
Դուրեանի գանկին ուղեւորութիւնը՝ Սկիւտարէն Երեւան
Որպէս հաւաքականութիւն մեծ մեռելներուն հետ հարցեր կ'ունենանք յաճախ։ Գրողներու, ազգային-հասարակական դէմքերու դիակները շատ անգամ վէճերու առարկայ են։ Խնդիրը չի սահմանափակուիր հանգուցեալները Հայաստան տեղափոխելու, այնտեղ վերաթաղելու նիւթով միայն, քանի որ Հայաստանի մէջ ալ երբեմն ենթական թաղելը հարցման նշաններ կը յառաջացնէ։ Թաղե՞լ։ Զմռսե՞լ։ Սիրտը պահե՞լ։ Մարմինը հրկիզե՞լ։ Եւ նման հարցումներ... Այլազան օրինակներով գրութիւնը ծանրաբեռնելու փոխարէն, անդրադառնամ Պետրոս Դուրեանի գանկին վերաբերող նիւթին, որ ուղղակիօրէն կ'առընչուի նաեւ մեր համայնքին։
Թերթին մէջ վերջերս հետաքրքրական լրատուութիւն մը հրապարակուեցաւ, որ արտատպուած էր «Հետք»էն։ Թաղե՞լ Պետրոս Դուրեանի գանկը, որ տարիներ առաջ տարուած է Հայաստան եւ ի պահ դրուած Գրականութեան թանգարանին մէջ, թէ՝ որպէս ցուցանմոյշ, պատմական թանկագին աւանդ շարունակել պահել։
Նոյն լրատուութենէն կը հասկնանք, թէ այս նիւթը հարց մըն է Հայաստանի անկախացումէն մինչեւ այսօր։ Մշակոյթի նախարարներ, Երեւանի քաղաքապետներ, թանգարանի տնօրէններ փոխուած են, սակայն հարցը չէ փոխուած, մնացած է անլուծելի։ Պատասխանատու մըն ալ յայտնած է, թէ նիւթը ամենեւին թաղելը կամ չթաղելը չէ, այլ՝ յուղարկաւորութեան արարողութեան կազմակերպումը։ Կազմակերպե՞լ, թէ ոչ։ Ճիշդ որ պարոնեանցու եղած ենք...
Վերջերս «Քուլիս»ին մէջ պատահաբար պատահեցաւ յօդուած մը, որ կը վերաբերէր Պետրոս Դուրեանի գանկի ոդիսականին։ Հեղինակն է Ստեփան Ոսկեան, որ պոլսահայ համայնքին մօտաւոր անցեալի անմոռանալի անուններէն մէկը եղած է, որպէս հասարակական դէմք։ Զինքը մանաւանդ դեռ կը յիշեն գաղութիս գատըգիւղաբնակ հատուածը ու անպայման պէտք է յիշեն դպրեվանքցիները, որոնց խնամակալութեան հիմնադիր անդամն ու կրթօճախին շինարարը եղած է։
Ոսկեան կը պատմէ, թէ 1959-ին, Պաղլարպաշըի գերեզմանատան ապասեփականացման շրջանին, երբ առջեւի շարքի շիրիմները կը տեղափոխուէին աւելի խորերը, Պետրոս Դուրեանի առաջին կարգին վրայ գտնուող գերեզմանէն դուրս կը հանուին ոսկորները ու կ՚ամփոփուին մաքուր տոպրակի մը մէջ, կրկին խնամքով թաղուելու համար։
Ոսկեան այս աշխատանքի ժամանակ բանուորի մը ձեռքին կը նկատէ գանկը, զոր կ'առնէ ու ցոյց տալով ժամանակուան պատրիարքին՝ Գարեգին արք. Խաչատուրեանին (որ ներկայ է ու կը հետեւի սիրելի ուսուցչին՝ Եղիշէ արք. Դուրեանի եղբօր, տիրամօր ու իր տիրամօր մասունքներու տեղափոխման աշխատանքին), կ՚առաջարկէ «այս գանկը փոխանակ փոսին մէջ լքեալ փոշիացնելու» յաւերժացնել՝ նուիրելով Ս. Խաչ Դպրեվանքի գրադարանին, որպէսզի նոր սերունդը ունենայ «շօշափելի փառասիրական պարծանքը իր հոգեկան աշխարհին մէջ»։
«Պսա՛կ ընդունելի գտայ խոհուն բաղձանքդ...», կը պատասխանէ ալեհեր պատրիարքը ու իր մօտ կանգնած բարապան Կարպիսին կը պատուիրէ գանկը թանկագին մասունքի մը նման պահել մեծ զգուշաւորութեամբ։ Գանկը կը դրուի տուփի մը մէջ եւ սակայն, փոխանակ Ս. Խաչ Դպրեվանքի, կը տարուի պատրիարքարան։
Դուրեանի գանկը երկար ժամանակ մոռացութեան կը մատնուի։ 1961-ին կը վախճանի Գարեգին արք. Խաչատուրեան պատրիարքը, նոյն թուականին կը գահակալէ Շնորհք արք. Գալուստեանը։ Գանկը այդպէս ալ կորստեան մատնուէր թերեւս, եթէ օր մը Թեհրանէն Պոլիս չժամանէր լուսանկարիչ, լրագրող Վարդգէս Տէր-Յարութիւնեան, որ յօդուածաշարք մը կը պատրաստէր վաղամեռիկ բանաստեղծներու մասին։ Ստեփան Ոսկեան հիւրին կը պատմէ Պետրոս Դուրեանի գանկին պատմութիւնը։
Անոնք անմիջապէս կը փութան պատրիարքարան, կը ներկայանան պատրիարքին, որու արտօնութիւնը կը խնդրեն գանկի լուսանկարման համար։ Այդ պահուն ալ յայտնի կը դառնայ որ պատրիարքը անտեղեակ է նման մասունքի մը գոյութենէն իսկ։ Նիւթին իրազեկ դառնալէ վերջ, կ'արտօնէ լուսանկարել ու կը խոստանայ կարիքն ու պատշաճը խորհիլ յառաջիկային։
Աւանդապահ բարապանը՝ Կարպիս, բարեբախտաբար զգուշութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պահած էր իրեն յանձնուած թանկագին մասունքը, զոր կը բերէ ու կը դնէ լուսանկարիչին հետաքրքիր աչքերուն ու մեքենային առջեւ։ Լուսանկարումէն յետոյ գանկը կրկին խնամքով եւ անվտանգ կը զետեղեն տուփին մէջ։
Եւ օր մըն ալ, ըստ թերթին մէջ տպագրուած լրատուութեան 1969-ին, Շնորհք արք. Գալուստեան Պետրոս Դուրեանի գանկը Պոլիսէն ծածկաբար կը տեղափոխէ Հայաստան, կը յանձնէ Վազգէն Ա Կաթողիկոսին։ Վերջինս ալ զայն կը փոխանցէ Գրականութեան թանգարանին, ուր կը մնայ այսօր ալ։ Նշեմ, թէ այս գանկոսկրով ակադեմիկոս, գանկաբան Անդրանիկ Ճաղարեան պիտի վերականգնէր Պետրոս Դուրեանի դէմքը, պիտի շինէր քանդակը։
Սկիւտարի գերեզմանատունէն դէպի Երեւանի Արամի փողոցին վրայ գտնուող թանգարանը երկարող ուղին աներեւակելիօրէն երկար է գանկի մը համար, որ ԺԹ դարուն ապրած ուղեղ մը կրած է իր մէջ։
Ժամանակը չէ՞ աւարտ մը պատրաստելու Պետրոս Դուրեանի գանկի ոդիսականին համար։ Մանաւանդ պէտք է յիշել որ յաջորդ տարի պիտի լրանայ վաղամեռիկ քերթողին 160-ամեակը։
Սեւան Տէյիրմէնճեան
«Ժամանակ», Պոլիս
Մեկնաբանություններ (3)
Մեկնաբանել