«Երկիրը ղեկաւարներուն խստասրտութիւնը կը ցնցէ մեր ընդանիքը»
Ասում է Սարգիս Հացպանյանի զարմիկը` Գևորգ Հացպանյանը: Ստորև ներկայացնում ենք նրա բաց նամակը` ուղղված Հանրապետության ղեկավարներին
«Ընտանիքս եւ ես մեծ տխրութեամբ կը ստիպուինք դիտել, թէ անմարդկային ինչպիսի վերաբերմունքի կ’արժանանայ մօրեղբայրս Սարգիս Հացպանեանը մեր հայրենիքի մէջ:
Մօրեղբայրս Սարգիս Հացպանեան իր բոլոր կեանքի ընդացքին պայգարեց հայկական հարցի համար, թէ զփիւրքի եւ թէ հայենիքի մէջ: Ան երբէք չի վարանեցաւ հայրենիքը զէնքով պաշտմանիլ: Երբ ուրիշներ հայրենիքէն կը հեռանային, ան մնաց Հայաստան, հայրենիքը պաշտպանելու համար:
Սարգիս Հացպանեանը էորք եւ Մարիամ Հացպանեաններու կրտսեր զաւակն է: Իմ մեծհայրս, այսինքն` Սարգիսի հայրը մահամերձ է: Հիւանդանոցէն բժիշկները տուն ղրկած են իրեն, որովհետեւ այլեւս բուժման որեւէ յոյս գոյութիւն չունի: Ան կ’ապրի իր կեանքի վերջին օրերը:
Մեր ամբողջ ընտանիքը բոլորուած է իմ մեծհօր մահճակալի շուրջ: Բոլորս, իր զաւակներն ու թոռները հոն ենք, բացի իր կրտսեր զաւակը Սարգիսէն:
Ընտանիքիս եւ ինծի համար անհասկանալի է, թէ ներուած հօրեղբակրս ինչո՞ւ ազատ չ’արձակուիր, որպէսզի կարողանայ մահամերձ հայրը վերջին անգամ մը տեսնել եւ հրաժեշտ առնել: Իր զաւակի մասին մտահոգութիւնը հիւանդացուց նաեւ մեծմայրիկս:
Հայրենիքի ղեկաւարները կորսնցուցա՞ծ են մարդկայնութեան, ընտանեկան եւ արդարութեան արժէքները:
Այստեղ խնդրոյ առարկան քաղաքականութիւնը չէ այլ մարդկայնութիւնը եւ արդարութիւնը: Այստեղ խնդրոյ առարկան այն է, որ զաւակի մը չի թոյլատրուիր իր որդիական վերջին պարտականութիւնը կատարել:
Ի՞նչ կրնայ ըլլալ բարոյականօրէն ընդունելի պատճառը անոր, որ զաւակի մը չ’արտոնուիր իր մահամերձ հայրը տեսել եւ վերջին անգամ մը անոր դեր տաք ձեռքերը բռնել:
Որպէս զփիւրքի մէջ ապրող ընտանիք, մեր փափաքն է որ Սարգիս Հացպանեանը իր հայրը կարողանայ տեսնել, որպէսզի իմ մեծհայրս ալ խաղաղութեամբ աւանդէ իր հոգին:
Երկիրը ղեկաւարներուն խստասրտութիւնը կը ցնցէ մեր ընդանիքը: Երկրի ղեկաւարներուն սառած սիրտերը բարոյական եւ մարդկային այս փափաքը պէտք է յարգեն. Մահամերձ հօր մը վերջին փափաքը, իր զաւակը` Սարգիսը վերջին անգամ տեսնելու եւ զայն ողջագուրելու իր տաք ձեռքերով»:
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել