Նոր պայմաններ, նոր մարտավարություն
Հայ երիտասարդութեան եւ թուրք գործարարներու միջեւ արձանագրուած միջադէպը քաղաքական հետագայ ընթացքին վրայ լոյս սփռող խորհրդածութիւններու տեղի կու տայ։ Առաջին անգամը չէ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը բողոքէ թրքական արտադրութիւններու տարածման դէմ։ Միջադէպին կապուած կարգ մը երեւոյթներ սակայն նոր նախադէպեր կը ստեղծեն եւ առիթ կու տան մտածելու հետագայ զարգացումներուն մասին։
Առաջին. Հայ երիտասարդութեան քաղաքակիրթ ոճին, բողոքի ընդունուած օրինաչափ կարգին դէմ թուրք գործարարներ համարձակութիւնը կ՛ունենան ֆիզիքական բռնամիջոցի դիմելու։ Նախընթաց պարագաներու արձանագրուող միջադէպերը ընդհանրապէս ցուցարարներուն, բողոքողներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ կ՛ըլլար։ Նաեւ՝ նման պարագաներու, երբ ամենախաղաղ ձեւերով կոչեր կը բաժնուէին ցուցասրահին մէջ ներկայ եղողներուն։ Թրքական աննախադէպ համարձակութեան նոր երեւոյթ մը ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս պարագային։
Նման պատահարներու թրքական կողմը խնամքով անուշադրութեան կը մատնէր միջադէպը կամ առ հասարակ հայ երիտասարդին դրսեւորած պահանջատիրութիւնը։ Ժխտողականութեան, դէպքը անարձագանգ ձգելու տարիներու վրայ երկարող վարքագիծ մը կարմիր թելի պէս կ՛անցնէր Լիբանանի մէջ գործող դեսպանատունէն մինչեւ Անգարայի քաղաքական կեդրոնները։
Այս պարագային բոլորովին ուրիշ է ընթացքը։ Թրքական լրատուադաշտը նկատառելիօրէն կ՛անդրադառնայ միջադէպին, խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ եղածը, հայ երիտասարդութիւնը կը ներկայացնէ նախայարձակ եւ թուրք գործարար շրջանակը՝ զոհ։ Ապատեղակատուական արշաւը դուրս կու գայ թրքական սահմաններէն եւ կը թակէ նաեւ հայաստանեան լարտուադաշտի դռները, ուր գործող տարբեր ներկայացուցիչները լրիւ կը վերարտադրեն լրատուութեան (չըսելու համար ապալրատուութեան) թրքական տարբերակը։ Այս ապատեղեկատուութիւնը չի մոռնար ընդգծելու, որ միջադէպի մանրամասնութեան ծալքերուն իրազեկուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։ Այս ընդգծումը ինքնին կը նախանշէ, որ պաշտօնական Անգարան բողոքի նոթ յղելու կը նախապատրաստուի լիբանանեան իշխանութիւներուն, եթէ ոչ հարցի իրաւական հետապնդումին։
Խորհրդածելի է անշուշտ, որ վարչապետ Էրտողանի կատարած այցելութեան ընթացքին լիբանանահայութեան դրսեւորած բողոքի գործողութիւններուն որեւէ հակազդեցութիւն չունեցած թրքական քաղաքական եւ տեղեկատուական դաշտը, այս պարագային ինչէ՞ թելադրուած հարցը կը բարձրացնէ մինչեւ արտաքին գործերու գերատեսչութիւն։
Հայկական կողմը ընդհանրապէս հաշուի նստելու խնդիր ունի քանի մը նոր իրականութիւներու հետ։ Բողոքի իւրաքանչիւր հետագայ գործողութիւն կրնայ հանդիպիլ թրքական հակազդեցութեան յետ այսու։ Լիբանանեան իրաւապահ մարմինները չեն միայն, որոնք իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն, այլ նաեւ առաջին հերթին թրքական տաղաւարներու ետին գտնուող աւելի համարձակ ներկայացուցիչներ։ Թրքական լրատուամիջոցները յայտնապէս փոխած են իրենց մարտավարութիւնը եւ լուռ անցնելու փոխարէն պիտի շարունակեն փորձ կատարել ապատեղեկացնելու հանրային կարծիքը։
Աւելի՛ն. Նախադրեալներ կան մտածելու, որ բողոքի իւրաքանչիւր գործողութիւն անհետեւանք չձգելու եւ տեղւոյն դատական իշխանութիւններուն դիմելու փորձ պիտի կատարուի թրքական կողմէն։ Հայկական պահանջատիրութեան հակազդելու մարտավարութիւնը կը թուի փոխուած ըլլալ այս երկրին մէջ։
Լիբանանեան կողմը աչալուրջ հետեւելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի։ Ապահովական յաւելեալ միջոցառումներու ձեռք ձգում, հրաւիրեալ կողմը պաշտպանելու նախանձախնդրութիւն, բողոքի գործողութիւններ արգելակելու փորձեր. Ահա գործառոյթներ, որոնց պիտի դիմեն լիբանանեան կողմի համապատասխան մարմինները եւ զորս նկատի պէտք է առնուին բողոքող երիտասարդութեան կողմէ։
Հայկական տեղեկատուադաշտը, ուր գործող կարգ մը լրատուամիջոցներ ներքաշուեացան թրքական տեղեկատուութեան ծուղակներուն, զգօնութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուին։ Նման միջադէպերու լուսաբանման համար երբեք հաւաստիութիւն չի ներշնչեր թրքական որեւէ աղբիւր։ Նման աղբիւրներու յենուիլը պարզապէս լրագրողական նախնականութեան ցուցանիշ է:
Բողոքի որեւէ քաղաքակիրթ գործողութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք տեղեկատուական արշաւի կարիքը սուր կերպով ինքզինք զգալի կը դարձնէ։ Առարկայական, ճիշդ եւ լիբանանահայ պահանջատէր երիտասարդութեան արդար կեցուածքը լուսաբանող տեղեկատուական արշաւի մասին է խօսքը։
Նոր պայմաններու մէջ, մարտավարական նոր շեշտադրումներով արարները պիտի կրկնուին յայտնապէս։ Լիբանանահայ երիտասարդարութիւնը փաստեց, որ պատրաստ է այդ արարներու դիմագրաւման եւ իւրաքանչիւր առիթին ճիշդ պատգամը տեղ հասցնելուն։
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել