Բարի տարեդարձ Մոնթէ
Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան
Արդէն տասնեօթ տարի է, որ ծննդեանդ և մեկնումիդ օրերուն ես քեզմէ մասնիկ մը կը բաժնեմ քու այնքան սիրած մեր ժողովուրդին հետ: Տեսակ մը հետդ հաղորդակցուելու, քեզի հաշուետու ըլլալու և իրավիճակին բաց աչքերով նայելու օրեր են ասոնք: Ժամանակին հետ սակայն այս հաշուետուութիւնը սկսած է դառնալ ցաւատանջ:
Բօթ մը գուժելու պէս բան մը, քանի որ մեզի համար շատ կարևոր համարուող ճակատներէն լուրերը աստիճանաբար կը շարունակեն մթագնիլ: Հիմա յաճախ կը լսեմ բազմաթիւ հարազատ էակներու հոգոցը՝ «Է՜հ Մոնթէ ջան, սրանց համա՞ր տուեցիր կեանքդ:» Այդ «սրանց»-ը մեզի ծանօթ, քու երբեմնի զինակիցներուդ կը վերաբերի առաւելաբար: Մարդիկ, որոնցմէ շատեր ժամանակին ունէին բարի աչքեր ու յստակ նայուածք: Հիմա կը նայիմ անոնց դէմքերուն ու ճիգ կ'ընեմ յիշելու զիրենք: Անոնց աչքերուն արտայայտութիւնը անճանաչելի է ինծի: Այլևս նոյն մարդիկը չեն կարծես: Փորձութեան չդիմացած մարդու մաղձոտ աչքերով կերպարներ: Ինչքին ու փառքին գերի՝ անպատկառ էակներ: Կը յիշե՞ս իմ ամէնաառաջին այցելութիւնս Մարտունի: Տակաւին ուսումնարանին մէջ էր զօրամասը: 1992-ի մայիս 28-ի կէսօրէն ետք հասայ: Ճաշարանը երեկոյեան կը գոցուէր: Մենք կը շտապէինք ընթրիքի երբ յանկարծ կանգ առիր ու ըսիր. -Մէկ վարկեան սպասենք: Այդ սև փէշ, գոց կապոյտ պլուզ հագած կինը կը տեսնե՞ս: Այսօր իր տղան թաղեցինք: Տասներեք օր տղոց դիակները չէինք կրցած բերել: Իսկապէս չեմ կրնար այդ կնոջ երեսին նայիլ: Շա՜տ գէշ կը զգամ:
Սպասեցինք մինչև կինը մեկնէր: Որդին զոհուած էր Աւտալ-Գիւլափլուի մարտերէն մէկուն աւարտին տեղի ունեցած տգեղ իրադարձութեան մը ընթացքին՝ Աշանի հրամանատար Արմէնին, որ «շա՜տ լաւ մէկն էր»,և այլ տղոց հետ: Թշնամիին ուղղաթիռին իյնալուն հետ տղաքը վազած էին դէպի ազերի օդաչուն, յետոյ պատմութիւնը մշուշոտած էր: Օրերով Աբոյին հետևած էիր Մարտունի քաղաքին կեդրոնը գտնուող նկուղային խուցին մէջ, ուր ռատիոկապով փորձած էիք համոզել ազերիներուն՝ դիակները փոխանակել: Ազերիները զարմանքով օրեր շարունակ կրկնած էին, որ իրենց քով դիակներ չկան: Քանի մը օր ետք սարսափով իմացած էիր ազերի կապաւորէն, որ դիակները երկու դիրքերուն միջև ինկած տարածքին վրայ կը գտնուէին: Զայրոյթդ անասելի էր երբ իմացար թէ տղաքը այդպէս ալ մնացած էին ռազմադաշտին վրայ՝ ոմանք վիրաւոր: Դէպքէն 13 օր ետք թշնամիին հետ համաձայնեցնելով, դիակները հանած էիք: Քեզի համար վստահելի ազատամարտիկ Աշոտին օգնութեամբ յանձնաժողով ստեղծած էիր մեղաւորները պատժելու համար: -Ընկերոջը ռազմադաշտին վրայ չե՛ն ձգե՜ր,- ձայնդ կ'արձագանգէր զօրամասով մէկ ու զայրոյթէդ կոկորդիդ ջիղերը հատիկ-հատիկ կարելի էր հաշուել: Չէիր գիտեր ինչպէ՞ս սփոփել ծնողներուն: Ամէն մէկուն կը սգայիր, ընելով կարելիդ, որ յաջորդիւ զոհերուն թիւը նուազագոյն ըլլար: Հիմա Մոնթէ, ամիս չ'անցնիր, երբեմն շաբաթ, երբ զինուոր, հայ զինուոր չի զոհուիր: Իսկ ամենասարսափելին՝ այդ զինուորները յաճախ պատերազմային իրավիճակի մէջ չէ որ կը զոհուին: Իսկ անոնց ծնողքին դիմաց գէշ զգացող չկայ կարծես, քանի որ նոյն բանը կը կրկնուի, կը կրկնուի, կը կրկնուի: Կոմիտասին հետ Պաշտպանութեան Կոմիտէի շէնքին դիմաց քեզի կը սպասէինք երբ Շուշիի հրամանատարը իր կարմիր նոր Նիվային մէջէն բարևեց ու անցաւ: Կոմիտաս ինծի դառնալով քիչ մը հիասթափ ըսաւ. -այդ կարմիր մեքենան տեսա՞ր, դա քո ամուսնու մեքենան էր լինելու, բայց չուզեց: Որոշուած էր հրամանատարներուն նոր Նիվաներ բաժնել: Կանչած էին քեզ Ստեփանակերտ, որ ստանայիր քեզի հասանելիք Նիվան, սակայն զարմացնելով բոլորին դուն մերժած էիր ըսելով, որ քեզի նման ինքնաշարժ պէտք չէր: Եթէ լաւ աշխատող վիլիս մը ճարէին, կ'առնէիր այլապէս նոր ու աղուոր ինքնաշարժի կարիք չունէիր: Խանդավառութիւնդ մեծ էր, երբ յայտնեցի քեզի, որ Նոր Տարիին ինքս կու գամ Արցախ: Զօրամասի նախաճաշի սեղանին վրայ կար թէյ, շաքար, հաց և կարագ: Այսքանը: Հացի վրայ կարագը միակ բանն էր, որ մանկութենէդ չէիր կրցած ուտել: Անուշը կ'ուտէիր պանիրով: Ես մտայ խոհանոց և խոհարարէն ուտելիք խնդրեցի քեզի համար: -Չունենք, չենք ստանում,- եղաւ պատասխանը: -Դոշա՞բ էլ չունէք,- ըսի վրդովուած: Դեկտեմբերի 31-ի երեկոյեան երբ դիրքերը կը շրջէինք, կրակները սկսած էին վառուիլ արդէն: -Աւոն հրաման է տուել բոլոր դիրքերը միս բաժանել Նոր Տարվա գիշերը: Տղաքը ուրախ էին: Ամէն մէկ դիրքի վրայ ժպիտով կանչեցիր ամենաերիտասարդ զինուորներուն ըսելով՝ «Սեդան նուէր ունի ձեզի համար»: Մեր ընկերներուն ղրկած պատանեկան տարիքի հաստ վերնաշապիկներն էին, որ յոյս ունէինք քիչ մը տաքութիւն պիտի բերէին երիտասարդութիւնը դիրքերուն վրայ սկսող սա պատանիներուն:
Գարնան իրիկուն մը երբ կօշիկներդ հանեցիր, ոտքերդ պատուած էին պալարներով: Ես սարսափած նայեցայ մինչ դուն կը փորձէիր «արդարանալ»: Կարճ ժամանակով Հայաստանէն եկած կամաւորի մը մարզական կօշիկները հին էին: Սփիւռքահայ ընկերոջդ ըսած էիր, որ պահեստէն կօշիկներ վերցնեն: Ընկերդ վերադարձած էր քեզի ըսելով, որ յարմար կօշիկներ չկան: Դուն հանած էիր ոտքիդ կարճ ճտքաւոր կօշիկները և տուած տղուն: Իսկ ինքդ հագած էիր երկար ճիտերով ձիւնի համար նախատեսուած տաք զինուորական կօշիկներդ: Ոտքերդ խաշած էին կօշիկներուդ մէջ, զայրոյթս ալ անօգուտ էր: Իսկ հիմա՞ Մոնթէ...Զինուորին հանդէպ նման հոգատարութիւն տեսանելի չէ: Այդ զինուորին՝ որուն վստահուած է մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը և ով մեր հոգատարութեան ու գնահատանքի ամէն մէկ կաթիլին կարիքը ունի ամրապնդուելու համար: Մեր քաղաքն ալ չկայ: Մեր սիրած գրեթէ բոլոր զբօսայգիները, ուր ձմրան կը վազէիր երեխաներուն ետևէն ձիւնագնդակ խաղալու և կը զայրանայիր երբ ինծի կը զարնէին, անհետացած են: Ի՜նչ անձկութեամբ սպասեցիր, որ քեզի տանիմ իմ սիրած հին ու նեղլիկ փողոցները Երևանի՝ իրենց փայտեայ պատշգամբներով եզերուած հնաոճ տուներով: Անոնք ալ անհետացած են իրենց հին բնակիչներուն հետ միասին: Ամէն ինչ կը վերագրուի «Խորհրդային բարքերուն», որ դարձեր է կարծես արդարացման փաստարկութիւն: Ժողովուրդի շահերը պաշտպանողն ո՞վ է, չեմ գիտեր: Դեռ սեպտեմբեր 1990-ին ինծի կը գրէիր ազգին հայավնաս տարրերուն մասին. «Ես հայ եմ, իմ ժողովուրդիս համար պայքարած եմ և դեռ կը պայքարիմ, լաւ հայանպաստ գործեր ըրած եմ և Հայաստան պիտի երթամ և հոն ալ լաւ գործեր ընեմ: Իսկ ով որ մեր նոր պետութեան պատասխանատուներն են այսօր թող լաւ գիտնան, որ իրենց գործը մեր ժողովուրդի շահերը պաշտպանելն է, իսկ ով որ մեր ժողովուրդին դէմ աշխատած է, ով որ դեռ կը ստէ մեր ժողովուրդին և դեռ կը կրկնէ նոյն սխալները, անոնք են որ տեղ չունին հոն»:
Տես նաև` Մոնթէ Մելքոնեանի անձնական նամակներէն, Ավո, Վերջապես՝ Հայաստանում, Կարգապահության խնդիրներ, Գլուխ 17. Կապի՛ դուրս եկ, Զրո-զրո, Գլուխ 18. Ջրի պես գնա՛, Ալեք Ենիգոմշյան. «Մենք ազատագրել ենք մեր պատմական հողերը»
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել