HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Բաց նամակ՝ Աբբահայր Միշէլ Վան Բարիսին

Որ վերջին տասնամեակին կը ղեկավարէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը երկաթեայ բազուկով Այս տողերը կ՚արձանագրեմ որպէսզի այսուհետեւ ճշմարտութիւններ կամաւոր կամ դիտաւորեալ կերպով չխափանուին եւ արդարութիւնը փայլի ամառնային պայծառ արեւի նման։  Չէ՛ք կրնար երեւակայել վերջին երկու շաբաթներուն մեր ունեցած երկունքն ու տառապանքները Լոս Անճէլըսի Բարձրագոյն Դատարանէն ներս։ Հայկազնեան բառարանին մէջ կը պակսին բառեր՝ նկարագրելու համար մեր անձկութիւններն ու խռովքը ի տես կատարուած բացորոշ ստախօսութիւններուն եւ խայտառակութիւններուն։ Որքա~ն նողկանք զգացի անձի մը հանդէպ, որուն անարժանաբար յանձնուած է վերջին տասնամեակին՝ Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկը, Ձեր ղեկավարութեամբ եւ Արեւելեան Ժողովի օրհնութեամբ։ Աննկարագրելի ցասումով կը լեցուէի ամէն անգամ որ յօրինուած սուտեր եւ անհիմն զրպարտութիւններ կը լսէի անձիս դէմ, որոնք իրական փաստերու բացակայութեան դարձան օրինական դատաստան եւ վճիռ՝ նո՛յն ինքն զանոնք յօրինող ստախօսներուն դէմ, ի վերջոյ կրկին անգամ արատաւորելով Մխիթարեան Միաբանութեան ամբողջ վարկը։ Այո՛… Վստահաբար եւ անկասկած լաւ հասկցաք միտքս։ Որովհետեւ, Նոյեմբեր 1, 2010 թուակիր նամակս Ձեզ չսթափեցուց եւ միջոցներ չ՚որոնեցիք որպէսզի Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանը փրկէք ակնյայտ գահավիժումէ։ Ընհակառակը, ջայլամի նման Ձեր գլուխը խրեցիք աւազին մէջ, եւ թողուցիք որ հայահոծ այս գաղութը անգամ մը եւս ապրի ա՛յն տխուր օրերը զորս ապրեցաւ 2002-2006 տարիներուն, երբ նո՛յն այս Հայր Եղիա Քիլաղպեանը Լոս Անճէլըսի այս Մխիթարեան վարժարանը՝ անոր Վարչութեան հետ միասին՝ Լոս Անճէլըսի Բարձրագոյն Դատարան տարաւ իր կամքը պարտադրելու համար, եւ,  երկար տարիներու դատական պայքարէ ու երկու կողմերու հսկայական նիւթական կորուստներէ ետք միայն, --մօտաւորապէս $900,000.- --, եկաւ հաշտեցման սեղան։ Ես ինծի հարց կու տամ յաճախ. յանուն ինչի՞ այս ամէնը։ Չէ՞ր կարելի այդ դրամը ծախսել Վարժարանի բարեզարդման եւ վերելքի կարիքներուն։ Չէ՞ր կարելի այդ դրամը ծախսել աղքատ ուսանողներու դաստիարակութեան։ Որքա՞ն կրնայ անձ մը կուրանալ իր «Ես»-ին եւ իր կառչած աթոռին սին փառքովը։ Չէ՞ որ ի վերջոյ մե՛նք ենք որ մեր նկարագրին արժանիքներով կ՚արժեւորենք մեր անձերն ու աթոռները։ Այս անպատուաբեր դատավարութիւնները միայն ջիղեր մաշեցուցին, վարկեր մրոտեցին եւ անուններ վարկաբեկեցին դժբախտաբար յանուն ոչինչի։ Ժամանակին Ձեր ուշադրութեան յանձնեցի որ Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանը կը դիմագրաւէր յատուկ դժուարութիւններ, բայց դուք նախընտրեցիք ժխտական դեր խաղալ վարագոյրներու ետին։ Դուք, որպէս Արեւելեան Ժողովի լիազօր ներկայացուցիչ, ո՛չ միայն Օրինական Պարտաւորութիւն, այլեւ Բարոյական Պարտաւորութիւն ունէիք հայահոծ այս գաղութին հանդէպ, նոյն ատեն մտահոգուելով դարձեալ Մխիթարեան Միաբանութեան վարկի մասին։ Դժբախտաբար իմ եւ Հայր Օգոստինոսին խնդրանքները Ձեր խուլ ականջներուն հանդիպեցան։ Դուք նաեւ իրազեկ դարձաք այն իրողութեանց թէ ինչպէ՛ս իմ մեկնումէս ետք, Նոյեմբեր 13, 2009 թուականէն ասդին, որքա՜ն հսկայական անտեղի մսխումներ կատարուեցան, ոչ մէկ նոր նուաճում եւ կամ յաջողութիւն արձանագրելով Վարժարանէն ներս։ Արդարեւ՝ Ձեր ուշադրութեան յանձնած էի, վստահելով Ձեր անաչառութեան, թէ որքա~ն լուրջ էին Վարժարանին դիմագրաւելիք օրինական դժուարութիւնները, բայց Դուք չփորձեցիք լուծում մը առաջարկել: Ընդհակառակը, եղաք խնդրին բարդութեան մէկ բաժինը։ Երբե՛ք չմտածեցիք հեռահաս լուծումներու մասին, որովհետեւ մեզի չէիք տուած հաւաստիացումը որ Դուք մտահոգ էք Մխիթարեան Վարժարանով։ Եւ ինչպէս յայտնի է նաեւ շատ մը միաբաններու, երբ Վիեննա կը գտնուէիք՝ ժողովի ընթացքին յայտարարած էիք. «քանի մարդոյժ չունիք, լաւ կ’ըլլայ որ վարժարանը փակէք եւ հողն ալ ծախէք»։ Ահաւասիկ այ՛ս եղած է Ձեր մօտեցումը։ Վարժարանը իր բոլոր դժուարութիւններով եւ շինարարական հսկայ ծրագիրներով հանդերձ յաջողած էր հաւասարակշռել իր պիւտճէն: Սակայն այսօր ան կը կանգնի լուրջ եւ ծանր կացութեան մը առջեւ, ո՛չ միայն որպէս հետեւանք նոր տնօրէնութեան մեծածախս մսխումներուն, այլ նաեւ հսկայական այն գումարին զոր անցեալ շաբաթ Վարժարանը կորսնցուց՝ բացուած նոր դատերու նուաստացուցիչ կորուստով։ Որեւէ տեսակի կառոյց մը եթէ ինզինք սրբագրելու կարելիութենէն զուրկ ըլլայ՝ ո՛չ միայն կը դադրի յառաջդիմելէ, այլ նաեւ ապահովաբար եւ անխուսափելիօրէն կը դատապարտուի լճացումի եւ կործանումի։ Դժբախտաբար, ա՛յս է Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանի այսօրուան պատկերը, որ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ, նամանաւանդ երբ ան այսօր կորսնցուցած է իրեն դէմ բացուած օրինական դատերը, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք մանրամասնօրէն, իրերայաջորդ շարք մը նոր յօդուածներով։ Հետեւաբար, այս բոլորը մեզի ենթադրել կու տան, որ անցեալի հակամարտ ոյժեր, քով քովի եկած, թաքուն ծրագիրներ որոճացին ի հեճուկս հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան: Ի վերջոյ՝ անցեալի եւ ներկայի այդքան վնասներէ ետք, ինչպէ՞ս կարելի էր կրկնակի ձախողած անձի մը՝ օձալեզու Հայր Դաւիթ Ղազարեանին յանձնել ընդհանուր ղեկավարի պաշտօնը, Վարժարանը մատնելով ստոյգ անորոշութեան, եթէ Քիլաղպեան Աբբահայրը չունենայ ա՛յլ յետին նպատակներ, որովհետեւ իր այս անխոհեմ ընթացքը միայն կրնայ արագացնել Վարժարանին փակումը, բան մը զոր տարիներէ ի վեր կ՚երազէր, եւ ահաւասիկ այժմ լաւագոյն առիթը կը ներկայանայ իրականացնելու այդ երազը, մեղքն ալ բեռցնելով ուրիշներու վրայ։ Եւ վերջապէս, Ձեզի կը մնայ ճշմարտութիւնը տեսնել եւ ներողութիւն խնդրել նախ եւ առաջ հայահոծ այս գաղութէն ու ապա բոլոր անոնցմէ, զորս ուղղակի կամ անուղղակի կերպով վշտացուցիք Ձեր անխոհեմ ու ո՛չ քրիստոնէավայել քայլերով։ Նիւթական վնասէն աւելի կ՚արժեն բարոյական վնասները, որոնց Ձեր մասնակցութիւնը բերիք՝ տակաւին մեզի համար անհասկնալի պատճառներով։ Ոսկան Մխիթարեան Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter