HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Պատկերելով Հայրենիքը. «Արծուի Վասպուրական»ի բարենորոգումները անցեալի յուշերով

Հեղինակ՝ Ծովինար Տէրտէրեան թարգմանութիւն՝ Խաչատուր Տէրտէրեան

Ողջ տասնիններորդ դարու ընթացքին հայերու «երեւակայական հանրոյթ»ին մէջ «Հայաստան» հասկացութիւնը զարգացաւ որպէս հայոց հայրենիք եւ դարձաւ ազգային խորհրդանիշ՝ տարբեր քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ գրական գործընթացներու հետեւանքով։ Այդ գործընթացները կարելի է մասամբ ի յայտ բերել ուսումնասիրելով կուսակրօն քահանայ Խրիմեան Հայրիկի (1820-1907) աշխատանքը եւ իր հիմնած ամսաթերթը՝ «Արծուի Վասպուրական»ը (1855-1864): [3] «Արծուի Վասպուրական»ը հազուագիւտ աղբիւր մը կը հանդիսանայ քանի որ ի տարբերութիւն նոյն ժամանակաշրջանի ուրիշ հայկական հրատարակութիւններու, այս ամսաթերթին թիւերուն մեծամասնութիւնը լոյս տեսած էր Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան տարածաշրջանին մէջ։ Առաւել եւս, հանդէսի խմբագիր Մկրտիչ Խրիմեան իր կղերական պաշտօններու բերմամբ մասնակից դարձած է տարբեր քաղաքական գործընթացներու։ Հանդէսի վերլուծութիւնով սոյն յօդուածի նպատակն է ներկայացնել թէ ինչպէս եւ ինչու հայրենիքի տարածք մուտք գործեց հայ ազգային գիտակցութիւնը։ Այս սեղմ ուսումնասիրութեամբ պիտի փորձեմ ի յայտ բերել Օսմանեան կայսրութեան ներքին միտումները, որոնք նման փոփոխութիւններու առիթ դարձան եւ միայն կողմնակիօրէն պիտի ներկայացնեմ որոշ ազդեցութիւններ Եւրոպայէն և Ռուսական կայսրութենէն։ 

«Արծուի Վասպուրական»ը կը տպագրուէր երբ որ հայկական թերթերը, որոնց շարքին էին Զմիւռնիոյ «Հայրենասէր»ը եւ Պոլսոյ «Մասիս»ը, մինչեւ 1850-ականներու վերջերը, աւելի յաճախ կը հրապարակէին նորութիւններ Նոր աշխարհի (Ամերիկաներու), Չինաստանի կամ Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին։ Հազուադէպ կը պատահէր որ լուրեր տային Վանի, Կարինի (էրզրում) կամ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ արեւելեան նահանգներէն։ Ժիրայր Լիպարիտեան կը պնդէ որ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքներուն մէջ ապրող շատ մը հայեր կը կարծէին, որ ազգին համար ակնկալուող յառաջընթացը իրականութեան մէջ կը վերաբերէր գլխաւորաբար Պոլսոյ հայութեանը, մինչդեռ այս նոյն մարդոց համար «պատմական Հայաստանը օտար վայր մըն էր եւ կայսրութեան հեռաւոր ծայրագաւառ մը»։ Քաղաքաբնակ հայերուն համար Հայաստանը գաւառային վայր մըն էր. իսկ հայաստանցին՝ գաւառացի: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսական կայսրութեան հայ գրական գործիչներուն համար հայկական ինքնութիւնը մշակոյթի վրայ հիմնուած հասկացութիւն մըն էր: Ռուսահայ մտաւորական եւ «Հիւսիսափայլ» ամսագրի (1858-1864, Մոսկուա) խմբագիր Ստեփանոս Նազարեանին (1812-1879) նուիրուած իր ուսումնասիրութեան մէջ Լիզա Խաչատուրեան կը պնդէ, որ 19րդ դարու կէսերուն, երբ հայ գրական գործիչները կը քննարկէին Հայաստանը որպէս աշխարհագրական տարածք, տարածքային գիտակցութեան վրայ հիմնուած ազգային ինքնութիւնը պիտի զարգանար միայն Նազարեանին եւ իր նշանաւոր գրչակից Միքայէլ Նալբանդեանին յաջորդող (1829-1866) [6] սերունդէն յետոյ: Այսպիսով, կարելի է եզրակացնել որ մինչեւ 1800-ականներու երկրորդ կէսը հայկական ինքնութիւնը մարմնաւորուած էր աւելի շատ լեզուական, կրօնական եւ որոշակիօրէն տեղայնացուած ըմբռնումներով։

Իր ժամանակին համար բաւական յառաջադէմ ըլլալով, Խրիմեան նպատակ դրած էր, որ «Հայաստանը» դառնայ հայերու ինքնութեան հիմնական գաղափարը։ Այս նպատակին պատճառները աւելի լաւ հասկնալու համար, իր գրածները պէտք է դիտարկել նկատի առնելով այդ ժամանակաշրջանի բարենորոգումներով պայմանաւորուած միջավայրը։ Յատկապէս 1840-ականներէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ շարք մը պետական համակարգային փոփոխութիւններ տեղի ունեցան թէ՛ հայկական եւ թէ աւելի լայն օսմանեան շրջանակներու մեջ։ 1839-էն սկսեալ, Օսմանեան պետութիւնը ընդլայնեց իր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնըվիլայէթներուն (նահանգներուն) մէջ, փորձելով կեդրոնացնել իր իշխանութիւնը եւ կեանքի կոչել Թանզիմաթը (բարեփոխումներ): Պետութեան կեդրոնացումը յատկապէս շաղկապուած էր ֆինանսական եկամուտ բարձրացնելու անհրաժեշտութեան հետ։ Հետեւաբար, 1840-ին կայսերական հրովարտակով Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը Բարձր Դրան նկատմամբ աւելի մեծ ֆինանսական պարտականութիւններ ստանձնեց։ Եւ նաեւ, «Հայկական եկեղեցիներ, վանքեր եւ այլ եկեղեցապատկան կալուածներ, որոնք մինչեւ այդ ազատուած էին կայսերական հարկերէն, դարձան հարկատու»։ [7] Այդժամ պատրիարքարանը ստիպուած եղաւ մեծցնել կայսրութեան ամբողջ տարածքի իր կալուածներէն ու ենթականերէն ստացած եկամուտը, որոնք յատկապէս կեդրոնացած էին արեւելեան վիլայէթներու մէջ։ Այն պիտի իրականացուէր պատրիարքութեան կեդրոնաձիգ կառավարմամբ՝ վերակազմակերպելով իր նուիրապետութիւնը, հաւասարակշռելով հայկական միլլէթին կրօնական եւ քաղաքական (աշխարհիկ) ժողովները, վերասահմանելով իր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ [8] Իշխանութեան կեդրոնացման եւ հաւասարակշռման գործընթացի ժամանակ, ինչպէս Բարձր Դուռը բախեցաւ գաւառական իշխանաւորներու դիմադրութեան, այնպէս ալ անվստահութիւն յառաջացաւ Պոլսոյ եւ գաւառի հայ աշխարհիկ ու հոգեւոր իշխանութեան շարքերուն միջեւ: Ինչպէս նկատելի է «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ, Խրիմեան յաճախ կը փորձէր յաղթահարել այդ դիմադրութիւնը:

Շարունակություն

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter