Այլեւս ամչցէ՛ք...
Լինելով ձեր կայքի եւ թերթի մշտական կարդացողներոց մէկը, կը ցանկանայի իմ յոդուածը տեսնել ձեր թերթում: Շնորհակալութիւն:
Այո ժողովուրդ, բառին բուն իմաստով թող ամչնան: Թող ամչնան, որովհետեւ իրենք՝ հաւանօրէն աշխարհասփիւռ Հայութեան յոյսն ու պաշտպանը ներկայացնող Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, անգիտակցաբար կը նպաստեն հակահայ քաղաքականութեան եւ զայն աջակից կ՛ըլլան: Թող ամչնան, որովհետեւ իրենց անձնական շահերն ու «առասպել» դառնալու միտումները կը գերադասեն ազգայիմ պետական շահերուն: Թող ամչնա՛ն, որ իրենք, սահմանի բացման համար՝ որը անօրէնութեամբ փակուած էր Թուրքիոյ կողնէ, միակողմանի եւ ի նպաստ Թուրքիոյ ազգային շահերուն զիջումներ կ՛ընեն:
Թող ամչնա՛ն, որ Հայաստանի մէջ 21-րդ դարին տակաւին կան մարդիկ, նաեւ քաղաքական գործիչներ որոնք հրապարակաւ եւ յամառօրէն կ՛ընդունին ներկայիս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները: Թող ամչնա՛ն, որովհետեւ արդէն կասկածի ու տարակոյսի տակ դրած են Հայոց ձեղասսպանութիւնը՝ այդ արձանագրութիւներուն մէջ գլխաւոր եւ հիմնական տեղ գտած հայտնի «պատմական իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու» միջկարավարական հանձնաժողովի ստեղծմանը համաձայնելով: Այլեւս ամչցէ՛ք, որ մի քանի ամսուան ընթացքին ջուրի պէս կը շոգիացնէք Հայ դատի տասնամեակներ տեուած յաջողութիւնները եւ կը խափանէք ու կը դժուարացնէք Հայ Դատի եւ մեր իրաւունքներու միջազգայիմ հետապնդումը: Լսեցէ՛ք Հայ ժողովուրդին, սփիւռքահայութեանը եւ Հայ Դատը հետապնդող կազմակերպութիւններու զայրոյթին, եւ մի՛ բաւարարուիք միջազգային հանրութեան՝ մանաւանդ ԱՄն-ի Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դրական արձականքներուն: Այլեւս սկսածենք նախանձիլ թրքական քաղաքականութենէն, իսկ զզուիլ ու հիասթափուիլ վերջերս մեր նոր իշխանութեան արտագին քաղաքականութենէն: Զայրացած ու հիասթափուած է ամբողջ սփիւռքը: Զայրացած է այն հայը՝ որու մօտ առաջնային է ազգային շահը ու պահանջատէր է Թուրքիոյ նկատմամբ: Իսկ անբարոյ է այն հայը, որ ազգային շահերը, մեր հողային պահանջը, Ղարաբաղի անկախ Հանրապետութիւնն ու մեր անկեղծ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վաճառականութեան առարկայ կը դարձնէ:
Ասպետ Հարմանտայեան
23/09/09
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել