Հրաշքներու աշխարհ
Աբօ Պողիկեան
Հայաստանի կառավարութիւնը իր վերջին նիստին որոշեց իր պահուստային հիմնադրամէն տասը միլիառ դրամ յատկացնել, մայրաքաղաքէն դուրս ապրող բնակչութեան աղքատութիւնը մեղմելու նպատակով:
Շուրջ 28 միլիոն տոլար՝ մէկ միլիոն բնակչութիւն աղքատութենէ փրկելու համար՝ այնքան ալ հսկայ միջոց չէ: Հայաստանի ներկայ պիւտճէն, սակայն, խիստ սահմանափակ հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ կառավարութեան՝ մարզային բնակչութեան (դեռ չենք խօսիր մայրաքաղաքի մէջ ապրող ընչազուրկ բանակի մասին) աղքատութեան դէմ պայքարելու համար:
Անկախ պետականութեան քսաներորդ տարեդարձի սեմին այսպիսի տխուր հաշուարկներ կը ճմլեն ոեւէ սրտացաւ հայու սիրտը, ու վիճակի բարելաւման ճիգին ինչ-որ ձեւով ու չափով մը մասնակից ըլլալու կամ չըլլալու հրամայականին առջեւ կը կանգնեցնեն զայն:
Հայաստանի մէջ վիճակը բարելաւելու միակ ճանապարհը քաղաքացիական պարտքի կատարումն է, որ իր մէջ կը պարփակէ նաեւ արդար հասարակարգ ստեղծելու պայքարը, որուն արդիւնքէն կախեալ կրնայ ըլլալ եւ կ’ըլլայ ժողովուրդին բարգաւաճումը:
Սփիւռքի մէջ, բարեգործութեան կամ ներդրումային ծրագիրներու մասնակցութիւնն է, որ կը հանգստացնէ խիղճը:
Երկու պարագային ալ, անցնող քսան տարիներուն մեծ ճանապարհ չենք կտրած: Փաստը՝ ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութեան թշուառ վիճակը:
Դուրս գալու համար այս վիճակէն, մեր ժողովուրդի երկու հատուածներն ալ պէտք է վերարժեւորեն իրենց մօտեցումներն ու գործելակերպը՝ անհատական թէ հաւաքական մակարդակով:
Հրաշքներ ակնկալելը միամիտ կրնայ սեպուիլ, մինչ հրաշքներ չակնկալելու իրատեսութիւնը՝ բարոյալքումի ազդակ է հաստատապէս: Իսկ հրաշքները կարծես այնքան ալ անհաւանական չեն թուիր ըլլալ այլեւս աշխարհի ամէնէն անհաւանական վայրերուն մէջ իսկ:
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել