HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կարելի՞ է այսքան խարդախ ըլլալ

Ոսկան Մխիթարեան

Այո՛, Հայր Օգոստինոս, կարելի է, երբ քու մէջդ մեռած է ամէն ազնիւ զգացում, երբ չես ուզեր ճանչնալ կարգ ու կանոն, երբ վիժած նկարագիր ունիս, երբ կը կարծես որ մարդիկ քեզ չեն դիտեր եւ դուն ամէն բան կրնաս ընել, որովհետեւ «ղեկավարի» տիտղոս ունիս եւ հետեւաբար կրնաս ծածկել ամէն ապօրինութիւն եւ խարդախութիւն։

Այս հարցն ու պատասխանը շաբաթը երկու անգամ առ նուազն, փոխասացութեան նման կ՝արտասանենք երկուքս ալ: Տրուած հարցումէն պէտք է ենթադրել որ 88-ամեայ ծերունի վարդապետը, Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան, որքա՛ն կը տառապի եւ որքա՛ն հոգեպէս խռոված է, որ ամէն անգամ որ իրեն այցելեմ իր համեստ տան մէջ, կը հարցնէ. «Այսքան ստորնութիւն կրնա՞յ ըլլալ, եկեղեցական չե՞ն ասոնք, ին՞չ տեսակ ուխտ կատարած են Աստուծոյ առջեւ, ո՞ւր մնացին բարոյականութեան սկզբունքները, կրնա՞ն այսքան գռեհկանալ, ու՞ր մնաց Միաբանութեան պատիւը»: Այո՛ Վարդապետ, կարելի է. այս օրերուն ամէն բան սպասեցէք Հայր Եղիա Քիլաղպեանէն: Բայց շատ կը խնդրեմ որ չխռովիք. ո՛չ ձեր տարիքը, եւ ո՛չ ալ ձեր առողջութիւնը կը թոյլատրեն որ դուք այսքան բարկանաք: Ի վերջոյ դուք կը հաւատաք, որ բոլորն ալ դատաստանի պիտի կանչուին օր մը: Թէեւ կը փորձեմ մարդկային տկար բառերովս ամոքել ծերունի վարդապետին վիշտը, բայց միւս կողմէ ինչպէ՞ս չպոռթկալ այս բացորոշ, դիտաւորեալ օրինական նոր խախտումներուն դէմ, ի յաւելումն անցեալի բոլոր օրինական խախտումներուն: Ահաւասիկ, մեր մօտ կը գտնուի պատճենը նամակի մը, գրուած Մարտ 1, 2010-ին, ստորագրուած իրաւաբան Դանիէլ Պէհէսնիլեանի կողմէ։ Նամակը ուղղուած է PMB Mortgage, LP ընկերութեան, որուն հասցէն է 4606 Park Mirasol, Calabasas, CA 91302։ Նամակի բովանդակութիւնը շատ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Վիեննական Մխիթարեան Հայրերու Հաստատութիւնը ( Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանը այս ոչ-շահակցական [non-profit] ընկերակցութեան կը պատկանի, որովհետեւ վերջինս, անցեալին, հաստատուած էր Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու կողմէ 2000 թուականի միութենէն առաջ) կը փորձէ հսկայական գումար մը փոխ առնել դպրոցի ընթացիկ ծախսերուն համար: Մեզ հետաքրքրողը այնքան ալ նամակին բովանդակութիւնը չէ այս պահուս, որուն պիտի անդրադառնանք հետագային, այլ այդ նամակին կցուած պատճենի մը խարդախումն է։ Ինչպէս անցեալին փաստացիօրէն յայտնաբերած էի իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ (մանրամասնութեանց համար կարդալ նախորդ յօդուածներս www.hetq.am կայքէջին վրայ), թէ ինչպէ՞ս Հայր Եղիա Քիլաղպեան, սուտերով, կեղծիքներով եւ խարդախութեամբ «յաջողած» էր Հայր Օգոստինոս Վարդապետը դուրս նետել Մխիթարեան վարժարանէն, եւ ընհանուր ղեկավարի պաշտօնը անգամ մը եւս յանձնած էր կրկնապէս ձախողած, օձալեզու Հայր Դաւիթ Ղազարեանին, իրեն հետ գործակից ունենալով իր երբեմնի թշնամին՝ իրաւաբան Դերենիկ Քուճաքեանը: Ահաւասիկ այս պատճենը յստակօրէն կ’արձանագրէ հետեւեալը, թէ Փետրուար 28, 2010 թուականին, Գալիֆորնիոյ Նահանգի ոչ-շահակցական ընկերակցութեանց օրէնքի 5516-րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն, յատուկ հեռաձայնային ժողով մը գումարուած է, ուր մանրամասնօրէն քննուած են դրամական փոխառութեան մանրամասնութիւնները, փոխառութիւն մը՝ որուն դիմաց գրաւ պիտի դրուէր Մխիթարեան վարժարանի հողը որ կը գտնուի Թահանկայի մէջ։ Արձանագրութեան աւարտին կ’ըսուի թէ ներկաները միաձայնութեամբ վաւերացուցին փոխառութեան առաջարկը: Գիտէ՞ք թէ ի՛նչն է ամենէն զարհուրելին. այն՝ որ այս հեռաձայնային ենթադրեալ ժողովին որպէս թէ մասնակցած են Հայր Եղիա Քիլաղպեան (ծանօթ նաեւ որպէս Պետրոս Քիլաղպեան), Հայր Սիմոն Պայէ (ծանօթ նաեւ որպէս Սարգիս Պայէ), Հայր Անդրէաս Հարմանտիքեան (ծանօթ նաեւ որպէս Յարութիւն Հարմանտիքեան), Հայր Լատիսլաոս Սեքուլա (ծանօթ որպէս նաեւ Հայր Օգոոստինոս Սեքուլեան), Հայր Յովսէփ Ղազարեան (ծանօթ նաեւ որպէս Հայր Դաւիթ Ղազարեան), եւ իրաւաբան՝ Դերենիկ Քուճաքեան։ Ո՜Հ, ԻՆ՜Չ ՆՈՂԿԱՆՔ: Ո՛չ հեռաձայնային կապ, ո՛չ ժողով, եւ ո՛չ մէկ խորհրդակցութիւն։ Ո՞վ է հեղինակը այս խարդախութիւններուն։ Ահաւասիկ, արդարացնելու համար իրենց ապօրինի եւ անօրինական գործերը, նման խարդախ պատճեն մը կցուած է իրաւաբան Պէհէսնիլեանի նամակին եւ ղրկուած՝ ոչ-շահակցական ընկերակցութեան վարչութեան անդամներուն ի Վիէննա, որպէսզի ստորագրեն: Բարեբախտաբար այս վերջինները, բացարձակապէս լուր չունենալով անցուդարձերէն, մերժած են եւ կը մերժեն ստորագրել: Անշուշտ Հայր Օգոստինոս Վարդապետ տակաւին պաշտօնապէս չէ ստացած նման պատճեն մը. հակառակ այն իրողութեան որ անցեալին՝ իրաւաբան Դերենիկ Քուճաքեանի կողմէ իրեն հաղորդուած էր որ ինք միաձայնութեամբ արտաքսուած է ընկերակցութեան վարչութենէն, ցայսօր տակաւին իր անունը կը մնայ պաշտօնապէս օրինական ցանկին մէջ։ Հիմա՛ կը հասկնաք, սիրելի՛ ընթերցողներ, թէ Հայր Օգոստինոս ինչո՞ւ կը հարցնէ, թէ «կրնա՞ն այսքան խարդախ ըլլալ»: Այո՛, Հայր Օգոստինոս, կրնա՛ն ըլլալ, եւ փաստը մէջտեղն է։ Արդէն առաւել քան երեք ամիսներ անցած են այն օրէն, երբ Հայր Օգոստինոս արտաքսուեցաւ իր իսկ հիմնած եւ պաշտած դպրոցէն: Այս բոլոր անիրաւութիւններուն դիմաց, 88-ամեայ ծերունի վարդապետը, տոկուն իր հաւատքին մէջ, գիտակից իր առաքելութեան, տակաւին համեստօրէն կը սպասէ արդարութեան, երբեմն ալ պոռթկալով իր եւ իր վարժարանին դէմ կատարուած անիրաւութեանց համար, եւ սակայն կը մնայ ան իր համեստութեան մէջ, իր աղօթքներով զօրացած եւ իր պատարագներով ներշնչուած: ՈՒ՞Ր ԵՍ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ: Մխիթարեան Վարժարանը անցեալին երբեք կարիքը չէ ունեցած դրամական փոխատուութեան: Ընհակառակը, երբ պէտք եղած է, նիւթապէս օգնած է նաեւ մայրավանքին։ Հակառակ անցեալի բոլոր դժուարութիւններուն, Հայր Օգոստինոս յաջողած էր դպրոցը պահել ի գին ամէն զոհողութեան։ Միշտ ալ կը կրկնէր. «Փոխ առնելը դիւրին է, ինչպէ՞ս ետ պիտի վճարենք: Բարերարներ գտնենք եւ փորձենք տապկուիլ մեր իւղով»: Ահաւասիկ ա՛յս էր իր սկզբունքը։ Մինչդեռ Հայր Եղիա Քիլաղպեան յարմար նկատելով առիթը, կ՝ուզէ օգտագործել այսօրուան իր «ղեկավարի» դիրքը, թէկուզ խարդախութեամբ փոխառութիւն կատարելով յանուն իր անձնական մենատիրական շահերուն: Անհաշիւ փոխառութիւններ եւ կալուծային վաճառքներ կատարուեցան նաեւ անցեալին, մայրավանքի ընթացիկ ծախսերուն համար: Այդու հանդերձ մայրավանքի նիւթական վիճակը կը մնայ միշտ ալ ողորմելի, որովհետեւ անպատասխանատու «ղեկավարը», Հայր Եղիա Քիլաղպեան, ըստ կամս կը տնօրինէ ամէն ինչ, վնաս հասցնելով տնտեսապէս միաբանութեան յաջողութեան, եւ նոյն ատեն հարցականի տակ դնելով ամբողջ միաբանութեան վարկը: Ժամանակն է եւ կոչ կ՝ուղղեմ արդարամիտ եւ սիրելի միաբան մեր հոգեւոր եղբայրներուն որ զգաստանան եւ ոտքի կանգնին առաջքը առնելու նորագոյն գահավիժումներու։ Թոյլ պէտք չէ՛ տալ նոր խարդախութեանց։ Մենք ալ մեր կարգին պիտի դիմենք ամէն օրինական միջոցներու, երեւան հանելու համար խարդախութիւնները։ Այսուհետեւ պիտի չհարցնենք՝ ո՞վ պիտի պահանջէ, այլ պիտի պահանջենք:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter