HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մեր ընտանիքի փաստաթուղթը

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ, [email protected]

Խիստ կը նե­ղուիմ, երբ ըն­թերցող­նե­րէն մէ­կը կը յանդգնի գրած­նե­րուս ճշգրտու­թիւնը հար­ցաքննե­լու։ Այդ ի՞նչ խօսք՝ եթէ ես իրաւ եմ, կամ, կը պատ­մեմ, եթէ կայ մեծ մօրս մայ­րը Փա­րիզ Էօզ­պա­ղը, Մեծ մայրս Փու­փուլ Էօզ­պաղ Քա­րօղ­լուն, եթէ կայ այս պա­տու­մին մէջ մո­ռացուած­նե­րը կամ բաց թո­ղուած­նե­րը մէկ մէկ նշող իր եղ­բայրը Ար­թին Էօզ­պա­ղը, ու­րեմն որո՞ւն չէք հա­ւատար։ Ո՞ր մէ­կուս պատ­մա­ծը կաս­կա­ծով կը դի­տէք։ Մենք հոս ենք ու իրաւ։ Ձեզ հետ նոյն օդը կը շնչենք, նոյն ջու­րը կը խմենք ու նոյն եր­կի­րը հայ­րե­նիք կը հա­մարենք։ Իմ պատ­մածնե­րը կաս­կա­ծի տակ դնել իմ գո­յու­թիւնն ալ ու­րա­նալ կը նշա­նակէ։ Ու­րեմն թո­ղէք որ պատ­մենք մենք մեր պատ­մութիւ­նը։ Լսենք մեծ մօրս Փու­փուլի խօս­քե­րը։ Չէ որ անոր խօս­քե­րը ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մըն ալ պատ­մութիւնն են։

Մօրս Փա­րիզ Մալ­խա­սի ըն­տա­նիքը

Մայրս Փա­րիզ Մալ­խաս վեց զա­ւակ­նե­րու եր­կրորդն էր։ Կը բնա­կէին Զա­րայէն տա­սը քի­լոմեթր հե­ռաւո­րու­թիւնով «Քա­ւաք» ագա­րակին մէջ։ 1915-ին ու­նէին եօթը զոյգ եզեր, երեք հա­րիւր ոչ­խարներ եւ չորս հա­րիւր փե­թակ մե­ղու­։ Բո­լորն ալ մէկ օրուան մէջ գրա­ւուե­ցան։ Եղ­բայրնե­րուն մէկ մա­սը պաշ­տօ­նակո­չեցին իբ­րեւ թէ դէ­պի Արե­ւելք ալիւր ուղղար­կե­լու հա­մար։ Ան­գամ մըն ալ լուր չէ առ­նուած իրենցմէ։ Մեծ հայրս զա­ւակ­նե­րը փրկե­լու հա­մար երե­ւելի մարդկանց հետ տե­սակ­ցե­լու գնաց ու ան ալ ետ չվե­րադար­ձաւ։ Այդ մի­ջոցին մեծ քե­ռիս Անդրա­նիկ նոր վե­րադար­ձած էր Պալ­քա­նեան պա­տերազ­մէն եւ աշ­խա­տան­քի սկսած էր ալիւ­րի գոր­ծա­րանին մէջ։ Եղ­բայրնե­րուն տա­րագ­րութե­նէն 15 օր ետք Միւֆթիւ­յենց տղուն կող­մէ սպա­նուե­ցաւ գոր­ծա­րանին մէջ։ Փոքր քե­ռիս Մու­շեղ, մեր հա­րեւան­նե­րէն մէ­կուն ապաս­տա­նած էր։ Եր­կու օր անց Խա­չի կա­տարին սպան­նե­ցին ու Ալիս գե­տը նե­տեցին։ Դիակը քա­նի մը օր ետք եր­կու երեք քի­լոմեթր հե­ռուն ժայ­ռա­բեկո­րի մը կառ­չած գտնուեցաւ։

Իւ­թիւթմազ­նե­րու հար­սը

Մայրս՝ նի­հարա­կազմ, շի­կահեր, կա­պու­տա­չեայ մայրս։ 23 տա­րեկան էր, մէկ օրուան մէջ տակն ու վրայ եղաւ իր կեան­քը։ 1909-ին իրենց նման ագա­րակա­պան Իւ­թիւթմազ­նե­րու հարս գա­ցած էր։ Մա­նասի հետ ամուսնա­ցած։ Մա­նասի մայ­րը շատ կա­նուխ մե­ռեր է։ Հարս գա­ցած տան մէջ եր­կու աներ ու­նէր։ Եր­կու եղ­բայրներ մէկ տան մէջ իրենց զա­ւակ­նե­րով կ՚ապ­րէին։ Նախ իր անե­րը, յե­տոյ Մա­նասի հօ­րեղ­բայրը մա­հացեր են։ Մա­նաս միայ­նակ էր, բայց հօ­րեղ­բայրը երեք որ­դի­ներ ու­նէր։ Այնպէս որ Մա­նասի հօ­րեղ­բօր կի­նը Սրբուկ մօրս կե­սուր եղաւ։ Սրբու­կի աւագ որ­դին Օս­կիեան Ագա­պիի հետ ամուսնա­ցաւ եւ դուստր մը ու­նե­ցաւ։ Իսկ մայրս Մէն­տիլ եւ Յով­հաննէս անուննե­րով եր­կու որ­դի­ներ ու­նե­ցաւ։

Ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս մա­հացաւ

1915-ի գար­նան Զա­րայի մէջ միակ խօ­սուած նիւ­թը «ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս մա­հացաւ» էր։ Զի­նակո­չիկ տղոց դիակ­նե­րը փո­ղոց­նե­րու ան­կիւննե­րէն կը գտնուէին։ Մօրս առա­ջին ամու­սի­նը Մա­նաս, զար­մի­կը Օս­կիեան եւ ու­րիշներ Մալ­խաս ըն­տա­նիքին պա­տահած­նե­րը լսե­լով կ՚ան­հե­տանան։ Զի­նուոր­նե­րը կու գան զի­րենք փնտռե­լու։ Տան մէջ միայն կա­նայք կան։ Ինչպէս նաեւ Մա­նասի 8 եւ 10 տա­րեկան զար­միկնե­րը եւ իմ 2,5 տա­րեկան եղ­բայրս Յով­հաննէս։ Զի­նուոր­նե­րը թա­լանած են տան ամէն ին­չը։ Մայրս միայն յա­ջողե­ցաւ հարսնու­թեան ատեն իր հետ բե­րած կար­պե­տը փրկել։ Այդ կար­պե­տը աւե­լի ետք մեր տան ամե­նաթան­կա­գին իրը դար­ձաւ։ Մայրս, զար­միկնե­րու կի­ները եւ կե­սուրմայր հա­մարած, ար­դէն այ­րի, քեր­կի­նը եր­կար ատեն լուր մը չեն ստա­ցեր իրենց ամու­սիննե­րէն։ Լսե­լով այ­րի կա­նանց գլխուն եկած փոր­ձանքնե­րը որո­շեր են, որ եթէ մար­դիկ չվե­րադառ­նան եւ իրենք սպա­ռեն իրենց յոյ­սե­րը, միաս­նա­բար թոյն խմեն ու անձնաս­պան ըլ­լան։ Մայրս այդ որո­շու­մը ամէն յի­շելուն «մայ­րիկ ճան մայ­րիկ, կեան­քը քաղցր է, այդ ապու­րը երբեք չե­ռաց» կ՚ըսէր։

Բախ­տի սեւ շու­նը

Վեր­ջերս այս անու­նով գիրք մը կար­դա­ցի։ Տպա­ւորեց զիս։ Տպա­ւորեց քա­նի որ գի­տէի թէ բախ­տի սեւ շու­նը մայրս այ­ցե­լած է։ Անոնք ալ պար­տէ­զին մէջ սեւ գամփռ մը ու­նե­ցած են։ Այդ անա­սունն ալ տան այ­րե­րուն հետ ան­հե­տացած է։ Օրե­րէն մի օր առա­ւօտեան ժա­մերուն գամփռը կը յայտնուի ու թա­թերով կը սկսի դու­ռը հա­րուա­ծել։ Կա­նայք ներս կ՚առ­նեն շու­նը։ Կը նկա­տեն որ վզնո­ցին անու­րին քուրջի կտոր մը կա­պուած էր։ Ու­շա­դիր նա­յեցան եւ նկա­տեցին վրա­յի գրու­թիւնը։ «Վա­ղը երե­կոյ այ­սինչին գո­մը եկէք» գրուած էր։ Խո­տերը հնձե­լու եղա­նակն է։ Մա­յիս կամ Յու­նիս ամիս­նե­րը։ Իս­լամնե­րու ալ Ռա­մազանն է։ Երեք կի­ներ լա­չակ­նե­րու մէջ ծած­կուած որ կ՚անցնին, գիւ­ղա­ցինե­րէն մէ­կը կ՚աղա­ղակէ՝ «ո՜վ Մու­համմէ­տի ժո­ղովուրդ, հա­սէք կեավուրնե­րը կը փախ­չին»։ Այս լսող գիւ­ղա­ցինե­րը վրայ կը հաս­նին, երեք կի­ները կը բան­տարկեն տան մը մէջ, յա­ջորդ առա­ւօտ ալ կը տա­նին դա­տաւո­րին դի­մաց։ Դա­տաւո­րը շու­տով կը վճռէ՝ իս­կոյն պի­տի աք­սո­րուին։ Այդ նոյն օր տան երա­խանե­րը եւ պա­ռաւ­ներն ալ կը տա­նին անոնց քով։ Անօ­թի ծա­րաւ սպա­սու­մի օրե­րուն մար­դիկ կու գան ու կա­նայք կը վերցնեն։ Պուլկա­րիոյ գաղ­թա­կան մըն ալ մայրս վերցնել կ՚ու­զէ։ Բայց ան կը դի­մադ­րէ։ Կը սկսի պո­ռալ։ Գաղ­թա­կանը ատրճա­նակը կը հա­նէ եւ կ՚ուղղէ Սրբու­կի տաս­նա­մեայ զաւկին գլխուն։ «Եթէ չգաս կը սպան­նեմ» կը սպառ­նայ։ Մայրս ճա­րահատ Մէն­տիլն ու Յով­հաննէսն առ­նե­լով կ՚եր­թայ մար­դուն հետ։ Այդ մար­դուն անու­նը եր­բեք չի­մացանք։ Բա­նակի մէջ խո­հարար է եղեր ու ամու­րի։ Մայրս այդ օրե­րը յի­շելով «պա­տերազ­մի տա­րիներ էին, ամէն ոք սո­վի մէջ էր։ Ես ու զա­ւակ­ներս անօ­թի չմնա­ցինք» կ՚ըսէր։ Այդ շրջա­նին Մէն­տիլ եւ Յով­հաննէս կեղծմաշ­կէ կը վա­րակուին։ Յով­հաննէս կը կառ­չի կեան­քին, բայց Մէն­տիլ կը մա­հանայ։ Ըստ երե­ւոյ­թի բա­րեխիղճ մարդ մը եղած է այդ գաղ­թա­կանը։ Բայց մայրս անոր հետ ան­ցած չորս տա­րինե­րը «Դժոխա­յին տա­րիներ» անուանեց միշտ։

Ար­մատնե­րուն վե­րադար­ձող էգ առիւ­ծը

Շշուկներ տա­րածուիլ սկսած է։ «Ցան­կա­ցողը կրնայ քրիս­տո­նէու­թեան դառ­նալ»։ Վար­դա­նենց Գա­լուստի գաղտնա­գողի կ՚այ­ցե­լէ մօրս եւ իմաց կու տայ այս մա­սին։ «Դուն մե­րոնց լուր տուր մօ­տ օրէն կը հաս­նիմ իրենց»։ Մար­դը զար­մա­ցած է լսե­լով որ ոմանք կը շե­ղին Ալ­լա­հի ճամ­բէն ու կը դառ­նան քրիս­տո­նէու­թեան։ Մայրս առանց վա­րանե­լու «ես ալ կը դառ­նամ» կ՚ըսէ։ Գաղ­թա­կանը ու­րիշ խօսք չու­նի ըսե­լու։ Բաճ­կո­նը կը վերցնէ դրան ետե­ւէն ու կը հե­ռանայ առ­յա­ւէտ։ Մայրս Յով­հաննէ­սը առ­նե­լով կը դառ­նայ ամուսնոյն տու­նը։ Սրբու­կին խնա­մած մար­դը մե­ռած է ու ան ալ եր­կու որ­դի­ներուն հետ եկած է նոյն տու­նը։ Մայրս Վար­դա­նենց Գա­լուստի վկա­յու­թիւնով ան­ձնա­գիրին մէջ դար­ձեալ «քրիս­տո­նեայ» գրել կու տայ։ Հոն է որ Գա­լուստ «քոյրս, արու առիւ­ծը որ առիւծ է, էգ առիւ­ծը առիւծ չէ՞» կ՚ըսէ։ Օր մըն ալ, երբ Սրբուկ ալ տունն է, յան­կարծ Ագա­պին կը յայտնուի։ Ամու­սի­նը մե­ռած է։ Տնե­ցինե­րը պարկ մը ալիւր եւ քիչ մըն ալ ձա­ւար տա­լով դստեր հետ միասին ղրկած են զինք։ Երեք կա­նայք եր­կար տա­րիներ տան մէկ մա­սը փու­ռի վե­րածե­լով հա­ցագոր­ծութիւն կ՚ընեն։ 1922-ին Ու­րուկուայէն նա­մակ մը կը հաս­նի։ Կը պար­զուի թէ Իւ­թիւթմազ­կիլ­ներու Սրբու­կի որ­դին, Ագա­պիի ամու­սի­նը Օս­կիեան կ՚ու­զէ իրենք իր քով առ­նել։ Իսկ մայրս 1924-ին կ՚ամուսնա­նայ հօրս Միհ­րան Զօ­րաեանի (Էօզ­պաղ)ի հետ։

Հայրս Միհ­րան Զօ­րայեան
(Էօզ­պաղ)

Հայրս Պո­լիս ծնած ըլ­լա­լուն չէ աք­սո­րուած։ Մեր մեծ հայ­րը Ալեք­սան Պոլիս էր երբ հայրս ծնաւ։ Բայց մէկ տա­րեկա­նին որ­բա­ցաւ մայ­րը կորսնցնե­լով։ Մեծ հայրս զինք կ՚առ­նէ ու Զա­րա կը վերադառ­նայ։ Բայց եօթը տա­րի անց ալ հայ­րը կը մա­հանայ։ Աւե­լի ետք կ՚ամուսնա­նայ երեք որ­դի­ներ եւ դուստր մը կ՚ու­նե­նայ, 1924-ին կի­նը հի­ւան­դութեան մը պատ­ճա­ռով կը մեռ­նի։ Ապա կ՚ամուսնա­նայ մօրս Փա­րիզի հետ։ Իր հա­րազատ զա­ւակը ութ ամեայ Յով­հաննէ­սը կը թո­ղու Իւ­թիւթմազ­կի­լներու տու­նը։ Ինք որ չորս զա­ւակ­նե­րու խորթ մայր ըլ­լա­լով հարս կ՚եր­թայ, ըն­տա­նիքի մե­ծերը չեն յօ­ժարիր որ որ­դին ալ հե­տը տա­նի։ Իմ ծնած թուակա­նը 16 Մա­յիս 1927 մօրս Յով­հաննէս եղ­բայրս տե­սած վեր­ջին օրը կ՚ըլ­լայ։ Իւ­թիւթմազ­նե­րու Օս­կիեան, մայ­րը Սրբու­կը, կի­նը Ագա­պին եւ եղ­բորորդի Յով­հաննէ­սը այդ օր կը հե­ռաց­նէ Զա­րայէն։ Դժուար ծննդա­բերու­թիւնով մը աշ­խարհ եկեր եմ։ Մայրս շատ դժուար բաժ­նուէր է եղ­բօրմէս։ «Եթէ նոյ­նիսկ ծայ­րը մահ ըլ­լայ ես պի­տի ճա­նապար­հեմ» ըսէր ու մին­չեւ Զա­րայի սահ­մա­նը գտնուող գե­րեզ­մա­նատան առ­ջեւ ճամ­բեր է զինք։ Մայրս 1978-ին մե­ռաւ։ Մին­չեւ կեան­քին վեր­ջը միայն նա­մակ­նե­րով հա­ղոր­դուեցաւ զաւկին հետ։ Ամէն ան­գամ որ տան մէջ լուացք կ՚ընէր, խնամ­քով կը լուար ու կ՚ար­թուկէր Յով­հաննէ­սէն մնա­ցած միակ յի­շատա­կը, թաշ­կի­նակը։ Յով­հաննէ­սի զա­ւակ­նե­րուն անու­նը մայրս ճշդեց։ Բայց եր­բեք չկրցաւ տես­նել թոռ­նե­րը։ Իմ նի­հարա­կազմ, շի­կահեր, կա­պու­տա­չեայ գե­ղեցիկ մայրս Փա­րիզ Էօզ­պաղ, երբ Իս­թանպու­լի մէջ կը մա­հանար, չէր լսած զաւկին Յովհաննէսի քանի մը ամիս առաջ մեռած ըլլալուն բօթը։

Agos

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter