HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Այո՛… ճակատաբաց յաղթական

Հաւանաբար ձեզմէ շատեր, կարդալէ ետք անցեալի յօդուածներս «Հետք», www.religions.am եւ www.keghart.com կայքէջերուն վրայ, մտածեցին թէ ինչո՞ւ Ոսկան Մխիթարեանը այսքան դառնացած է եւ իր ցասումը կ՛արտայայտէ հանրային մամուլով Մխիթարեան Միաբանութեան կարգ մը անհատներու դէմ։ Պարզապէս անոր համար, որ չէ՛ր կրնար անտարբեր մնալ տեսնելով խարդախութիւններն ու անօրինութիւնները իր այդքան սիրած եւ յարգած՝ Մխիթարեան Միաբանական կեանքէն ներս։ Այս նոր յօդուածաշարքով ընթերցողները իսկապէս պիտի իմանան եւ հասկնան թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եղան այդքան հրաբխային պոռթկումներ եւ ի՞նչ էին դրդապատճառները։ Բոլոր անոնք որոնք առիթը ունեցած էին զիս մօտէն ճանչնալու, անկասկած իմացած էին իմ ծառայութիւններուս մասին Մխիթարեան Միաբանական կեանքէն ներս եւ դուրս, նաեւ եղած էին ականատես եւ ականջալուր ինծի հանդէպ եղած անարդարութիւններուն եւ զրպարտութիւններուն: Բան մը, զոր կարելի էր ամբողջութեամբ խնայել եթէ իմաստութիւն ցուցաբերելով յարգուէին մարդկային արժանապատուութեան ամենապարզ սկզբունքները, եւ  եթէ Աբբահայր Հայր Եղիա Քիլաղպեան քաջութիւնն ու պարկեշտութիւնը ունենար ինծի յայտնելու իր մտադրութիւնը 2009 թուականի Մայիս ամսու վերջաւորութեան, երբ Լոս Անճէլըս կը գտնուէր տակաւին` Մխիթարեան Վարժարանի 30-ամեակին առիթով։ Կրնար արդարօրէն պարզել իր ծրագիրները եւ այնուհետեւ յայտնել թէ իմ ծառայութեանս անհրաժեշտութիւնը չունէր, եւ ինծի կը մնար՝ ինչպէս եկայ պաշտօնի՝ այնպէս ալ հեռանալ առանց աղմուկի ։ Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ, եւ ուստի ինծի հանդէպ կատարուած զրպարտութիւններն ու յերիւրանքները անմարդկային արարք նկատելով՝ ոչ միայն մամլոյ պայքար հռչակեցի Հայր Եղիայի դէմ, այլ նաեւ այդ օձալեզու խարդախ Հայր Դաւիթին եւ ոմն Խոստեղեան անուն վիժած, անպատկառ անձին դէմ, երեւան հանելու համար ճշմարտութիւնը օրինական բոլոր միջոցներով։ Եւ ահաւասիկ յարգեցի իմ խոստումս, եւ այսօր ճակատաբաց կրնամ յայտարարել որ շահած եմ օրինական իրաւունքներս Լոս Անճէլըսի Բարձրագոյն Դատարանին մօտ։ Այս պարագային, զիս ամենէն աւելի հետաքրքրողը բարոյական յաղթանակն է, որուն կու գայ միանալու արդար դատը 90-ամեայ ծերունի վարդապետին՝ Հայր  Օգոստինոս Սեքուլեանին, որ 2009 Նոյեմբեր 13-էն ի վեր մինչեւ այսօր՝ իր պաշտած Վարժարանէն վռնտուած, համեստօրէն կը մնայ իր փոքրիկ բնակարանին մէջ, զօրացած իր աղօթքներով, գերագոյն այն ակնկալութեամբ որ օր մը անպայմա՛ն ճշմարտութիւնները երեւան պիտի գան եւ յանցաւորները պիտի պատժուին ու հեռացուին այն աթոռներէն զորս անարժանաբար գրաւած են վերին մարմիններու օգնութեամբ, եւ ո՛չ թէ իրենց արժանիքներու երաշխիքով։ Նախ ըսեմ, որ Հայր Եղիային կողմէ «ստացայ վարձատրութիւնս», այլ խօսքով՝ ինծի տրուած երախտագիտական զգացումներն ու գնահատականները աւելի քան քսան տարիներու ծառայութիւններուս փոխարէն. միայն խախտուած ուղեղ մը կրնայ այդպէս արտայայտուիլ։ Չեմ փափաքիր մտքերս ծածկել եւ ոչ ալ բառերու ետին ծածկուիլ։ Բոլոր անոնք որոնք տեղեակ չեն՝ թող իմանան որ ես ո՛չ մէկ ժամանակ ցանկութիւն ունեցած եմ իմ կեանքս կապելու կրթական-դաստիարակչական կեանքին հետ։ Եթէ այդ ըլլար իսկական նպատակս, անկասկած որ կը շարունակէի մնալ այդ կեանքին մէջ, որուն համար Միացեալ Նահանգներ ղրկուած էի 1971 թուականին որպէս տնօրէն Հոլիվուտի ամէնօրեայ Վարժարանին, այժմ՝  Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարան։ Հետեւաբար, շատ յստակ է որ ես ո՛չ մէկ ատեն ցանկութիւն ունեցած եմ կրթական պաշտօնի, եւ ո՛չ ալ առաջարկած՝ որ ինծի նման պաշտօն մը յանձնուի, հակառակ այն իրողութեան որ առաւել քան տաս տարիներ դասախօս եմ եղած Մխիթարեան Կաճառին պատկանող եւ անոր հովանին վայելող Կլէնտէյլի Մխիթարեան Կրթական Հայագիտական Հաստատութենէն ներս։ Ընհակառակը, բոլոր անոնք որոնք միշտ ինծի հետ կապ հաստատած են, յաճախ լսած են ինձմէ որ ես Մխիթարեան Վարժարանի Տնօրէնութիւնը միայն ժամանակաւորապէս ստանձնած եմ, մինչեւ որ դպրոցը կրկին իր փայլուն գոյավիճակը գտնէր։ Ինծի համար նիւթապէս ձեռնտու չէր որ ես երկա~ր տարիներ մնայի նման պաշտօնի վրայ, երբ անդին իմ բանասիրական աշխատանքներս մէկդի պիտի մնային, նոյն ատեն նաեւ հարուած մը տալով իմ իրաւաբանական աշխատանքներուս, որոնք կ՛ապահովէին ընտանիքիս բարւոք կեցութիւնը։ Մէկ խօսքով՝ ես այս գլխացաւանքին պէտք չունէի: Եւ եթէ «ողջ գլուխս Աւետարանին տակ դրի», ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ, պարզապէս անոր համար էր որ մեծ սէր եւ յարգանք ունէի Մխիթարեան Միաբանութեան նկատմամբ. սէր մը որ տարիներու ընթացքին այնքա՛ն աճած եւ ուռճացած էր իմ մէջս, որ կը մտածէի լրջօրէն աշխարհական անդամ դառնալ միաբանութեան, (Տեսնել Միաբանութեան Սահմանադրութեան յօդուածը. Միաբանութեանս կրնան անդամակցիլ նաեւ աշխարհական եւ եկեղեցական նուիրեալ անձեր, առանց կրօնաւորական ուխտերու, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը բերեն միաբանութեանս առաքելութիւններէն ներս եւ հաղորդակից կը դառնան միաբանութեանս հոգեւոր բարիքներուն), եւ այդ խաղաղ մթնոլորտին մէջ շարունակել իմ բանասիրական աշխատանքներս մինչեւ խոր ծերութիւն։ Բայց աւա՜ղ, փայփայած բոլոր երազներս օդը ցնդեցան, տարիներու ընթացքին ականատես եւ ականջալուր ըլլալէ ետք միաբանութեան կարգ մը անդամներու սնանկացած հոգեբանութեան, եւ մանաւանդ՝ ինծի փոխանցուած այս վերջին «երախտագիտական զգացումներէն» ետք։ Հետեւաբար, եթէ ախտաճանաչումներ չընենք՝ անկասկած որ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն պիտի մտնէ միաբանական հասարակական կեանքէն ներս եւ Միաբանութիւնը նոյն հիւանդագին վիճակով պիտի շարունակէ ապրիլ, մինչեւ որ օր մըն ալ Անտոնեան Միաբանութեան նման տխուր վախճանի մը հասնի, մէկ խօսքով՝ լուծուի ամբողջ Մխիթարեան Միաբանութիւնը։ Ակասկած՝ որ յայտարարուած ճշմարտութիւնները հաճելի պիտի չթուէին Միաբանութեան ղեկավարութեան, նկատի ունենալով որ իրենց գլուխները աւազին մէջ մխրճած՝ կը փորձէին չտեսնել իրենց շուրջ կատարուած բոլոր ապօրինի գործերն ու խարդախութիւնները, եւ ինչո՞ւ չէ գողութիւնները, որոնց մասին անդրադարձած ենք անցեալին, մեր տեղեկութիւնները քաղելով Եւրոպական մամուլէն ու ականատեսներու վկայութիւններէն, ինչպէս նաեւ մեր անձնական շփումերէն։ Շատ բնական էր որ ինծի պէս անձ մը պիտի ցանկագրուէր անբաղձալիներու շարքին, քանի որ,  վերջին հաշուով, հանրութեան առջեւ կը սփռուէին Մխիթարեաններու ներքին խոհանոցին անօթները, որոնք միայն կրնային վարկաբեկել ղեկավարութիւնը, ցոյց տալով անոր վարչական անկարողութիւնն ու անճարակութիւնը։ Նոյն անտարբեր վերաբերմունքը ցոյց տրուեցաւ նաեւ Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանին նկատմամբ այն օրէն երբ Հայր Եղիա Քիլաղպեան փորձեց ապօրէն կերպով իր կամքը պարտադրել դպրոցի վարչութեան վրայ՝ իր տխրահռչակ, անտեղի եւ անիմաստ դատերով, հակառակ Մխիթարեան Միաբանութեան Սահմանադրութեան յստակ տրամադրութիւններուն, ((Կարգաւորութիւն) Թիւ 285. «Միաբանութեանս մէջ ծանր յանցանքներ նկատուած են յատկապէս հետեւեալները. Ե) աշխարհական ատեաններու դիմել Միաբանութեան կամ միաբանի մը դէմ……»), պարզապէս իր նպատակին հասնելու համար, եւ երկար տարիներու դատական պայքարէ եւ  երկուստեք հսկայական նիւթական կորուստներէ ետք միայն (մօտաւորապէս  $900,000.), եկաւ հաշտեցման սեղան… Յանուն ինչի՞։ Ահաւասի՛կ այդ օրերէն սկսեալ Մխիթարեան վարժարանը կորսնցուցած էր իր վարկն ու հմայքը Լոս Անճէլըսի այս հայահոծ գաղութէն ներս։ Ի տես եւ ի հետեւանս այս անախորժ “եղբայրական” ներքին պայքարներուն, ծնողներ եւ բարերարներ հեռացած էին Վարժարանէն։ Տարուէ տարի նուազեցաւ աշակերտներուն թիւը, եւ ո՛չ մէկ աշխատանք եւ ճիգ տարուեցաւ միջոցներ որոնելու որպէսզի Վարժարանը վերագտնէր իր նախկին փառքն ու հմայքը։ Յայտնի էր այնուհետեւ, թէ Հայր Եղիա Քիլաղպեանի հետաքրութիւնը միայն Վարժարանի կալուա՛ծն էր, եւ ո՛չ թէ անոր կրթական բարգաւաճումն ու վերելքը։ Հակառակ այն Միաբանական Սահմանադրական հասկացողութեան, թէ «Մխիթարեան միաբանը աղքատութեան ուխտի յանձնառութեամբ կը հրաժարի բոլոր սեփական ստացուածքներէն, վասն արքայութեան երկնից։ Աղքատութեան ուխտին զօրութեամբ՝ Միաբանութեանս մէջ ամէն ինչ կը պատկանի հասարակութեան։ Այս սկզբունքի հիման վրայ, ոչ ոք իրաւունք ունի սեփականութիւն ունենալու, տնօրինելու ըստ կամս, նուիրելու կամ փոխ տալու ուրիշին կամ փոխանակելու առանց Մեծաւորներու հրամանին», պիտի փափաքէի ներկայացնել այն գոյավիճակը որ կար մինչեւ իմ պաշտօնի կոչուիլս Մխիթարեան Վարժարանէն ներս։ Հայր Դաւիթ Ղազարեան, բացի պաշտօնապէս խոշոր ամսական մը առնելէ, ստացած է նաեւ իր անունով եւ իր ստորագրութեամբ դրամատունէն հնչիւն (cash) դրամ յաճախակիօրէն: Այս գումարները կապ չունէին իր առօրեայ դպրոցական եւ կամ անձնական ապրուստի ծախսերուն հետ։ Հիմա ընթերցողները թող դատեն. ու՞ր մնաց (Կարգաւորութեան) մեկնաբանութիւնը՝ «Պաշտօնի բերումով յաձնուած գումարներու նկատմամբ՝ մեծ խղճմտութիւն ցուցաբերել, թէ՝ գործածութեան եւ թէ՝ հաշուետուութեան մէջ»: Չէ՞ք կարծեր որ այստեղ պէտք է վկայակոչել ինքնախաբէութիւն բառը անոնց համար՝ որոնք ըստ կամս կը մեկնաբանեն Սահմանադրութիւնը, մինչ անդին՝ որիշներ տառացիօրէն կը գործադրեն իրենց Աղքատութեան Ուխտը. «Պետութենէն ստացուող ծերութեան թոշակի համար դրամատան մէջ անձնական հաշիւ բանալու պարագային, Աբբահօր հաւանութեամբ՝ հաշուեհամարը ունենայ նաեւ ուրիշ միաբանի մը ստորագրութիւնը»: Պիտի ուզէի տեսնել որ իւրաքանչիւր տարեց իր պետական թոշակը նուիրէր իր ծառայած հաստատութեան, ինչպէս տարիներէ ի վեր կ՛ընէ Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան։ Այ՛ս է իսկական Աղքատութեան Ուխտը։ Ոսկան Մխիթարեան Նախկին տնօրէն Մխիթարեան վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter