HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Այդ ե՞րբ այսքան անտարբեր դարձանք իրարու տառապանքին

Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան

Դարձեալ կը կարդամ Հայաստանի լուրերը եւ դարձեալ կը մտածեմ այն երկրին մասին, որուն մէջ ես դարձայ այն ինչ որ եմ այսօր: Իմ քաղաք Երեւանը նոյնը չէ այլեւս: Աֆրիկեաններու տան համարակալուած նկարները կը դիտեմ ու կը սարսռամ: Երեւանի մէջ ըլլալու տենչանքն ու ցաւը անսփոփ պիտի մնան քանի որ ան «գոյութիւն» չունի այլեւս: Չեմ ըսեր տեղքայլի մէջ մնայինք, քաւ լիցի: Սակայն հնաոճ շէնքերու ու մշակութային արժէքներու սպանդն արդէն չափ չի ճանչնար: Արժէքներու համակարգի այս փոփոխութիւնը որոշ անձեր կը շփոթեն զարգացման հետ:  Աւելի ցաւալի է մարդկային կեանքի արժեզրկումը: Մարդկային  ցաւին անտարբեր մնալու, առաւել, այդ ցաւ անգամ արժեզրկելու միտումը: Միեւնոյն արկածի զոհերերէն մէկուն «մարդասպան» պիտակաւորելը միւսին՝ երբ վստահաբար այս աշխարհի մէջ ամէնաշատը  այդ արկածի մասնակիցն է, որ պիտի չուզէր այդպէս եղած ըլլար: Այդ ե՞րբ այսքան անտարբեր դարձանք իրարու տառապանքին: Այդ ե՞րբ այսքան հեռացանք մենք մեզմէ: Նմանատիպ խոհերը կրկին ու կրկին կը տանին ինծի Մոնթէին մաքրամաքուր հոգիին: Ահաւասիկ եւս մէկ պատգամ իրմէ:  

Մոնթե Մելքոնյան. -Ցաւալի է, երբ մարդիկ, մանաւանդ լաւ եւ խելացի մարդիկ, կամայական սահմաններ կը դնեն իրենք իրենց վրայ: Ասիկա իսկապէս մեզի այդքան անհրաժեշտ մարդկային ուժականութեան  կորուստ է:  Մեր ժողովուրդը պէտք ունի ամէն մէկ հայրենասէրի: Հայ կիները նոյնքան հայ են որքան հայ տղամարդիկ, ուրեմն իրենց դերն ալ նոյնը պէտք է ըլլայ. երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամ ուրիշ թշնամիներ կռուին մեր դէմ ես շատ չեմ ջղայնանար քանի որ կը սպասեմ իրենցմէ: Բայց երբ մենք անգիտակցաբար կը վնասենք մենք մեզի, իսկապէս կը ջղայնացնէ: Գիտես, այս ամէնը ինծի կը մղէ, որ ալ աւելի գնահատեմ քեզի: Հակառակ քու չորս կողմդ գոյութիւն ունեցող որոշ դիրքորոշուներուն եւ ատոր պատճառով առաջ եկած  ճնշումներուն, դուն ձեւով մը կրցար հստակաօրէն տեսնել թէ ինչ ընելու իրաւունք ունէիր, թե ինչ պարտականութիւն ունէիր ընելու: Քու վճռականութիւնդ այս ճնշումը յաղթահարելու, քու ուսումդ շարունակելու եւ Հայաստանի մէջ ապրելու, շատ յատուկ է: Նոյնը չէ եթէ  Ամերիկահայ կամ Ֆրանսահայ աղջիկ մը ընէ ասիկա: Անոնց համար աւելի բնական եւ դիւրին է (թէեւ նոյնիսկ անոնցմէ շատ քիչերը կ'ընեն): Քու պարագայիդ ասիկա պատասխանատու մտածելակերպի  եւ կեանքը «աւելի դիւրին» դարձնելու համար սկզբունքները չզիջելու փաստ է: Ես շատ տպաւորուած եմ ասով: Դուն ճիշդ այդ կինն ես որուն պէտք ունիմ: Քեզի կը սիրեմ ներսէն ու դուրսէն: Բայց հիմա ամէնացաւալին այն է, որ նոյն ճնշումը պիտի դրուի[քոյրիկիդ] վրայ: Դուն եւ ես պէտք է հակակշռենք եւ յաղթահարենք այդ ճնշումը: Լաւ կ'ըլլար եթէ կարենայինք դէմ դիմաց իր հետ խօսիլ: Ան մեր օգնութեան պէտք ունի եւ արժանի է ատոր: Ան պէտք է Երեւան երթայ: Ատիկա պիտ օգնէ իրեն, որ աւելի հստակ մտածէ, կեանքի եւ աշխարհի մասին նոր հեռանկար ունենայ միաժամանակ շատ լաւ ուսում ստանայ:

Այս նույն նիւթին շուրջ դուն գրեցիր «Սարդարապատ»-ին մէջ տպուած յօդուածի մը մասին: . Ես այդ յօդուածը չեմ կարդացած, բայց կը կարծեմ, որ քու մտածումներդ շատ հաւանաբար տեղին են:  Կարեւոր է , որ ամեն ինչ իր պատմական ֆոնին վրայ դրուի նախքան որեւէ քննադատական ​​վերլուծում ընելը:  Միակ կետը , որ կ'ուզեմ ընել այն է որ, ինչպես դուն կ'ըսես, տղամարդիկ ալ շատ ուսանած չէին այդ ժամանակ երբ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանական  դիմադրութեան  շարժումը  գոյութիւն  ունէր: Կը կարծեմ, որ կիները կրնայ ըլլալ աւելի մեծ դեր խաղցած էին թէեւ հսկայական ընկերային, հոգեբանական , մշակութային, ինչպես նաեւ օրէնսդրաական եւ ֆիզիքական արգելքներ 

կային  որ պէտք էր յաղթահարել: Աւելին, կըկարծեմ, որ այսօրուան իրավիճակը որոշ բնագաւառներու մէջ կամ նուազագոյնը որոշ համայնքներու մէջ (կիներուն հանդէպ վերաբերմունքին հետ կապուած), որոշ նմանութիւններ ունի անցեալին հետ: Տղամարդոց  եւ կիներու գիտակցութեան մակարդակը գրեթէ հավասար են:  Որոշ ձեւով, գոնէ ուսման մակարդակով ( ուսման  մակարդակը եւ գիտակցութիւնը անպայման նոյն բանը չեն) հայ կիներունը  յաճախ աւելի բարձր է, քան տղամարդոցը:  Ես նկատած էի ասիկա Պուրճ Համուտ  ուսուցիչ  եղած  ժամանակս: Հոն տղաքը կանուխ կը ձգէին դպրոցը որ աշխատին, իսկ աղջիկները  քանի մը  տարի ալ կը մնային: Իմ բարձր դասարաններուս  մեծամասնութիւնը աղջիկ էր: Վիճակը  նոյնն էր ուրիշ դպրոցներուն մէջ ալ: Բայց ես կը սիրեմ  սկզբունքներ,  այնպես որ, վերադառնանք ընկերային փոփոխութեան վերաբերեալ կարեւոր սկզբունքի մը. ընկերութեան մէջ որեւէ բանփոխելու համար՝ այն մարդիկ որ ուղղակիօրէն շահագրգռուած են պետք է նախաձեռնութիւն առնեն. փոփոխութիւնը պետք չէ սպասել հիմնականին մէջ խումբէն դուրս:  Մեր պայքարին մէջ մենք հասկցած ենք, որ այդ կը նշանակէ, որ ոչ թէ պէտք է սպասենք որ ԱՄՆ -ն, Ֆրանսան, ՄԱԿ -ը  կամ Թուրքիան  լուծեն մեր խնդիրները, այլ  մենք,  (հայ ժողովուրդը)  ինքներս  պետք է լուծենք:  Նաեւ Արցախի ժողովուրդը ճիշտ հասկցաւ այս սկզբունքըվերջին նախաձեռնութիւններըառնելով եւ իրենց նպատակներուն յառաջապահը մնալով:  Նոյն ձեւով հայ կիները պէտք չէ սպասեն, որ հայտղամարդիկ մինակնին փոխեն ամէն ինչ: Ոչ, հայ կիները պէտք է նախաձեռնութիւն առնեն: Անշուշտ, իրենք շատ համակիրները պիտի ունենան հայտղամարդոց մէջ (ներառեալ ես), բայց իրենք պէտք է ըլլան յառաջապահ տարրերը1 […]

Ես ուրախ եմ ինչպէս որ եմ՝ տղամարդ, եւ գոհ եմ իմ առնականութեամբս:   Կը կարծեմ կիներն ալ պէտք  ուրախ ըլլան այնպէս ինչպէս իրենք են եւյարգեն իրենց կանացիութիւնը: Մտաւորապէս, ընկերայաին առումով,  իրաւականօրէն,  մշակութապէս, տնտեսապէս,  մենք բոլորս հաւասար ենք,սակայն, ինչո՞ւ պէտք է փորձենք ժխտել մեր ֆիզիքական տարբերութիւնը: Հոյակապ է, որ կան տղամարդիկ եւ կիներ միայն մէկ սեռի  փոխարէն:  […]Մենք հաւասար ենք, բայց տարբեր ենք, եւ փառք Աստուծոյ այս տարբերութեան համար:  Այդ առողջ է: Լավ է: Ես բացարձակապէս ոչ մէկ  բարդոյթ ունիմ քու ամուսինդ ըլլալու համար, եւ դուն՝իմ կինս ըլլալու համար (բացի մեր հասկնալի անհամբերութենէն եւ ցանկութենէն, որ երբէք պիտ չբաժնուինք այլեւս): Հոգեպէս առողջ եւ մտաւորապէս հասուն մարդիկ այպէս պէտք է ըլլան:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter