HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայ գրողը` անտէր մեռելներու գիրկը…

Մի բան բացահայտ է. Հայաստանում ապրող, ստեղծագործող անհատները ապրում են ծայրահեղ աղքատության, մահանում միայնության մեջ՝ անգամ հուղարկավորվելու միջոցներ չունենալով։ Իսկ ՀՀ վարչապետն ու նախագահը միլիոններ են ծախսում այս կամ այն աշխարհահռչակ աստղին Հայաստան բերելու, որ հետո հպարտանալու բան ունենան, թե Հայաստանն ամենամշակութային երկիրն է, եւ որ այստեղ է զարգանում բարձրաճաշակ մշակույթը։ Այս  ենթախորագիրը՝ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը քնանար Լէպթոփիս մէջ: Այսպէս՝ օգոստոսի վերջին շաբաթը, ինծի շատ սիրելի բարեկամներէս մէկէն, ստացայ Ֆէյսպուքեան նամակ մը, նամակը միով բանիւ ուրախացուց զիս, որովհետեւ նոյն այդ բարեկամէն կարեւոր բան մըն էի խնդրած: Նամակը, սակայն, երջանիկ լուրեր չէր փոխանցեր. ընդհակառակը ծանր տիպի ժահր մը կը յարձակէր համակարգիչիս բոլոր բջիջներու վրան, ու կ'անդամալուծէր զայն: Համակարգիչս կը տարուէր «հիւանդանոց» ու բարեբախտաբար, ճարտար ու երիտասարդ բժիշկներ հարկ եղածը կը կատարէին, տալով անոր կարեւորագոյն «դեղահատներ», որն այս պարագային պիտի կոչուէին՝ յիշողութեան մոռացում կամ նոր ուղեղի ամրացում: Այնու, ինծի պիտանի տեղեկութիւնները կը վերականգնուէին ու նոր ուղեղով օժտուած համակարգիչս արդէն պատրաստ էր, իր յայտնագործութիւնները ինծի վերստին տրամադրելու: Ցանկին գլուխը կ'երեւէր, Վարուժան Նալպանդեանը, որուն կորուստը յանկարծ կուգար գրգռելու հին սեպուած յիշատակներ եւ յիշողութիւններ: Վերջին քանի մը ամիսներուն, կորուստները եղան բաւականին շատ, հերթաբար կորսնցուցինք խիզախ լրագրոծ՝ Գայանէ Պապաեանը, նկարիչ եւ բանաստեղծ՝ Վարուժան Վարդանեանը, արձակագիր Րաֆֆայէլ Նահապետեանը, հրատարակիչ եւ արձակագիր՝ Սէթ Կուրազեանը, անուանի դերասան՝ Վլատիմիր Մըսրեանը եւ ուրիշներ: Մերթ կորուստներ այնքան արագ կ'ըլլան ու թաւագլոր, որ կեանքի սլացքին եւ թոհուբոհին մէջ մարդ կը մոռնայ իրեն հարազատ մարդոց մասին տող մ'իսկ գրելու: Հետեւաբար այս տողերը պէտք է սեպել, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուողներուն մասին գրուած սրտի տրոփներ, պահ մը ապրելու անոնց ոգիով, պահ մը կենսաւորելու անոնց երկրային ժամանակը: Մեր երկրային ժամանակը ի վերջոյ, կը նմանի շէնքի քարեղէն ու բարձր յարկերէն բացուող, դէպի լոյսը բացուող պատուհաններու, մենք յոյսով պիտի նայինք այդ պատուհաններուն.... յոյսով պիտի նայինք այդ պատուհաններէն: Լոյսի այն կտորը, որ կը դրուի մեր հոգիին մէջ պիտի վերադառնայ իր հին հասցէին,  բացատրելով մեզի, կարեկցելով մեզմէ շատերուն, որոնք չկրցան արժեւորել երկրային իրենց ժամանակը: Հեռուները գացի: Վարուժան Նալբանդեանը, ինչպէս արեւելահայերէն կը գրեն, լոյսի կտոր մըն էր, որ ինկաւ երկրի վրայ ու չիմացաւ իր լուսեղէն գոյութեան մասին, ինկաւ գետին  կտոր-կտոր եղաւ, քիչ քիչ փշրուեցաւ ապակիի պէս, չկարողացաւ հեռու պահել ինքզինք հողէն ու ցեխէն, գետինը ցեխ էր ու սեւ տիղմ, խառնուեցաւ այդ տիղմին: Հաւանաբար՝ մարդիկ պիտի չուզէին որ ան փայլէր, մարդիկ պիտի չուզէին որ անոր լոյսը պայծառանար. մարդիկ երբեք պիտի չուզէին որ ան իր լոյսին ցողերէն տար ուրիշներու: Ամէնէն կայունն այն էր, որ ան մնաց յաւիտենաշունչ ու ակռաներով առաջ մղեց իր երկրպագու ոգին առ գիրը: Անոր ոգին ծալլուեցաւ, գիրի ոգեղէն հացին շուրջ, այնքան մը որ թերեւս այդ էր պատճառը որ չունեցաւ հաց կամ գինի: Երեւան քաղաքի, այն քաղաքը որ Չարենցի դէմքն է նկարած իր Հազար Դրամանոցին վրայ, քանի-քանի թերթեր oգոստոսի վերջը գուժեցին անոր մահը, եւ ըստ լրատուութեան՝ «81-ամյա հայտնի արձակագիր, դրամատուրգ Վարուժան Նալբանդեանի դին հայտնաբերել են հարեւանները։ Գրողը մահացել էր օգոստոսի 28-ին, իր բնակարանում՝ միայնության մեջ։ Վարուժան Նալբանդեանի հարազատներից եւ ոչ ոքի չեն հայտնաբերել։ Հետեւաբար հուղարկավորությունը կազմակերպող էլ չկար։ Դիահերձարանից հայտնել էին, որ եթե ոչ ոք չզբաղվի գրողի հուղարկավորությամբ, ստիպված են լինելու նրան թաղել Սովետաշենի գերեզմանոցի «անտեր մեռելների» կողքին»: Աղբիւրը՝ «Ժամանակ Երեւան»: ............... Այո այդպէս, Հայաստանս, իր գրողները,  պիտի «նետէր» անտէր մեռելներու գերեզմանները: Չեմ ուզեր զգացական ըլլալ, պարզ անոր համար որ կատարուած այս ահաւորութեան դիմաց, զգացական զեղումներ կատարելը առաւել նշան է թուլութեան ու ռազմէն պարտուած դուրս եկողի զինուորին ապրած հոգեխառն վիճակին: Նախ պէտք է փնտռել այն բոլոր պատճառները որ կը մղեն, բոլոր Վարուժան Նալբանդեանները, ձեւով կը հրապարակէն քաշուելու եւ «քէննալու»... մինչեւ մահ: Ասիկա մեռնելու ձեւ է, ասիկա նօսրանալու եւ ի սպառ կորչելու ձեւ է. ու ցուցանիշ է երկրի մը որուն մշակութային բոլոր օրկանները կը տառապին ու բռնուած են ահաւոր ու տագնապալի ախտերով: Շփացած տիկին է Հայաստանը, որ գիտէ միլիոններ ծախսել, անոր հրապարակներուն վրայ դուրսէն ներածուած միմոսներ խաղցնելու, բայց նոյն կարեվէր ու վիրաւոր Հայաստանը քանի մը կոպեկ չունի արժանապատիւ կերպով պահելու իր անտէր գրողները: Վերադառնալով Վարուժանին` ըսենք որ ան յայտնի անուն է Երեւանի գրողական շրջանակներուն մօտ, որն առաւելաբար գրած է արձակ, կատարած է բաւականին մեծ թիւով թարգամանութիւններ, յատկապէս ֆրանսերէն լեզուէն, բնագրէն հայերէնի թարգամանած է՝ Ժան Փոլ Սարթըր, Անույ, Արթիւր Ատամով, Էօժէն Իւնէսքո, Ալպէր Գամուի եւ այլոց գործերը: Ունի 17-է աւելի տպագրուած գործեր: Վարուժանը գրած է, պատմուածք, վիպակ, հէքիաթ եւ յօդուած: Ապրելով այլախոհ բանաստեղծներուն նման՝ Վարուժանը մերժած է բանաստեղծութիւն ստորագրել, կամ առնուազն ես ծանօթ չեմ իր ստորագրած բանաստեղծութիւններուն: Ով գիտէ, մարդուն համար դժուարին բան է եղած, ապրիլ բանաստեղծօրէն եւ բանաստեղծել միաժամանակ: ....... Խօսելով Վարուժանին մասին, պիտի ըսեմ որ անոր հետ իմ ծանօթութիւնս կուգայ վաղ  իննիսունականերէն: Բարեհամբոյր ժպիտով կը մօտենար մեզի, քանի մը բառ կը նետէր ու կը հեռանար. ձեռքին կունենար կտոր մը հաց եւ շիշ մը կաթ: Վարուժանն այդպէս կը համոզէր աշխարհին որ սովէն չեն մեռնիր եթէ ապրին արուեստով. նաեւ յստակ էր մէկ բան որ, Վարուժանը նոյն սոված աշխարհին մէկ հեզ դեսպանն էր: Դժբախտաբար Վարուժանի գիրքերը մօտս չեն եղած, բայց նորերս ստացայ անոր վերջին հրատարակութիւնը որ կը կոչուի «Խոհերի արկածախնդրութիւն». հետաքրքրական գիրք մը. յօդուածներու ժողովածու, ուր հեղինակը մերթ երգիծական ու մերթ լրջախոհ կերպով տեսակէտներ կը մատուցէ արդի հասարակութեան ընկերային խնդիրներուն մասին: Վարուժանէն որոշ ճաշակ մը մատուցելու համար կը կատարեմ մէջբերում մը գրքէն՝ «Ծնվելիս նոյնն են ցանկութիւնները: Մահամերձ՝ տարբերվում են ցանկութիւնները՝ ապրված ցանկութիւններին համապատասխան: Անքնութիւնը նախազգուշացում է առ այն, որ մեռնելուց յետոյ՝ անմահանալիս դու քնաբեր չես ճարելու...» Կամ ՝«Թիկունք ունես, քեզ կդարձնեն թեկնածու, թիկնապահ, թիկնաթոռ, թամադա, թաղապետ...եւ քեզանից ընդամենը մի տասներորդական ջանք կպանջվի,որ դառնաս թագաժառանգ»: Վարուժան այս գիրքով, գրեթէ կը խօսի ամէն ինչի մասին, կեանքի, ընտանիքի, ընկերային պայմաններու, մահուան, մանաւանդ մահուան, սիրոյ եւ կնոջ, բարքերու մասին: Կարծես ան իր մահը կը նախազգար: Իր խօսքին մէջ, անկումներն ու վերիվայրումները կը կատարուին շատ յանկարածակի եւ շշմեցուցիջ ձեւով. այնքան մը որ  ընթերցողը կը զարմանայ թէ ինչ կը կատարուի այս գրողին հետ: Թեման կ'ըլլայ շատ լուրջ՝ լրջագոյն ու յանկարծ, արագ, սըրթնաց կերպով ծաղրն ու քաղցր հեգննաքը կրնան տակնուվրայ ընել քեզ: Այս Վարուժանն է, անսպասելի ու յանկարծական լուծումներու երանաւէտ վարպետը, որուն մասին քիչեր կրցան գիտնալ, քիչերու միայն վիճակուեցաւ, ճանչնալ զինք, ապրիլ իր հետ, լսել իրեն ու խօսիլ իր հետ: Ի՞նչ էր պատահած Վարուժանի հետ, որ վերջին տաս-քսան տարիներուն, լքած էր ինքզինք: Երբ պիտի յայտնուէր, ցնցոտիներով միայն. երբ պիտի երեւար մուրացիկի կերպարանքով կար միայն. երբ պիտի խօսէր, պիտի չուզէինք լսել զինք: Մարգրիտն անգամ երբ անվայել կերպով կը ներկայացուի, կրնայ ըլլալ որ առիթ տայ արգահատանքի՝ նոյնիսկ զզուանքի: Թէ ո՞վ էր մնայունը, ինչն էր մնայունը ես չեմ գիտեր: Ժամանակը իր խօսքն ունի ըսելու, բայց վստահ եմ որ Վարուժան Նալբանդեանը երեւոյթ էր Հայրենի գրական երկնակամարին տակ. ու տխրութեամբ էր որ պիտի լսէի որ նոյնիսկ Հայաստանի Գրողների միութեան մեծարգոյ այրերը հարկ եղածը չեն կատարած, վերջին յարգանքն ընծայելու, այս լոյսի մունետիկին, այս լուսաւորեալ «խենթ»ին, այս Վարուժանին: Երեւի մեր մօտ, վաղուց մեռածները միայն են որ արժանի են, յարգանքի, գորովի, հիւանդագին սիրոյ եւ սուտ պաշտամունքի: Երեւի մեր մօտ, արդէն Երեւանի մէջ, շուկայական յարաբերութիւնները մտած են ամէնուրէք, այնքան մը որ ազգիս գրողները պիտի ապրին լքուած, մեռնին միայնակ ու թաղուին անտէր անտիրական մեռելներու կողքին: Աւարտին՝ թող որ այս խօսքը, թարմ ծաղիկներու փունջ հանդիսանայ անտէր մնացած Վարուժանի շիրիմին ու մէջբերելով անոր մարգարէական մէկ տողը պիտի արձագանքեմ ՝ «Նոյնիսկ  ամօթ է ստորագրել այս ամէնը, որ գիտէի, եւ իմանալս էլ օգուտ չտուեց ....»: Այո, այսքանը գիտէի, միւս գիտցածներուս վրայ ալ աւելցաւ այն որ իմ ժողովուրդս չի սիրեր իր ողջ գրողները, կ'արգահատի անոնցմէ, նոյնիսկ այդ գրողները կուզէ նետել տիղմի մէջ. կուզէ նետել անտէր մեռելներու գիրկը: Սագօ Արեան [email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter