
Արեւմտահայերը հանդէս կու գան նոր ճակատով
Հոկտեմբեր 20-ին կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ կայացաւ «Արեւմտահայերու ազգային համագումար» հասարակական կազմակերպութեան համաժողովը:
Համաժողովը կազմակերպուած էր Արեւմտահայերու 4-րդ համագումարին ընդառաջ, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 2015-ին:
Յիշեցնենք, որ Արեւմտահայերու ազգային առաջին եւ երկրորդ համագումարները տեղի ունեցած են 1917 եւ 1919թթ. Երեւանի մէջ, նպատակ ունենալով լուծել արեւմտահայ գաղթականներու խնդիրները եւ կազմակերպել անոնց վերադարձը Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա եւ Օսմանեան կայսրութեան մնացած տարածքներ, ուրկէ անոնք տեղահանուած: Արեւմտահայերու ազգային 3-րդ համագումարը կայացաւ 2011թ. Դեկտեմբերին Սեւր քաղաքի մէջ, որու արդիւնքով ստեղծուեցաւ «Արեւմտահայերու ազգային համագումար» միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը, այսինքն՝ Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու ժառանգորդներու լիազօր ներկայացուցչական մարմինը: Այս կազմակերպութեան գլխաւոր խնդիրը դարձաւ տէր կանգնիլ 7 միլիոն ժառանգորդներու ոտնահարուած իրաւունքներուն:
Երեք տարուան ընթացքին կազմակերպութիւնը յաջողած է լուծել շատ մը խնդիրներ, բայց անոր հիմնադիրները ամենակարեւորը կը համարեն այն փաստը, որ այսօր թէ՛ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի, եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ կը գերակշռէ պահանջատիրութեան հարցը, նոյնիսկ ցեղասպանութեան համար կատարուող աշխատանքներէն աւելի:
«Ի՞նչ արժէք ունին տասնեակ պետութիւններու կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագծերը, եթէ այդ պետութիւնները անտարբեր են 7 միլիոն արեւմտահայերու իրաւունքներու՝ արդէն 100 տարի շարունակուող ամօթալի, անընդունելի ոտնահարման հանդէպ», - ճիշդ այս հարցադրումը՝ որպէս իրենց գործունէութեան հիմնական առանցք շեշտադրեց «Արեւմտահայերու ազգային համագումար»ի նախագահ՝ Սուրէն Սէրայտարեանը:
«Մեր իրաւունքները իրաւական առումով յստակ են եւ անշրջանցելի: Մեր իրաւունքները անժամանցելի են, անկորչելի, այսինքն՝ ուժի մէջ են այնքան ժամանակ, որքան կայ պահանջող կողմ, այնքան ժամանակ, որքան կայ հայցուոր կողմ: Իսկ այդ կողմը կայ: Այդ կողմը արեւմտահայութիւնն է: Կը մնայ միայն համախմբուինք, կը մնայ միայն մէկ բռունցք դառնանք, կը մնայ, որ Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհին ներկայացնենք մեր իրատեսական, պատասխանատու, իրաւունքի տեսակէտէ հիմնաւոր պահանջները»:
Մէկ բռունցք դառնալու եւ մէկ ձայնով հանդէս գալու եւ այդ պատմական աննախադէպ առիթէն օգտուելու կոչը ուղղուած էր բոլոր արեւմտահայերուն, Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու ժառանգորդներուն, սփիւռքեան երեք աւանդական կուսակցութիւններուն, արեւմտահայկական մշակութային, բարեգործական եւ զանազան հաստատութիւններուն ու անոնց անդամներուն՝ մասնակցելու համար Արեւմտահայերու 4-րդ համագումարին:
Արեւմտահայերու 4-րդ համագումարը կը նշանաւորուի կարեւոր իրողութեամբ մը: Համագումարի ժամանակ պէտք է քուէարկուի Արեւմտահայերու ազգային համագումարի իրաւաքաղաքական պահանջագիրը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ներկայացնելու համար: 4-րդ համագումարը նաեւ կոչ պէտք է ուղղէ Թուրքիա բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ համաշխարհային հանրութեան, որպէսզի անոնք յստակ եւ տեսանելի նախաձեռնութիւններ հանդէս բերեն արեւմտահայերու ոտնահարուած իրաւունքները վերականգնելու ուղղութեամբ: Համագումարը նաեւ պէտք է յստակեցնէ իր սկզբունքները Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան եւ պետական շրջանակներու հետ երկխօսութիւնը շարունակելու առումով:
Յայտնենք, որ համագումարի բացման նիստին ներկայ տարբեր երկիրներէ այս առթիւ Երեւան ժամանած պատգամաւորներէն բացի ներկայ եղած են Հայրենի մտաւորականներ, լրագրողներ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի անդամներ:
Մեկնաբանություններ (3)
Մեկնաբանել