HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Փորձուածը դարձեալ փորձելը յիմարութիւն է»

Ոսկան Մխիթարեան Այս օրերուս ինծի նման շատ մը հայ ընթերցասէրներ, առիթը ունեցան կարդալու Պերճ Ճամճեանի «Յանուն Արդարութեան» խորագիրը կրող անկեղծ, բայց միաժամանակ նաեւ արդար մտահոգութիւն առթող յօդուածը (Տես հոդվածը՝ Ահազանգ Մխիթարեան վարժարանէն)։ Պերճ Ճամճեան, որպէս եռանդուն Մխիթարեան նախկին սան, իր ցասումը եւ կասկածները կը յանձնէր հաղորդակցութեան միջոցներուն՝ նկատմամբ ԱՄՆի Թահանկայի Մխիթարեան Վարժարանին եւ անոր առընչուող նորագոյն ու տհաճ անցուդարձերուն։ Վերոյիշեալ յօդուածագիրը իրականութեան մէջ չէր սահմանափակուեր Մխիթարեան վարժարանին վերաբերող հարցերու սեղմ շրջածիրին՝ այլ անցնելով անդին, ան իր մատը կը դնէր Մխիթարեան Միաբանութեան ազգային նկարագրի վտանգուած ըլլալու վէրքին վրայ։ Ասկէ կ՚եզրակացուէր ուրեմն կրկնակի հարցադրում մը։ Նախ եւ առաջ կը մատնանշուի ԱՄՆի Մխիթարեան Վարժարանի տեղական եւ մասնակի հարց մը, որ անշուշտ կը կարօտի մասնագիտական եւ ուրոյն վերլուծումի, բայց միաժամանակ այս խնդրին միջոցով ազգային արդիւնաշատ միաբանութեան մը անվտանգութեան հարցը մեր դիմաց կը պարզուի միջ-եկեղեցական եւ միջազգային չափանիշներով։ Ներկայ գրութեամբս մտադիր եմ հետեւաբար որպէս վերջին երկու տարիներու գործադիր պատասխանատու տնօրէն Մխիթարեան վարժարանին ընդառաջել Պերճ Ճամճեանի առաջին խնդիրին, ընձեռելով մեր հայ ընթերցասէր հասարակութեան  բոլոր այն հարկաւոր լուսաբանութիւնները որոնք կը վերաբերին Մխիթարեան կրթադաստիարակչական սոյն հիմնարկին։ Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ վերոյիշեալ հանգամանքիս եւ պաշտօնիս բերումով լրջօրէն վերլուծելով Մխիթարեան Վարժարանի երկամեայ գործունէութիւնները, արդէն իսկ մանրամասն տեղեկագիրներով տեղեակ պահած էի կացութեան մասին Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհ. աբբահայր Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանը։ Միաժամանակ պէտք է նշել որ իմ կապերս Մխիթարեան անհատ միաբաններոււ ինչպէս նաեւ ընդհանուր հաստատութեան հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունի։ Սակայն ինչ կը վերաբերի Մխիթարեան վարժարանի հետ գործակցութեանս՝ ան սկիզբ կ՚առնէր ընդառաջելով Հ. Դաւիթ Վրդ. Ղազարեանի առաջարկին որ կը հրաւիրէր զիս ստանձնելու Վարժարանի տնօրէնութեան պատասխանատուութիւնը։ Արդարեւ Հ. Դաւիթ շուրջ երկու տարի առաջ դիմացս կը պարզէր վարժարանի ծանր վիճակը որուն մէջ կը գտնուէր Մխիթարեան Վարժարանը՝ կրթական, տնտեսական, կազմակերպչական եւ հուսկ նաեւ վարկի գետնի վրայ։ Մտահոգիչ կացութիւնը որու մէջ կը գտնուէր Մխիթարեան վարժարանը մասամբ արդիւնքն էր նաեւ տնտեսական-դատական ներքին բախումներուն, որ գրեթէ երեք տարի ծանրօրէն հակադրութեան մէջ դրած էին Միաբանութեան ընդհանուր եւ կեդրոնական վարչութիւնը եւ մատակարարութիւնը մէկ կողմէն՝ իսկ միւս կողմէն վարժարանին տեղական իշխանութիւնները՝ մասնաւորապէս յանձին Հ. Դաւիթ Վրդ. Ղազարեանի։ Վերոյիշեալ դատերու պատճառով ո՛չ միայն վարժարանը ծանրօրէն տուժած էր աշակերտներու թիւի տեսանկիւնէն, հասած սնանկութեան սեմին, այլ մինչեւ իսկ ընթացքի մէջ մտած էր երիտասարդ Մխիթարեան Հ. Դաւիթի միաբանական կարգէն արտաքսումի կանոնական գործընթացը։ Տխրահռչակ եւ միջ-միաբանական այս պայքարները որ անշուշտ հակառակ էին մեզի ծանօթ Մխիթարեան համերաշխութեան եւ միութեան գաղափարականներուն, բարեբախտաբար կանգ առած էին 2006 թուականին, աւելին՝ երկուստեք ծանր կորուստներու առաջքն առնելու շարժառիթով քան թէ բարոյական արժէքներու ստիպողութենէն մղուած։ Ահաւասիկ ուրեմն որ ստորագրեալէս խնդրուեցաւ ծառայութիւն մը մատուցանել ի նպաստ Մխիթարեան եւ հայկական կրթական այս հիմնարկին, որպէսզի վարժարանը ոչ միայն կրկին անգամ պայծառանար իր աշակերտներու թիւով, կրթական որակաւոր մակարդակով, տնտեսական կայունութեամբ եւ ամենակարեւորը՝ վերագտնէր Մխիթարեանի երբեմնի ամէնքէն յարգուած վարկն ու պատիւը։ Այս ուղղութեամբ պատրաստ եմ փաստ ի ձեռին բոլոր ապացոյցները փոխանցել հանրութեան եւ պատկան իշխանութիւններուն, ինծմէ խնդրուած հիմնական բոլոր ծրագիրներուն եւ ուղղութիւններուն կապակցութեամբ որ երկամեայ գործունէութեանս ընթացքին գործադրութեան հունի մէջ մտան՝ տալով արդէն իրենց քաջալերական արդիւնքները։ Յիշեցնեմ որ Հայր Դաւիթ Ղազարեանի հինգ տարիներու ղեկավարութեան եւ փոխ-տնօրէնութեան ոչ այնքան յաջող պաշտօնավարութեան շրջանին, Վարժարանս ամէն տարի միջին հաշուով մօտաւորապէս 200,000 ԱՄՆ տոլարի կորուստ կ՚արձանագրէր, եւ այս տնտեսական ծանր վիճակի գլխաւոր դրդապատճառներէն մին աշակերտներու թիւի գահավիժումն էր. այս վերջինս ալ իր կարգին հետեւանք էր դպրոցի ղեկավարութեան ոչ այնքան առինքնող եւ դրական յարաբերութեան ծնողներու նկատմամբ։ Այս էր տխուր բայց իրապաշտ պատկերը 2008 դպրոցական տարեշրջանի սկզբնաւորութեան երբ ստանձնեցի գործադիր տնօրէնութեան պատասխանատուութիւնը, ունենալով մեր դպրոցէն ներս 39 աշակերտներ։ Գերմարդկային ճիգեր պէտք եղան մեր կողմէ կարենալու համար կրկին անգամ յոյս եւ վստահութիւն ներշնչել Մխիթարեան վարժարանի կրթադաստիարակչական առաքելութեան հանդէպ։ Մեր առաջին կարգադրութիւններէն մին եղաւ անշուշտ վարժարանս օժտել երիտասարդ եւ որակաւոր նոր ուսուցչակազմով: Ըսածներս փաստելու համար կը մէջբերեմ տնօրէնութեան տեղեկագիրներէն կարգ մը գրաւոր տեղեկութիւնները որոնք ժամանակին փոխանցուած էին նաեւ Մայրավանք Աբբահօր ուշադրութեան հետեւեալ տողերով (Դեկտ. 30, 2008) «Ձեզի կը ներկայացնենք վարժարանիս այսօրուայ ընդհանուր պատկերը. մեր միակ նպատակն է ներկայացնել իրողութիւնները ինչպէս որ են եւ ձեզի կը թողունք եզրակացութիւնները», սակայն դժբախտաբար չէին արժանացած պատասխանի: Այս տեղեկագիրները ժամանակին արդէն, որպէս դպրոցական լուրջ մտահոգութիւններ սեպհականութիւնը դարձած էին ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ կարգ մը ազգայիններու: Ա) Վերջին հինգ տարիներուն Մխիթարեան Վարժարանի փոխ-տնօրէն, Հայր Դաւիթ Ղազարեանը, ոչ մէկ կերպով դիմած էր Լինսի Հիմնարկի վարչութեան որ վարժարանս օգտուէր անոնց կատարած տարեկան դպրոցական նուիրատուութիւններէն: Այդ աշխատանքը կատարուեցաւ մեր կողմէ եւ շնորհիւ մեր ջանքերուն՝ վարժարանը ստացաւ 150 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը: Բ) Դպրոցի շրջափակէն ներս կատարուեցան շինարարական շարք մը անհրաժեշտ ու բարենորոգչական աշխատանքներ (նոր գրասենեակներ, պահեստի նոր կառոյցներ, նոր խոհանոց, խաղավայրերու ծածկեր, աշակերտները պահպանելու արեւէն եւ անձրեւէն, Ապրիլեան յուշարձանի վերանորոգում, դպրոցի անունը արձանագրուած մեծատառ հայերէն տառերով, աշակերտներուն վտանգ սպառնացող ծառի ճիւղերու հեռացում, բան մը որ չէր կատարուած կալուածը գնելէն ի վեր։ Դպրոցի մուտքին ամպհովանիներ, աշակերտները եւ ծնողները պաշտպանելու համար մասնաւորաբար անձրեւներէն, դասարաններու հարթակներու վերանորոգում, պատուհաններու երկաթեայ պահպանակներ, եւայլն։ Գոհունակութեամբ կ՚ուզեմ նշել թէ ի տես այս բոլոր նորարարութիւններուն՝ ծնողներ իրենց ամէնօրեայ այցելութեան ընթացքին, իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը կը յայտնէին տնօրէնութեանս՝ կատարուած բարեզարդումներուն համար: Գ)  Հակառակ պետական օրէնքներու պարտադրանքին, դպրոցը չէր օժտուած հակա-հրդեհային ահազանգային սարքաւորումներով եւ հետեւաբար աշակերտները միշտ վտանգի տակ էին այս թերացումին հետեւանքով։ Միաժամանակ ոչ՛ մէկ ուշադրութիւն տրուած էր դարձեալ այն լուրջ իրողութեան որ Վարժարանը գէթ ամիսը անգամ մը պարտադրուած էր, հակա-երկրաշարժային եւ հրդեհներու պարագային, անմիջական կատարուելիք զգուշաւորութեան եւ փախուստի հրահանգումները ընելու: Այս բոլոր թերացումերը ո՛չ միայն կը վտանգէին աշակերտները, այլ նաեւ Միաբանութիւնը կը դնէին հսկայական նիւթական պատասխանատուութեան տակ: Դ)  Վարժարանիս մանկապարտէզի բաժինը չունէր իր օրինական արտօնագիրները, որու հետեւանքով դպրոցը տուգանք վճարեց 1000 տոլար:  Պետական քննիչին եւ քարտուղարութեան վկայութեամբ, Հայր Դաւիթ Ղազարեանը, ամէն անգամ որ պետական քննիչը դպրոց գար, կը փախչէր երկրորդ դռնէն խուսափելու համար իր պատասխանատուութիւններէն: Ե) 2008-2009 տարեշրջանը սկսաւ 39 վերադարձող աշակերտներով (11 Մանկապարտէզ եւ 28 Նախակրթարան)  եւ 48 նոր աշակերտներով: Նկատի ունենալով անցեալ տարուայ շրջանաւարտներն ու հեռացողները, եւ նկատի ունենալով երկրին տնտեսական խիստ անկումը, Վարժարանը յաջողեցաւ ունենալ այս տարի 92 աշակերտներ: Նայեցէք ձեր շուրջ Հայ Վարժարաններու վիճակը եւ տեսէք թէ որքան աշակերտներ հեռացած են եւ կը յաճախեն օտար վարժարաններ: Զ) Աշխուժացան դպրոցէն ներս դաստիարակչական հանդիսութիւններն ու շինիչ դասախօսութիւնները: Հրաւիրուեցան մասնագէտներ խօսելու դաստիարակչական կենսական նիւթերու մասին: Է) Հայ հասարակութեան սեպհականութիւնը կ՚ուզեմ դարձնել նոյնպէս պարագայ մըն ալ, որ թէեւ զուտ կալուածային հարց է ինքնին, սակայն անհատական ու շահադիտական հաշիւներ կը հետապնդէ, եւ որ մինչեւ օրս անլոյծ կը մնայ, մեծ վնասներ պատճառելով, զրկելով վարժարանը իր արդար նիւթական եկամուտներէն, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ երբ դպրոցը կը տառապի տնտեսական տագնապէ: Դպրոցը իր կողքին ունի չորս առանձին տուներ:  Անոնցմէ առաջինին մէջ կը բնակէր Հայր Դաւիթ Ղազարեան, որ արդէն ազատ արձակուած էր վարժարանէն, Մխիթարեան Վարչութեան որոշումով կանչուելով մայրավանք Վենետիկ-Ս. Ղազար, ստորագրեալիս նոր տնօրէնի պաշտօնական յայտարարութենէն ետք: Հայր Օգոստինոս եւ ես շատ անգամներ, խնդրած էինք Հայր Քիլաղպեանէն որ մեզի իրաւունք տայ այդ պարապ տունը վարձու տալու իր լողաւազանով, շուկայի գինով 3000 տոլարի, որպէսզի դպրոցը յաւելեալ եկամուտ ունենար : Ըստ Հայր Օգոստինոսին, ոչ մէկ անգամ Հայր Քիլաղպեան ընդառաջած է իր խնդրանքներուն, այնուհետեւ այդ կալուածը տարիէ մը աւելի պարապ մնալով, միայն նիւթական վնաս, 36,000 տոլար պատճառած է Վարժարանին: Մայիսէն ի վեր սակայն, այնտեղ վերադարձած է Հայր Ղազարեան, պսակի արարողութեան մը ներկայ գտնուելու առիթով, եւ տակաւին ամիսներէ ի վեր այնտեղ կը բնակի հակառակ վարչութեան թելադրութիւններուն եւ որոշումին, ի վերջոյ յայտարարելով որ ինք կը փափաքի Ամերիկա մնալ ապահովելու համար իր Ամերիկեան քաղաքացիութիւնը եւ ատոր համար ալ յատուկ կարգադրութիւն ըրած է Հայր Քիլաղպեանին հետ: Այսօր նոր տխուր դէպքերու թաւալումով մենք կը տեսնենք իր թաքուն ծրագիրները, «օրհնութեամբը» Հայր Քիլաղպեանին, նկատի ունենալով որ այս վերջինը, այս օրերուն, զինք կարգած է ընդհանուր պատասխանատու Մխիթարեան առաքելավայրին, այդ պաշտօնը անիրաւօրէն խլելով Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանէն: Հարց կու տամ ես ինծի, իր ո՞ր արժանիքին համար. անո՞ր համար որ կամաւոր կերպով երկու տարուան բացակայութեամբ հեռացաւ միաբանութեան շարքերէն եւ ապա վերընդունուեցաւ միայն բարձրագոյն իշխանութիւններու արտաքոյ կարգի եւ բարեացակամ միջամտութեան շնորհիւ. թէ՞ իր կատարած տնտեսական եւ վարչական ծանր վնասներուն Մխիթարեան Վարժարանէն ներս, որոնք դպրոցը հասցուցին անդունդի եզրին եւ որուն որպէս հետեւանք հրաւիրուեցաւ ստորագրեալս փրկելու Վարժարանը ստոյգ փլուզումէ: Այս փաստացի տուեալներէն ետք  ի՞նչ խիղճով Հայր Քիլաղպեան զինք ընդհանուր պատասխանատու կը կարգէ վարժարանին, Հայր Օգոստինոսն ալ մեղադրելով սուտ եւ շինծու ամբաստանութիւններով: Ժողովրդական առածը իր իմաստութեամբ կը սորվեցնէ թէ. «Փորձուածը դարձեալ փորձելը՝ յիմարութիւն է»: Արդեօք 2004 թուականի դատավարութիւններուն իր վրէ՞ժը կը լուծէ այս ծերունի վատառողջ վարդապետին կեանքի վերջին տարիներուն: Դպրոցի կողքին երկրորդ տան մէջ կը բնակի բարեկեցիկ ընտանիք մը, եւ չեմ ալ ճանչնար իրենց ինքնութիւնը: Այս տան շուկայի արժէքն է առնուազն 2300 տոլար: Այս տունը վարձու տրուած էր 1700 արժէքով (ըստ Հայր Օգոստինոսին՝ շատ մօտիկ բարեկամներ են Հայր Դաւիթ Ղազարեանին)։ Երկու տարի վարձակալ ըլլալէ ետք, յանկարծ Հայր Ղազարեան կ՚որոշէ զեղչել 500 տոլար վարձքէն, առանց Հայր Օգոստինոսի հաւանութեան: Այսօր տակաւին այդ վարձակալները կը վճարեն միայն 1200 տոլար:  Այս կամայակատարութեան որպէս արդիւնք Վարժարանս կը կորսնցնէ տարեկան  առնուազն 13000 տոլար, երբ դպրոցը իր նիւթական անձուկ վիճակով պէտք ունէր այդ եկամուտի իւրաքանչիւր Սէնթ-ին: Դպրոցի կողքին երրորդ տան մէջ կը բնակին Հայր Դաւիթ Ղազարեանի եղբայրը իր ընտանիքով եւ կը վճարէ միայն ամսական 700 տոլար շուկայի արժէքէն 800 տոլար պակաս: Հայր Օգոստինոսի բողոքները այս շահագործումին դէմ՝ հանդիպեցան խուլ ականջներու եւ տակաւին կը շարունակուի ի հեճուկս մեր կարօտեալ աշակերտներուն եւ դպրոցական այլ կարիքներուն:  Վերջապէս ու՞ր կրնան հասնիլ այս շահադիտական հաշիւները: Այս բոլորը յիշատակելէ ետք կրկին հարց կու տամ։ Ինչպէ՞ս կարելի է դպրոցը այսպիսի մէկու մը խնամքին յանձնել որ միայն քանդած է ուր որ գացած է։  Արդեօք այս խաղին նոր մասնակիցները, ղեկավարութեամբ Հայր Քիլաղպեանին թաքուն ծրագիրնե՞ր կը պատրաստեն: Որովհետեւ Հայր Քիլաղպեան իր Հոկտեմբեր 10, 2007 թուակիր նամակին մէջ ողղուած Հայր Օգոստինոսին յստակ կերպով կը գրէր. «Կը կիսեմ Ձեր մտահոգութիւններն ու զգացումները Միաբանութեանս կրթական այս առաքելութեան նկատմամբ եւ գիտակից եմ որ Միացեալ Նահանգները ըլլալով Հայութեան ամենակարեւոր կեդրոններէն մին, մեր դպրոցական առաքելութիւնն ալ կենսական կարեւորութիւն պէտք է ունենայ միաբանութեանս համար, բայց ցաւօք սրտի օգտակար դառնալու փափաքները շատ են բայց կարելիութիւնները դուք ալ կը տեսնէք որ շատ սակաւ են, բայց վստահ եմ որ բարի կամքով դրական լուծումի մը պիտի կարենաք հասնիլ»։ Պիղատոսին պէս իր ձեռքերը լուացող Հայր Քիլաղպեան, այսօր նոր դերակատարութեամբ հրապարակ կ՚իջնէ եւ սուտերով, կեղծիքներով, անհիմն զրպարտութիւններով, օրինական խախտումներով, վարժարանէն արտաքսուած կը յայտարարէ Հայր Օգոստինոսը եւ դպրոցին ընդհանուր պատասխանատու կը կարգէ, կրկնակի ձախողած  Հայր Ղազարեանը: Այս բոլորը մեզի մտածել կու տան թէ ի՞նչ է այս նոր թակարդը: Ինչո՞ւ կը ճօճէ իր սուրը մեծ հարուած մը տալով մեր գոյութենական պայքարին որուն ճանապարհին այդքան նուիրեալներ եղած են անցեալին, երկու Մխիթարեան Միաբանութիւններէն:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter