«Մենք այսքա՞ն անմշակոյթ ժողովուրդ դարձած ենք, որ չենք կրնար զանազանել մարդն ու իր գործը»
Յարգելի Պարոն Ոսկան Մխիթարեան,
Իրա՛ւ տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի Ի Լոս Անճէլըս
Մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր, Լոս Անճէլըս ապրող ընկերոջմէս, Պերճ Ճամճեանէն կը ստանամ Մխիթարեան վարժարանի վերաբերող բոլոր նամակներն ու յօդուածները, զորս զինք շատ կը մտահոգէին: Կը կարդայի, կը յուզուէի, կը զայրանայի այս հոյակապ միաբանութեան խորտակման ի խնդիր, ձեռամբ՝ քանի մը շահամոլ պատեհապաշտներու, որոնք նաեւ կը պատկանին Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտին:
Նախ՝ կը շնորհաւորեմ ձեր անշահախնդիր մտաւորականի քաջութիւնն ու կորովը, զոր ի սպաս դրած էք ճշմարտութեան յայտնաբերման ի խնդիր: Շատեր պիտի հեռանային յուսահատ... թերեւս այդ ալ կ’ակնկալուէր ձեզմէ որ ընէիք ձեր, այսպէս ըսած՝ թշնամիներուն կողմէ: Այսօր ձեր քաջութիւնն ու անխախտ կամքը ունեցող, ճակատաբաց իրականութիւնը բացէ-ի-բաց ըսող մտաւորականութեան մը պակասը կ’ապշեցնէ մեզ...:
Յանձնապաստանութեան դիմելն ու «բան չըսելը» ձեւով մը ընդունուած կենցաղի մը մաս կը կազմէ, նոյնիսկ երբ ոչ թէ միմիայն անձի մը նկարագրին կամ կեցուածքին եւ շահարկումներուն կը վերաբերի, այլեւ՝ երբ նոյնիսկ կը փորձուի քննադատութեան եւ արժեւորման ենթարկել գրական որեւէ գործ: Մենք այսքա՞ն անմշակոյթ ժողովուրդ դարձած ենք, որ չենք կրնար զանազանել մարդն ու իր գործը...: Ձեր պարագային, ա՛լ աւելի վտանգաւոր, որովհետեւ դիմուած է նոյնիսկ երկրին բարձրագոյն դատարանին, ազատ եւ ուղղամիտ մարդոց լռեցնել փորձելու ճիգով:
Պարոն Ճամճեանը յաճախ կը խօսի Հայր Օգոստինոսի առաքինութիւններուն մասին: Որքան բաղձալի պիտի ըլլար, որ բոլոր կղերականները իր օրինակին հետեւէին, եւ այս՝ ոչ միայն Մխիթարեան միաբանութենէն ներս...: Այսօր դուք իսկապէս հոգեպէս լիացած կը զգաք, վստահ եմ, որովհետեւ ձեր կատարածը իրաւունքներու եւ սահմաններու հաստատման եւ կարգ մը խնդիրներու լուսաբանման ճամբով կատարուած երկար աշխատանքի եւ ճիգի արգասիքն է:
Շատ պիտի զարմանամ, եթէ Մխիթարեան վարժարան ղրկող ծնողները, իմանալէ ետք իրականութիւնն ու ճշմարտութեան յաղթանակը, չվերադարձնեն իրենց զաւակները այդ հոյակապ հաստատութեան, ուր հայկական ազգային ու հոգեմտաւորական դաստիարակութիւնն է, որ կ’ուսուցանուի ձեզի պէս դաստիարակներու հսկողութեան տակ:
Կեցցէ՛ք:
Վարդի Դանիէլեան
Մանկավարժ-կրթա-ընկերաբան
Մոնթրէալ
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել