Եկէք մեր բաժինը տանք եւ փրկենք կեանքեր այս Ծննդեան տօնին առիթով
Փառք Բարձրեալն Աստուծոյ, որ այս տարի ալ մեզի կերակրեց մեր տաքուկ տուներուն մէջ` շրջապատուած մեր սիրելիներով: Փառք Անոր, որ ժպիտը անպակաս ըրաւ մեր դէմքերէն: Բայց կարելի՞ է այդ ժպիտը պահել մեր դէմքերուն վրայ, երբ բազմանդամ հայ ընտանիք մը Հայաստանի մէջ կ’ապրի լքուած վիճակի մէջ` այս ցուրտ օդին: Ընտանիք մը, որ Նոր Տարին կը նշէ առանց սեղանի:
Դանիելեան ընտանիքը կ'ապրի Հագվի գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռի մարզին մէջ: Ընտանիքը կազմուած է 10 անդամներէ՝ Արթիւր Դանիելեանը 43տ եւ Նատյա Շավինեանը իրենց 8 զաւակներով՝ Սյուզանա, Նարեկ, Լիլիթ, Նուէր, Էտկար, Րուզանա, Լիանա եւ 9 ամսուայ Նարէն:
2010 թուականի Մարտի 20-էն իվեր այս բազմանդամ ընտանիքը, տանտէրի հրամանով լքելով իրենց վարցած բնակարանը, յայտնուած են անմխիթար վիճակի մէջ: Իսկ Հիմա կ’ապրի կացցարանի մը մէջ, ուր ոչ պատուհան կայ, ոչ դուռ եւ ոչ ալ տանիք: Եվ հոն կան մանուկներ, հայ մանուկներ:
Ինչո՞ւ իրենք իրաւունքը պիտի չ’ունենան ապրելու, վայելելու, ուրախանալու եւ քէթ տաքուկ տուն մը ունենալու:
Եկէք, սիրելիներ, մեր բաժինը տանք եւ փրկենք կեանքեր այս Ծննդեան տօնին առիթով: Միասին նուիրենք իրենց այն տունը, ուր պիտի ապրին մանուկներ իրենց հօր ու մօր սիրով, ինչպէս մենք:
Մանրամասն տեղեկութիւններուն ծանօթանալու համար եւ այս բարեգործութեանը մասնակցելու համար այցելել http://www.imarmenian.com/mobilization կայք:
Մինջեւ օրս հաւաքածենք բաւական գումար բայց տակաւին կը կարօտինք յաւելեալ քաջալերանքներու, որպէսզի այս զործը հասցնենք յաջողութեան վախճանին:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք վստահեցան մեզ եւ մասնակցեցան այս բարի եւ պատուոյ գործին:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Հարմանտայեան Ասպետ
Ֆրանսա, 06.01.2011
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել