HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հոկտեմբերի 27 եւ Վազգէն Սարգսեան

Սագօ Արեան Ես դիւրահաւատ չեմ: Դիւրահաւատ չեմ, հաւատաոր եմ: Չեմ սիրում աւելորդ կասկածամտութիւնը: Տեղի-անտեղի թշնամիներ փնտրել-գտնելու մոլուցք չունեմ: Դա ժամանակի կորուստ է, ջիղերի քայքայում: Ամէն տեղ բարեկամներ, հաւատակիցներ, համախոհներ եմ փնտրում: Այդպիսով ուժեղանում ենք թէ ես թէ բանակը: Վազգէն Սարգսեան Գիտեմ որ տխրութիւնը ոգիիս կառափնարանն է. հոն կը մեռնիմ ես: Հոն կը լռեմ ես, լիովին կը լռեմ: Երկար ժամանակէ ի վեր չեմ գրած Սպարապետին մասին, Միայն անոր համար որ չեմ ուզեր տխրիլ, չեմ ուզեր նահանջել: Չեմ ուզեր ետեւ նայիլ, չեմ ուզեր յիշել.... մերթ կ'ուզեմ պայքարիլ տխրութեան դէմ, այն մեծ պարտութիւններուն դէմ որուն տարուեցանք ազգովին, հակառակ անոր որ թերեւս այսօր, Վազգէն Սրագսեանի ու անոր ընկերներուն մահը, սպաննութիւնը անարգ ձեւով, մէկ խօսքով նահատակուիլը. պիտի կրնայ չընդունուիլ ինչպէս պիտի ընդունուէր ասկէ հինգ կամ աւելի տարիներ առաջ: Ամբոխը այլ տեղ է սակայն. ու պարզ է որ այլուր պիտի ըլլայ: Կեանքը կանգ պիտի չառնէ, կեանքը արագահոս գետի պէս պիտի մաքրէ ճանապարհները բոլոր, պիտի մաքրէ աւազէն ու խիճերէն, պիտի փորձէ մաքրել զգացումներէն ու յիշողութիւններէն, կեանքը պիտի փորձէ ընել այս ամէնինչը, այս մաքրամոլութիւնը, այս մոռացումը, այս սպիացումը, այս վերացումը.... Կեանքը պիտի շարունակուի: Այդպէս է: Սակայն Հոկտեմբեր 27-ն պիտի շարունակէ մնալ, որպէս անթեղուած կրակ այն հոգիներուն մէջ միայն, որոնք Վազգէն Սարգսեանի ու իր ընկերներուն մէջ տեսած էին Հզօր Հայաստան կերտելու յոյսը: Մանաւանդ Վազգէն Սարգսեանի աչքերուն մէջ զգացած էին աննահանջ կռուի կրակին բոցերը: Կան մարդիկ որ իրենց անունով կը կնքեն պատմութեան ժամանակատուած մը, կան մարդիկ որ ջուրին երեսը ծփալով՝ մեծ մարդոց բաճկոնը կը հագնին.... կան մարդիկ որ պարապը կը լեցնեն ու կան շատ ուրիշներ որ կը ծափահարեն .... Վազգէն Սարգսեանը տեւաբար պատկանեցաւ, այն տեսակի մարդոց որ իրենց անունով մկրտեցին նորանկախ Հայաստանի ամբողջ մէկ ժամանակատուածը: Դժուարին ու ծանր ժամանակահատուած: Նոյնիսկ իր ընդիմախօսները պարտաւոր են ընդունիլ այս իրողութիւնը: Ու կ'ընդունին: Շատեր ընդունեցին նաեւ որ Սպարապետը, եզակի ծնունդ էր, Ղեկավար էր, բառին ամենալայն իմաստով: Բացատրեմ: Սկսելու համար ան գրող էր, համեստ ընտանիքէ սեռած ու Արարատեան դաշտի կրակը իր աչքերուն մէջ գրկած գիրի համեստ զինուորեալը եղաւ Վազգէն Սարգսեան, որ օրհասի պահուն գրիչը գետին նետեց ու վազեց մարտադաշտ: Չըսաւ որ իմ գործը գրել է, ես գրող եմ եւ ուրիշ ընելիք չունիմ, ընդհակառակը ամբողջութեամբ տարուեցաւ Արցախեան պատերազմով, բանակ կազմեց, մահապարտներուն՝ յաղթելու, մահուան գնով յաղթելու կոչ արձակեց, մարտնչեցաւ, մասնակից եղաւ ու իր ներկայութեամբ կերտեց Արցախեան յաղթանակ: Ապա վերադրարձաւ քաղաք, խառնուեցաւ անոր քաղաքական կենաքին, մաքառեցաւ, հաւատալ տուաւ որ պիտի պայքարի կաշառակերութեան դէմ, պայքարեցաւ ու մնալով պատնէշի վրայ, սպաննուեցաւ դաւադիր ձեռքերով.... Ինկաւ Հայոց Սպարապետը.... Անկումը վառեց կրակէ հոգիներ, որոնք իրենց սրտերուն մէջ կրեցին իր պատկերը, ու ան այսօր մեզի կը ներկայանայ որպէս ամէնէն փայլուն, ամէնէն օրինակելի, ամէնէն խիզախ ռազմիկը իր ժամանականերուն ..... Ոչ ոք կրնայ մուր քսել անոր անունին, ոչ ոք կրնայ աղարտել անոր կրակէ յուշը ... Ան ժամանակներէն վեր է, ժամանակի տիղմէն, ժամանակի տխեղծութիւնէն, ժամանակի որդերէն վեր կանգուն ապառաժ է, որ տեղէ մը, հեռուէն կը նայի մեզի ու իր պատգամն ու ըսելիքը ցորեանի հատիկներուն պէս կը նետէ մեր ոգեղէն արտերուն մէջ: Կը մնայ որ մենք վերադառնանք իր աւանդին, նորէն փորձենք հասկնալ զինք իր ժամանակին մէջ, նորէն ապրինք իրմով, իր այդքան սեւով ու մոխարագոյնով գրուած ժամանակին մէջ: Կը մնայ որ Վազգէն Սարգսեանը, օծենք որպէս շէնշող օրինակ, մատղաշ սերունդներու որպէս ամհովանի եւ փարոս: Ով որ կը տեսնէ անոր լոյսը, կ'ապրի անով, կը գործէ անոր նման, խտիր չի դներ հայ ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ եւ կը նայի իր ժողովուրդին որպէս յաւերժագնաց ժողովուրդ.... Փոթորիկները բազում են այսօր, Վազգէնները լուռ են այսօր. Ինչ դաւեր կը նիւթուին եւ ինչ խաղեր կը խաղցուին այսօր .... Ամէնուրէք՝ հոս սփիւռքի, թէ Հայրենի երկնակամարին տակ: Կը մնայ որ հաւատանք, Վազգէններու օրինակին, կը մնայ որ պայքարինք այդ ոգիով ... Թիրախները պէտք է յստակ ըլլան մեզի համար, թիրախները, ընելիքները եւ վաղուան համար պատրաստուած ծրագիրները կենսական են, կարեւոր են, եւ այդ ծրագրուած աշխատանքն է որ մեզ կը մօտեցնէ այն իտէալներուն որ տարիներ առաջ կային մեր նախնիներու աչքերուն մէջ.... ու ատոնց պսակը՝  Վազգէն Սարգսեանն է՝ Հայոց Նոր ժամանակներու, ընտիր ու մնայուն սպարապետը: Կը  յիշենք զինք այսօր, ոչ թէ տխրելու համար, այլ սորվելու.... կը յիշենք զինք յաղթելու համար. որովհետեւ տխրութիւնը կրնայ անդամալուծել մեզ. կրնայ նոյնիսկ սպաննել մեզ: Իսկ մենք ամէնէն շատ, ապրող ժողովուրդ ենք, թէկուզեւ լքուած ենք մեր ճակատագրին, թէկուզեւ ցաւոտ է մեր օրագիրը, բայց կը պժգանք մահէն... Մենք կ'ատենք մահը: Վազգէնը իր մահով, նոր Վազգէններու կեանք պիտի տայ.... կասկածելու տեղ չունինք: Այսօր կամ վաղը.... [email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter