Ճեփ Ճերմակը Եղավ Սեփ Սեւ
Լուսին Կասպարյան, ԱՄՆ
Երբ մեր վերքէրը բաց մնացեր են, իրենք անոնց վրայ աղ կը թափեն: Երբ մեր իրաւացի դատը լուծուած չէ, անոնք կը ստիպեն որ մոռնանք եւ յետաձգենք: Երբ կը փնտռենք ցաւակցությւնարդարութւն, անոնք կը վարուին մեր հետ զզուանքով:
Երբ անոնք նորէն կը ծրագրեն մեր բնաջնջումը, անոնք «Արեւմուտքը» կը պնդե որ գրկենք զիրար: Երբ շարունակենք մեր Հայ տոհմիկ սովորութիւնները, անոնք կը յայտարարեն որ այդ սովորութիւնները իրենց ազգին կը պատկանին: Երբ պահանջենք մեր բնիկ հողին վերադարձը, անոնք կը պահանջեն որ մնացեալն ալ իրենց տանք: Երբ կը տոկանք տառապանքի, անոնք մեզ կը մեղադրեն իբրեւ մտաճնշուած ազգ: Երբ պայքարինք արդարութեան համար, անոնք մեզ կը կոչեն «ծայրահեղ»: Երբ պաշտպանենք մեր բնիկ հողը, մեզ կը կոչեն ահաբեկող: Երբ կրենք մեր բեռերը զուսպ արժանապատվութեամբ, մեզ կը կոչեն խաբեբայ: Երբ մեր տառապանքները մեզ կը լռեցնեն, անոնք կ`ըսեն որ մեր անձայնութիւնը մեր մեղաւորութիւնը ցոյց կու տայ: Երբ մեր բառերը գրաքննիչ կը դառնան, անոնք կը փոխարինեն սուտերով: Երբ մտնենք «գլխաւոր հոսանքը», ճնշուած ենք բացի եթէ խօսինք մեզ ճնշողին լեզուն: Երբ մեր Հայրենիքը ոտնակոխ է, անոնք կ`ըսեն որ իրենք են որ զիջում կ`ընեն: Երբ ճշմարտութիւնը խօսինք, մեզ ատելութեան խռովարար կը կոչեն: Մենք ակամա գերի ենք, բայց մեզ կը ճանչնան իբրեւ ոչխար եւ խորոված: Զիջելու ատենը եկաւ - բայց ոչ մեր ջնջման: Մենք ենք որ պետք է ջնջենք դաւաճանութիւնները - եթէ պիտի փրկենք Հայ ազգը եւ երկիրը:
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել