
Պրն վարչապետ. Թաքսիմի հրապարակը ամենատգեղը չէ
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Դաւութօղլույի կարծիքով Պոլսոյ «Թաքսիմ» կեդրոնական հրապարակը աշխարհի ամենատգեղ հրապարակն է:Վարչապետը լրագրողներուն հետ խօսելով ըսած է,թէ քաղաքակրթութեանց եւ քաղաքներու մասին գիրք մը գրած է, որ շուտով պիտի հրապարակուի: Դաւութօղլու նաեւ յայտնած է, թէ գիրքին մէջ Պոլսոյ մասին եղած բաժինը ինք գրած է Կէզիի դէպքերուն ընթացքին ու անգամ մըն ալ յիշեցուցած է, որ այդ հրապարակը եղած է հայերու գերեզմանատուն ու եզրակացուցած, որ «Թաքսիմ»ը աշխարհի ամէնէն տգեղ հրապարակն է:
Գաղտնիք չէ, որ քաղաքները մաս կը կազմեն մեր կենսագրութեան: Ուր ալ երթանք մեր սիրած քաղաքներու անցեալն ու պատմութիւնը թաքուն աստղի կը վերածենք, որպէսզի կախենք մեր սրտին ու պտըտինք անոնց երազներով:
Փոքրիկ քաղաքներէ եկած են իմ նախահայրերը: Անոնք եղած են Վանէն ու ապա քանի մը հանգրուաններով հասած են Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքը, որմէ ետք Հալէպ, Պէյրութ, Թորոնթո, Լոս եւ Ուաշինկթըն: Ամէն հանգրուանի նոր քաղաք ու ամէն անգամ իրենց հին քաղաքին վերադառնալու փափաք:
Անոնք կը սերին մաքուր քաղաքներէ: Անոնց էութիւնը տեղ մը կը կառչի «պատմական մաքրութեան» մը եւ ամենակարեւորը՝ հաւաքական յիշողութեան: Նախահայրերս չմոռնալու առաքինութիւնը կը կրեն իրենց կուրծքերուն՝ խաչերու պէս: Ու խաչերն այդ կը փայլին աստղազարդ երկինքներու տակ:
Կը պտըտին, կը ճամբորդեն, կը հեռանան իրենց քաղաքներէն ու նոր քաղաքներու մէջ կ'ուզեն ապրիլ այդ յիշողութեան մրմունջներով: Կը պառակտուին: Կը մոռնան յիշողութեան արարումը: Կը մոռնան Աստծոյ անունը: Բայց չեն մոռնար իրենց քաղաքներուն պատմութիւնը:
Զարմանալու բազում պատճառներ կը յառաջանան, երբ խօսք կ'երթայ տգեղ հրապարակներու մասին: Իրօք ո՞րն է հրապարակին տգեղը:
Քաղաքին կեղտոտ ըլլալուն կամ անոր խճողուած ճամբաներուն մէջ եռացող աղմուկին մասին չէ խօսքը , ոչ ալ ծայրամասերուն գտնուող հին ու աղքատ թաղերուն մասին կը խօսի Պրն. վարչապետը:
Կ'ենթադրեմ, որ Թաքսիմ հրապարակի տգեղ ըլլալը առնչուած է Հրանդ Տինքի արեան հետ: Ու նաեւ մեր նախահայրերու աճիւններուն հոն ըլլալուն հետ: Այդ աճիւներուն մասին նոյնպէս խօսուեցաւ Կէզի այգիի դէպքերուն ատեն: Պարոն վարչապետին այս խօսքը զիս աւելիով պիտի մղէ իմանալու Թաքսիմ հրապարակին պատմական անցեալին մասին: Այդ «տգեղ» հրապարակի շուրջ ապրուած կեանքին մասին: Հոն արձանագրուած դէպքերուն, դիպաշարին եւ այնտեղ թաղուած իմ նախահայրերուս մասին:
Պէտք է նաեւ յիշեցնել, որ երբ արեւելեան քաղաքներուն մասին կը խօսուի մենք երբեք գեղեցիկ քաղաք ըսելաձեւը չենք գործածեր: Քաղաքը արեւելցիներուս մօտ կեանքի, դէպքերու եւ ըմբռնումներու շարունակուող հոսքին ամէնէն անկեղծ հանդիսավայրն է:
Հարկ կա՞յ յիշեցնել, որ իմ նախահայրերս նոյն «տգեղ» հրապարակներու կարօտը իրենց հետ կը փոխադրէին ամէն քայլափոխի: Յատկապէս Պոլիսը անոնց համար կը մնայ կարօտներուն ամէնէն վսեմը: Անոնք ամէնուրէ՛ք Պոլիս տարած են իրենց հետ: Անոնք իրենց սրտերուն վրայ պատկերազարդած են անոր պատուհանները, անգիր ըրած անոր բանաստեղծներուն անուններն ու բարձր երգած անոր երգերը: Անգամ չեն մոռցած անոր մինարէթներուն կոչնակին ձայնը կամ դարիւ-դարիւ պահպանուած եկեղեցիներուն ղօղանջները: Պոլիսը անոնք սփռած են ամէն տեղ: Այդ քաղաքի կենսագրութիւնը կրած են իրենց արեան, յիշողութեան եւ երակներուն մէջ: Կտրուած այն թելին պէս, որուն ծայրերուն կարմիրով գրուած պատմութիւններու հետքերը կան: Անոր բոյրին, հացին, երանգներուն, անոր անձրեւներու ահեղ երգին, մեծ թաղումներուն ու անմահ մեռելներուն հետ բառերը տարբեր որակ կը ստանան: Կատաղի սէր մը կը կապէ մեզ այդ ամէն ինչին ու հոն է նաեւ, ուր մենք ճարպիկութիւն չենք ըներ ու չենք ուզեր ուրանալ մեր հարեւանները: Չենք ուրանար այն կեանքը, որ մեր նախնիները ապրեցան ու հոն փայփայեցին թաւշեայ երազներ: Ահա այդ Պոլսոյ մասին կը խօսիմ ես:
Այդ լեզուով կը փորձեմ խօսիլ իմ որդիներուս հետ: Կը փորձեմ, ճիգ կ'ընեմ, որ ատելութեան թոյն չըլլայ իմ բառերուս մէջ ու գիտեմ, որ վէրքը մեծ է: Կ'աճապարեմ, կը սուրամ, կը փորձեմ անդրանցնիլ մեծ մահուան ժամանակը: Չեմ փոխեր հզօր քաղաքին գոյնը: Չեմ զեղչեր անոր անցեալը, չեմ ուրանար ու գիտեմ, լաւ գիտեմ , որ իմ նախնիներս երկար կեցած են անոր ափերուն դիմաց ու մոխրագոյն հացը կիսած իրենց հարեւաններուն՝ Ահմեդին եւ Օսմանին հետ:
Ես չեմ խաբեր Պարոն վարչապետ: Ու հռետորական թող չթուայ, եթէ ըսեմ, որ ինծի համար Թաքսիմը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն շէնշող հրապարակներէն մէկն է: Հոն են իմ մեռելները, հոն է նաեւ այն արիւնը , որ զիս կը բաժնէ Թուրքիայէն: Այն «տգեղութիւն»ը, որ մեզ հեռու կը պահէ Թուրքիայէն: Այն տգեղութիւնը , որ իմ նախահայրերս փորձեց վերացնել այս աշխարհի երեսէն ,այն տգեղութիւնը, որ նախնիներս քաղաքէ- քաղաք նետեց, աշխարհով մէկ սփռեց, պատէ պատ զարկաւ, վիրաւորեց ու չարչարեց: Այդ վաղեմի արիւնը, որուն բողոքի կարկուտին ահաւոր ձայնը կը խլացնէ խաղաղութեան համար արձակած մեր բոլոր աղաղակները:
Խաղաղութիւնը Պարոն վարչապետ, խաղաղութիւնը բաժնուած է տգեղութեան կարմիր թելով:
Ո՞վ պիտի կտրէ այդ կարմիր թելը:Ո՞վ պիտի մաքրէ այդ քաղաքի արիւնն ու վերացնէ անոր «տգեղութիւն»ը:
Ո՞վ պիտի ընդունի մեղքի այն մեծ բաժինը ,որ կայ ձեր ուսերուն ու գուցէ ատոր համար է նաեւ, որ ձեր ձեռքերուն, ձեր ուսերուն, ձեր հոգիին վրայ նստած է ծանր կշռաքարի մը կերպարանքով:
Արիւնը Պրն. վարչապետ մեզ կը հեռացնէ իրարմէ:
Մենք պէտք է աշխատինք մաքրել այդ արիւնը: Մաքրել բոլոր վէրքերը: Կարգի բերել ամէն ինչ, ու վերջանականապէս ծածկել սպին, որպէսզի մեր ու ձեր բոլոր հրապարակները դառնան անթերի ու խօսին մարդկութեան լեզուով:
Այն լեզուն, որ մեր անցեալէն կու գայ ու կը պատմէ մեր ու ձեր հարեւանութեան մասին:
Առանց ոխի, առանց քէնի առանց արեան Պրն. վարչապետ:
Լուսանկարը` «Սիվիլնեթի»
Մեկնաբանել