HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթաց

12_09-Armenia-TurkeyԻ՞նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները Եւ ահա այսպէս. Հայաստան համաձայն է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին համար պատրաստուած արձանագրութեան հետ: Եթէ «ամեն ինչ լաւ ընթանայ», երկու ամիսէն սահմանը պիտի բացուի : Այս լուրը լսելով, բոլոր հայերը, ըլլան անոնք Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն, համայն աշխարհի նախարարութիւններու, կառավարութիւններու եւ բոլոր կուսակցութիւններու օրինակին հետեւելով, պիտի ծափահարէին եւ զիրար շնորհաւորէին, շրջանի քաղաքական կայունութիւնն ու Հայաստանի տնտեսական վերականգնումը երաշխաւորող նոր հորիզոնին համար: Այդուհանդերձ, առկայ են հիմնական քանի մը հարցեր : Ի՞նչ կ’արժէ համաձայնութիւն մը, եթէ ան կը կայանայ մեր ժողովուրդի հիմնական արժէքներու անտեսումին եւ հայկական պետութեան ինքնիշխանութեան անտեսումին վրայ, եւ ներկայ ու ապագայ սերունդներու ազգային հիմնական շահերուն  ի վնաս : Հրապարակուած արձանագրութիւններու ընթերցումը կը յարուցէ երեք հիմնական խնդիրներ. -Ի՞նչ կերպ կը պաշտպանուի հայ ժողովուրդի իրաւունքը` իրմէ խլուած ու բռնագրաւուած հողերու կապակցութեամբ: -Ո՞ւր հասած է հայոց ցեղասպանութեան ընդունման եւ ճանաչման հարցը : -Ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի ապագան: Դժբախտաբար, մենք շատ լաւ գիտենք այս հարցումներու պատասխանները: Թէեւ յայտարարուած է թէ բանակցութիւնները պէտք է սկսուին «առանց նախապայմաններու», Թուրքիա այս գործընթացի սկիզբէն ի վեր կը կրկնէ` -Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները : -Պատմաբաններու յանձնաժողով մը պէտք է խորհրդակցի ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան շուրջ : -Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի առանց վտանգելու Ատրպէճանի շահերը (ինչ որ կը նշանակէ անկախութեան գաղափարի մերժում) : Անշուշտ հրատարակուած թղթածրարին մէջ այս նախապայմանները բացէ ի բաց տեղ չեն գտներ, սակայն Թուրքիա ի սկզբանէ եւ իր բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ այս նախապայմանները կը յարուցէ հազիւ թէ քողարկուած ձեւով: Թուրքիա այս մերձեցման գործընթացը կ’օգտագործէ ի շահ իր ռազմաքաղաքական նպատակներուն, եւ կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ նոր եւ բաց պետութիւն մը, որ խզած է իր կապը քեմալականներու ազգայնական ծայրայեղ դիրքերուն հետ: Խորքին մէջ, որեւէ կարեւոր բան չէ փոխուած, ոչ սահմաններու, ոչ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ոչ ալ Ղարաբաղի ապագայի կապակցութեամբ: Միայն Հայաստանն է, որ իր տկար դիրքին բերումով, կը ձեւացնէ թրքական դիւանագիտութեան մէջ տեսնել դրական փոփոխութիւններ, եւ որոնք, իր տեսանկիւնէն, առաւել յարմար ընթացք ընդունած են ի տես հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան: Իրականութեան մէջ, Թուրքիա կը միտի գրաւոր կերպով ամրագրել տալ հայկական դիւանագիտութեան  հրաժարումը կամ առնուազն յետքայլը վերոյիշեալ երեք հարցերէն, որոնցմէ ոչ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ոչ ալ Արցախի անկախութիւնը կրնան բանակցութեան նիւթ դառնալ: Եւ այս բոլորը սպառնալիքի մթնոլորտի մը մէջ` ինչ կը վերաբերի «սահմանի բացման», որուն համար կրնայինք ուրախանալ, եթէ համոզուած ըլլայինք որ անոր տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները պիտի բաւարարէին Հայաստանի պետութեան ու հայ ժողովուրդի սպասումները: Ճիշդ է, որ եթէ Հայաստանի պետութիւնը չդիմէ անհրաժեշտ միջոցառումներու պաշտպանելու համար Հայաստանը` Թուրքիոյ տնտեսական եւ ճարտարարուեստական մեքենայի ներխուժումէն, կարճ ժամանակի մը ընթացքին հայկական տնտեսութիւնը պիտի ենթարկուի թրքական դրամագլուխներուն եւ տնտեսական շահերուն: Այդուհանդերձ անհերքելի է սահմանի բացման անհրաժեշտութիւնը, եւ անընդունելի, որ պատերազմական գործողութեան համազօր այս շրջափակումը շարունակուի:  Սակայն սահմանի բացման համար, կարելի էր սպասել որպէսզի զօրանար միջազգային դիւանագիտութեան ճնշումը Թուրքիոյ վրայ, եւ ոչ թէ թոյլ տալ որ Հայաստանը կարեւոր զիջումներ կատարէ իր անձեռնմխելի իրաւունքներուն ուղղութեամբ: Հայաստան պէտք է անմիջապէս դիմէ անհրաժեշտ միջոցներու եւ ինքզինք պաշտպանէ տնտեսական ենթակայութեան ամեն փորձութենէ, որպէսզի չկորսնցնէ իր անկախութիւնը եւ չդառնայ Թուրքիոյ հպատակ: Հրապարակուած թղթածրարին մէջ կը խօսուի «միջխորհրդարանական յանձնաժողովին կից ենթայանձնաժողովի» մը մասին որ պիտի զբաղի պատմական իրադարձութիւններու քննարկումով: Ի՞նչ է հիմնական տարբերութիւնը այս ենթայանձնաժողովին եւ պատմաբաններու յանձնաժողովին միջեւ: Այսպիսով Թուրքիա ժամանակ պիտի շահէ, եւ այլեւս կարելի պիտի չըլլայ շարունակել մեր աշխատանքը ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչնման համար, յատկապէս ԱՄՆ-ի կողմէ: Իսկական բարեփոխումը պիտի ըլլար այն, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի ճանաչման խնդիրը «հազիւ թէ քողարկուած» կերպով չօգտագործուէր իբրեւ նախապայման, որ ցեղասպանութեան իրականութիւնը ճանցուէր եւ Թուրքիա դադրեցնէր իր ուրացման քաղաքականութիւնը (հետեւելով թուրք մտաւորականներու կոչին, որ կը քաջալերէ Թուրքիան ընդունելու իր պատմութիւնը), եւ որ Թուրքիա այլեւս անպայմանական կերպով չպաշտպանէր իր ազրպէճանցի զարմիկները, եւ չշարունակէր վստահեցնել զանոնք յայտարարելով` թէ սահմանը կը բացուի միայն Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծումէն ետք : Հայաստանի կառավարութեան այս նոր քայլը, հակառակ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ կատարուած բազմաթիւ զգուշացումներուն, իրական վտանգի կը մատնէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: Նախագահ Սարգիսեան իրաւունք չունի ստորագրելու թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի շահերը խնդրոյ առարկայ դարձնող համաձայնագիր մը, առանց նախապէս խորհրդակցելու ցեղասպանութեան զոհերու անմիջական ժառանգորդ` Սփիւռքահայութեան եւ անոնց ներկայացուցիչ գործունեայ ուժերուն հետ: Մեկնարկուած գործընթացը խրամատ մը կը փորէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, որուն միակ պատասխանատուն նախագահ Սերժ Սարգիսեանն է: Սփիւռքահայութիւնը պէտք է կազմակերպուի, լսելի դարձնէ իր ձայնը, եւ արգիլէ որ նախագահ Սերժ Սարգիսեան շարունակէ այս վտանգաւոր ճամբան: Ռիշար Անանեան Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Համանախագահ Փարիզ, 9 Սեպտեմբեր 2009

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter