HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Առաջին Նախագահին վերջին սխալները

Մի քանի շաբաթներ առաջ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանրութեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցի առթիվ Հայաստանի կողմից միջազգային հանրությանը հասցեագրված ուղերձի նախագիծ» մը, այստեղ:

Սոյն գրութեան վերջին պարբերութեան մէջ, անսովոր համեստութեամբ, ան կը նշէ այս նիւթով իր կարծիքի յարաբերական, ոչ-հրամայական բնոյթը, եւ հետեւաբար կը յայտնէ իր տրամադրութիւնը՝ հակառակ դիտողութիւններ ընդունելու եւ նկատի առնելու: 

Սակայն, պատկան պաշտօններու վրայ գտնուող մարդիկ, որոնց բառացիօրէն գործն է՝ ընդառաջել այդպիսի հրաւէրներու, ըստ էութեան, լուրջ եւ նշանակալից պատասխան չտուին այս մէկին, ափսոս: Երեւի շատ զբաղուած են: 

Ճիշդ է որ, երբեմն, լռութիւնը ինքնին պատասխան է: Սակայն այս պարագային, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան անձէն անդին, անոր վերոյիշեալ գրութեան մէջ կը գտնուին էական սխալներ, որոնք նաեւ առկայ են կարգ մը հայերու մօտ: Ճիշդ է թէ ասոնք, քանակային իմաստով, չնչին համեմատութիւն մը կը կազմեն Հայութեան այժմու  իրականութեան մէջ: Սակայն... մեր ամբողջ թիւը ի՞նչ է որ: Հետեւաբար, հարկաւոր է որ մեր մէջ ամենաչնչին փոքրամասնութիւնը անգամ, նոյնիսկ եթէ անպայման միտքը պիտի չփոխէ կամ չի կրնար փոխել, գոնէ՝ լաւապէս հասկանայ թէ ինչո՞ւ համար լուսանցքի մէջ է զետեղուած: 

Ուրեմն ահա: 

**** 

Խնդրոյ առարկայ «ուղերձի նախագիծ»ի 1-էն 7 ներառեալ թուագրուած պարբերութիւնները՝ պատմական հակիրճ վերաքաղ մը կը հանդիսանան, կամ պատմութեան կրճատուած դասընթացք մը, առաւել՝ Հայ Դատի համաշխարհային ձեռքբերումներու նուազագոյն վերաքաղ մը: 

Կարելի է անշուշտ բոլոր այդ պարբերութիւնները երկար վերլուծման կամ բանավէճի ենթարկել, սակայն հիմնական նիւթէն չշեղինք: Միայն թէ հարկաւոր է նշել թէ այդ պատմական-տեղեկագրական կէտերը այդտեղ տեղադրուած են որպէս կարծեցեալ հիմնաւորումներ յաջորդող պարբերութեանց բովանդակութեան, մինչ այդ իմաստով՝ խորապէս անբաւարար են: Հետեւաբար, այդ հապճեպ ու մասնակի նախաբանը կը կարօտի գոնէ տարրական ամբողջացման: Այդ մէկը կարելի է կատարել ուրիշ առիթով: 

****

Եւ ահա որ կը հասնինք արդէն թիւ 8 պարբերութեան, որմէ սկսեալ լուրջ սխալները  ծայր կու տան: 

շարունակութիւնը 

Մեթր Հայդուկ Շամլեան, Գանատա,
 19 Ապրիլ 2015

http://www.shoushisummercamp.org/

Մեկնաբանություններ (1)

Aram
Mr. Shamlian what is your point besides making an unsubstantiated accusation of the first President of Armenia's opinion,whom obviously you are not fund of. Make your point and elucidate us. Respectfully from U.S

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter