HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ո՞վ է գողը

Ոսկան Մխիթարեան

Դժբախտաբար, մարդիկ կան, որ ինքնախաբէութեամբ կ՚ապրին իրենց կեանքը եւ կը զուարճանան, երբ տեսնեն ուրիշներու տառապանքները, որովհետեւ իրենց կեանքի սատիստ մօտեցումը ուրիշ բան չի թելադրեր: Ահաւասիկ մեկնելով այս հոգեկան տրամադրութենէն, Երկուշաբթի Դեկտ. 18 2009 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մխիթարեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցած ծնողական ժողովի մը ընթացքին, մասնակիցներէն ոմանք իրենց խոր դժգոհութիւնը եկան յայտնելու Վարժարանի նախկին ղեկավարներուս,

թէ ինչպէս նոր նշանակուած պատասխանատուները՝ Հայր Դաւիթ Ղազարեան, Մեծաւոր, եւ Յովհաննէս Խոստեղեան՝ Գործադիր Տնօրէն, ի շարս շատ մը յերիւրանքներու եւ սուտերու, յայտարարած ըլլան «Քաջաբար» թէ Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան, մինչեւ վերջերս Մեծաւոր Լոս Անճելըսի Մխիթարեան առաքելավայրին, ապօրինի կերպով մեծահաշիւ գումար մը իւրացուցած ըլլայ Վարժարանի դրամագլուխէն: Առաջին անգամ չէ որ կը լսենք նման զրպարտութիւններ, ուղղուած ծերունի Վարդապետին հասցէին. թէեւ անոնք ըսուած էին անհատներու կողմէ, բայց այս անգամ պարկեշտութեան բոլոր սահմանները ոտնակոխելով, հանրութեան դիմաց պատասխանատու դերակատարութիւն եւ հանգամանք ունեցող անձեր են, որ նման յայտարարութիւններով հրապարակ կու գան, ցոյց տալով այսպէս իրենց լկտիութիւնը եւ նկարագրի վիժումը: Ո՞վ չի ճանչնար Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանը Լոս Անճէլըսի Գաղութէն ներս. բոլոր անոնք որ քիչ թէ շատ առընչութիւն ունեցած են հայ մշակոյթի եւ դպրոցի հանդէպ՝ անկասկած որ բաւականաչափ ճանչցած են զինք: Ան, հանգուցեալ Հայր Միքայէլէն ետք ստանձնած էր Մխիթարեան Վարժարանի ղեկը, եւ զայն առաջնորդած դէպի նոր բարձունքներ: 1999-ին Վարժարանը փոխադրած էր Թահանկայի նոր հողամասը: Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերջին յիսնամեակին չէ ունեցած նման եկեղեցական մը որ յաջողած ըլլայ այսպիսի հոյակապ կալուած մը ձեռք ձգել, ամբողջութեամբ վճարուած, զայն յանձնելով իր միաբանութեան: Յարմար չեմ նկատեր անդրադառնալ այստեղ անցեալին տեղի ունեցած կալուածային վաճառումներուն՝ որոնք անխոհեմ կերպով կատարուեցան որոշ ղեկավարներու կողմէ, երբեմն անփորձառութեամբ եւ երբեմն ալ զուտ անձնական շահերէ մեկնելով: Ահասիկ մէկը, որ իր ամբողջ 65 տարիներու ծառայութեան դաշտին մէջ տուած է իր մտային կարողականութեան ամբողջութիւնը, ըլլա՛յ կրօնական թէ՛ մշակութային անդաստաններէն ներս, երբեմն ալ ենթարկելով ինքզինք ֆիզիքական վնասներու ակնյայտ վտանգին, այսօր կ՚ամբաստանուի որպէս «գող»: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, Մխիթարեան վարժարանէն ներս ստանձնած պաշտօնիս բերումով՝ աւելի մօտէն ճանչցայ ծերունի վարդապետը եւ տեսայ իր մէջ նուիրումի անսահման ովկիանոս մը, որ միայն յարգանք կրնայ պարտադրել: Մարդ մը, հոգեւորական մը  բառին բուն իմաստով, որուն երկունքներուն արգասիքն է Մխիթարեան Վարժարանը, բայց այսօր ան կ՚ամբաստանուի որպէս «գող», որովհետեւ 2000 թուականէն սկսեալ, պատնէշի վրայ առանձին մնալով, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, չուզեց յանձնել Մխիթարեան վարժարանը բոլոր անոնց, որոնք միայն այդ կրթօճախին անկումն ու փակումը կ՚ակնկալէին: Այս վարդապետը, իր յետին չքաւորութեան մէջ, Մխիթարեան վարժարանէն ներս Աւետարանին մէջ պատմուած աղքատ կնոջ դրուագին նման՝ դպրոցի եւ հայապահպանումի գանձանակին մէջ կը ներդնէր իր ունեցած համեստ լուման՝ կեանքի արդար քրտինքով օծուն: Ահաւասիկ օրինակելի այս վարդապետը կ՚ամբաստանուի այսօր որպէս «գող» քսան տարի վարժարանին անսակարկօրէն ծառայելէ յետոյ: Այս նոյն վարդապետն է որ տարիներէ ի վեր, Ամերիկեան պետութենէն իր ստացած ծերութեան թոշակը կը տրամադրէ վարժարանին, որպէսզի առիթ ընծայէ  որ քանի մը աղքատ հայ աշակերտներ կարելիութիւնը ունենան ուսանելու Մխիթարեան դպրոցի յարկին տակ. ահա ուրեմն այս բոլոր նուիրումէն ետք գալ եւ զինք մեղադրել գողութեամբ, ո՛չ միայն վիրաւորական է, այլ անհանդուրժելի ստորնութիւն: Ո՞վ կրնայ մարսել նման նուաստացուցիչ յայտարարութիւն մը։ Բոլոր անոնք որոնք կը յանդգնին նման զրպարտութիւններ ընել, չեն տեսած արդեօ՞ք,  որ այս վարդապետը քսան տարիէ ի վեր նոյն ծակած կօշիկը կը հագնի: Չեն տեսած արդեօ՞ք, որ հալած ու մաշած նոյն տաբատները կը հագնի ամէն օր: Չեն տեսած արդեօ՞ք որ իր հագած ձմեռնային բաճկոնը երկրորդ համաշխահային պատերազմին գնուած նոյն հնամաշ բաճկոնն է եւ այս բոլորէն ետք գիտակցաբար, զրպարտել ծերունի վարդապետը գողութեամբ: Ինչպէ՞ս չպոռթկալ ծերունի վարդապետին դէմ կատարուած անմարդկային անարդարութեան դէմ, երբ իրազեկ ենք այն ստոյգ իրողութեան որ այս բոլորը կը կատարուին Աբբահայր Քիլաղպեանի օրհնութեամբ, Հայր Դաւիթ Ղազարեանի ղեկավարութեամբ եւ Յովհաննէս Խոստեղեանի յայտարարութեամբ: Ո՛Չ. կը բողոքենք կատարուած անարդարութեան դէմ մինչեւ այն ատեն որ մեր գրիչը մելան ունի զգետնելու անիրաւները եւ արդար հատուցում պահանջելու անոնցմէ ամէն օրինական, եկեղեցական թէ աշխարհական միջոցներով: Այսօր, հակառակ այն իրողութեան որ Հայր Օգոստինոս դուրս դրուած է իր պաշտօնէն Հայր Եղիա Քիլաղպեանի ձեռամբ, ո՛չ օրինական ճամբաներով,  թուղթեր կեղծելով, օգտուելով ծերունի վարդապետին Անգլերէն լեզուի անծանօթութենէն, կը մնայ ան իր համեստ տան մէջ, իր աղօթքներով զօրացած, իր պատարագներով ներշնչուած ու կը սպասէ արդարութեան: Անշուշտ ցաւ է յայտարարել որ ոչ ոք հետաքրքրուած է թէ այս վարդապետը ինչպէ՞ս կ՚ապրի, ի՞նչ  կ՚ուտէ եւ ո՞վ կը հոգայ իր կարիքները:  Ահաւասիկ վախճանը եկեղեցականի մը որ 65 տարիներ շարունակ ծառայած է  եկեղեցւոյ եւ իր ազգին: Հաւանաբար լաւ պիտի ըլլար այստեղ նախ սահմանել «Գող/Աւազակ» բառը ըստ հայկական բառարաններու. ան որ գաղտնի կերպով կ՚իւրացնէ ուրիշին ապրանքը (դրամ կամ ինչք): Խարդախութեամբ, խաբէութեամբ յափշտակող: Ճամբու վրայ մարդ թալանող, կողոպտող: Նոյնքան կարեւոր է նաեւ տալ ճշգրիտ սահմանումը «Գող/Աւազակ» բառին ըստ իրաւաբանական սահմանումներու։ Ապօրէն կերպով առնել, յափշտակել ուրիշին ապրանքը զայն իւրացնելու մտադրութեամբ, առանց սեփականատիրոջ հաւանութեան: Յափշտակել, առնել ուրիշին ստացուածքը կեղծիքով, զեղծարարութեամբ, խարդախութեամբ եւ խաբեբայութեամբ, զայն իւրացնելու կանխամտածութեամբ/դիտաւորութեամբ: Անհատ մը յանցաւոր է գողութեամբ եթէ դիտաւորեալ կերպով կը ծածկէ ճշմարտութիւնը, գողութեան պարագաները եւ հեղիկնակները պաշտպանելու մտահոգութեամբ: Անհատ մը յանցաւոր է գողութեամբ եթէ որպէս ղեկավար, ձախողի իր օրինական պարտաւորութեանց մէջ երեւան հանել ճշմարտութիւնները: Անհատ մը յանցաւոր է գողութեամբ եթէ դիտաւորեալ կերպով կ՚արգիլէ որ ուրիշներ ստանան ստոյգ տեղեկութիւններ կատարուած գողութեան մասին: Ահաւասիկ յստակ սահմանումներ որպէսզի ընթերցողը կարենայ ունենալ յստակ պատկերացում մը թէ ինչի՞ մասին կը խօսինք մեր յաջորդ տողերուն մէջ: Հետեւաբար տրուած սահմանումները նկատի առած, առանց վարանելու կրնանք յայտարարել թէ այն ինչ որ կը կատարուի այսօր, ըլլայ ան Մխիթարեան Վարժարանէն ներս եւ կամ Մխիթարեան Միաբանութեան պատկանող կարգ մը հաստատութիւններէն ներս, անկասկած որ կ՚իյնայ գողութեան այս սահմանումներու ծիրին մէջ, եւ որպէսզի մեր ընթերցողներու մտքին մէջ շփոթ չստեղծուի եւ անոնք ունենան յստակ պատկերացում մը թէ ի՞նչ բանի կը վերաբերի մեր խօսքը, կու տանք ստոյգ օրինակներ։ Թէեւ անհամար են կատարուած նիւթական շահատակութիւնները Մխիթարեան Վարժարանէն ներս, իրողութիւն մը որ Հայր Օգոստինոս պարտաւոր էր իր հսկողութեան տակ պահել, բայց չէր պահած դժբախտաբար՝ վստահելով երիտասարդ վարդապետներուն, անոնց առիթ ընծայելով որ փորձառութիւն ձեռք ձգեն։ Ահաւասիկ այս կոյր վստահութիւնը առաջ բերած էր զանազան տեսակի գայթակղութիւններ, նիւթական եւ բարոյական:  Այստեղ պիտի բաւականանամ պարզ մէկ օրինակ մը տալով: Հայր Դաւիթ Ղազարեան անձնապէս ինծի յայտարարած է, թէ իր նախկին պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին, Լոս Անճէլեսի Մխիթարեան Վարժարանի շրջափակէն ներս դէպի խաղադաշտ ելլող աստիճաններու շինութեան համար ծախսած է 22,000 տոլար։ Որպէս շինարարութեան քաջատեղեակ մասնագէտ կրնամ քաջաբար յայտարարել որ այդ աստիճանները կարելի էր շինել 7,000 տոլարով, հետեւաբար կատարուածը պէտք է ենթադրել «տգիտութեան» գողութիւ՞ն թէ կանխամտածուած գողութիւն ըստ իրաւաբանական սահմանումներու։ Անշուշտ կ՚արժէ յիշեցնել այստեղ մեր ընթերցողներուն, որ Հ. Դաւիթ Ղազարեան  նախընթաց մը եւս ունեցած է Հռոմի մէջ երբ որպէս նորընծաներու պատասխանատու, կ՚ապրէր Մխիթարեան Միաբանութեան կալուածէն ներս, հսկայական շինարարական ծախսեր կատարելէ ետք, չէր կարողացած արդարացնել իր աշխատանքներն ու մսխումները եւ պաշտօնի փոփոխութեան պատճառով ան նոյնիսկ ժամանակ մը հեռացած էր Մխիթարեան Միաբանութեան շարքերէն: Ահաւասիկ նոյն այս անձնաւորութեան անգամ մը եւս կը յանձնուի Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանը, շարունակելու իր ասպատակութիւնները այս անգամ օրհնութեամբը Հ. Եղիա Քիլաղպեանին: Լոս Անճէլըսի Վարժարանը, ցաւ ի սիրտ, նման կողոպուտներու ենթարկուած է նաեւ անցեալին Հ. Դաւիթ Ղազարեանի նախորդներուն օրով ալ, դժբախտաբար այս բոլոր կողոպուտներն ալ հանդիպած են Հ. Եղիա Քիլաղպեանի կոյր աչքին եւ խուլ ականջին: Հիմա հարց տանք կրկին, ո՞վ է գողը. եզրակացութիւնը կը թողունք մեր ընթերցողներուն: Անցեալ տարի Եւրոպական, մասնաւորաբար Գերմանական եւ Հայկական մամուլը լայնօրէն անդրադարձան Վիեննայի Վանքէն կատարուած լայնածաւալ գողութիւններու մասին: Հ. Եղիա Քիլաղպեանի թելադրութեամբ անձնապէս ալ առիթ ունեցած եմ կապ հաստատելու վերոյիշեալ գողութիւններու վերաբերող հայ ծագում ունեցող Մխիթարեան Միաբանութեան դատապաշտպան Տօքթ. Հայկ Ասէնպաուըր փաստաբանին հետ։ Անշուշտ այս դէպքը արդէն իր նախընթացը ունեցած էր նախորդող տարիներուն: Վանքի նախկին ուսանողներէն մէկը՝ լիբանանահայ Փիէռ Գազէզեան, որ Վիեննայի վանք ուղարկուած էր Հայր Եղիա Քիլաղպեանի յանձնարարութեամբ, որպէսզի ան օգնէր Միաբանութեան 300 ամեակի առիթով պատրաստուելիք հանդիսութեանց։ Փիէռ, իրեն տրուած իշխանութեամբ, ազատօրէն մտած էր թանգարանէն ներս, եւ յաջողած էր գողնալ Հայկական եւ օտար  թանկարժէք գիրքեր եւ հնութիւններ վաճառելով զանոնք աւստրիացի եւ եւրոպացի զանազան հնավաճառներու: Անշուշտ ոստիկանութեան եւ դատարանային հետապնդումներու շնորհիւ, կարելի եղաւ յայտնաբերել եւ դժբախտաբար միայն մասամբ կրկին ձեռք ձգել մշակոյթի եւ արուեստի ազգային եւ միջազգային այս անգնահատելի գանձերը որ դարեր ամբողջ գուրգուրանքով պահուած, պահպանուած ու արժեւորուած էին Մխիթարեան վաստակաւոր միաբաններու կողմէ։ Անձնապէս նամակագրութեան մէջ ըլլալով Մխիթարեան միաբանութեան պաշտպան փաստաբանին հետ խոստացած էի անոր իմ անվերապահ աջակցութիւնս վերոյիշեալ հարցերու կապակցութեամբ։ Պէտք է խոստովանիլ որ Մխիթարեաններու փաստաբանին սկզբնական դիրքը բաւական դրական էր առաջին շրջանին եւ ան սիրայօժար կ՚ընդառաջէր առաջարկներուս, բայց յաջորդաբար ան սկսաւ բացայայտօրէն յայտնել իր դժգոհութիւնները նկատմամբ դատական գործընթացին: Դժբախտաբար շատ ցաւալի ու մտահոգիչ տպաւորութիւններ փոխանցուած են ինծի այս մասնագէտ-փաստաբանին կողմէ որ խորապէս հիասթափուած էր Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայր, Հայր Եղիա Քիլաղպեանի անփութկոտ կեցուածքէն, որ ոչ միայն չէր օգնած փաստաբանին որ օրինաւորապէս յաջողութեամբ հետապնդէր գողութեան  դատերը, այլեւ իր անխոհեմութեամբ եւ «գիտակցօրէն» արգելք հանդիսացած էր որ դատերը արդարօրէն հետապնդուէին յօգուտ Հայ ազգի անգին գանձերուն: Ահաւասիկ այս անլուրջ կեցուածքին պատճառով, Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերջերս կորսնցուց իր «առաջին» դատը, որովհետեւ խղճմտօրէն չէր պատրաստած եւ ներկայացուցած իր արդար պահանջքը, որու դիմաց՝ աւստրիացի դատաւորը նոյնիսկ յանդիմանած էր Միաբանութեան ներկայացուցիչը իր թերացումներուն համար, եւ հետեւաբար ազատ կացուցած էր դատապարտեալը: Երկար է շարքը անհետացած թանկարժէք գիրքերուն, քարտէսներուն, իրեղէններուն, արուեստի գործերուն. յիշենք նաեւ որ անհետացած է նաեւ Այվազովսկիի ծովանկարներէն մէկը, որ անցեալին գնահատուած էր աւելի քան 300,000 տոլար։ Այս արժէքներուն անվերադարձ կորուստը մեծ վիշտ կը պատճառէ բոլոր անոնց, որոնք խոր յարգանք ունին Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձերուն հանդէպ: Ի՞նչ երկունքներ ապրած են նախորդ երանաշնորհ վարդապետները, որոնք իրենց աչքին լոյսին պէս փայփայած ու պահպանած են այս Հայկական եւ Եւրոպական գանձերը: 3ո՞ երթաս Մխիթարեան Միաբանութիւն: Կրկին հարց կու տամ. ո՞վ է գողը: Ուշադրութեամբ քննելով եւ թափանցելով Մխիթարեան Վարժարանի դէպքերուն ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր կեանքէն ներս, կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն, մասնաւորաբար Հայր Եղիա Քիլաղպեանէն եւ հատուցման հրաւիրէ զինք ըստ արժանւոյն, թէկուզ այս վերջինը ինքզինք զօրացած կը զգայ այսօր Վատիկանի հեղինակութեամբ. ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ են Հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, որոնց պաշտպանութեան համար հաշուետու է նոյն ինքն Հայր Եղիա Քիլաղպեան Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակին:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter