HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կոչ՝ դիմադրողները գօտեպնդալու համար

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ[email protected]

Նախորդ Չորեքշաբթի օր լուրը ռումբի մը նման ինկած էր «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Քանդիչ սարքեր սկսած էին փլել Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րի, այլ խօս­քով Գամփ Ար­մե­նի շէն­քե­րը։ Առա­ջին լու­րե­րուն յա­ջոր­դե­ցին դրա­կան զար­գա­ցումներ։ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Թուզլա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծիչնե­րը փլուզման լու­րը լսե­լով փու­թա­ցած էին ճամ­բար։ Շու­տով անոնց միացան ՃՀՓ կու­սակցու­թեան ան­դամները։ Ապա վրայ հա­սան հայ երի­տասարդնե­րու Նոր Զար­թօնք շար­ժումի ան­դամնե­րը։ Եկող­նե­րը յա­ջողե­ցան փլու­զումը կա­սեց­նե­լու եւ քան­դիչ մե­քենա­ները տա­րած­քէն դուրս հա­նելու։ Որո­շուե­ցաւ վայ­րը ան­տէր չթո­ղուլ։ Այս որո­շու­մի հա­մաձայն փլուզման երկրորդ փորձ մը կան­խե­լու հա­մար վճռուեցաւ տա­րած­քէն չհե­ռանալ։ Իս­կոյն ձեռ­նարկուեցաւ կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տու­թեան։ Ար­դա­րեւ Շա­բաթ օր բազ­մա­հարիւր այ­ցե­լու­ներ եկան ճամ­բար, իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը բե­րելու հա­մար դի­մադ­րող երի­տասար­դա­կան կամ­քին։ Թեր­թե­րը եւ հե­ռուստա­կայան­նե­րը ար­ձա­գան­գե­լով նիւ­թին, ու­շադրու­թիւնը կեդ­րո­նացու­ցին դէ­պի այս լքեալ հաս­տա­տու­թեան։

Այսպէ­սով տար­բեր բնոյ­թի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ մի­ջամուխ եղան այս դէպ­քին։ Թաք­սի­մի «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դի­մադ­րութեան գլխա­ւոր դե­րակա­տար­նե­րէն եւ Ճար­տա­րապետ­նե­րու Միու­թեան Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի քար­տուղար Միւ­ճէլլա Եափը­ճը, Քա­ղաքաշինութեան Կա­ճառի Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նապետ Թայ­ֆուն Քահ­րա­ման, ճար­տա­րապետ Քոր­հան Կիւ­միւշ եւ իրա­ւապաշտպան Ճան Աթա­լայ առա­ջին փու­թա­ցող­նե­րը եղան։ Հոն էին ճամ­բա­րի նախ­կին սա­ներէն Կա­րապետ Օրու­նէօզ, Սիլ­վա Էօզյէր­լի, Պէս­սէ Քա­պաք, Զա­քար Գա­րաքիւ­թիւք, Ռա­քէլ Տինք եւ ու­րիշներ։ Անի եւ Կա­րապետ Պա­լըք­ճը ամո­լի կող­քին, Պա­քըր­գիւղի քա­ղաքա­պետի օգ­նա­կան Մարգրիտ Տիք­մէ, ՀՏՓ կու­սակցու­թեան ասո­րի թեկ­նա­ծու Էր­քան Մե­թին եւ հայ թեկ­նա­ծու Կա­րօ Փայ­լան, Սա­մաթիոյ մէջ սպա­նու­թեան զոհ գա­ցած Մա­րիցա Քիւ­չիւքի դուստրը Սա­թենիկ Քիւ­չիւք, Վա­քըֆ­նե­րու Խոր­հուրդի մէջ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, Տիւ­շիւնճէ Փլաթ­ֆորմու հար­թա­կէն Յա­րութ Էօզէր։

Նոր Զար­թօնք շար­ժումը այս գրա­ւու­մը կը մեկ­նա­բանէր ճամ­բա­րի մուտքին կա­խած «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի» վեր­տա­ռու­թիւնով։ Նշենք որ թա­ղեցի­ները եւս կը մաս­նակցին այս դի­մադ­րութեան ար­շա­ւին։ Անոնք յա­ճախ սննդամ­թերք կը բե­րեն հոն հերթ պահող երի­տասարդնե­րուն հա­մար։

Այս զար­գա­ցումնե­րու կող­քին կա­ռավա­րու­թիւնը շարժման ան­ցած է եւ վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլուի կար­գադրու­թեամբ երես­փո­խանական թեկ­նա­ծու Մար­գար Եսա­յեանը պաշ­տօ­նակո­չած է բա­նակ­ցութիւննե­րու մի­ջոցաւ լուծման եզր մը գտնե­լու հա­մար։ Այսպէս Կէ­տիկ­փա­շայի Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեց­ւոյ պա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լու, Նոր Զար­թօնք շար­ժումի ներ­կա­յացու­ցիչ Ալէք­սիս Քալք, Թո­րոս Ալ­ճան, Կա­րապետ Օրու­նէօզ, Յա­րութ Էօզէր, իրա­ւապաշտպան Սե­պուհ Աս­լանկիլ մօտ չորս ժամ տե­ւող ժո­ղով մը գու­մա­րեցին Մար­գար Եսա­յեանի հետ, որուն հե­ռախօ­սով մաս­նակցե­ցաւ նաեւ ԱՔՓ կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի նա­հան­գա­պետ Սե­լիմ Թէ­մուրճի։

Ժո­ղովէն ետք կող­մե­րը հա­մոզուած են որ փլու­զումը կանգ կ՚առ­նէ, բայց խնդի­րը կը մնայ վերջնա­կան լու­ծումին։ Ճամ­բա­րի անու­նով ներ­կա­յացող­նե­րը կը պա­հան­ջեն որ պե­տու­թիւնը պե­տակա­նաց­նէ տա­րած­քը եւ վե­րադարձնէ Հայ Բո­ղոքա­կան Եկե­ղեց­ւոյ։ Այդ մա­սին կա­ռավա­րու­թիւնը ներ­կա­յաց­նողնե­րը կը փոր­ձեն զար­տուղի մի­ջոց­նե­րով լու­ծում մը գտնե­լ։ Անոնք կը խու­սա­փին ուղղա­կի կան­խա­միջոց­նե­րուն նմա­նաբ­նոյթ այլ օրի­նակ­նե­րու հա­մար ալ գե­տին պատ­րաստե­լէն։

Ամէն պա­րագա­յի ճամ­բա­րէ ներս հեր­թա­պահու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ գո­հացու­ցիչ եւ հա­մոզիչ լու­ծումի մը յայ­տա­րարու­թիւնը։ Այս պա­հուն յատկապէս հայ հասարակութենէ կ՚ակնկալուի զօրակցութիւն բերել Նոր Զարթօնք շարժումի եւ անոր հետ դիմադրող խմբակցութիւններուն։

agos.com.tr

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter