HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պոլսահայ Գայուշը կը յաւակնի քաղաքապէտ դառնալ՝ տեղի հայեր իրեն սատարեն կամ ոչ

«Հայերը վարժ են իրենց քուէները իրենց դահիճին տալ» կ'ըսէ Թուրքիոյ ՏԻՄ-ի ընտրութիւններուն իր թեկնածուութիւնը դրած Գայուշ Չալըքման:

Գայուշ Չալըքման-Կավրիլոֆը, Զապէլ Եսայեանը իր հերոսը կը համարէ եւ այդ մասին բացատրելով կ'ըսէ թէ Զապէլի ոգին ու ըրած գործը շատ մեծ արժէք մը ունին իր համար:

«Իր ապրումով, իր գրաւոր խօսքով եւ էութեամբ ան անկիւնադարձային կերպար է ու ես անոր ուղղիով է որ կը քալեմ այսօր յոյս ունենալով որ իր վախճանին չեմ ենթարկուիր» կ՛ըսէ ան:

Խօսակիցս որուն թրքերէն թարգմանութեամբ օրերս Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ Զ.  Եսայեանի «Աւերակներու մէջ» հատորը (Արաս հրատարակչատունէն) կը պատրաստուի յառաջիկայ 30 Մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք  ՏԻՄ-ի [Տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններ –Ս. Ա.] ընտրութիւններուն մասնկացելու:

Անոր ըսելով՝ Թուրքիոյ Արեւմտեան նահանգներուն մէջ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Քրտական HDP կուսակցութիւնը իրմէ բացի նաեւ այլ  հայ թեկնածուներ առաջադրած է: [HDP-Halkların Demokratik Partisi/Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն]

Գայուշ Չալըքման կը պատմէ նաեւ որ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին սկսած է  մասնակցիլ նախ անդամակցելով Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան [BDP-Barış ve Demokrasi Partisi] որուն հետ բաւական երկար ճամբայ կտրած է: Գայուշ Չալըքման ներկայիս մաս կը կազմէ HDP կուսակցութեանը որուն միացած են Քիւրտեր, Յոյներ, Ալեւիներ, Ասորիներ եւ Հայեր: Վերջերս կուսակցութեան շարքերը համալրուած են աշխատւորական տարբեր   սէնտիքաներու անդամներով, Քրտական փոքր խմբակցութիւններով եւ հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեամբ: Տիկին Չալըքման նաեւ նշեց որ կուսակցութիւնը ներկայիս ունի Թիւրքմէն  առաջնորդ  մը որ  իր ըսելով հայասէր անձնաւորութիւն  է:   [HDP երկու համանախագահ ունի՝ Sabahat Tuncel and Ertuğrul Kürkçü]

Ստորեւ հարցազրոյցը՝  

Տիկին Չալըքման, HDP կուսակցութիւնը որուն անդամ էք դուք արդեօ՞ք ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին պիտի մասնակցի ՏԻՄ-ի ընտրութիւններուն:

Ոչ. խորքին մէջ Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն Թուրքիոյ արեւելեան  նահանգներուն մէջ Քրտական միւս կուսակցութիւնները պիտի մասնակցին իսկ իր թեկնածուները պիտի ունենայ Թուրքիոյ արեւմտեան նահանգներուն մէջ: 

Դուք ձեր թեկնածութիւնը դրած էք Պոլսոյ Իշխանաց կղզիներու քաղաքապետի պաշտօնին համար: Կրնա՞ք պատմել այս մասին:

Նախ ըսեմ որ Իշխանաց կղզիներ (Թրքերէն՝ Prens Adaları) ըսելով պէտք է հասկնանք որ այդ շրջանը կ'ընդգրկէ ինը կղզի որուն վեցը մարդաբնակ են իսկ անոնցմէ երկուքը կը պատկանին անհատի մը: Իսկ իններորդը համագործակցական միութեան մը կը պատկանի:

Իսկ այս կղզիներուն մէջ հայեր կա՞ն:

Այո՛կան: Պատկերացուցէք որ կղզիներէն մին կը կոչուէր Հայերու կղզին որը յայտնի «Գնալը (Թրքերէն՝ Kınalıada) կղզին է: Հոն մենք ունինք եկեղեցի եւ մօտիկ անցեալին նոյնիսկ դպրոց մը կը գործէր: Առաջ աւելի ազդու էր հայերու ներկայութիւնը այդ կղզիին վրայ: Ցաւօք այսօր Հայերու կղզի ըլլալու հանգամանքը կորսնցուցած է կղզին:

Իսկ որո՞նք են ձեր մրցակիցները:

Հոն երկու մրցակից ունիմ որոնք Թուրքիոյ երկու գլխաւոր կուսակցութիւնները (AKP եւ CHP) կը ներկայացնեն: Կարծեմ գիտէք որ AKP-ն Էրտողանի կուսակցութիւնն է: [AKP: Adalet ve Kalkınma Partisi; Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւն; CHP: Cumhuriyet Halk Partisi; Հանրապետական Ժողովրդին Կուսակցութիւն]

Իսկ միւսը Քէմալիստլներու կուսակցութիւնն է՞:

Այո, բայց խորքին մէջ իրենք ալ չեն գիտեր իրենց ինչ ըլլալը ու յստակ ալ չէ թէ ինչ կը հետապդնեն: Իրականութեան մէջ Աթարթուրքին հիմնած կուսակցութիւնն է:

Իսկ ո՞րն է աւելի ուժեղ թեկնածուն այս երկուքին մէջ:

Քէմալիսթը (CHP-Ս. Ա.) շատ բան չի ներկայացներ ու կրնամ ըսել որ բաւական թոյլ է: Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրորդին բաւական լուրջ մրցակից մըն է որ կրնայ նեղը դնել զիս: Եւ ըսեմ նաեւ որ ընտրուելուս հաւանակնութիւնները բարձր են:

Ինչպէ՞ս կրնաք մանրամասնել:

Եթէ կուզէք որ անկեղծ արտայայտուիմ ըսեմ որ եթէ կղզիի հայերը ինծի քուէարկեն ես կրնամ յաջողութեան հասնիլ:

Եւ վստահ Հայերը ձեզի պիտի քուարկեն այդպէս չէ ՞

Ոչ կը սխալիք: Ցաւօք, մինչեւ այս պահը իմ ունեցած տեղեկութիւններս կ'ըսեն որ հայերուն մեծամասնութիւնը իրենց քուէները պիտի տան Էրտողանի կուսակցութեան թեկնածուին:

Ինչու՞:

Որովհետեւ հայերը վարժ են իրենց քուէները իրենց դահիճին տալ ..

(Պահ մը լռութիւն)

Գիտէք ես բազմաթիւ գաղութներ այցելած եմ ու եթէ ճիշդը կ'ուզէք լսել պէտք է գիտնաք որ Պոլսոյ հայերը շատ ծանր ճնշումներու տակ էին մօտիկ անցեալին ու կը շարունակեն մնալ: Ասիկա պետական մշակուած քաղաքակութեան արդիւնքն է:

Իսկ վերջին տարիներուն երեւելի փոփոխութիւններ չեղա՞ն Պոլսոյ եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ:

Ըսեմ որ վերջին տարիներուն Պոլսահայութիւնը ցնցում մը ապրեցաւ: Յատկապէս Հրանդի սպաննութեան դէպքէն ետք: Մնացած պատմութիւնը վստահ եմ գիտէք: թաքնուած հայեր սկսան իրենց ինքնութիւնը որոնել ու վերադառնալ իրենց արմատներուն: Իսկ կէթոյի մէջ ապրողները սկսան դուրս գալ փակ շրջանակէն: Բայց ցաւօք որ նոյնիսկ այդ հատուածին մօտ այդ բացուելու ընթացքը անոնք սխալ հունով տարին: Բացուիլը քաղաքական չէր այլ սեռային:

Կը պարզէ՞ք քիչ մը:

Այսօր մեծ տոկոս կը կազմէ հայերու եւ թուրքերու միջեւ ամուսնութիւններու պարագա: Ու կարծէք Հայերը կը սպասէին այս առիթին որպէսզի այդ ընտրանքին երթային: Առաջ նուազ էր թուրքերու հետ կնքուած ամուսնութիւններու քանակը  բայց ներկայիս պատկերացուցէք որ Պոլսոյ մէջ թուրքերու հետ ամուսնութիւնները      հասած են 80 տոկոսի: Ծանր թող չհնչէ ըսածս բայց Հրանդի սպաննութիւնը կարծէք սխալ ընկալուեցաւ եւ անոր մահէն ետք մարդիկ աւելի ազատ զգացին ու կը զգան թուրքերուն հետ ամուսնութիւն կնքելու:

Ձեր թեկնածուութիւնը Ինչպէ՞ս ընկալուեցաւ Պոլսահայութեան կողմէ:

Ճիշդը տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսիլ: 

Իսկ հանդիպումներ կ'ունենա՞ք Պոլսահայութեան հետ:

Ճիշդը տակաւին չեմ նախաձեռնած: Ցարդ հանդիպեցայ Սեբաստիոյ հայրենակցական միութեան անդամներուն հետ ու շատ արդիւնաւէտ անցաւ  հանդիպումը:

Վերադառնալով ընտրութիւններուն, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ձեր կուսակցութիւնը եւ բացի ձեզմէ այլ հայ թեկնածուներ կա՞ն:

Այո կան: Մօտաւորապէս տասը հայ թեկնածու ունի մեր կուսակցութիւնը եւ անոնք տարածուած են Պոլսոյ տարբեր շրջաններուն մէջ: Օրինակ Շիշիլի շրջանին մէջ  կարեւոր թեկնածու մը ունինք: Ունինք նաեւ Պաքըր գիւղին (Bakırköy) մէջ: Ըսեմ որ թեկնածուներէն մաս մը քաղաքապետական խորհուրդներուն անդամութեան համար պիտի պայքարին:

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել միւս կուսակցութիւններուն մասին:

Տեղեակ եմ CHP նոյնպէս երկու հայ թեկնածու ունի եւ որոնց ընտրուելու հաւականութիւնը շատ փոքր է:

Աւարտին այլ ըսելիներ կա՞ն:

Պիտի խնդրեմ որ յետ այսու Պոլիսն ալ սփիւռք համարուի:

Բայց գիտէ՞ք որ շատեր կը վիրաւորուին եթէ Պոլիսը սփիւռք համարենք:

Թող վիրաւորուին ատիկա իրենց խնդիրն է: Բայց փաստ է որ Իսթանուլը մեր հայրենիքը չէ: Մենք բոլորս կամ մեզմէ ջախջախիչ մասը արեւմտահայատանէն կու գանք :Ասիկա ճշմարտութիւն է: Պոլիսը այսօր գաղութ է՝ ուզեն կամ ոչ: Պէտք է բոլորը համոզուին այս խնդրով:

Մեր բոլորին ծննդավայրը՝ գաւառն է, արեւմտահայստանն է: Իմ պարագայիս օրինակ նախահայրերս շատ հինէն ի վեր Պոլիս հաստատուած են բայց ինծի համար Պոլիսն ալ գաղութ է:

Նկարներ: Գայուշ Չալըքման-Կավրիլոֆի Ֆեսպուք էջէն

Մեկնաբանություններ (2)

Kristapor Khachadour
If only more Armenians in Turkey thought like her, how can an Armenian marry a Turk? It just doesn't make sense. How can you marry someone who's ancestors killed your ancestors, and have denied it ever since! I would sure vote for this Mrs. Kayus!
Judy Norsigian
a very exciting development to see such a campaign. I do hope that Kayus connects with feminists in such groups as Mavi Kalem (in Istanbul). This group is strongly committed to women's issues.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter