HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ահազանգ Մխիթարեան վարժարանէն

Մխիթարեան Միաբանութիւնը հիմնուած 1700 թուականին Կ. Պոլիս Մխիթար Վրդ. Սեբաստացիի կողմէ Հայ հոգեմտաւոր վերելքի գլխաւոր ազգային հաստատութիւններէն մին եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ մինչեւ օրս։ Մխիթար եւ իր նուիրեալ միաբանակիցներն ու աշակերտները իրենց հասարակական կեանքի առաջին օրէն իսկ ճաշակած են անհասկացողութեան եւ հալածանքի դառն փորձառութիւնը իրենց բռնած համազգային եւ համերաշխ դիրքին ու համոզումներուն համար։ Ի տարբերութիւն սակայն «սովորական» նկատուած անձերու, Մխիթար եւ իր հետեւորդները գիտցած են որպէս հարազատ հայու զաւակներ՝ ո՛չ միայն չընկրկիլ այս տխուր մարդկային փորձառութիւն-փորձութիւններէն, այլ ընդհակառակն՝ անոնք աստուածային նախախնամութեամբ յաջողած են դրական դասեր քաղել անոնցմէ։ Ահաւասիկ ուրեմն նկարագիրը՝ կեանքի դժուարութիւններուն հանդէպ մշտապէս դրական եւ շինիչ կեցուածք ունեցող անձերուն։ Արդարեւ, եթէ լաւ սերտենք Կ. Պոլսոյ, Մեթոնի (Յունաստան), Վենետիկի ինչպէս նաեւ աշխարհատարած Մխիթարեան բոլոր առաքելավայրերու պատմութիւնն ու դիմագիծը՝ անխուսափելիօրէն երեւան կու գայ թէ ինչպէս անոնց մեծութիւնը անբաժան է տառապանքի եւ հալածանքի գոյութենական ապրումներէն։ Մխիթարեան Վիեննայի մասնաճիւղը երկար տարիներէ ի վեր ռահվիրայի դերակատարութեամբ իր անսակարկ հովուական, կրթական եւ մշակութային անգնահատելի ծառայութիւնը բերած է հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերուն։ Այս ուղղութեամբ մեծ եղած է վերոյիշեալ միաբանութեան կրթադաստիարակչական ծառայութիւնը Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութէն ներս։ Հանգուցեալ վաստակաւոր առաքեալներու եւ դաստիարակներու կողքին՝ պէտք չէ մոռնալ ժրաջան ու վաստակաշատ մշակ, Մխիթարեան միաբան՝ Հ. Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանը, ներկայ Մեծաւորը Լոս Անճելըսի Մխիթարեան Վարժարանին։ Յուլիս 2000 թուականին, Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի եւ Վիեննայի արդիւնաշատ զոյգ ճիւղերը իրագործեցին, մեր Հայ պատմութեան հազուագիւտ դրական արարքներէն մին՝ այսինքն է «գործադիր վերամիացումը»: Որպէս արդիւնք վերոյիշեալ գործադիր միութեան՝ Մխիթարեան միացեալ Միաբանութիւնը յանձնառու դարձաւ հանդիսաւորապէս եւ անվերապահօրէն թիկունք կանգնիլ Լոս Անճելըսի Մխիթարեան Կրթօճախին եւ անոր ազգօգուտ առաքելութեան՝ ի նպաստ Հայ մատղաշ ապագայ սերունդին ամբողջական կազմաւորման։ Մխիթարեան Միաբանութիւնը սոյն յանձնառութիւնը իր սրբազան պարտականութիւններէն մին կը նկատէ՝ հակառակ ներկայ ժամանակներու զանազան տեսակի դժուարութիւններուն։ Սակայն վերջին տարիներուն, Մխիթարեան ղեկավարութիւնը կարծէք անակնկալօրէն որոշ թնճուկներու եւ տատամսումներու դիմաց կը գտնուէր նկատմամբ իր աշխարհասփիւռ առաքելավայրերուն, ներառեալ Լոս Անճելըսի վարժարանը. իսկական պատճառը սակայն այս դժուարութիւններուն կը կայանար ոչ այնքան վերոյիշեալ կեդրոններու առարկայական հարցերուն մէջ՝ որքան Միաբանութեան ներքին եւ քիչ լուսաբանուած բարդութիւններուն մէջ, որոնք աստիճանաբար կը սկսէին երեւան գալ եւ իրենց ոչ դրական ազդեցութիւնը ձգել Մխիթարեան զանազան ծիրերու պատկանող գործունէութիւններուն վրայ։ Յուլիս 2008 թուականին Մխիթարեան Միաբանութիւնը  կ՚ենթարկուէր Վատիկանի կողմէն աննխընթացօրէն ծանր «այցելութեան» մը, որ մինչեւ օրս տակաւին ի զօրու կը մնայ։ Այլ բառերով ըսուած, Միաբանութիւնը ներկայիս զրկուած է իր ինքնավարութենէն եւ օրինական ու սահմանադրական կարգերէն։ Հետեւաբար, ներկայիս Վատիկանի կողմէ, եւ ոչ թէ միաբանական ժողովէ ընտրուած, որպէս ղեվավար մարմին «նշանակուած» են երեք անձերէ բաղկացած վարչութիւն մը, Ընդհանուր քարտուղար մը եւ Ընդհանուր Մատակարար մը, որոնք սակայն ամբողջութեամբ ենթարկուած են Chevetogneի Բենեդիկտեան վանքի միաբան Michel Van Parys Պելճիքացի օտարազգի վարդապետի կարգադրութիւններուն։ Ուրեմն վերոյիշեալ իրաւակարգի պատճառով Մխիթարեան ազգային Միաբանութիւնը ոչ միայն զրկուած է ամբողջապէս իր անկախութենէն այլ նաեւ Վատիկանի կողմէ նշանակուած մարմինը թէ՛ իր իշխանութիւններուն եւ թէ՛ ժամանակի տեւողութեան կողմէ կը կառավարուի «ըստ կամաց Ս. Աթոռի», այսինքն՝ լիովին ենթարկուելով Վատիկանի որոշումներուն։ Ներկայիս  որոշ վճիռներ Մխիթարեան առաքելութեան եւ կեդրոններուն վերաբերող՝ սկսած են արդէն կասկած արթնցնել շատերու մէջ եւ զանազան երկիրներէ ներս, ըլլա՛յ Հայաստան, ըլլա՛յ սփիւռք, թէ Վատիկանի միջամտութեան գլխաւոր նպատակը եւ ուղղութիւնը կը հանդիսանայ ոչ այնքան Միաբանութեան դժուարութիւններու աջակցութիւնը ապահովել, որքան հսկել անոր «կալուածներու եւ գոյքերու լուծարքի» գործընթացը։ Այս վարկածին համաձայն, իր տրամաբանական եւ հասկնալի իմաստը կը գտնեն այն զանազան ապազգային գործողութիւնները, որոնք ցոյց կու տան թէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը ոչ թէ «դերակատար»ն է՝ այլ անոնց «կրաւորական գործադիրը»։ Վկայութիւն մը Լոս Անճելըսի Մխիթարեան Վարժարանի  նորագոյն անցուդարձերէն ։ Յանուն  Արդարութեան Որպէս նախկին ուսանող Լիբանանի Մխիթարեան Վարժարանի եւ աշակերտը Հայր Օգոստինոսին, չեմ կրնար անտարբեր մնալ, այս ծերունի 88 ամեայ Վարդապետին դէմ կատարուած անարդարութեան, անպարկեշտութեան եւ խաբէութեան: Չկայ  մէկը որ տեղեակ չըլլայ Հ. Օգոստինոսի եւ իր կատարած քսանամեայ մշակութային եւ կրթադաստիարակչական առաքելութեան Լոս Անճելըսի գաղութէն ներս: Այն ինչ որ կը պատահի այս օրերուն Մխիթարեան Վարժարանի շրջափակէն ներս, կրկնութիւնն է 2004 թուականին պատահած տխուր դէպքերուն, որոնք այնքան ջիղեր մաշեցուցին, վարկեր մրոտեցին եւ անուններ վարկաբեկեցին յանուն ոչինչի, ի վերջոյ յանգելով փոխհասկացողութեան, անշուշտ փաստաբանական հսկայական ծախսերէ ետք: Այսօր սակայն, անցեալի բուռն երկու հակառակորդներ, Հայր Եղիա Վարդապետ Քիլաղպեան եւ իրաւաբան, Դերենիկ Քուչաքեան, չենք գիտեր թէ ինչ յատուկ եւ ծածուկ դիտաւորութեամբ, յանգած են անհասկնալի համաձայնութեան մը՝ միասնաբար հարուածելու այս անգամ ծերունի, մենակեաց եւ վատառողջ հոգեւորական մը: Եւ ահա իրենց նոր «առաքելութեան» մէջ, ձեռք ձեռքի տուած, կը փորձեն ամէն գնով հոգեբանական ճնշում բանեցնել ալեւոր վարդապետին վրայ, խլելու համար անկէ վարչականի իր իրաւունքները, դիմելով ամէն տեսակի օրինական եւ ապօրինի միջոցներու։ Այս բոլորը ինծի մտածել կու տան թէ ի՞նչ է իսկական պատճառը որ այս անցեալի թշնամիները նոր առաքելութեամբ եկած են խորտակելու, այն ինչ որ վերջին երկու տարիներու ընթացքին, գլխաւորաբար շնորհիւ Պր. Ոսկան Մխիթարեանի «արտակարգ ճիգերուն» կրցաւ իրականանալ։ Արդարեւ ո՞վ կրնայ չերկրորդել որ Մխիթարեան Վարժարանի ներկայիս վայելած յաջող եւ նախանձելի վիճակը կը պարտինք Պր. Ոսկան Մխիթարեանի գիշեր ցերեկ անխոնջ աշխատանքին։ Ինքն էր անշուշտ որ յաջողեցաւ խանդավառել աշակերտներու ծնողները, համոզելու համար զիրենք եւ իրենց զաւակները որ սիրայօժար յաճախեն Մխիթարեան Վարժարան: Սրտի ցաւով չեմ կրնար անտեսել նաեւ իրաւաբան Դերենիկ Քուչաքեանի անձնական եւ շահադիտական հաշիւները Մխիթարեան Վարժարանի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ: Տխուր է նշել թէ ինչպէս Պր. Քուչաքեան յաճախակի կերպով շահագործած է Մխիթարեան Վարժարանի  իրաւական մարմնի ծիրէն ներս ունեցած իր հանգամանքը, ինչպէս նաեւ տնօրէն եւ մեծաւոր Հ. Օգոստինոս Վարդապետի բարեացակամութիւնը, միամտութիւնը եւ անգլերէն լեզուի անծանօթութիւնը՝ անձնական ապօրինի հասոյթներ ապահովելու դիտաւորութեամբ, նկատի առնելով որ ան գործի դրած է այս փաստաթուղթերը երաշխաւորելու համար Հայ եւ Արաբ իր շատ մը յաճախորդներուն գաղթականական թղթածրարները։ Նման յանդուգն եւ ապօրինի գործելակերպով ան ո՛չ միայն խախտած է ԱՄՆ-ու Գաղթականական օրէնքները, խեղաթիւրած ճշմարտութիւնը նկատմամբ քաղաքացիական իշխանութիւններու, այլ նաեւ լրջօրէն վտանգի եւ օրինական ու քրէական պարտաւորութիւններու դիմաց դրած է Մխիթարեան Վարժարանը։ Նուազագոյն  վերջին երկու տարիներու ընթացքին, որոնց կրնամ անձամբ վկայել որպէս Մխիթարեան Վարժարանի աշխատակից, կը հաւաստիացնեմ որ Պր. Դերենիկ ոչ մէկ անգամ այցելութիւն կատարած է Մխիթարեան մեր հիմնարկէն ներս, հակառակ որ օրէնքի ճամբով, որպէս վարժարանի Վարչութեան գործադիր անդամ, ան՝ բարոյապէս պարտականութիւնը ունէր գէթ տարին անգամ մը պաշտօնապէս Վարչական մարմինը ժողովի հրաւիրելու: Պր. Դերենիկ թերանալով իր այս պարտաւորութեան մէջ, ահաւասիկ յանկարծ զինք կը տեսնեմ առաջին ճակատի վրայ հարուածելու Հայր Օգոստինոսը եւ Մխիթարեան Վարժարանի աշխատակազմը: Այսպէս օրինակ, մի քանի օր առաջ երբ կը գտնուէի Հայր Օգոստինոսի բնակարանը, Պր. Դերենիկ Քուչաքեան, հեռախօսով Հայր Օգոստինոսին կը յայտնէր որ Մխիթարեան Վարժարանի Վարչութիւնը ժողով գումարած էր եւ միաձայնութեամբ որոշումներ որդեգրած էր։ Հայր Օգոստինոս կ՚առարկէր ըսելով թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ առանց իրեն իմացնելու կրնային ժողով գումարած ըլլալ. այս հարցումին կը պատասխանէր Պր. Դերենիկ ըսելով. «թէ Դուն կարեւորութիւն չունիս վարժարանէն ներս»: Հայր Օգոստինոս սիրտը բանալով ինծի կ՚անդրադարձնէր թէ «ինչպէ՞ս կրնային այսքան անիրաւութիւն ընել ինծի դէմ. հետեւաբար՝ մտադիր եմ բողոքս Վատիկան ներկայացնել»: Մի քանի օր ետք, Հայր Օգոստինոս կ՚իմանար ճշմարտութեան այլ ծալքեր իր միաբանակից եղբայր, Հայր Անդրէաս Հարմանտիկեանէն, թէ բոլոր տարածուած լուրերը սուտ են եւ կեղծիք, որովհետեւ վարժարանի Գործադիր Վարչութեան Մխիթարեան անդամներէն, ոչ՛ Հայր Անդրէասը եւ ոչ՛ ալ Հայր Սիմոն ստորագրած էին նման փաստաթուղթի մը տակ: Ահաւասիկ ուրեմն անգամ մը եւս կը փաստուէր իրականութիւնը թէ ինչպիսի սադրանքներ կը ծածկուէին Հայր Օգոստինոսին դէմ կատարուած արարքներուն տակ: Աւելին, նոյն այս իրաւաբանն էր որ պէտք է քաջութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ունեցած ըլլար, 2004 թուականին, կիրքերը նուազ հրահրելու, երբ Հայր Եղիա Վարդապետ, նոյն շրջանին որպէս ընտրեալ Աբբահայր, դատ բացած էր ընդդէմ Մխիթարեան Վարժարանի Վարչութեան, որու մաս կը կազմէր նաեւ նոյն ինքն Դերենիկ Քուչաքեանը: Այս վերջինին բարոյական պարտաւորութիւնն էր, որպէս գիտակից Հայ իրաւաբան, կողմերուն թելադրելու որ, նման դատավարութիւն մը միայն անպատուութիւն կրնար բերել Մխիթարեան Միաբանութեան, եւ այդպէս ալ պատահեցաւ իր թերացումին հետեւանքով. եզրակացութիւնը կը թողում ընթերցողներուն։ Բոլոր այս դէպքերը նկատի ունենալով, այսօր կը զարմանամ թէ Հայր Եղիա ի՞նչ թաքուն նպատակներ կը հետապնդէ իր երբեմնի թշնամիին հետ գործակցելով: Արդեօք հին երազնե՞ր կ՚օրօրուին տակաւին, դպրոցը փակելու եւ կալուածն ալ լուծարքի ենթարկելու. ճիշդ այդ նպատակով է որ կարծէք չէզոքացնել կը փորձեն բոլոր անոնք որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան իր ուղիին, անտեսելով գործող անձերու արժանապատուութիւնը եւ ծերունի Վարդապետին օրինական իրաւունքները: Ի վերջոյ ան չի՞ մտածեր արդեօք որ օր մը հաշիւ ունի տալիք իր իսկ միաբանութեան, որոնք այսօր անզօր եւ յաճախ անտեղակ դէպքերու մանրամասնութիւններէն՝ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն զօրավիգ կանգնելով իրենց երիցագոյն սիրելի միաբանին, Հ. Օգոստինոս Վրդ.ին, պարզապէս յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։ Դժբախտաբար, այսօրուայ վիճակով, Մխիթարեան Վարժարանը անգամ մը եւս կը կանգնի անդունդի մը եզրին, ոչ լիովին ներկայացուցչական ոյժ ունեցող ղեկավար մարմնի մը անխոհեմ քայլերուն պատճառով։ Սփիւռքի մեր Հայ համայնքները գերմարդկային ճիգեր կը թափեն պահպանելու համար Հայ ինքնութեան դիմագիծը, որու գլխաւոր միջոցներէն մին է Հայ Դպրոցը, ուր կը պատրաստուին եւ կը դարբնուին մեր ապագայ սերունդները: Հետեւաբար, Մխիթարեան վարժարանի այս տխուր ճակատագիրը մեծագոյն հարուածներէն մին պէտք է նկատել ուղղուած մեր ազգապահպանման սրբազան առաքելութեան, որու դիմաց պէտք է միանան բոլոր ազգասէր եւ բարեացակամութիւն ունեցող անձերու եւ հաստատութիւններու համագործակցութիւնը։ Պերճ Ճամճեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter