն): Վաղը, այսօրուան մեր Սուրիացի պատանին-Մելգոնեանցին պիտի մեծնայ եւ գաղութներու մէջ ստանձնէ առաջնորդի դիրքեր:

Կարելի է տակաւին շատ խօսիլ Մելգոնեանը վերաբանալու հրամայական անհրաժեշտութեան եւ բազմաթիւ ազգօգուտ նպատակներու մասին: Պարզապէս յիշենք տակաւին որ նիւթականն ալ հարց չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Քանի՞ տոլարի փոխարէն կը համաձայնէիք ձեր զաւակը կամ թոռնիկը ազատել գլխատումէ... Քանի՞ տոլար պիտի վճարէիք ձեր զաւակը առեւանգիչ-բռնաբարողներու ձեռքէն ազատելու... Բարեգործականի ղեկավարները գիտեն որ դրամը կա՛յ: Անհրաժեշտ է զայն գործածել հազարաւոր պատանիներփրկելու,կրթելու եւ Ազգին նուիրելու:

Անձկութեամբ կը սպասենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան դրական պատասխանին:

 Lուսանկարը` noravank.am

Մեկնաբանություններ (2)

Zohrab atarian
Բարեգործականը միութիւն ըլլալէ դադրած է և վերածուած է միապետութեան։ Միապետուհիի անունը ծանօթ է բոլորիս, և իր գործակիցներու
ominac
Բարեգործական միութիւնը շատոնց կորսնցուցած է իր հայկական գոյնը։ Ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը հայերէն գրել կարդալ չի գիտեր։ Պաշտօնական լեզուն անգլերէն է։ Ձայն հանելէն զատ այս կազմակերպութիւնը շատ իմաստ չունի։ Այո նախկինում շատ բան ըրած է,բայց այսօր հիմնադրամ մը միայն մնացած է։ Մելգոնեան դպրոցի ծախելը կը նշանակէր որ ոչ մարդուժը ոչ ալ դրամը ունին հաստատութիւնը պահելու համար։ Ասոնցմէ սպասես որ սուրիահայութեան օգտակար ըլլան քիչ մը շատ է։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter